Յաւելադիր բաղաձայններ

February 24, 2022

Յաւելադիր բաղաձայններ

          Ի վաղուց անտի հայերէնի մէջ գոյութիւն ունեցած են  բառեր, որոնք իրենց ծոցին մէջ կը կրեն ոչ-արմատական՝ յաւելադիր  բաղաձայններ, որոնց դերը երբեմն կռահելի է, իսկ երբեմն ալ անծանօթ է: Ստորեւ պիտի տեսնենք այպիսիներէն փունջ մը:

1.Կիրակնօրեայ

Ասոնց տիպարը եւ ամենացայտունը կիրակնօրեայ բարդ ածանցաւոր բառին մէջ բուսած «ն» բաղաձայնն է, որ կը գտնենք աշխարհաբարի մէջ միայն:

Բառիս առաջին արմատն է  կիրակի,  որուն  ի ձանաւորը  սղած է՝ տեղը տալով անծանօթ ն-ի մը: Այս այսպէս ըլլալով՝  լեզուն ինչո՞ւ  ստեղծած է զայն:

Յստակ չենք գիտեր.  կարելի՞ է թերեւս ըսել, որ այսպէս աւելի բարեհունչ է ան, քան առանց ն-ի՝ կիրակօրեայ: Թէեւ այս ալ գիտենք, որ բարեհնչութիւնը քիչ մը ենթակայական հասկացութիւն է. մէկուն բարեհունչ թուողը կրնայ միւսին խժալուր թուիլ. օրինակ՝ ամէն ինչ որ տողերս գրողին բարեհունչ կը թուի, «Ազդակ»-ի քաղաքական էջին կը թուի… անբարեհունչ ու մերժելի:

Գալով բառիս բաշխումին՝ զայն կը գտնենք շատ վաղուց եւ հաւասարապէս  թէ՛ արեւելահայերէնի, թէ՛ արեւմտահայերէնի մէջ:

Եւ այս չէ միայն:

Քանի  փորձանքը առանձին չի գար. մէկը  դուռ կը բանայ միւսին:

*   *   *

Բանաւոր խօսքի մէջ՝ արեւելահայ թէ արեւմտահայ,  ընթացիկ կը կիրարկենք դրացնութիւն, որ կը կրէ նոյն վերջաբոյս ն-ն՝ դրացի-ն-ութիւն: Շատ սովորական է հանդիպիլ «դրացին» ըսողներու,  որ կու տայ դրացինը-դրացինին-դրացինէն-դրացինով, ճիշդ ինչպէս  բագին-բագինը, դարբին-դարբինը, կաղին-կաղինը:

Իսկ հիմա… եղածներուն վրայ «Ակօս»-ը աւելցուցած է նոր փորձանք մը՝ շաբաթնօրեայ բառը, այսինքն՝ շաբաթ-ն-օրեայ (26-11-21):

Ճիշդ ի՞նչ կարիքէ մղուած մեր պոլսեցի հայրենակիցները  հնարած են այս բառը,− չենք գիտեր:  Մինչ  կիրակնօրեայ-ն մարսելի է,− ան շատ վաղուց մարսուած է,− ապա ունինք այն տպաւորութիւնը, թէ  շաբաթնօրեայ այնքան ալ դիւրամարս չէ, կարծես կոկորդիդ կը փակի ու վար չ’երթար, մինչ շատ աւելի հեզասահ է շաբաթօրեայ կանոնական ձեւը:

Բոլոր նշանները ցոյց կու տան, որ շաբաթնօրեայ-ն  յառաջացած է կիրակնօրեայ-ի կոյր, մեքենական  կապկումով, որ լեզուաբանութեան մէջ ծանօթ է «վարակում»  անունով: Այս այն երեւոյթն է, ուր բառ մը կը ձեւաւորուի  ըստ իրեն յարակից  այլ բառի կամ բառերու. օրինակ՝ պատմական ութ բառը հակամէտ ենք արտասանելու  ութը՝ զինք շրջապատող միւս բառերուն  մղումով՝ եօթը-ութը-ինը-տասը: Արեւելահայերը բարձր-ին ազդեցութեամբ կ’ըսեն նաեւ ցած-ր:

Նոյն ծիրէն ներս յառաջացած է ցերեկ-ն-ային բառը, որ  թէեւ կը բացակայի մեր բառարաններէն եւ սակայն  լայն կիրարկութիւն ունի գոնէ արեւմտահայերէնի մէջ՝ բանաւոր թէ գրաւոր[1]: Այս ալ պատճէնուած է իրիկնային-ի վրայ, որուն «ն» բաղաձայնը, անշուշտ, արմատական է՝ իրիկուն-իրիկնային:

  1. Յօրանջ

Յաւելադրութիւններու բաւական լայն ցանց մը կը գործէ հայերէնի մէջ հոն, ուր երկու անհամատեղելի ձայնաւորներ կը յաջորդեն իրարու. օրինակ՝ երբ կը հոլովենք  ա ձայնաւորով վերջացող բառ մը, մասնաւորաբար յատուկ անուն մը, ապա հոլովական վերջաւորութեան ու ա-ին միջեւ կ’աւելցնենք յ բաղաձայնը. այսպէս՝

