Հնչիւն, հնչում, հնչուն…եւ քիչ մըն ալ մարդակազմութիւն

December 22, 2022
Ձեւաւորումը՝ Էտուարտ Թաշճեանի

1.Հնչիւն, հնչում, հնչուն

Եթէ ինքնավստահ էք, որ ծանօթ էք այս երեքին ունեցած տարբերութեան, շատ բարի, կը շնորհաւորեմ, այլապէս փորձեցէք ուշի-ուշով հետեւել. որովհետեւ այս եռեակին  կաղապարով ունինք  բառերու ուրիշ շարքեր:

Հնչիւն-ը այն ձայնն է, որուն ծնունդը կը սկսի թոքերէն, ուր կուտակուած օդը կշռութաւոր ճնշումով կը մղուի դէպի խռչափող, այստեղ կ’անցնի յարաբերաբար նեղ օղակէ մը, որ կազմուած է ձայնալարերէն, կը հասնի բերան, ուր ան կը ձեւաւորուի լեզուի, ակռաներու, այտերու, լեզուակի եւ շուրթերու[1] մասնակցութեամբ եւ բերնէն դուրս կ’ելլէ իբրեւ իմանալի կամ լսելի գոյացութիւն:

Հնչիւնը ձայնաւոր է, երբ ան կը յառաջանայ  թրթռացնելով ձայնալալարերը,  բաղաձայն է, երբ  ձայնալառերը  չեն թրթռար. այսպիսիները կը կոչուին նաեւ աղմուկ: Սակայն շատ ընդհանուր արժեւորում մըն է այս, քանի որ  ամէն ձայնաւորի մէջ կը գտնուի աղմուկի բաժին մը, ինչպէս ամէն բաղաձայնի մէջ  իր կարգին կը գտնուի ձայնի բաժին մը:  Բացարձակ ձայնաւորներ ու բացարձակ բաղաձայններ գոյութիւն չունին:

Մէկ  եւ մէկէ աւելի հնչիւններու միացութեամբ կը կազմուին բառերը:

Ամէն լեզու կ’ունենայ հնչիւններու սեփական օժիտը, որ կը ցոլայ անոր այբուբենական աղիւսակով: Հայերէնը, ըստ Մեսրոպի քննարկումներուն, ունեցած է 36 հնչիւն, որոնց`

— 33-ը պարզ լիարժէք են,  այլեւ՝ Ու երկտառ  հնչիւնը,

—   2-ը՝ Յ եւ Ւ,  կիսաձայն՝ Յ=1/2Ի,  Ւ=1/2Ու,

—   1-ը՝ Է, երկբարբառ, որ հաւասար է Ե+Յ-ի,  համարժէք  հնդեւրոպական ei-ին:

Հնչում-ը հնչիւնները եւ  բառերը արտասանելու, արտաբերելու  արարքն է,  արտասանութիւնն է. սա հնչել-ի բայանունն է՝ հնչել-հնչում, ինչպէս՝ բուրել-բուրում, թաղել-թաղում, հպիլ-հպում  եւ այլն: Արեւմտահայերուս մէջ շատ տարածուած սխալ մըն են սապիսիներեը՝ «քանի՞ հնչում ունի այս բառը»  կամ « բառի  առաջին հնչումը լաւ արտասանէ»,– ուր շփոթուած են հնչիւն ու հնչում:

Իսկ հնչուն  նոյն հնչել բայէն յառաջացած ածական մըն է, որ կը նշանակէ հնչելու յատկութեամբ օժտուած, որ կը հնչէ. օրինակ՝ հնչուն զանգ, հնչուն մետաղ, նաեւ հնչուն ոսկի. այսպէս կը կոչուէր մետաղեայ ոսկեդրամը՝ զանազանելու համար զայն թուղթէ ոսկեդրամէն:

Նոյն կաղապարով կազմուած են՝  զռնգալ-զռնգուն, թրթռալ-թրթռուն, շառաչել-շառաչուն,  շողշողալ-շողշողուն, փայլիլ-փայլուն, փրփրիլ-փրփրուն եւ այլն:

  1. Երկիմաստ արմատներ

Հայերէնը ունի խումբ մը արմատներ, որոնք երկիմաստ են. ասոր լաւագոյն օրինակն է նիշ արմատը, որ տեսանք մեր նախորդ յօդուածով, ուր ան բարդ բառերուն մէջ մերթ կը նշանակէր  պարզապէս նշան, օրինակ՝ յատկանիշ (յատուկ նշան), բարենիշ (բարի վարուց  նշան), մերթ կը նշանակէր նշող, նշան տուող, նշանակող. օրինակ՝ մերձանիշ (մօտիկ նշանակութիւն ունեցող), հոմանիշ (նոյն նշանակութիւնը ունեցող):

Առաջինները յոգնակի կը կազմեն եր-ով՝ յատկանիշեր, վերջինները՝ ներ-ով՝ մերձանիշներ, հոմանիշներ:

*   *   *

Երկիմաստ է դարձ արմատը եւս. ան կրնայ նշանակել՝

–դառնալու գործողութիւնը. օրինակ՝ արեւադարձ, շրջադարձ,  վերադարձ, տողադարձ:

Ասոնց յոգնակին կը կազմենք եր-ով՝ արեւադարձեր, շրջադարձեր, վերադարձեր…

–դարձող կամ դարձնող անձ. օրինակ՝ դիմադարձ (դէմքը հակառակ դարձնող), նորադարձ (նոր գաղափարի մը կամ կրօնի մը յարող), հայրենադարձ (հայրենիք դարձող-վերադարձող):

