Ճիշդ ու սխալ գործածութեան օրինակներ

February 2, 2024

–Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերը անօդաչու սարքերով հարուածած են… թի-րախները («Ակօս», թիւ 1432, էջ 1):

–վիտէյո ժապաւաէններ… (անդ):

Որքան գիտեմ, մեր ամբողջ պատմութեան մէջ, «Ակօս»-ը առաջինն է, որ  ո-ով աւարտող բառ կը տառադարձէ. մաղթենք, որ վարակիչ ըլլայ տառադարձումի այս ճիշդ ձեւը, միայն թէ՝ վիտէո: Նաեւ՝ Հիւգո, Պորտո, ՌուսսոԱւո, Մկո, Կարո… եւ այլն:

  1. 2. «Սա մի պետության գույքի իւրացում է, որն այլևս գոյություն չունի»:

   (Սա պետութեան մը գոյքի իւրացումն է, որ այլեւս գոյութիւն չունի)

Այս նախադասութիւնը քաղուած է արեւելահայ  ընթացիկ մամուլէն: Այստեղ կ’ակնարկուի  գոյութիւն ունենալէ դադրած  առեղծուածային հասկացութեան մը:

 Ո՞րն է ան:

–Ճիշդ ի՞նչն է, որ  դադրած է գոյութիւն ունենալէ:

Քերականականօրէն դատելով,− եւ մեր իրաւունքն է ամէն նախադասութիւն դատել քերականութեամբ,− ապա գոյութիւն ունենալէ դադրողը իւրացումն է…

Այսպէս կը դատենք, որովհետեւ որ յարաբերական դերանունը յետադասուած է իւրացում բառին, ուրեմն… դադրողը  «իւրացում»-ն է:

Անշուշտ շատ տրամաբանական չի թուիր նման ընկալում մը, նման մեկնաբանութիւն մը: Բայց, ինչպէս ըսինք, քերականութիւնը այ՛դ կը թելադերէ:

Յօդուածի շարունակութեան մէջ կ’անդրադառնանք, որ գոյութիւն ունենալէ դադրողը՝ ոչ աւելի, ոչ պակաս Արցախն է. իմա՝ Արցախի պետութիւնը:

Իսկ շարադասութեամբ՝ պետութիւն-ը  «որ» յարաբերական դերանունէն առաջ կը գրաւէ երրորդ դիրքը:

Նման կառոյց կրնան ունենանլ միայն չինարէնն ու…արեւելահայերէնը:

Բայց ոչ հայերէնը:

Հայերէնը կը պահանջէ, որ յարաբերեալը դրուի յարաբերականէն առաջ, կամ յարաբերականը դրուի յարաբերեալէն ետք: Մեր ոսկեղէնիկին շարադասական ազատութիւնը շատ դիւրաւ կրնայ մեզի շնորհել այդ յաջորդականութիւնը:

Այսինքն՝

–Սա գոյքի իւրացումն է պետութեան մը, որ այլեւս գոյութիւն չունի:

Այս շարադասութեամբ լոյսի պէս պայծառ է, որ գոյութիւն չունեցողը պետութիւնն է:

                                                        *   *   *

Ես միշտ ալ զարմացած եմ, թէ արեւելահայերը, իրենց այս շարադասութեամբ,  ինչպէ՞ս կը հասկնան զիրար:  Այսինքն՝ խօսակիցս ինչէ՞ն կրնայ կամ թէ պիտի կարենայ դատել, թէ գոյութենէ դադրողը  իւրացումը չէ, գոյքն ալ չէ, այլ… փարսախներով անդին գտնուող պետութիւնն է:  Բախտագուշակ պէտք է ըլլայ:

Ես աչքի առաջ ունիմ ուրիշ այլանդակութիւն մը, որ հետեւեալն է.

