Հասարակածին մօտ հանդիպեցան հասարակաց տարիք ունեցող բարձրահասակ եւ մեծահասակ՝ հասակակից երկու մարդ

November 4, 2021

1.Հասարակած  եւ  հասարակաց

Ոմանք հակամէտ են շփոթելու այս երկուքը, յատկապէս անոնք, որոնք աշխարհագրութիւնը հայերէն չեն սորված, ինչպէս մեր օրերուն էր:

Հասարակած-ը այն երեւակայական  շրջագիծն է, որ երկուքի կը բաժնէ  երկրագունդը՝ յառաջացնելով  հիւսիսային եւ հարաւային կիսագունդերը. équateur կամ equator ըսուածն է:

Այդ գիծին մօտիկ ցամաքային տարածքներն ալ կը կոչուին  արեւադարձային, որոնք կը բնորոշուին իրենց  չորութեամբ, տաքութեամբ եւ անձրեւային տեղումներով:

Հասարակաց-ը հասարակ բառին սեռական հոլովն է եւ կը նշանակէ հասարակութեան՝ հանրութեան՝ համայնքին՝ ընդհանուրին վերաբերող:  Կը հակադրուի անհատական, սեփական  ածականներուն. օրինակ՝  «հասարակաց օգուտին համար» կը նշանակէ ոչ-անհատական, այլ բոլորին օգուտին ծառայող:

2.Բարձրահասակ  եւ մեծահասակ

Անցած օր տեղ մը այս երկուքը միատեղ կարդացի՝ իբրեւ իրարու հոմանիշ:

Իսկ ասոնք միշտ ու ամէնուր հոմանիշ չեն:

Բարձրահասակ -ը կ’ակնարկէ միայն հասակի չափին՝ անկախ ենթակային տարիքէն: Կրնայ մէկը բարձրահասակ ըլլալ՝ առանց ունենալու տարիքը ուրիշի մը, որ սակայն նուազ հասակաւոր է:

Իսկ մեծահասակ-ին մէջ հասակի չափը խաբուսիկ է. այս բառը «մեծ հասակ ունեցող» կը հասկնան անոնք, որոնք հայերէնին բաւականաչափ չեն տիրապետեր: Մեծահասակ-ը տարիքոտն է, պատկառելի տարիք ունեցողն է: Այս այսպէս է, նոյնիսկ եթէ շփոթի որոշ տեղիք մը կայ:

Ունինք հասակակից բառը, որ…թերեւս  առաջին  նուագ թելադրէ նոյն կամ իրարու շատ մօտիկ հասակներ, սակայն ան շատ աւելի կը նշանակէ տարեկից, նոյն կամ մօտաւոր տարիքը ունեցողներ:

Նահապետ  Ռուսինեան ունի  հասակ-ի  այս  նշանակութիւնը հաստատող գեղեցիկ կիրարկութիւն մը.

«Հասակ մը կայ մեր կենաց մէջ,

Ուր ամենայն իղձ կ’աւարտի»…

Ուր հասակ կը նշանակէ տարիք. «Տարիք մը կայ մեր կեանքին մէջ, ուր ամէն իղձ կ’աւարտի»,− այսինքն կը դադրինք ցանկալէ…

Հարկաւ այս բոլորով հանդերձ հասակ  չի դադրիր  մարմնական  բարձրութիւն   նշանակելէ:

  1. Ձեռք բերած

        Այս ասոյթը համահայկական հնչեղութիւն ունի եւ հասարակօրէն կը նշանակէ ինչ-որ յաջողութիւն մը արձանագրած, բանի մը հասած՝ յետ երկար ճիգի ու կամքի: Այլ խօսքով՝ ան ունի բոլորովին դրական հնչեղութիւն մը:

Ահա այս նշանակութենէն ալ մեկնած՝ շատ խորթ էր հայրենի լրագրողի մը ետեւեալ  կիրարկութիւնը, ուր կ’ակնարկուէր  վերջին պատերազմի մասնակիցներէն մէկուն, որ  «Արցախում հաշմանդամութիւն ձեռք բերած  է»:

Հաշմանդամութեան համար չենք կրնար ըսել «ձեռք բերած»:

        Պէտք է ըսել՝ ենթարկուած, դատապարտուած, հանդիպած կամ բացասականութիւն արտայայտող որեւէ ուրիշ բառ: Հաշմանդամութիւնը ձեռքբերում չէ. փորձանք ու խեղում է:

  1. Բաւարարուիլ-բաւարարուած

        Բառագիտական յաջորդ թիւրիմացութեան հեղինակը այս անգամ արեւմտահայ մըն է, որ  օրերս կազմուած դահլիճի առթիւ կը գրէ.