Ասոնց յոգնակին կը կատարենք ներ-ով՝ նորադարձներ, հայրենադարձներ: Ներ-ով կը կազմենք յոգնակին նաեւ  անդրադարձ (reflexe) բառին՝ անդրադարձներ:

Ծանօթ.—Երբ հայրենադարձ կը նշանակէ դարձ  կամ վերադարձ առ հայրենիք, յոգնակին կու տայ հայրենադարձեր:

  1. Ո… օ… վօ (=vo)

Մաշտոց մեր այբուբենի Ո տառը ստեղծած է իբրեւ համարժէքը յունական Օ micro տառին. micro կը նշանակէ փոքր, կարճ, ուրեմն՝ կարճ Օ: Յունարէնը ունի նաեւ O mega կոչուածը, որ   կը նշանակէ խոշոր կամ երկար, ուրեմն՝ երկար Օ, որ Ωω տառն է:

Ուրեմն  սկզբնապէս մեր Ո-ն բոլոր դիրքերու վրայ հաւասար էր  Օ հնչիւնին. օրինակ՝  Սողոմոն=Սօղօմօն,  բոլոր=բօլօր,  այո=այօ, քո-քօ, կեցո=կեցօ,  նաեւ՝ ոչ=օչ, որակ=օրակ, որդի=օրդի  եւ այլն:

Ներկայիս՝  Օ հնչումը կը պահուի բառերուն մէջ եւ վերջը՝Սօղօմօն,  նօր, այօ, քօ եւ այլն, սակայն բառերուն սկիզբը այդ Ո-ն կը հնչէ Վօ. օրինակ՝ ոչ= վօչ, որակ= վօրակ, որդի= վօրդի:

Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս յառաջացած է արտասանական այս երկփեղկումը:

Ահա այս հարցումին է, որ կը միտի պատասխանել մեր  հատուածը:

*   *   *

Մեր պատմութեան մէկ անորոշ փուլին  Ո (= O)  պարզ  հնչիւնը երկբարբառացած ու դարձած է Ուո, այսինքն՝ արտասանուած է  Ուօ. օրինակ՝ նոր  արտասանուած է նուօր,  ոչ արտասանուած է ուօչ: Պէտք չէ զարմանալ. լատիներէն bonus-ը նոյն ձեւով դարձած է buenos:

Հարց պիտի տաք,  թէ ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս գիտենք այս բանը:

Նման հարցումի առթիւ մտածենք պատմական կոթողի մը, օրինակ՝ Զուարթնոցի մասին, որմէ աւերակներ մնացած են միայն: Բայց ահա գիտնականները այդ աւերակներէն կը դատեն, թէ  ճիշդ ի՛նչ կառոյց ունեցած է Զուարթնոցը իր կանգուն օրերուն:

Այս նոյն ձեւով ալ մենք կրնանք բառային աւերակներու վրայ հիմնուելով հաստատել, թէ ինչպէ՞ս արտասանուած է Ո-ն:  Նման բառ մըն է մեր քոյր բառը իր զանազան աւերակներով, այսինքն՝ բարբառային արտասանութիւններով:

Մեր բարբառներուն մէջ քոյր-ին  փոխարէն կը գտնենք քուր, քոր, քիր:

Այլ խօսքով՝ կը գտնենք Ոյ երկբարբառը, որ քայքայուած ու տուած է Ու, Ո, Ի:

Արդ, Ու, Ո, Ի տալու համար, Ոյ երկբարբառը պէտք է նախ վերածուած ըլլար Ուոյ եռաբարբառի, ուր Յ կիսաձայնը համարժէք է Ի-ի: Ուրեմն քոյր արտասանուած է  քուոիր: Եւ ճիշդ այս ու-ո-ի-ն ալ քանդուելով յաջորդաբար տուած է՝ քուր, քոր, քիր բարբառային բառերը:

Ու հնչիւնը շատ դիւրաւ կը դառնայ Վ կամ V, երբ իրեն կը յաջորդէ  ձայնաւոր  մը. օրինակ՝ նուէր-նվէր,  աղուոր-աղվոր, կը թուի-կը թվի եւ այլն. բառի սկիզբի Ուո-ն իր կարգին պիտի դառնար՝   ոչ-ուոչ-վոչ, որակ-ուորակ-վորակ, որպէս-ուորպէս-վորպէս եւ այլն:

Գրական արեւմտահայերէնը հետզհետէ թօթափած է բառամէջի ուօ-վօ արտասանութիւնները ու զանոնք վերածած է ո-ի, օրինակ՝ նուօր-նվօր-նոր, հուօս-հվօս-հոս եւ այլն, սակայն չէ կրցած փոխել բառասկիզբի ո-վօ արտասանութիւնները, որոնք կը մնան մինչեւ այսօր ալ, եւ  փաստօրէն հիմա կ’արտասնենք՝ ոչ-վօչ, որ-վօր, որակ-վօրակ, որդի-վօրդի եւ այլն, այլ խօսքով՝  մեսրոպեան երբեմնի ո(=o)-ն երկբարբառացած ու դարձած է վո:

Եթէ բառասկիզբի Ո-ն շարունակէր Օ արտասանուիլ, ապա պիտի շփոթ յառաջանար բուն Օ-ով սկսող աշխարհաբարեան բառերուն հետ. օրինակ՝ օր, օժիտ, օգուտ եւ այլն:

Այս հաշուով՝ Որ եւ Օր պիտի ունենային նո՛յն արտասանութիւնը:

Ահա նման շփոթներէ խուսափելու համար է, որ բառասկիզբի Ո-ն պահած է իր բարբառային Վօ արտասանութիւնը:

[1] Մ եւ ն հնչիւններու ձեւաւորումին կը մասնակցին ռունգերը եւս, ըստ այնմ ալ կը կոչուին ռնգային:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x