«Ո՜ տայր ինձ զծուխն ծխանի»

June 18, 2021
Մարաշի Տէր Ղեւոնդ քհնյ. Նահապետեանն ու ընտանիքը, 1894-ին
(լուսանկարին աղբիւրը՝ www.houshamadyan.org)

Հեռաւոր բարեկամ մը կը գրէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «ծխատէր». ծո՞ւխն ալ տէր կ’ունենայ… Է՜հ, ի՞նչ ըսեմ այս օրերուն… մօտիկ անցեալին  ոչ մէկ հայ, մասնաւորաբար պուրճ-համմուտցի, նման հարցում պիտի ուղղէր, քանի բոլորն ալ գիտէին ծուխ-ին, ծխական-ին  ու ծխատէր-ին նշանակութիւնները, իսկ այսօր իմ զաւակներս իսկ  չեն ճանչնար այս բառը,− մինչ  իրենք գիտնալու յաւելեալ պատճառ ունին,  վասնզի  քահանայի շառաւիղ՝  ծոռ են,− ա՛լ ուր մնաց միւսներունը:

Աւելի քան երկու հազար տարիէ ի վեր ծուխ բառը ունեցած է այն նշանակութիւնը, որ ունի ան ներկայիս, օրինակ՝ կրակին ծուխը: Մեր Գողթան հին երգերէն մէկուն մէջ կը գտնենք՝

«Ո՜ տայր ինձ զծուխն ծխանի

Եւ զառաւօտն Նաւասարդի,

Զվազելն եղանց,  զվարգելն եղջերուաց.

Մեք փող հարուաք եւ թմբկի հարկանէաք»:

Այս եղաւ Արտաշէս աշխարհակալ արքայի[1] վերջին խօսքը, երբ ան օտար հողի վրայ մահացու վէրք ստացաւ դարան մտած թշնամիներէ եւ իյնալով ձիէն՝  փչեց վերջին շունչը:

Ծանօթ.— Արտաշէս Տիգրան Մեծի պապն էր, մեծհայրը: Արտաշէսի անմիջական գահաժառանգ որդին  զաւակ չունէր, հետեւաբար երբ սա իր կարգին մեռաւ, իրեն յաջորդեց եղբօրորդին, որ Տիգրանն էր:

Ուրեմն այստեղ երեւցողը պարզապէս ծխանի, այսինքն՝ ծխնելոյզի ծուխն է, այն ծուխը, որ կ’արձակէր  ամէն հայու  տան  թոնիրը, մասնաւորաբար առտուն, երբ տան երէցը, ընդհանրապէս՝ մամիկը, կը փորձէր վերարծարծել անոր  անթեղը[2], այսինքն՝ մասամբ տակաւին չմարած կրակին կենդանութիւն տալ՝ նոր փայտ կամ թրիք աւելցնելով թոնիրին մէջ, ինչ որ անխուսափելի,  բայց եւ շատ հաճելի  ծուխ  մը կ’արտադրէր:

Յատկանշական է, որ աշխարհակալ արքան, որ կեանքի բոլոր փառքերը տեսած ու անցուցած էր,– ան յունական բանակի փայլուն  զօրավար էր անցեալին,– հիմա, մահամերձ վիճակին, վերջին կամ միակ յիշածը կ’ըլլայ ծխանի ծուխը եւ… Նաւասարդեան  առաւօտը  իր խաղերով՝ եղնիկներու վազքը եւ եղջերուներու վարգը, ինչպէս նաեւ հնչող փողերն ու զարնուող թմբուկները:

*   *   *

Ապա նկատեցէք գեղարուեստական կառոյցը քառատողին:

Երրորդ տողին մէջ  մէյ մը կ’ըսէ վազել, քիչ անդին՝ վարգել, որ  հոմանիշ է վազել-ին, որով կը խուսափի կրկնութենէ: Նոյն խուսափումը եղնիկ եւ եղջերու բառերով. ասոնք մօտաւորապէս նոյն անասունն են՝ ծաւալի աննշան տարբերութեամբ: Կրկնութենէ խուսափումը կը գտնենք չորրոդ տողին մէջ եւս, ուր հոմանիշ են հարուաք (սա՝ «հարուլ» բայն է) եւ հարկանէաք (այս ալ՝ «հարկանել» բայն է), որոնք նոյնանիշ են,  կը նշանակեն զարնել:

Որքա՜ն պիտի տափակնար  այս գոհարը, եթէ կրկնուէին վազել, եղնիկ, հարուլ բայերը եւ դուրս ձգուէին եղջերու, վարգել, հարկանել բառերը: Եւ երգիչը լա՛ւ  գիտէր այդ:

Որքա՜ն նուրբ ճաշակ ունեցած է ան, որ ոչ դպրոց գացած էր, ոչ ոճաբանութիւն սորված էր, ոչ ալ   «Զարթօնք»-ի խմբագիր եղած էր: Ռամիկ ժողովուրդի գեղջուկ զաւակ՝ ցեղային ներքին թելադրանքով շարադրած է զայն, որովհետեւ այդպէս տեսած ու լսած է իր  շրջապատէն՝   ուսուցիչներէն, հօրմէն ու պապէն: Փութամ լրացնել՝ անոնք թէ՛ կը յօրինէին, թէ՛ կ’եղանակաւորէին, թէ՛ կ’երգէին: Պէտք էր   սպասել  աւելի  քան 22 դար, որպէսզի քաղաքակիրթ Եւրոպան  chansonnier-ներ ունենար,−  ինչպէս Ազնաւուրն էր,− ինչ որ  օրին ունեցած են մերոնք:

Ասոնք մեր ցեղի ոգեղէն կառոյցի անխորտակ  ու բնորոշ ցուցանիշերն են:

*   *   *

Քրիստոնէութիւնը մեր լեզուին մէջ յառաջացուց  բառային եզրերու հսկայ քանակութիւն մը՝ գոհացնելու համար քրիստոնէական նոր կենսաձեւը (Պարոյր Աղպաշեան պիտի ըսէր՝ կացութաձեւ): Այս կարիքը գոհացուց մէկ կողմէ՝ վերիմաստաւորելով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող բառերը՝ երկիմաստ կամ բազմիմաստ դարձնելով զանոնք, միւս կողմէ՝ փոխ առնելով օտար՝ յունական, ասորական, եբրայական բառերու  ճոխ օժիտ մը:

«Ծուխը» կը պատկանի այս երկուքէն առաջին խումբին:

Արդարեւ,  սովորական  ծուխ բառը, իր ընթացիկ նեղ սահմաններէն դուրս գալով,  հետզհետէ սկսաւ նշանակել  ու  խորհրդանշել նաեւ ամբողջութիւնը այն տունին, ուրկէ կը բարձրանար ան. այլ խօսքով՝ ծուխ սկսաւ կոչուիլ նաեւ  տուն-ընտանիք միաւորը: Ուրեմն հայ հոգեւոր  հովիւը՝ քահանան, իր խնամքին յանձնուած գիւղը կը հաշուէր ծուխերով. իւրաքանչիւր տուն իր պատսպարած ընտանիքով մէկտեղ կը կազմէր մէ՛կ ծուխ: Բայց ահա, իմաստային զարմանալի ընդարձակումով մը, ծուխ կը կոչուի նաեւ ամբողջութիւնը  այն տուն-ընտանիքներուն՝ տուեալ գիւղին կամ  թաղամասին կամ որեւէ բնակատեղիի: Իսկ  անոր ծառայող  քահանան կը կոչուի   ծխատէր, որուն յատկացուած բնակարանը կը կոչուէր ծխատուն, իսկ ծուխի անդամները կը կոչուէին ծխական:

Ծանօթ.—Ծուխը յարաբերաբար նեղ հասկացութիւն է եւ պէտք չէ շփոթել թեմով, որ աւելի լայն, ընդարձակ  հասկացութիւն է ու  կը կոչուի նաեւ վիճակ.   սա կրնայ ըլլալ ամբողջ քաղաք մը, նահանգ մը, մինչեւ երկիր մը, որ սկզբունքով պէտք է  հովւուի եպիսկոպոսով մը:

*   *   *

Անշուշտ բացառուած չէ, որ ուրիշ բարեմիտ  ընթերցող մըն ալ հարցնէ՝ հապա եթէ տուեալ տունը թոնիր, ուրեմն՝ ծուխ չունենար…  Նման կացութիւն պատկերացնել համարեա բացառուած էր: Հայկական բարձրաւանդակի մէջ կարելի չէր հրաժարիլ թոնիրէն եւ անոր…  ծուխէն: Թոնիրը հայու տունին բաբախուն սիրտն էր.  նախ անոր մէջ է որ կ’եփուէր ու կը տաքցուէր օրուան կերակուրը, ուրեմն ան ամբողջ օրը պէտք է տրամադրելի, գէթ վերարծարծելի վիճակի մէջ ըլլար: Թոնիրը անզանցառելի էր մանաւանդ Հայաստանի ձմեռին դէմ պայքարելու համար. միայն թոնիրով կարելի էր  բաւարար ջերմութիւն ունենալ՝ դիմագրաւելու համար  դուրսը կուտակուած թանձր ձիւնը,  որ երբեմն օրերով, եթէ ոչ շաբաթներով,  կը մնար ու արգելք կ’ըլլար  նոյնիսկ ելքի դռան բացուելուն ու արտաքին աշխարհին, թէկուզ անմիջական  դրացիին հետ հաղորդակցելուն:

Կար թոնիրը վառ, գէթ առկայծ պահելու ուրիշ պատճառ մըն ալ, որ կրակ ունենալու դժուարութիւնն էր. բոլորովին  մարած թոնիրը վառելը բարդ հարց էր:

Այնքան բարդ, որ տեղիք տուած էր անէծքի որ էր. «Կրա՛կդ մարի», նաեւ՝ «Օճա՛խդ մարի»,−  իսկ նման անէծքը շատ հեռուները կը տանէր, եթէ նկատի ունենանք, որ  կը մարի կրակը կամ օճախը այն տունին, ուր այլեւս կենդանի շունչ չէ մնացած, որ թիրախ դարձած է համատարած մահուան:

Վաղ անցեալին  մեր գիտցած  լուցկին գոյութիւն չունէր, որքան ալ լուցկի բառը թոնիրին չափ հին ըլլար: Ան մեր այսօրուան գիտցածը չէր, այլ  դիւրավառ բոյսի, մասնաւորաբար սունկի  պատրաստուկ մըն էր, որ աբեթ կը կոչուէր.  զայն բռնկեցնելու համար՝ պէտք էր կայծհանով, որ մետաղի պզտիկ կտոր մըն է,   զարնել կայծքարին ու աբեթը բռնել արձակուած կայծին դէմ: Շատեր,  այս  միջոցները  չունենալով, դրացիէն, երբեմն հեռաւոր ծանօթէն կրակ կ’առնէին ու կը բերէին իրենց տունը:

Ծանօթ.— Անթեղը այրող որեւէ նիւթի վերջին կտորն էր, որ տնեցիք պառկելէ առաջ   մեծ զգուշութեամբ մոխիրով կը ծածկէին՝ միւս օրը զայն  վերարծարծելու  ու  նոր կրակ ունենալու համար:

Այսպիսի խստաշունչ եղանակներուն է,  որ  թոնիրը իր շուրջ կը հաւաքէր, կը միաւորէր, կը շաղկապէր  ամբողջ ընտանիքը՝ մեծով ու պզտիկով, ուր անոնք մէկ կողմէ կը տաքնային ու միւս կողմէ կ’ունկնդրէին տան ամէնէն տաղանդաւոր պատմողին, ընդհանրապէս՝ պապին կամ որեւէ մեծաւորի  պատումները: Եւ այդ թոնիրներուն շուրջ է, որ  ծնած, զարգացած ու ծաղկած են մեր բանաւոր ասքերը՝ աւանդներն ու հեքիաթները, աւանդազրոյցներն ու աւանդավէպերը, առասպելներն ու դիցավէպերը՝ Վահագնի ու Անահիտի, Հայկի ու Բելի,  Արայի ու Շամիրամի, Արտաւազդի ու Դաւիթի, Արտաշէսի ու  Արշակի եւ միւսներուն:

Թոնիրին ու անոր ծուխին շուրջ ալ կերտուած է Հայոց հնամեայ պատմութիւնը:

[1]Արտաշէս Տիգրան Մեծի պապն էր, մեծհայրը: Արտաշէսի անմիջական գահաժառանգ որդին  զաւակ չունէր, հետեւաբար երբ սա իր կարգին մեռաւ, իրեն յաջորդեց եղբօրորդին, որ Տիգրանն էր:

[2]Անթեղը այրող որեւէ նիւթի վերջին կտորն էր, որ տնեցիք պառկելէ առաջ   մեծ զգուշութեամբ մոխիրով կը ծածկէին՝ միւս օրը զայն  վերարծարծելու  ու  նոր կրակ ունենալու համար:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x