Ի՞նչ կը նշնակէ «գոյակեցութիւն». պարզապէս՝ ՈՉԻ՛ՆՉ

June 22, 2022

Գոյակեցութիւն (բ)

Եւ յետոյ, տակաւին կարելի է ենթադրել ալ, որ բառս շատ աւելի հինէն կու գայ  եւ ծնունդ չառաւ Սիմոն Սիմոնեանով, որ մեր ցանկին հնագոյն կիրարկողն է. ան իր մէկ տեսածը յանձնեց թուղթին, բայց որո՞ւնը, իսկ սա իր կարգին որմէ՞ տպաւորուեցաւ… եւ այսպէս, հոգ ընողին հոգ չի պակսիր, գնա՛ ուղեղդ չարչարէ գիտնալու համար, թէ ի սկզբանէ ո՞  իցէ արեւմտահայն  առաջին, որ սեւով  արձանագրեաց  գոյակեցութիւն ի վերայ սպիտակին, ըսել կ’ուզեմ՝ այդ անմիտ  հնչիւնախումբը, քանի ամէն բառ պարտի նշանակութիւն մը ունենալ:

*   *   *

Վերջին քանի մը տարիներուն գոյակեցութիւն-ի շրջուն ռահվիրան պիտի ըլլար դոկտ. Հրայր Ճեպեճեանը՝  իր  «Աստուածաշունչի ընկերութեան միջինարեւելեան երկիրներու  ընդհանուր քարտուղար»-ի հանգամանքով: Ան քիչ մը ամէն տեղ է՝ Միջին Արեւելք, Հայաստան, Արցախ… , եւ «Մշակութային ինքնութիւն, Գոյակեցութիւն եւ Համարկում եւ Ուրիշին հասկացողութիւնը» ընդհանուր խորագիրին տակ  իր աստուածաշնչական կենարար պատգամը, իբրեւ  մերօրեայ  Պօղոս առաքեալ,  կը հասցնէ աշխարհի մերձաւոր ու հեռաւոր  բոլոր ժողովուրդներուն՝ արանց եւ կանանց, ծերոց եւ տղայոց,  առանց լեզուի, մորթի ու դաւանանքի խտրութեան՝ հրեային թէ հեթանոսին:

Բանիւ նովին կը սատարէ  գոյակեցութիւն-ի  տարածումին ու ամրապնդումին:

Է՜հ, բախտ ըսածդ ասանկ կ’ըլլայ. անգոյ ուրուական մը այսպէս ձեռքէ-ձեռք կը խլուի, մինչ անդին լեզուն  ունի միւռոնի պէս սուրբ ու վաւերական բառեր, որոնց երեսը նայող չկայ:

Այս բոլորէն ետք եւ մինչեւ հիմա  կը պակսէր բառարանագիր մը, որ  վաւերականութիւն տար անոր, եւ ահա վերջերս ա՛յդ եւս  տեղի ունեցած է.  ան իբրեւ լիարժէք բառ որդեգրուած է  Հայաստանի Ակադեմիայի կողմէ:

Այո, ոչ աւելի, ոչ պակաս՝ Ակադեմիային կողմէ:

Ուրեմն,  ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան 2021-ին հրատարակած է բառարան մը, որ կը բովանդակէ 1000 արեւմտահայերէն բառ, որոնք մինչ այդ «արեւմտահայերէնի որեւէ բառարանին մէջ տակաւին չեն վկայուած», ինչպէս կը կարդանք նախաբանին մէջ: Հեղինակներն են Ս. Տիոյեան, Ա. Ֆիշենկճեան եւ Յ. Մարաշլեան: Սա իր տեսակին մէջ «Առաջին գիրք»-ն է, ունի 145 էջ: Ենթադրելի է, որ ատենը մէյ մը եւ այս ձեւով պիտի հաւաքուին  նորագոյն բառերը, այնպիսիները, որոնք իրենց կարգին «տակաւին որեւէ բառարանի մէջ չեն մտած» եւ հրամցուին հանրութեան՝ Երկրորդ գիրք, Երրորդ գիրք անուններուն  տակ:

Այդ բառարանին մէջ խնդրոյ առարկայ բառը տրուած  է սա՛պէս.

«ԳՈՅԱԿԵՑՈՒԹԻՒՆ, գ., Միաբան եւ համախումբ ապրիլը // համակեցություն: “Խնդիրը անոնց գործնականացումն է ընկերային 35 համընդհանուր բարօրութեան, գոյակեցութեան եւ խաղաղութեան համար” (Գ. Ք., 2009, էջ 54)»:

Բերուած  բնագրային օրինակը  կը պատկանի  Գրիգոր Քէօսէեանին:

Այստեղ կը գտնենք մեթոտաբանական  քաղցկեղ մը, որմէ վարակուած են բոլոր արեւելահայ բառարանագիրնեը, որոնց համար որեւէ տպագիր հնչիւնախումբ  բառային կարգավիճակ կը ստանայ  նոյնիսկ եթէ մէ՛կ անգամ գործածուած է ան:  Հեղինակները Քէօսէեանի գրիչին տակ հանդիպած են բառիս, քմահաճօրէն մեկնաբանած են  զայն եւ այդ մէկ հատիկ կիրարկութեամբ ալ օրինականացուցած են անոր արեւմտահայ  ծագումը,− քանի որ Քէօսէեանը արեւմտահայ է,− առանց դոյզն մտահոգութեան, թէ ի՛նչ պիտի ըսէին այլ արեւմտահայեր, ու մանաւանդ գիտական  ի՛նչ   կառոյց ունի բառս:

*   *   *

Խօսքը խօսք կը բերէ, եւ ձեզի պիտի պատմեմ հետեւեալ շահեկան դրուագը.

