«Իբրեւ»ին մասին որքան շատ գրենք, այնքան լաւ կ’ընենք

January 13, 2022

Իբրեւ

          Իբրեւ-ին մասին որքան շատ գրենք, այնքան լաւ կ’ընենք,  ցաւալին այն է, որ իր մասին չէ գրուած մեր մէջ կամ թէ բաւարար չէ գրուած:

*   *   *

          Այս բառը նախադրութիւն մըն է, կը նշանակէ պէս, նման:

Յիշել՝ «Իբրեւ արծիւ սաւառնում ես լեռ ու ժայռ»: Այսինքն՝ արծիւի մը պէս

Անդրանիկը, որուն նուիրուած է  երգը, նմանցուած է արծիւի:

Անցնինք հիմա բուն հարցի քննութեան:

Հարցում. ո՞վ է ըստ ձեզի հետեւեալ նախադասութեան «ուսուցիչ»-ը.

«Ես զինք կը յարգեմ իբրեւ ուսուցիչ»:

−Ե՞ս եմ ու սուցիչը, թէ՞ ինք է:

Այս շարադասութեամբ ու կէտադրութեամբ՝ ոչ մէկ իմաստ ունի ան, այլ հարց թէ ճիշդ այս խառնափնդորութեամբ կը գրուի ու կը կիրարկուի ան մեր իրականութեան մէջ:

Նոյն խառնափնդորութեամբ ալ…  «կը մեկնաբանուի»:

*   *   *

Իսկ ինչպէ՞ս գրել, որպէսզի բառնանք այս շփոթը: −

Ամբողջ հարցը կը կայանայ բառերու շարադասութեան, բայց նաեւ կէտադրութեան  ու արտասանութեան մէջ, որոնց պիտի անդրադառնանք ստորեւ:

Սկսինք շարադասութենէն՝ բառերու դասաւորումէն:

ա)Եթէ ես եմ ուսուցիչը, ապա պարտիմ գրել.

«Ես՝ իբրեւ ուսուցիչ, կը յարգեմ զինք»:

բ)Իսկ եթէ ինք է ուսուցիչը, ապա պիտի գրեմ.

«Ես  կը յարգեմ  զինք՝ իբրեւ ուսուցիչ:

Բոլոր պարագաներու՝  նկատելի է,  որ իբրեւ ուսուցիչ-ը կցեցինք նախադասութեան ա՛յն անդամին, որ ուսուցիչ է մեր մտքին մէջ:

Այս կիրարկութեամբ՝ ուսուցիչը կը կատարէ  բացայայտիչի  պաշտօնը. առաջինին մէջ՝  ես դերանունին,  իսկ երկրոդին մէջ՝ զինք դերանունին: Առաջինին մէջ ան դրուած է ուղղական հոլով՝ ես-ին պէս, երկրորդին մէջ՝ հայցական հոլով՝ զինք-ին պէս:

Ծանօթ.−Բացայայտիչը գոյականի մը կամ դերանունի մը կրկնութիւնն է ուրիշ բառով մը, ուրիշ անուանումով մը: Ուրեմն՝  ես=ուսուցիչ, (զ)ինք=ուսուցիչ:

Գալով կէտադրութեան՝ նկատել, որ երկու պարագաներուն  ալ  իբրեւ ուսուցիչ   բութով տրոհուած է  ես    եւ զինք դերանուններէն,  եւ  տրոհուած է ետեւէն եւս:

Բանաւոր խօսքի մէջ    ես եւ զինք բառերէն առաջ կ’առնենք արտասանական բոլորովին պարտադիր եւ բնորոշ դադար մը. այդ դադարին կը յաջորդէ իբրեւ ուսուցիչ-ը,  որմէ ետք դա՛րձեալ կ’առնենք պարտադիր դադար մը, այլ  խօսքով՝ իբրեւ ուսուցիչ-ը արտասանական դադարով կը տրոհուի առջեւէն ու ետեւէն: Այդ տրոհումն ալ կը բնորոշէ  բացայայտիչը:

Ուրեմն՝ բացայտիչ բառակապակցութիւնը  իր երկու կողմերէն կը տրոհուի թէ՛ գրաւոր, թէ՛ բանաւոր խօսքի մէջ:

*   *   *

Արեւլահայը բերուած օրինակները կը ձեւաւորէ սա՛պէս.

