Քուէ, տապեղ եւ տարբեր «փառ»եր

December 16, 2021

1.Քուէ

–Թորոսը իր քուէն  պիտի տայ Մարկոսին, որ իրեն մէկ գաւաթ օղի խմցնէ…

–Կիրակոսն ալ կը մտածէ  քուէն տալ Մարտիսորսին, որ երեք գաւաթ խոստացած է…

Պարոնեանական  նման կիրարկութիւններէ վեր՝  հարցուցա՞ծ էք երբեւէ, թէ ճիշդ ի՛նչ կրնայ ըլլալ այս բառին ծագումը:

Ուրեմն անոր  հեռաւոր մայրը եղած է կամ կը թուի ամենայն հաւանականութեամբ եղած ըլլալ յունարէն κυβεια բառը, որ դասական արտասանութեամբ կու տայ կուբեիա, որ հայերէնի կանոններով դարձած է քուեայ, սա իր կարգին պատմական հնչիւնափոխութեամբ տուած է քուէ՝ եայ > է ծանօթ հնչիւնափոխութեամբ (ինչպէս՝ ափսեայ>ափսէ, բազեայ>բազէ) եւ բառացի կը նշանակէ խորանարդ. յիշեցէք ֆրասնսերէնի ու անգլերէնի cube բառը:

Կիրարկուած է Աստուածաշունչի մէջ եւս (մէկ անգամ ՝Ովսէ, 4/12),  ուրեմն շէնքով-շնորհքով դասական բառ է:

Մենք այս բառը պէտք է առած ըլլանք այն օրերուն, ուր  յունական β տառը դադրած էր b հնչելէ ու կ’արտասանուէր v: Հայերէնը ուրեմն պէտք է ըլլար քուվեիա, եւ որովհետեւ մեսրոպեան ուղղագրութիւնը ու-էն  ետք չ’ընդունիր վ, ապա նախապէս գրած ենք քուեայ, սա իր կարգին հետագային  ամփոփուած ու  դարձած է քուէ:

Իսկ ճիշդ ի՞նչ է այս  «խորանարդ» ըսուածը:

*      *

*

Ան փոքր խիճ մըն  է, խորանարդաձեւ կամ գոնէ մէկ տափակ երեսով, որուն վրայ յոյները այն  վաղնջական դարերուն, ուր կ’իշխէր ժողովրդավարութիւնը,  կը գրէին իրենց անունը ու կը ձգէին քուէատուփին մէջ, որ խոշոր անօթ մը կամ կարաս մըն էր. ուրեմն «արկանէին զքուէ  իւրեանց»,  կը քուէարկէին:

Այնուհետեւ սկսած է բառիս փոխաբերական կիրարկութիւններու շարքը:

Ան  փոխնիփոխ նշանակած է՝ վէգ, որովհետեւ վէգն ալ մօտաւորապէս  խորանարդ մըն է, այլեւ նշանակած է այն խորանարդ զարը, որուն վեց երեսներուն վրայ արձանագրուած են 1–6 թիւերը եւ  փոխնիփոխ կը նետեն նարտի “թաւլի” խաղացողները:

Ան կոչուած է նաեւ վիճակ, որ կը նշանակէ «բախտ». մի՛ մոռնաք, «բախտին զար նետել» բառակապակցութիւնը, որ բախտախաղի  տեսակ մըն է:

Հայու, անշուշտ ըսել կ’ուզեմ՝ արեւմտահայու,   հանճարը առ այս հնարած է նաեւ , այո, երազ չէք տեսներ,  տապեղուլունք հոմանիշը,– որ կը նշանակէ թաւլիի, այսինքն՝  տապալիի, այսինքն՝  տապեղի ուլունք,–  եւ  կը գտնէք մի՛այն մերոնց  բառարաններուն մէջ, քանզի մի՛այն մերոնք  կրնային նման ստեղծագործութեան մը ծնունդ տալ:

Արեւելահայը նման գիւտերու շատ սիրտ չունի. ան կը նախընտրէ  թրքեէն զարը,  ու այդպէս ալ կը լսէք Երեւանի այգիներուն մէջ խաղացողներուն եւ մանաւանդ խաղը շուրջանակի հաւաքուած  խանդավառ դիտողներու բերանէն:

–Ախր զարդ մի քիչ հունարով գցի՛ր,– կը թելադրէ մէկը:

–Ցաւդ տանեմ, էդպէս զար կը նետուի՞,– հարց կու տայ ուրիշ մը:

Ուրեմն բառիս արմատն է տապեղ, որ ոչ աւելի, ոչ պակաս թաւլի բառին տառադարձութիւնն է, իսկ թաւլին ալ, որքան ես գիտեմ, ֆրանսերէնի ու ագլերէնի table բառէն յառաջացած է թրքերէնի մէջ`b > v հնչիւնափոխութեամբ: Այս ծիրէն ներս ունեցած ենք անցումային տապալի  ձեւն ալ:

