Դաստ… դաստակերտ…դաստառակ… դաստիարակ

January 12, 2023
Ձեւաւորումը՝ Էտուարտ Թաշճեանի

Ձեզմէ քիչեր պիտի ուզէին հաւատալ, թէ դաստիարակ բառը, որ դպրոցական այնքան ազնիւ եւ յուզիչ յուշեր կ’արթնցնէ, կրնար  պարսկերէն  եղած  ըլլալ:

Այդպէս ալ է՛,  եւ բառացի կը նշանակէ  «ձեռքէն բռնող»:

Այդ ի՞նչ ձեռք բռնող է, — պիտի հարց տաք աւելի զարմացած:

Ուրեմն դաստիարակը երեխաները խնամող,  անոնց օգնող, զանոնք  կրթող, անոնց ձեռքը բռնած  առաջնորդող  եւ ամէն հաւանական վտանգի դէմ պաշտպանող պաշտօնեան էր,– ընդհանրապէս իգական սեռի, սակայն ոչ անպայման,– որ կը ծառայէր պարսիկ բարեկեցիկ ընտանիքներու:

Պէտք է լաւ հասկնալ. սովորական աղախին մը կամ ծառայ մը  չէր ան. անոր միակ պարտականութիւնը իրեն յանձնուած երեխային հսկողութիւնն ու կրթութիւնն էր:

Արմատն է դաստ,  որ այս  ձեւով կիրարկութիւն չունի մեր մէջ.  կը նշանակէ «ձեռք», որով արեւմտահայերս կը ճանչնանք նաեւ դաստակ բառը, որ ձեռքին կամ թեւին ափն ու մատները, այլեւ ապարանջանը կրող մասն է: Ունինք նուազ ծանօթ կամ կիրարկելի դաստապան-ը եւս, որ կը նշանակէ  բռնատեղ, սուրի երախակալ,  կոթ: Դաստառակ, որ է անձեռոց, սրբիչ. յունարէնը՝ մանդիլ: Այս անունով ծանօթ է այն լաթը, որ Յիսուս երեսին քսեց՝ իսկոյն դրոշմելով անոր վրայ իր պատկերը,  ու յանձնեց Աբգար թագաւորի սուրհանդակներուն, որոնք  Երուսաղէմ եկած էին  զինք Եդեսիա հրաւիրելու, իսկ Յիսուս  ակամայ մերժեց,  վասնզի օրը Աւագ չորեքշաբթին էր, իսկ ինք՝ յաջորդ  օրը պիտի նուիրուէր իր Մեծ առաքելութեան՝ խաչելութեան:

Եւ վերջապէս ունինք դաստակերտ բառը, որ կը նշանակէ  ձեռակերտ, ձեռաշէն. սեփական միջոցներով կառուցուած առանձնատուն, շէն, ագարակ:

Վերոնշեալներէն բացի՝ արեւելահայերը կը կիրարկեն դաստա բառռը եւս, որ կը  նշանակէ «մի ձեռքում տեղաւորուող քանակութիւն, տրցակ, կապոց, փունջ». օրինակ՝ արեւելահայ գնորդը  շուկան բանջարավաճառէն կ’ուզէ «մի դաստա կանաչի»:

Գրական արեւմտահայերէնը չունի այս բառը, սակայն ան շատ ժողովրդական  էր ու որոշ չափով ալ է՛ տակաւին  արեւմտահայերէնի մէջ. մեր ընտանիքը միշտ ալ հայախօս եղած է, սակայն այս բառը հասարակօրէն կը գործածէինք, մանաւանդ ան մնայուն մաս կը կազմէր մօրս ու մեծ մօրս բառամթերքի թրքերէն շերտին: Իսկ փողոցը ընկերներու միջեւ  անկաշկանդ   կը գործածէինք զայն, մինչեւ որ  անդրադառնայինք… թէ թրքերէն էր ան:

Այո, քիչ մը ամէն արեւմտահայ համոզուած էր ու է՛, թէ  թրքերէն է ան:

Շատ քիչեր «Արմատական» պիտի բանան ու վերահասու դառնան, թէ արեւելահայն ու թուրքը հաւասարապէս առած են զայն պարսկերէնէն, ինչպէս բազմաթիւ այլ լեզուներ:

Թուեմ հետեւեալ իւրայատկութիւնը:

Ուրեմն հոն ուր մենք   դաստա(կ)-ն  կ’արտասանենք իբրեւ   tasda(կ), ապա թրքերէն բառը միահամուռ կ’արտասանէինք քմայնացնելով երկու այբերը՝ däsθä, այսինքն՝ արաբական ալեֆին պէս, իսկ միւս կողմէ՝ ձայնեղացնելով  սկիզբի t-ն,  եւ շնչեղացնելով վերջի  d-ն, ինչ որ ճի՛շդ  թրքերէն հարազատ արտասանութիւնն է:

