Հրապարակաւ շնորհաւորենք նոր եզրեր հնարող(ներ)ը

March 24, 2022
  1. Բառագիտական

ա) Մի՛ ըսէք ու գրէք  յետագայ, որ հայերէն չէ, այլ  ըսէք  ու գրեցէ՛ք  հետագայ:

Մի՛ ըսէք ու գրէք յետայսու, որ հայերէն չէ, այլ ըսէք ու գրեցէ՛ք այսուհետեւ:

Մի՛ գրէք Գայանէ կամ Գայեանէ, այլ գրեցէ՛ք Գայիանէ:

բ)  Այսօր՝ 9-3-2022, ցնծութեան օր մը եղաւ ինծի համար ու կրնայ ըլլալ բոլորիդ համար ալ. «Ազդակ»-ի մէջ՝ էջ 2, հանդիպեցայ երկու նորակերտ բառերու՝ ծոթրինահայս, որ արաբական  «մանաղիշ»-ն է, եւ պանրածալ, որ բոլորիդ սիրած «պանիրով պէօրեկն» է:

Երկուքն ալ շատ յաջող կազմութիւններ են, կը գոհացնեն հայերէնի բառակերտումի բոլոր կանոններուն, դիւրըմբռնելի են ու արտայայտիչ: Մասնաւորաբար ճիշդ ընտրուած են զանոք կազմող  արմատները, յատկապէս hայս, որ կը նշանակէ «խմոր»:  Թերեւս  պզտիկ բացատրութիւն մը անհրաժեշտ է ծալ-ին.  սա պարզապէս ծալ-ել բայի արմատն է,  որ ծալիկ կազմութեամբ  կը բնորոշէ   ինքնիր վրայ ծալուելով  կամ իրարու վրայ բարդուելով ստացուած այն խմորեղէնը, որուն մէջ որեւէ ուտելիք,   յատկապէս պանիր  կը դրուի ու փուռ կը տրուի:

Ուրեմն հրապարակաւ շնորհաւորենք այս երկու եզրերը հնարող(ներ)ը:

Շնորհաւորանքի արժանի է «Ազդակ»-ն ալ,  որ կը տարածէ զանոնք:

Ամէն նորակերտ բառ քիչ մը աւելի կը հայացնէ մեզ ու ի բաց կը վանէ օտարութեան ժանգը մեր երեսէն:

*   *    *

Մեր հին  մատենագրութենէն ծանօթ է ծաղարար  բառը, որ «Նոր հայկազեան»-ը կը սահմանէ իբրեւ «ծալարար կամ ծալածոյ  խմորս գործօղ». կու տայ թրքերէն հոմանիշն ալ՝ պէօրեկճի:

          Իսկ առջի դարուն ծալ արմատը   իր ծաղ տարբերակով (լ=ղ)   նոր կենսունակութիւն ձեռք բերած է: Այս վերջինը  յատկացուած է ընդհանրապէս քաղցր՝ շաքարով, մեղրով, ռուպով, խորիսխով լեցուած խմորեղէնի: Ծախող հաստատութիւնն է՝ ծաղարան, պատրաստողը, ինչպէս տեսանք,  ծաղարար:

Անցողակի նկատենք, որ այս  ծալ-ով կարելի է  կազմել ջրածալ  եւս, որ է  շատ տարածուած  ու բոլորիդ սիրած համով խմորեղէնը, որուն թրքերէնն է  սու պէօրեկը[1]:

Կը մնայ, որ հանրութիւնը քաջաբար որդեգրէ ասոնք, եւ թօթափենք օտար համա-պատասխան եզրերը: Եւ Յակոբ Պալեանին կը թողեմ ասոնք արեւելահայերուն սորվեցնելու  առաքելութիւնը, որուն հնարքներուն  քաջաբար կը տիրապետէ՝ իր լայն թեզանիքներով:

Առանց մոռնալու յաջողութիւն մաղթել:

Բառարան

ծալիկ          – պէօրեկ

ծաղ              -քաղցր խմորեղէն

ծաղարան   -ծաղ վաճառող խանութ

ծաղարար   -ծաղ պատրաստող

պանրածալ -պանիրով  պատրաստուած ծալիկ

ծոթրինահայս         –մանաղիշ, ծոթրինով պատրաստուած հաց,  խմորեղէն

ջրածալ        –սու պէօրեկ

  1. Վերոնշեալներէն բացի՝ «Ազդակ»-ը երկու ուրիշ հաճելի անակնկալներ եւս մատուցած է հայագիտութեան, իմա՝ մեր բոլորին, որոնք հետեւեալներն են.

