Հարցազրոյց

Դիտեցէք տեսաձայնագրուած հարցազրոյցներ տարբեր մասնագիտութիւններու տէր եւ տարբեր ասպարէզներու մէջ գործող մարդոց հետ՝ գրական, պատմական, հանրային, ընկերային, քաղաքագիտական, տնտեսական, արհեստագիտական եւ այլ նիւթերու շուրջ:

«Դէմ առ դէմ». Հարցազրոյց լրագրող, անկախ հետազօտող, արաբագէտ Տիգրան Եկաւեանի հետ

Վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ լրագրող, անկախ հետազօտող, արաբագէտ Տիգրան Եկաւեանի «Արեւելքի փոքրամասնութիւնները. Պատմութեան կողմէ մոռցուածները» ֆրանսերէն գիրքին հայերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը: Այդ առիթով կայացած հարցազրոյցին մէջ կը քննարկուին նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան վերաբերող կարգ մը հարցեր: 

Զրոյցը կը վարէ Վարուժան Թէնպելեան:

Օգոստոս 13, 2021

«Դէմ աո դէմ». Հարցազրոյց պատմաբան դոկտ. Արա Սանճեանի հետ

Պատմաբան, հայոց եւ միջին արեւելեան պատմութեան դասախօս, Միշիկանի համալսարանի (ԱՄՆ) Տիրպորն քաղաքի մասնաճիւղի Հայագիտական հետազօտութեանց կեդրոնի վարիչ դոկտ. Արա Սանճեանի հետ այս հարցազրոյցին մէջ կը քննարկուին սփիւռքի հայկական դպրոցներուն մէջ եւ անոնցմէ դուրս հայոց պատմութեան դասաւանդման եւ ծանօթացման վերաբերող խնդիրներ եւ գաղափարներ: Զրոյցը կը վարէ Վարուժան Թէնպելեան:

ՅՈՒԼԻՍ 16, 2021

«Դէմ առ դէմ». Հարցազրոյց Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս, ընկերաբան եւ սփիւռքագէտ դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ:

Զրոյցի ընթացքին կը քննարկուին սփիւռք հասկացողութիւնը, անոր սահմանումը, սփիւռքի (ներուն) վերաբերումը Հայաստանի ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն նկատմամբ եւ անոնց ազդեցութիւնը Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց վրայ: Զրոյցի պատրաստութիւնը եւ ներկայացումը` Վարուժան Թէնպէլեանի:

ՅՈՒՆԻՍ 14, 2021