        «Ան հաստատեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը բաւարարուած է զինք հարուածած փորձանքներով»:

Բաւարարուիլ՝ չոփ-չոր մեկնաբանութեամբ կը նշանակէ  բաւարար, բաւականաչափ ստացած ըլլալ: Սակայն այս բառացի մեկնաբանութիւնը բառիս ողջ իմաստը չի ցոլացներ. անոր մէջ կը գտնուի հոգեբանական երանգ մը, որ այս մեկնաբանութիւնը չի տար:

Բաւարարուիլ կը նշանակէ բաւարար, բաւականաչափ ստանալ եւ… գոհ ըլլալ ստացածէն, գոհանալ ստացածով: Բաւարարութիւն՝ գոհունակութիւն կը նշանակէ: Այս մեկնաբանութեամբ՝  մեր վերը մէջբերած օրինակը  պիտի  նշանակէ. «Լիբանանցի ժողովուրդը գոհացած  է զինք հարուածած փորձանքներով»,− ինչ որ չի համապատասխաներ, չի կրնար համապատասխանել իրականութեան: Ոչ ոք իր ստացած հարուածներով  գոհ կրնայ ըլլալ, նման արտասովոր արարած գոյութիւն չի կրնար ունենալ:

Այսուհանդերձ լրագրողին նպատակը  այս չէ, խորքին մէջ ան կ’ուզէ ըսել՝ լիբանանցի ժողովուրդը լիացած է…յագեցած է… աւելի պատկերաւոր՝ կշտացած է, որ համարժէք է «գանած է, զզուած է» ըսելու:

  1. 5. Տիրոջ եւ տէրոջ

        Տէրոջ ձեւին կը հանդիպինք  Աստուածաշունչի աշխարհաբար թարգմանութիւններուն մէջ, անկէ ալ անցած՝ աւետարանական քարոզիչներու, ինչպէս նաեւ այդ համայնքի անդամներու բառամթերքին մէջ: Անշուշտ բացառուած չէ, որ ուրիշներ եւս կիրարկեն զայն:

Ստոյգ է. աղբիւրը 1853-ի թարգմանութիւնն է:

Տէրոջ ձեւը խորթ է անով,  որ բառիս հոլովումը ոչ աշխարհաբարեան է, ո՛չ գրաբարեան:

Աւելի ճիշդը՝ կէս աշխարհաբարեան է,  կէս գրաբարեան:

Ոջ վերջաւորութիւնը կը թելադրէ գրաբարը:

Է ձայնաւորի անհնչիւնափոխ ներկայութիւնը՝ աշխարհաբարը:

Կա՛մ պէտք էր ըսել՝  տէրին, որ մաքուր աշխահաբարեան է, սակայն…առայժմ ընդունելի չէ մեր ականջներուն եւ ճաշակին:

Կա՛մ պէտք էր ըսել՝ տիրոջ, որ ընդունելի ձեւն է, եւ որուն մէջ  ըստ գրաբարի թելադրութեան ունինք է>ի հնչիւնափոխութիւնը եւ -ոջ հոլովական վերջաւորութիւնը:

Բայց ո՛չ տէրոջ, որ կէս գրաբար է, կէս աշխարհաբար, աւելի ճիշդը՝ ո՛չ գրաբար է, ո՛չ աշխարհաբար:

  1. Մոսիեան-Մոսիյեան

Այս օրերս շատ  հոլովուեցաւ այս յատուկ անունը. արեւելահայերէնի մէջ՝ Մոսիյան, մեր մէջ…Մոսիյեան: Խեղանդամ գրութիւնը չթոյլատրեց, որ կեդրոնանայի անձին ինքնութեան վրայ՝ գիտնալու համար, թէ ո՛վ էր ան:

Պէտք է ըլլայ Մոսիեան՝ առանց յ-ի:

Հայերէնը  իբրեւ ձայնակապ յ կը դնէ միայն  ա  եւ ո ձայնաւորներուն յաջորդող մականուանական ածանցէն կամ այլ ածանցէ առաջ:

Այսպէս՝ Բալա-յ-եան,  Գայա-յ-եան,  Գոճա-յ-եան:

Մինո-յ-եան,   Շառո-յ-եան,  Փանո-յ-ան:

Միւս ձայնաւորներէն ոչ մէկուն առթիւ  կը դրուի այդ յ ձանակապը:

Ուրեմն՝ Մոսի-եան, Եահնի-եան,  Մահրու-եան,  Մանէ-եան եւ այլն:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x