2.Փառ

          Միշտ ալ կարծած եմ, թէ փառ արմատն է փառք-ին եւ կը նշանակէ պատիւ,  պարծանք, մեծութիւն, շքեղութիւն եւ այսքա ՛ն: 

Երանի՜ միայն այսքան ըլլար…

Ի զուր չէ ըսած Սողոմոն Իմաստուն, թէ՝ «որքան գիտութիւնս աւելցուցի, այնքան ցաւերս… աւելցան»:

Մալխասեանի  քառահատորով կը զբաղէի, երբ ահա հանդիպեցայ փառ արմատին, որուն  ճիշդ…  հի՛նգ՝  բոլորովին իրարմէ տարբեր նշանակութիւններ կու տայ  ան:

ա)Փառք, որ    մեր բոլորին գիտցածն է:

բ) Ջրաղացի կամ հողմաղացի  թեւերը, որոնք  կը դարձնեն աղօրիքը:

գ) Բարակ մաշկ, որ կը պատէ  ներքին գործարաններուն մակերեսը, նաեւ՝ սոխը, միսը, թարմ վէրքը, ինչպէս եւ երկար մնացած  քացախին,   գինիին ու թթուին երեսը, այլեւ յառաջացած տարիքին աչքին տեսողութիւնը խանգարող բարակ թաղանղը:

դ) Կախովի կողպէք, բանալի, – ինչո՞ւ կախուած բանալին պէտք է մասնաւոր անուն ունենայ… գնա՛-հասկցիր:

ե) Կտոր,– ճիշդ ի՛նչ կտոր՝ ոչ մէկ բացատրութիւն:  

          Առաջին հերթին պարզապէս… կը յուսահատիս. ուրեմն այսքա՞ն տգէտ ենք, միւս կողմէ՝ կ’ընկճուիս, թէ այսքան բան կայ սորվելիք:  Սակայն երբ  այս վանողական միտքերը քիչ մը կը մեղմանան, կը սկսիս  հիանալ այս զարմանալի գիտնականին, որ Մալխասեանն է. մարդ ուրկէ՞ կրնայ այսքան բան գիտնալ, այսքան գիտութիւն ամբարել, այսքան լեցուն ու ծանր գլուխ ունենալ եւ կարենալ զայն կրել  թեթեւ ուսերով:  Ութսունը անց էր, երբ այս բառարանը հրատարակութեան տուաւ՝ աւելի քան 40 տարի յղկելէ ու կոկելէ ետք անոր բովանդակութիւնը:

Եւ ի՜նչ բովանդակութիւն:

*      *

*

Ակադեմիայի քառահատորը այս թիւը զեղչած է ու վերածած է երկուքի՝ վերոբերեալի ա. եւ բ.  նշանակութիւնները միայն, հապա միւսնե՞րը… ի՞նչ պիտի ըլլան անոնք:

Էդ. Աղայեան  ունի առաջին երեքը:

Գալով մերոնց…

–Գայայեան ունի առաջին երկուքը:

–Ճիզմեճեան  իրարու գումարած է Գայայեանն ու Մալխասեանը ու տուած է բոլոր նշանակութիւնները. յատկապէս՝ աւելցնելով,  որ «թեւ, բազուկ, փետուր»  նշանակութիւնները պահլաւերէն յառաջացած են,– առանց ճշդելու, թէ մեր մէջ ի՛նչ բազուկի կ’ակնարկուի, արեւմտահայ ընթերցողին կը մնայ գուշակել, թէ ան ջաղացքի կամ հողմաղացի շարժական՝ դարձող բազուկն է, եւ ոչ թէ… մարդուս աջ եւ ձախ ուսերէն կախուաղ անդամները:

–Տէր Խաչատուրեան բառացի կը կրկնէ նախորդը:

–Իսկ Կռանեան  համեստօրէն կը գոհանայ Մալխասեանի ա. եւ բ. տուածներով եւ կ’աւելցնէ երրոդ մը՝ թեւ, այսքա՛ն միայն, քեզի կը մնայ յայտնաբերել, թէ ի՛նչի «թեւ» է ան:

*      *

*

Բառեր կան, շատ մեծ է  անոնց թիւը,  որոնք ունեցած են տխուր ճակատագիր մը.  փառ-ն ալ անոնցմէ մէկն է.  իր երբեմնի շքեղութիւններէն հետզհետէ մերկացող  մոմիացած բառ մը, որ արդէն… բռնած է մոռացութեան ճամբան: Անկեղծ ըսենք, փառք-էն բացի՝ մեզմէ քանի՞ն կը ճանչնայ անոր  միւս  նշանակութիւնները ու մանաւանդ… կը գործածէ զանոնք:

Ա՛լ չեմ ըսեր, թէ  քանի՞ն պիտի փորձէ սորվիլ ու վերակենդանացնել  զանոնք:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x