Շարադասութիւն. բազմանդամ եւ երկանդամ նախադասութիւններ

May 26, 2022
  1. Բազմանդամ նախադասութիւն

Մեր վերջին յօդուածներէն մէկը յատկացուած էր բայական խառն՝  խնդրային եւ պարագայական լրացումներու շարադասութեան, եւ այս ծիրէն ներս յանգեր էինք տիպար սկզբնաձեւի մը,  որ հետեւեալն էր.

ա.Արան ձուկ կ’որսայ առտուն:

Ուր խնդրային լրացումն է ձուկ-ը, պարագայականը՝ առտուն:

Սա այն պարզագոյն կառոյցն է, որ լեզուն կը շնորհէ բանական էակին:

Իսկ մարդկային խօսքը շատ հեռու է միշտ գոհանալէ նման պարզութեամբ մը. կրնան  յառաջանալ բազմաթիւ՝ գուշակելի ու անգուշակելի կառոյցներ, ուր անոր կառոյցին մէջ կը մտնեն՝

–մէկ կողմէ խնդիրի, միւս կողմէ պարագայի լրացումներ. օրինակ՝

բ.Արան համեղ ձուկեր կ’որսայ այս վաղ առաւօտուն:

–մէկէ աւելի խնդիրներ ու պարագաներ.

գ.Արան այլազան ձուկեր ու  խեչափառ  որսաց առտուն կանուխ  գետափին:

Այս վերջին օրինակը, որ այնքան ալ արտասովոր չէ իր ծաւալով,  արդէն բաւական ծանրաբեռնուած է լրացումներով եւ լրացումներու լրացումներով, այլ հարց թէ մարդկային միտքը ատակ է  արձանագրելու շատ աւելի բազմանդամ նախադասութիւններ, ինչ որ այնքան ալ յանձնարարելի չէ, քանի անկէ անդին կը սկսի մտային ծանծաղութիւնը. մէկ կողմէ՝ խօսողը ինք կը սկսի դժուարութիւն ունենալ իր սեփական խօսքը կառավարելու եւ խուսափելու հաւանական վրէպներէ, միւս կողմէ՝ զինք ընկալողը՝ մտիկ ընողը կամ ընթերցողը հաւաարապէս, դժուարութիւն կ’ունենայ հետեւելու անոր մտքի շղթային եւ ամբողջապէս ըմբռնելու զինք:

Ըստ այսմ ալ թելադրելի է, որ նախադասութիւն մը, որ խօսքի միաւորն է,  յանհունս չերկարի, ըսել կ’ուզեմ՝ չերկարաձգուի, որպէսզի  խօսողին ձեռքէն չփախչի անոր սանձը, թէեւ այստեղ կանխորոշուած մասնաւոր  չափանիշեր գոյութիւն չունին, միւս կողմէ՝ շատ բան կախեալ է գրողին ու մատուցողին հմտութենէն. «Սահման քաջաց՝ զէնն իւրեանց»,− ըսած է մեր իմաստուն պատմահայրը,  իսկ մենք նմանակելով զինք պիտի ըսենք. «Սահման գրողաց տաղանդն իւրեանց»:   Միայն թէ, եւ ցաւալին այս է,  գրողը ինք այդ սահմանները այնքան ալ առարկայական չի ճանչնար եւ հակամէտ է զայն պատկերելու աւելի ընդարձակ, քան իրօք է: Այս չճանաչողութեան հետեւանք են մասնաւորաբար մեր մամուլին մէջ հետզհետէ շատ սովորական  դարձող  իմացական մթարներն ու անկապակցութիւնները. «Ազդակ»-ի քաղաքական էջերը կը վխտան այսպիսիներով:

Բայց անցնինք եւ սերտենք բերուած օրինակներուն շարադասական յատկութիւնները:

*   *   *

Եթէ վերադառնաք վերի երեք օրինակներուն, ապա պիտի նկատէք հասարակաց հետեւեալ գիծը. երեքին մէջ ալ ստորոգիչը, այսինքն՝ դիմաւոր բայը, կարմիր ներկուած, յարաբերաբար իր այլազան լրացումներուն՝ կը գրաւէ կեդրոնական դիրք մը:

Սա այն իտէալական դիրքն է, որ կրնայ ստորոգիչը ունենալ եւ պէտք է ունենայ:

Ան մէկ կողմէ էապէս հայեցի է:

Միւս կողմէ,  ըլլալով մեր մտքի լուսատուն,  այդ դիրքին վրայ ստորոգիչը առաւելագոյնս կը կատարէ իր գործառոյթը, որ է խօսքի պայծառացումը: Կեդրոնական դիրք ունեցող ստորոգիչը կը նմանի այն ջահին, որ կախուած է սենեակին կամ սրահին առաստաղին կեդրոնէն եւ հաւասարապէս կը լուսաւորէ իր շրջապատը, նախադասութեան պարագային՝ զինք կանխող ու իրեն յաջորդող հատուածները՝ բառերը, բառակապակցութիւնները եւ այլն:

Բաղդատական օրինակով մը ցոյց տանք այս բոլորը.