Իսկ արեւելահայը կ’արտասանէ dasta` առանց քմայնացնելու:

Այլ խօսքով՝ գրաբարի ճամբով  հասածը  սխալ կ’արտասանէինք, մինչ թրքերէնի ճամբով հասածը՝ ճիշդ կ’արտասանէինք, պատճառը այն է, որ թրքերէնը արտասանութեան կենդանի տարբերակը  թելադրած էր մեզի, մինչ գրաբարին թելադրածը անցած է արեւմտահայերէնի աղաւաղիչ բովէն ու այնպէս հասած է արդի հայուն:

2.Մեծայա՛րգ  խմբագրութեան «Արարատ»-ի,

Ծանօթ էք, կ’ենթադրեմ, այն համակրական վերաբերումին, որ ցուցաբերած եմ ցարդ Ձեր թերթի լեզուական որակին հանդէպ, վերաբերում, որուն արժանի է ան: Այսուհանդերձ այնտեղ կը գտնենք զանազան անախորժ մանրուքներ, որոնց լաւ է ուշադիր ըլլալ:

Տեսնել ստորեւ:

***21/11/22-ի թիւիդ բ. էջին վրայ նոյն յօդուածին մէջ հաւասարապէս կը գտնենք վադչապետեր (խորագիր) եւ վարչապետներ (յօդուածը): Անշուշտ ասոնք հաւասարապէս ճիշդ չեն կրնար ըլլալ: Ուրեմն թելադրելի է, որ միօրինականացնէք զանոնք: Միօրինակութիւնը ուղղագրական սեպուհ արժէք է , որուն պէտք է ձգտի ամէն գրող:

***Իսկ 19/11/22-ի թիւիդ բ. էջին մէջ կը գտնենք՝

–նոյն յօդուածին մէջ մէկ կողմէ՝ 189,6 —266,4 — 83,5 — 111,9  միւս կողմէ՝ 2.7 —10.5 — 4.7: Այլ խօսքով՝ տասնորդական կոտորակը գրուած է մերթ ստորակէտով, մերթ միջակէտով: Հայերէնը կը կիրարկէ ստորակէտը, անգլիացիք ու ամերիկացիք կը կիրարկեն միջակէտը: Իսկ ոչ ոք երկուքը միատեղ կը կիրարկէ. նման ժողովուրդ գոյութիւն չունի:

Նոյն տեղը տնտեսական բաժնին մէջ կը կարդանք.

–«Նիստի օրակարգին  մէջ ընդգրկուած են շարք մը փաստերու ստորագրում, որոնք կը վերաբերին խաղաղապահ ուժերուն»:

Ուրեմն նախադասութեան ենթական է ստորագրում եզակի գոյականը, իսկ ստորոգիչը՝ ընդգրկուած են՝ յոգնակի բայը. վերջինս պէտք է ըլլայ ընդգրկուած է:

«Որոնք կը վերաբերին» ստորադաս նախադասութեան յարաբերեալն է  փաստեր յոգնակի գյականը, որ հեռու է որոնք յարաբերական դերանունէն. լաւ է, որ ասոնք յաջորդեն իրարու. սա՛պէս՝

«Նիստի օրակարգին  մէջ ընդգրկուած է ստորագրումը  շարք մը փաստերու, որոնք կը վերաբերին խաղաղապահ ուժերուն»:

–ծայրահեղականութիւն

Պէտք է ըլլայ՝ ծայրայեղականութիւն:

–Մնաք բարով հայրենադարձութիւն…

Հայրենադարձութիւն-ը կոչական է, ուրեմն պէտք է տրոհուի երկու կողմերէ՝ սա՛պէս.

«Մնաք բարո՛վ, հայրենադարձութի՛ւն»:

—Գործօն դեր կատարել…

Գործօն բառը գոյական է եւ չի կրնար դրուիլ այլ գոյականի վրայ իբրեւ որոշիչ:

Ածականը՝ գործուն է. ուրեմն՝ «Գործուն դեր խաղալ…»:

Ճիշդ է, որ համարեա ամբողջ արեւմտահայութիւնը սխալ կը կիրարկէ գործօն-ը, քանի գործուն-ը չէ մտած միջին արեւմտահայուն  բարքերուն  եւ … բառարաններուն մէջ,   այսուհանդերձ ակնկալելի է, որ լրագիր մը  ճիշդ կիրարկէ զայն:

Եւ Տէր ընդ Ձեզ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x