ա) Տարիներէ  ի վեր  այնտեղ  կը  մերժուէր գոյութիւնիը հասկացութիւն բառին:

Երբ սխալէիր եւ յօդուածիդ մէջ կիրարկէիր այս բառը, հոգածու փափուկ ձեռք մը իսկոյն  կը ջնջէր  եւ կը փոխարինէր զայն հասկացողութիւն-ով, իսկ  այս երկուքը այնքան հեռու են իրարմէ, որքան խեչափառը հեռու է լուսնէն, բանիւ նովին այդ միջամտութիւնը սառնասրտօրէն կատարող «հայագէտ»-ը նոյնքան հեռու է հայագիտութենէ:

Բողոք, տրտունջ, գանգատ՝ ասոնք բոլորը ոչ մէկ տեղ կը հասցնէին քեզ: Այս այսպէս էր, կ’ուզես՝  գրէ, չես ուզեր՝ մի՛ գրեր: Դարդէդ մեռնող չկար, ոչ ալ բողոքիդ ականջ կախող կար: Ուրեմն հիմա՝ 9-3-2022-ի թիւով, էջ 3 եւ Համբիկ Պիլալեանի յօդուածին մէջ  անվթար կը գտնենք հասկացութիւն բառը:

Յուսանք, որ վերջնականապէս վերականգնած է ան իր բառային իրաւունքները,  եւ տեղի ունեցածը անուշադրութեան հետեւանք չէ միայն:

բ) Յաջորդ  անակնկալը,−  եւ խմբագրականի մակարդակով (տե՛ս 21-2-2022-ի թիւը),− ուղենիշեր յոգնակին է, որ, ուրեմն գրուած է ճիշդ այսպէս՝ եր-ով եւ ոչ թէ  ներ-ով:

Սա իր կարգին,  բոլոր նիշ-ով վերջացող բարդ բառերու շարքին եւ նոյն փափուկ ձեռքին բարեխնամ հպումով, կը վերածուէր… ներ-ի: Դուն կը գրես՝ յատկանիշեր, ցուցանիշեր, բարենիշեր, չափանիշեր, օր մըն ալ կը կարդաս յատկանիշներ, ցուցանիշներ, բարենիշներ, չափանիշներ՝ բոլորը ներ-ի վերածուած:

Պէտք կա՞յ ըսելու, թէ այս պարագային եւս բողոքներուդ ականջ կախող չէր ըլլար, եւ հիմնաւորումներդ ժողովրդավարօրէն  կը մերժուէին:

Այսուհանդերձ պէտք չէ աճապարել, ինչպէս վերը ըսի, սա իր կարգին  կրնայ անուշադրութեամբ սպրդած  ըլլալ կամ թէ խմբագրապետին գրածին միջամտող չէ եղած, ինչպէս կը միջամտեն հասարակ մահկանացուներուս ծիրէն ներս:

Սպասենք եւ յուսանք, որ Դանիոյ թագաւորութենէն ներս բան մը փոխուած է :

*   *   *

Մինչ այդ պարտիմ բացատրել կանոնը եւս, որպէսզի այս անգամ ալ ուրիշ ծայրայեղութեանց չդիմուի, որովհետեւ կա՛յ կանոն մը:

ա) Երբ բարդ բառը  պարզապէս «նշան» մը ցոյց կու տայ, յոգնակին կը կազմենք եր-ով. օրինակ՝  բարենիշ՝ վարք ու բարքի նշան, ձայնանիշ՝ ձայնի նշան, յատկանիշ՝ յատուկ նշան,  նամականիշ՝ նամակի նշան, պիտակ, ուղենիշ ՝ուղիի, ճամբու նշան, չափանիշ՝ չափի նշան  եւ այլն, ասոնք կը յոգնականանան եր-ով՝ բարենիշեր, ձայնանիշեր, յատկանիշեր, նամականիշեր, ուղենիշեր, չափանիշեր:

բ) Երբ բարդ բառը կ’ունենայ բայական կամ դերբայական նշանակութիւն, այսինքն՝  «բան մը  ընող կամ ունեցող»-ի նշանակութիւն, ապա կը յոգնականանայ ներ-ով. օրինակ՝  հականիշ, որ կը նշանակէ հակառակ իմաստ ունեցող, ուրեմն՝ հականիշներ, հոմանիշ՝ հոմանիշներ, նոյնանիշ՝ նոյնանիշներ, մերձանիշներ, միանիշներ (մէկ նշանակութիւն ունեցող), յոգնանիշներ,  բազմանիշներ, վանկանիշներ (վանկ նշող) եւ այլն:

[1] Կը ստացուի խմորի բազմաթիւ թերթիկներով, որոնք  գաղջ ջուրի մէջ կը դրուին, ապա կը շարուին իրարու վրայ՝  ծալքերուն միջեւ պանիր լեցնելով եւ հալած կարագ ցօղելով,  եւ ստացուած զանգուածը կ’եփեն   փուռի մէջ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x