Այս իրողութիւնը հաստատող բանաւոր վկայութիւններ ու շօշափելի փաստեր  անոր թոռներուն ու ազգականներուն, ինչպէս նաեւ դուռ-դրացիներուն ու համագիւղացիներուն  քով կը գտնէք:

Ուրեմն այս բաւական խճոծուած, սակայն քերականօրէն   մէկ պարզ նախադասութիւնը կը բովանդակէ  երկու խնդրային եւ չորս պարագայական լրացումներ՝ ստորոգիչով մը, որ նետուած է նախադասութեան բոլորովին վերջը՝ ճիշդ թրքական ոճով:

Նկատելի է, թէ որքան անհրապոյր է անոր ընթերցումը, կարծես  ան կը թելադրէ ծանծաղ մահախօսական մը, ուր ոչ մէկ զուարթութիւն կը գտնենք: Նախադասութիւնը կը նմանի տակաւին հեւացող ու թթուածինի պակասէ  տառապող վազորդի մը, որ շնչահատ ու յոգնաբեկ կը հասնի իր  վախճանակէտին՝ աթոռի մը կառչելու յուսահատ ճիգերով:

Այս իրողութիւնը հաստատող բանաւոր վկայութիւններ ու շօշափելի փաստեր կը գտնէք  անոր թոռներուն ու ազգականներուն, ինչպէս նաեւ դուռ-դրացիներուն ու համագիւղացիներուն  քով:

Այս նոր տարբերակը, ուր ստորոգիչը կեդրոնական դիրք մը գրաւեց իր լրացումներուն միջեւ[1], օժտուած է բոլորովին նոր թարմութեամբ մը. աշխոյժ ու առոյգ է ան եւ թեթեւոտն կը կաքաւէ անոր ընթերցումը, միւս կողմէ՝ բոլորովին անմիջական  է նաեւ անոր իմաստային ընկալումը, որ մթագնելու առիթ չ’ունենար լրացումներու կուտակումին հետեւանքով, քանի որ հազիւ կէսը հասած՝ արդէն կը ծագի ստորոգիչին լոյսը, որ դիւրաւ ընթերցողին կ’ընկերանայ  մինչեւ աւարտը:

Այս իրողութեան անդրադառնալու համար՝ հարկ է փոխնիփոխ կարդալ զոյգ տարբերակները, բազմիցս՝ ի պահանջել հարկին, մինչեւ որ իրապէս անդրադառնանք առաջինին ծանծաղութեան եւ ըմբոշխնենք երկրորդին թաւշային շոյանքը մեր բանականութեան պաստառին վրայ:

  1. Երկանդամ նախադասութիւն

Կրնայ պատաճիլ,  որ նախադասութիւն մը բայական լրացումներու փոխարէն խճողուի ենթակայի լրացումներով, այլեւ լրացումի լրացումներով. օրինակ՝

Իրանի մէջ ահաբեկչութիւն ծրագրող խմբաւորում մը բացայայտուած է, եւ  իսրայէլեան  հետախուզութեան հետ  կապ ունեցող  լրտեսներ ձերբակալուած են:

            Ունինք համադասական բարդ նախադասութիւն մը, որուն բաղադրիչ պարզ նախադասութիւններուն ենթակաները՝ խմբաւորում եւ լրտեսներ, լրացուած են բաւական ծաւալուն լրացումներով: Նման պարագաներու՝ կը գոհանանք  շրջելով ենթակայ-ստորոգիչ շարադասութիւնը՝ ի նպաստ ստորոգիչ-ենթակայ շարադասութեան. այսպէս՝

Իրանի մէջ բացայայտուած է ահաբեկչութիւն ծրագրող խմբաւորում մը, եւ  ձերբակալուած են իսրայէլեան  հետախուզութեան հետ  կապ ունեցող  լրտեսներ :

[1] Անշուշտ այդ դիրքը միլլիմեթրով չափելի չէ. այս պարագային ընտրեցինք   խնիրներու եւ պարագաներուն բաժանման կէտը:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x