Երբ Պոլիսէն հեռանամ մայրենի լեզուիս կարիքը աւելի զգալի կ'ըլլայ, որովհետեւ օտար մըն եմ, սակայն օտար երկրի մէջ աւելի հարազատ եւ գիտակից եմ ինքնութեանս քան Պոլսոյ մէջ... այլեւս:
Օրէնքի առջեւ գողը մեղապարտ է։ Սակայն որքան պատմութիւնը կը զարգանայ, այնքան կը բացայայտուի, որ տան «պարկեշտ» բնակիչներն ու անոնց շրջապատը բարոյական առումով այնքան ալ տարբեր չեն իրմէ։ Ընդհակառակը՝ անոնք կը խաբեն իրենց ամուսիններն ու կիները, կը ստեն, կը դաւաճանեն...
Դրուժահալած հոգիս քայքայուած
Կը շրջի յաւէտ ծայրը անհունին.
Կ'որոնէ անդուլ, դիւամոլորած
Ստուերով պատուած ճամբան ակօսին:
Տանջուած է հոգիս մտքով վախազեղ,
Քանզի ամեն բան կը շոգիանայ.
Գտանե՞մ պիտի փնտռածըս լուսեղ,
Գուցէ ակօսն ալ դատարկուն մնայ:
Տարի մըն ալ լուռ լռութեամբ
առանց տափ ու թմբուկի
ինքնակամ եւ ինքնիշխան
առանց նոյնիսկ անցագրի
գլուխն առաւ ու գնաց
յուշերուս մութ աշխարհի
ծալքերուն մէջ հանգչելու․․․
Աթիէ կը փոխէ եւ կը շրջէ եւրոպական դիտանկիւնը։ «J’accuse» գործին մէջ Ա. Համաշխարհային պատերազմի վիրաւոր զինուորները՝ այսպէս կոչուած «խեղուած դէմքերը», կը դառնան եւրոպական արդիականութեան հակասութիւնները բացայայտող միջոց մը։
Արուեստագէտ ըլլալու մեծ հակասութիւններէն մէկն ալ այն է, որ կեանքիդ կէսը կ'անցընես՝ փնտռելով լեզու մը, որ անմիջապէս իբրեւ քուկդ ճանչցուի, իսկ միւս կէսը՝ փորձելով խելքդ չկորսնցնել, երբ ոչ ոք կը հասկնայ զայն։
Աշնան զեփիւռին հետ քնքուշ ու մեղմիկ,
Ոսկի տերեւներուն նազանքով գողտրիկ,
Ականջիս կը շշնջայ մեղեդի մը հեռաւոր,
Որ սրտիս դուռը կը թակէ շշուկով մը խորհրդաւոր։
Հոգիս կը խայտայ անմոռանալի յուշերով
Հին օրերու քաղցր բոյրով,
Եւ անմոռաց դէմքերու ժպիտով,
Որ կը փաթթեն հոգիս լուռ թախիծի շղարշով։
Թարգմանուած գիրքը պէտք է նաեւ ընթերցող ունենայ, քննարկուի, գրախօսուի, մտնէ համալսարան, մամուլ, դասարան եւ արժանանայ հրապարակային քննարկման։ Այլապէս կրնանք ունենալ թարգմանուած գիրքերու ցանկ մը, բայց ոչ՝ թարգմանական մշակոյթ։
Ուստի հաւաքեցի հինգ պատմութիւն, որոնք վերջերս ուշադրութիւնս գրաւեցին։ Ոմանք ճիշդ են։ Ոմանք՝ կատարեալ անհեթեթութիւն։ Եւ թերեւս ամենէն մտահոգիչը այն է, որ նախքան ստուգելը՝ ես ալ ամբողջովին վստահ չէի, թէ ո՛րն էր ճիշդը եւ ո՛րը՝ սուտը։
Բուռ-բուռ ցրիւ՜ ափէափ, խոր կարօտով պանդուխտի,
Բաժան-բաժան իրարից սահմաններով օտարի,
Արեւի տակ կանգնել են, տարերքային համերգում,
Ու բոլորի հետ ախպէր՝ իրենց սրտերն են կիսում։
Իրենց սրտի խորքերում նրանք ունեն երկու սէր՝
Հայրենի սուրբ սէրը վառ, եւ մայրենի անմար սէր։
Այս պատմական միջավայրին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Թորգոմ արք. Գուշակեանի «Գոհաբանական մաղթանք վասն Հանրապետութեան ազգիս հայոց» ստեղծագործութիւնը։
Հայ լինել եւ մարդ լինել՝
Երբեք իրար հակառակ չեն,
Եթէ սեփական ցաւը
Վերածում ես համամարդկային երգի,
Լեռը կարող է հայկական լինել,
Բայց նրա ստուերում
Իւրաքանչիւր մարդ տեսնել կարող է
Իր կորուստն ու երկինքը։
Մենք թարգմանութիւնը կը պատկերացնենք որպէս օտար լեզուով գրուած նախադասութիւնը հասկնալ եւ նոյն միտքը հայերէնով արտայայտել։ Բայց իսկական թարգմանութիւնը շատ աւելին է։ Ամէն լաւ թարգմանութիւն նոր մտածողութիւն մը կը բերէ...