Արա > Արա-յ-ի, Արա-յ-է, Արա-յ-ով,

Իտալիա>Իտալիա-յ-ի, Իտալիա-յ-է, Իտալիա-յ-ով:

Այսպէս է, որովհետեւ ա եւ ի հնչիւնները հայերէնի  համար անհամատեղելի են, կը յառաջացնեն արտասանական խորթութիւն մը, որ ծանօթ է յօրանջ անունով, լատիներէն՝ hiatus: Յօրանջը մեղմացնող յ տառը կը կոչուի «ձայնակապ»:

Անդին այլ  ձայնաւորով, առաւել եւս  բաղաձայնով  վերջացող բառերուն ետին կ’աւելցնենք մի՛այն հոլովական մասնիկը՝  առանց այդ յ ձայնակապին. օրինակ՝

Արփի > Արփի-ի, Արփի-է, Արփի-ով,

                   Ծառ > ծառ-ի, ծառ-է, ծառ-ով:

Ձայնակապի բաւական ուրոյն կիրարկութիւն մը կը ներկայացնեն   եան-ով վերջացող բառերը՝  Շառո-յ-եան, Աղա-յ-եան,  որոնց ծալքերը այնքան ալ ծանօթ չեն արդի հայուն:

Հարցը հետեւեալն է.  եան տառախումբը գրաբարի մէջ կ’արտասանուէր éan (էան) եւ ոչ թէ yan (յան), եւ մեր նախնիները ստիպուած էին ձայնակապ մը աւելցնել, այլապէս Շառո-éan կամ Աղա-éan անարտասանելի պիտի դառնային. միայն այդ յ ձայնակապը արտասանելի կը դարձնէ այսպիսիները՝ Շառո-յéan եւ Աղա-յéan: Այլ խօսքով՝ մենք պարզապէս կը յարգենք մեսրոպեան ուղղագրական  աւանդոյթ մը. այս աւանդոյթին մէկ զոհն է ախոյեան  սխալ ձեւը, որ պէտք է ըլլայ ախոյան:

Մինչդեռ արեւլահայերը, որ մեսրոպեան ուղղագրութեան հոգը չունին, թեթեւ ձեռքով  ու  միտքով կը գրեն Շարոյան, Աղայան, Գայայան, ախոյան:

3.Գրաբարեան ձայնակապեր

Ձայնակապերու բաւական լայն ցանց մը՝ հ, յ, ւ, վ, կը կիրարկէր գրաբարը մասնաւորաբար յատուկ անուններու մէջ՝ մեղմելու համար սեմական յօրանջները.

Աբրաամ >Աբրա-հ-ամ (Abraam, Avraám, ’Αβραάμ)

                    Բաալ      >Բա-հաղ (Baal-bek, بعل)

Աարոն   >Ա-հարոն (Aaron, ’Аαρών)

Կաէն      >Կա-յ-էն (Caïn, Κάιν)

Իսրաէլ   >Իսրա-յէլ (Israël, ’Іσραήλ, إِسْرَائِيل)

Ռաֆաէլ >Ռաֆա-յէլ (Raphaël, ’Рαφαήλ)

Նոեմի     >Նո-յ-եմի (Naomi, Noëmi, Νοεμίν)

Նաում     >Նա-ւում (Nahum, Ναoύμ)

Սաուլ     >Սա-ւ-ուղ (Saül, Sha‛ul, Σαούλ)

Ռոբոամ >Ռոբո-վամ (Roboam, Ροβοάμ)

Ծանօթ.– Այս սեմական անուններուն մէջ մի՛այն հայերէնը  հետեւողականօրէն ձայնակապ դրած է, այլ խօսքով՝ հետամուտ եղած է բարեհնչութեան: Փորձեցէք փոխնիփոխ արտասանել օտար եւ հայ տարբերակները, ապա պիտի իսկոյն անդրադառնաք գեղագիտական այն բարձր ճաշակին, որ մեր թարգմանիչները դրած են  իրենց տառադարձութեան մէջ:  Իսկ թէ օտարները իրենք ինչպէ՞ս  կը հանդուրժէին այս յօրանջները… մեր հարցը չէ՛ այդ:

Այս ձայնակապերը, ուրեմն, դրուած են այնպիսի ձայնաւորներու միջեւ՝ աա, աէ, ոե, աու, ոա, որոնց հերթագայութիւնը   խորթ ու անբարեհունչ  է հայու գեղագիտական բնածին ճաշակին, եւ  ձայնակապը այդ  թերին  դարմանելու կը ծառայէ:

[1] «Ծովերու ձայնին միախառնուած Պոլսոյ ցերեկնային  ու գիշերային կեանքը կը վազէ»(Անուշ Դրուանց, «Շտապող Պոլիսի հմայքը», «Ժամանակ», 11-2-2016): «Յուսալով որ մայրամուտի արեւը՝ ցերեկնային արեւի բարիքը չի զլանար…»(Վեհ. Թեքեան, «Պարոյրը եւ Պաղոյղը», «Հորիզոն գրական», 28-1-2017):

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x