            –Դռանը  ծաղկեփնջերով հայ գրողին սպասում էին նաեւ ա՛յն վեզիրների ու փաշաների կանայք, որոնք Զոհրապի հակառակորդներն էին մեջլիսի մէջ (Հրաչեայ Քոչար, «Ուսուցիչը», Բագին, 10, 1964, էջ 20):

Ո՞ւր է կամ ո՞րն է որոնք յարաբերական դերանունի յարաբերեալը:

Հայեցի տրամաբանութեամբ՝ կայնայք, իմա՝ կիները:

            Սակայն հակառակորդ կիները ինչո՞ւ ծաղկեփունջերով պիտի դիմաւորէին Զոհրապը, ո՞ւր է տրամաբանութիւնը այս պատումին: Սա չըլլալիք բան է: Յետոյ թուրք կիները, իրենց հարեմները ձգած,  ի՞նչ գործ ունէին  խորհրդարանին մէջ:

           Այստեղ ալ ի վերջոյ ի յայտ կու գայ, թէ «որոնք» դերանունի յարաբերեալը «վեզիրներն ու փաշաներն» էին, խորհրդարանի մէջ Զոհրապի ընդդիմադիրները, թաքուն հակառակորդները, գոգցես՝ թշնամիները, որոնք սակայն ինչ-ինչ հաշիւներէ տարուած ի գործ կը դնէին իրենց հանումները, որ ծաղիկներով դիմաւորէին Զոհրապը խորհրդարանի մուտքին:

           Այս բոլորը առաջին ակնարկով պիտի յստակ ըլլար,− եւ ընթերցողին իրաւունքն է, որ այդպէս ըլլար,− եթէ … արեւելահայերը հայերէն գրել գիտնային. ահաւասիկ՝

            — Դռանը  ծաղկեփնջերով հայ գրողին սպասում էին նաեւ կանայք ա՛յն վեզիրների ու փաշաների, որոնք Զոհրապի հակառակորդներն էին մեջլիսի մէջ:

  1. Ուշադիր կարդանք հետեւեալ հատուածը.

–Քանի մը օր տեւած տեղատարափ անձրեւի լոյսին տակ, լիբանանեան բազմա-թիւ շրջաններ  ականատես դարձան ողողումներու եւ հողասահանքի:

Ինծի կը թուի, թէ իրենց տեղին չեն գործածուած՝

ա)լոյսին տակ

Այս դարձուածքը հայերէնը կը կիրարկէ  մասնաւորաբար իմացական ոլորտի  քննարկումներու ծիրէն ներս՝ պատճառահետեւանքային ինչ-որ կացութիւններ լոսաբանելու կամ պատճառաբանելու նպատակով. օրինակ՝

            «Ձեր այս բացատրութեան լոյսին տակ կը հետեւցնենք, որ  այս երկուքին կենակցութիւնը անկարելի է»:

            «Նման  ծանրակշիռ տեղեկագրի մը լոյսին տակ պարտինք եզրակացնել, թէ այս պարտութիւնը  յառաջացած է մեր սխալ ռազմավարութեան հետեւանքով»:

            Այս տուեալներով՝ եղանակային երեւոյթներ բացատրելի չեն «լոյսին տակ» դարձուածքով, եւ թէ բերուած օրինակին մէջ բաւարար էր պատճառով, թէկուզ հետեւանքով յետադրութիւններէն մէկը:

            բ) ականատես դարձան

            Ականատես դառնալու համար… նախապայման է ական՝ ակն՝ աչք ունենալ. իսկ շրջանները… աչք չունին, ուստի չեն կրնար ականատես դառնալ.   անոնք  կրնան  առարկայ դառնալ, ենթարկուիլ, թատր հանդիսանալ. օրինակ՝ «բազմաթիւ շրջաններ թատր հանդիսացան ողողումներու եւ հողասահանքի»: Կարելի է նաեւ պարզապէս ըսել. «Բազմաթիւ շրջաններու մէջ տեղի ունեցան ողողումներ եւ հողասահանգներ…»՝ առանց վերացական  անտեղի թռիչքներու:

            [email protected]                                               Արմենակ Եղիայեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x