ա)Ես՝ իբրեւ ուսուցիչ, յարգում եմ նրան:

բ)  Ես  յարգում եմ նրան՝ իբրեւ ուսուցչի:

Ուր ուսուցիչ ուղղական  է, իսկ ուսուցչի՝ տրականաձեւ հայցական:

Արեւելահայուն լեզուամտածողութեան մէջ այս հոլովները շատ աւելի խոր տպաւորուած են ու զանազանելի, այս պատճառով ալ նոյնիսկ եթէ շարադասական խախտում կայ, ապա  ան կը շարունակէ ճիշդ ըմբռնել. օրինակ՝

ա) Ես յարգում եմ  նրան իբրեւ ուսուցիչ:

բ)  Ես յարգում մեմ նրան՝ իբրեւ ուսուցչի:

Որքան ալ ասոնք ունենան նոյն շարադասութիւնը, արեւելահայը իսկոյն կը հասկնայ, որ առաջինին մէջ ե՛ս եմ ուսուցիչը, երկրորդին մէջ՝ ի՛նք է ոււսուցիչը. այս հասկացողութիւնը ան կը պարտի հոլովներու տարբերութեան՝ ուսուցիչ եւ ուսուցչի: Այդ առաւելութենէն զրկուած է արեւմտահայերէնը, այսինքն՝  արեւմտահայը:

*   *   *

Այս բոլորը քիչ մը աւելի կը բարդանան  միւս հոլովներու պարագային.

Օրինակ՝ «Ես անոր մօտեցայ իբրեւ ուսուցիչ»:

ա) Եթէ ուսուցիչը ե՛ս եմ,   ապա պարտիմ գրել՝

«Ես՝  իբրեւ ուսուցիչ,   մօտեցայ  անոր:

բ) Եթէ ուսուցիչը ա ՛ն է, ապա պիտի գրեմ՝

«Ես    մօտեցայ  անոր՝ իբրեւ ուսուցչի»:

Այս վերջին  օրինակի պարագային՝ նոյնիսկ եթէ  խախտում կատարենք, ապա նախադասութեան միտքը չ’աղօտիր, քանի տրական հոլովը կը յուշէ, որ ա՛ն է ուսուցիչը. ահաւասիկ. «Ես իբրեւ ուսուցչի մօտեցայ անոր».  Այստեղ շփոթ չի կրնար յառաջանալ, քանի «ուսուցչի» տրականը չի կրնար վերաբերիլ  ես-ին, այլ միայն՝ անոր:

Վերջացնելու համար  տեսնենք մէկական օրինակ ալ միւս  հոլովներով.

ա) Ինձմէ՝ իբրեւ ուսուցիչէ, խուսափեցաւ ան:

բ) Ես խուսափեցայ իրմէ՝ իբրեւ ուսուցիչէ:

ա) Ինձմով՝ իբրեւ ուսուցիչով, կը հպարտանայ ան:

բ) Ես կը հպարտանամ իրմով՝ իբրեւ ուսուցիչով:

Նկատենք, որ բացայայտիչն ու բացայայտեալը միշտ ունին նոյն հոլովը:

*   *   *

Տեսնուած բոլոր օրինակներուն մէջ իբրեւ-ը փոխարինելի է որպէս հոմանիշով:

Գիտնանք նաեւ, որ իբրեւ-որպէս զոյգը ունի այլ կիրարկութիւն մըն ալ, որ կը կոչուի «ձեւի պարագայ». այսինքն՝ կը  ծառայեն ցոյց տալու գործողութեան կատարման ձեւը:

Մենք տեսանք ատոր լաւագոյն օրինակը՝

«Իբրեւ արծիւ սաւառնում ես լեռ ու ժայռ…»:

Ինչնչպէ՞ս կը սաւառնիս,− իբրեւ արծիւ, արծիւի պէս:

Ո՞ւր է տարբերութիւնը.  «Դուն արծիւ ես» ըսուած չէ, Անդրանիկը արծիւով նոյնա-ցուած, հաւասարեցուած չէ, այլ միայն նմանցուած է արծիւի, բաղդատուած է արծիւով: Նկատեցէք կէտադրութիւնը, որ բոլորովին տարբեր է:  Նոյնքան տարբեր է արտասանութիւնը, ուր ոչ մէկ պարտադիր դադար կը գտնենք, այլ բոլորովին հեզասահ կ’ընթանայ ան:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x