Խոհդ չէ՛,
այլ խոհո՛յթդ է
կեանքիդ առանցքը։
Անձդ չէ՛,
այլ անձո՛յթդ է
կեանքիդ առանցքը։
Առանձին ըլլալ չի նշանակեր ինքնամեկուսացում․ երբ մարդ կեանքի ժխորին մէջ «կորսուած» եւ բազմազբաղ է, հաւանաբար առիթ չունենայ կեանքը լիապէս ըմբոշխնելու եւ արժեւորելու։ Մինակութիւնը միշտ մարդու մը կեանքին մաս կազմած է, սակայն պէտք է օգտագործել զայն՝ աճելու եւ զարգանալու:
Ես մտայ սրահը՝ ինչպէս մի սենեակ,
ուր խոստում կար՝ լռակեաց, անանուն,
ոչ թէ գեղեցկութեան փայլատակում,
ոչ յայտնութեան սրբազան տեսիլք,
այլ մի հեռաւոր, անորոշ յոյս՝
կեանքը գտնելու կրկին ու կրկին։
Հողին բոյրը թաց՝ նարկիսի մը պէս
Կը համակէ ռունգերըդ ցամաքեալ.
Կապոյտը երկնին նէճեմի մը պէս
Կը փայփայէ աչքերըդ պապակեալ:
Այդ բոյրը հոնաւ՝ սեւաթոյր հողէն
Խանձն է եդեմի բոսոր մրգերուն.
Այդ գոյնը կապոյտ՝ անհուն երկնքէն
Ցոլքն է անիծեալ՝ շառագոյն հովուն:
Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ արուեստի առաջին մեծ ուժերէն մէկը վկայելու կարողութիւնն է։ Դարեր շարունակ արուեստագէտները պատկերած են տառապանքը, հալածանքը, պատերազմը, անարդարութիւնը եւ մարդկային դիմադրութիւնը։ Անոնք երբեմն ըրած են այն, ինչ որ այսօր պիտի կոչէինք մարդկային իրաւունքներու փաստագրում:
Քեզ փնտռեցի օրերուս մէջ,
ճամբաներուն իմ կեանքի,
պահերուն մէջ երազանքիս պարտասած․․․
Եւ ճախրեցայ, ճախրեցայ․․․
Թափառեցայ անսահմանի,
անորոշի
խուլ, մթամած եզրերու
քմայքին լուռ յանձնուած․․․
Դու քո սիրոյ բոյրը տուր ինձ,
Որ ծաղկունքով լիանամ,
Ծոցիդ բոյրը անուշ, անբիծ,
Կեանքի սիրով արբենամ։
Որ վայելեմ սէր ու խնդում,
Աստուածային սուրբ պարգեւ․
Սիրահարի սրտի խոստում,
Նուիրական, անդեդեւ։
Արամազդ — Գերագոյն Աստուած, երկնքի ու երկրի արարիչը, բոլոր աստուածներու հայրը: Կը կոչուէր «Մեծ եւ Արի Արամազդ», որու գլխաւոր սրբավայրը կը գտնուէր Հայաստանի պաշտամունքային կեդրոններէն Անի Կամախի մէջ։
Յիշու՞մ էք այն օրերը,
Երբ հեռախօսը պատից էր կախուած,
Լար ունէր, ինչպէս վզկապ,
Եւ դուք պատասխանում էիք նրա զանգին։
Անլար հեռախօս չկար,
Ոչ մի դեգերում, ոչ մի անլար կապ,
Կրպան դնելու հեռախօս չկար,
Ոչ մի գրպան՝ թաքցնելու համար...
Ամէն առտու
ան կը կանգնի հայելիին դիմաց,
ինչպէս մեղաւոր մը՝
դատաւորին առջեւ՝ լուռ։
Հայելին ոչինչ կ'ըսէ։
Բայց անոր լռութիւնը
երբեմն աւելի ծանր է
քան ամենադաժան բառերը։
Ամէն արարած իր խորանն ունի․․․
Իսկ խորանը այդ
ո՛չ մայր տաճար է,
ո՛չ հուրի մեհեան,
ո՛չ սինիկոկ է,
եւ ոչ ալ մզկիթ,
կամ աղօթարան․․․
Հոն չկայ սկիհ, բագին, խնկաման...