Ուրեմն կը պատահի, որ Շիրվանզադէ  կիրարկած ըլլայ «երկուորութիւն (երկվորություն)» բառը, որ ուրիշ ոչ մէկ գրող կիրարկած է իրմէ առաջ: Ակադեմիայի բացատրական քառահատորի հեղինակները ներառած են այս բառը, բերած են  բնագրային կիրարկութիւնն ալ, ապա աւելցուցած են, որ «սա սխալ բառ է, պէտք է ըլլայ երկուութիւն (երկվություն)», մինչ մեր արեւմտահայու  չոր տրամաբանութիւնը կը թելադրէ, որ նման  սխալագրութիւն մը երբեք ալ չմտնէր բառարանին մէջ ու չաղարտէր Շիրվանզադէի ու բառարանին վարկը հաւասարապէս[1]:

Եւ ահա քիչ անդին դրած են  այդ  ճիշդ ձեւը՝ «երկվութիւն»:

Այս վարուելաձեւը չէ  ցուցաբերուած  «Առաջին գիրք»-ի մէջ:

Անոնք հալած իւղի պէս կուլ տուած են գոյակեցութիւն-ը՝ յերիւրածոյ բացատրութիւն մըն ալ կցած են պոչին եւ զայն մուծած են  «արեւմտահայերէն նորագիւտ բառեր»-ու շարքին:

Ֆրանսացի Boileau իրաւամբ ըսած է. «Un sot trouve toujourrs un plus sot qui l’admire», որ թարգմանի. «Ապուշ մը միշտ կը գտնէ իրմէ աւելի ապուշը, որ կը հիանայ իր վրայ… »:

Մինչդեռ քննական տարրական մօտեցում մը, որ արդարօրէն կ’ակնկալուի ամէն բառարանագիրէ, մանաւանդ երբ գործը հովանաւորողը Ակադեմիան է, իսկոյն երեւան պիտի հանէր անոր աղաղակող ու  ակնբախ արուեստականութիւնը, իմա՝ չգոյութիւնը:

Գալով  անոր շնորհուած  «իմաստ»-ին… գոյակեցութիւն բնաւ ալ «միաբան ու համախումբ կեանք, համակեցութիւն» չի նշանակեր, որքան ալ Քէօսէեան ու իր հետ ուրիշներ ալ այդ իմաստը տեսած ըլլան անոր մէջ:  Համախումբ կեանքը կամ համակեցութիւնը մեր լեզուն կը բնորոշէ գոյակցութիւն բառով, որ հազարաւոր տարիներու անցեալ ու կիրարկութիւն ունի: Ան կազմուած է բիւրեղի պէս յստակ  գոյ  “կեանք”  եւ կից “միասին, միատեղ” արմատներով, որոնք հայու գիտակցութեան կը թելադրեն «միատեղ, իրարու կից ապրուած գոյութիւն,  կեանք»:

Իսկ ի՞նչ կը նշնակէ գոյակեցութիւն. ան պարզապէս ՈՉԻ՛ՆՉ կը նշանակէ:

Բացատրեցինք գոյ-ը՝ իբրեւ կեանք , իսկ կեց-ը իր կարգին կը նշանակէ… կեանք:

Սա կեալ “ապրիլ” բայի  կեաց անցեալ կատարեալի սղեալ կեց ձեւն է:

Այս տուեալներով, թէկուզ  բռնազբօսաբար ու անպայման իմաստ մը պիտի տանք գոյակեցութիւն-ին, ապա ան պիտի նշանակէ…  գոյակեանք. բան մը կ’ըսէ՞ ձեզի այս լղրճուկը:

Ունինք  գոյակից-գոյակցութիւն եւ համակեաց-համակեցութիւն դասական բառերը:

Ասոնց ծիրէն ներս ունինք տակաւին կենակից-կենակցութիւն մօտաւոր հոմանիշը:

Իսկ գոյակեցութիւն շինծու  բառը  հնարողները պարզապէս շփոթած են այս երկուքը. առաջինին գոյ բաղադրիչը տարած պատուաստած են երկրորդին կեցութիւն բաղադրիչին վրայ եւ… ծնունդ տուած են բառային հրէշի մը, որ գոյակեցութիւն ըսուածն է: Իսկ սա իր կարգին օրինակա-նացուած է ամէն աղբ կուլ տուող ու մարսող արեւելահայ բառարանագրութեան կողմէ:

[1] Նոյնը կը գտնենք Էդուարդ Աղայեանի երկհատորին մէջ, ուր նմանապէս յղում կը կատարուի երկւութիւն-ին (երկվութիւն):

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x