Lեզուական եւ…իմացաբանական նորութիւններ

November 25, 2022
Ձեւաւորումը Էտուարտ Թաշճեանի

Հարցում՝

ա. Դուք գիտէի՞ք, թէ «Լեւոն տէր Պետրոսեան յանձնառու զգաց հանդէս գալու, −  ինչպէս  կը հաստատէ Պարոյր Աղպաշեան,−  մեկնելով իր աշխարհահայեացքային… բովերէն»[1],− բովը ըլլալով   այն հնոցը,  այն փուռը, ուր մետաղ կը հալեցնեն: Կը կոչուի նաեւ քուրայ:

Ուրեմն պէտք է ենթադրել, թէ մեր առաջին նախագահը տարիներով կայք հաստատած էր  հնոցի մը մէջ եւ ահա այնտեղէն ալ հանդէս եկաւ, հրապարակ իջաւ՝ մեկնեցա՜՜՜ւ, երբ լսեց հայրենիքին փրկութեան սրբազան կանչը:

Անշուշտ կարելի չէ հարց չտալ, թէ այսքան տարի ի՛նչ ըրաւ հէգ  մարդը… հնոցին մէջ, ով գիտէ քանի՜ կրակով այրեցաւ այնտեղ՝ իբրեւ  մերօրեայ անկիզելի մորենի, բայց…  չմոխրացաւ եւ ի գոչել ահեղ փողոյն հայրենեաց փրկութեան՝ հրաժեշտ ետ տաքուկ կայատեղւոջ իւրոյ եւ էջ  ի հրապարակ՝ ի մարտնչել ընդդէմ ոսոխաց մերոց:

«Բովէն անցնիլ»  դարձուածքը ունի հայերէնը. անոր  մեկնակէտ կը ծառայէ բրուտին աշխատանքը: Բրուտը իր կաւէ պատրաստած անօթները կրակէն՝ բովէն  կ’անցընէ՝ թրծելու, կարծրացնելու, ամրացնելու համար զանոնք: Ռուբէն տէր Մինասեան ունի գեղեցիկ կիրարկութիւն մը. ան կը վկայէ, որ նորակոչ անփորձ  ազատամարտիկները «կ’անցնէին Կարսի բովէն», ուրկէ կազմաւորուած դուրս կու գային: Է՜հ, անցնիլը տարբեր բան է, մենք այլապէս ալ բեմերու վրայ կրակէ շրջանակի մէջէն անվնաս անցնողներ կը տեսնենք:  Բայց թէ բովին մէջ կայք հաստատողներ գտնուած ըլլան, ինչպէս  Լեւոն Տէր Պետրոսեանը,− ահա այս է որ կրկնակի նորութիւն է՝ նախ լեզուական եւ… ապա իմացաբանական:

բ) Քանի՞ մակարդակ կրնայ ունենալ, ըսենք՝ մարդը, թէեւ կարելի է նոյն հարցը տալ նաեւ ջուրին, քարին  ու ծառին, լեռին ու ձորին կամ որեւէ հասկացութեան:

Բանաւոր էակը պիտի պատասխանէ՝ մէ՛կ:

Հասակդ այսքա՛ն է՝ մակարդակդ նո՛յնքան է. չի կրնար երկու չափ-երկու կշիռ ըլլալ:

Բայց աւանդական ուղեղներու պատասխանն է այս:

Աղպաշեան տարբեր կը տեսնէ ու կը մեկնաբանէ  իրերն ու երեւոյթները, վասն զի ի յայտ կու գայ, որ Տէր Պետրոսեան «յետ նախագահական հրաժարականին… մնաց պետական գործիչի վայել լրջութեան եւ պատկառելիութեան մակարդակներուն վրայ»:

Մակարդակնե՜ր…

Ան այս առթիւ կը շռայլէ  պատկառելիութիւն հազուադէպ եզրն ալ, որ դժուար թէ գտնէք պատահական բառարանի  մէջ:

Ի՜նչ ըսենք,  նախընտրելի է քանի մը մակարդակ ունենալ, քան թէ … բնաւ չունենալ:

*   *   *

Իր վերլուծումներուն մէջ Աղպաշեան քաղաքական կարգ մը անփառունակ գործիչներու  կը վերագրէ «Հայաստանի ճակատագրին թանձրացումը»:

Ահա   ձեզի լեզուական եւ իմացական ուրիշ  ձեռնոց մը. վերցուցէ՛ք՝ եթէ կրնաք:

Ո՞ր ճակատագիրը կարելի է կոչել թանձր, կամ թէ ինչպէ՛ս կ’ըլլայ թանձր ճակատագիրը: Ի՞նչ պիտի հասկնալ, եթէ մէկը, ըսենք՝ բախտագուշակ մը, ձեռքդ ափին մէջ առնէ, երկար մատածէ ու ապա ըսէ՝  «թանձր ճակատագիր ունիս»:

Աղէկ-գէշ,− հաւանաբար աւելի գէշ, քան աղէկ,−  հասկցած ըլլալ կը կարծէինք լուսաւոր ճակատագիրը, սեւ ճակատագիրը [Այս ճակատագիրն ի՛նչ սեւ է, Աստուա՜ծ], պայծառ ու մռայլ ճակատագրերը եւ…եւ…եւ… բայց  էն գլխէն  ուրիշ է թանձր ճակատագիրը, այո, ուրիշ է, եւ կը ծառայէ միայն  հէգ ընթերցողին թելադրելու անոր  բառագիտութեան մակարդակը՝ ողբալիօրէն  կայուն, անշարժ, մտալլկիչ  ու մամրակալած մակարդակը:

Կայ տակաւին աւելին. եթէ հրաշքով մը գաղտնազերծեցինք  ճակատագրին թանձրը, այս անգամ  սատանան պիտի դրդէ, որ հետախուզենք նօսր ճակատագիրը,  հապա՞…:

«Բոլոր անոնք,− կը շարունակէ Աղպաշեան,− որոնք… կասկածելիութեամբ ընդունեցին Տէր Պետրոսեանի յատենի հրաժարականը…»:

Չէ, այս մէկը այլեւս ընդունելի չէ. եթէ  մեր աչքերը գոց կլլեցինք պատկառելիութիւն-ը, այստեղ կասկածելիութիւն կարելի չէ ըսել, ոչ մէկ միտք կ’արտայայտէ ան, պէտք է պարզ ու մեկին ըսել՝  կասկածով, կասկածագին, կասկածանքով, կասկածամտութեամբ, կասկածա-մտօրէն՝ ասոնց մէկէն մէկը, բայց ոչ կաս -կա-ծե-լի-ութ-եամբ. հայերէն չէ՛ այս:

*   *   *

—«Պատրաստ է քննարկելու խնդիրներու հաւանական  զարգացումներու մասին»:

Կը քննարկենք բանի մը մասի՞ն, թէ՞ բան մը…

Անշուշտ երկրորդն է. մասին  յետադրութիւնը սխալ է ու բոլորովին աւելորդ:

Քննարկել-ը ներգործական բայ է  եւ կ’առնէ հայց. հոլով ուղիղ խնդիր, ու վե՛րջ:

—«Տէր  Պետրոսեան անվարանօրէն ընդունեց»:

Հայերէնը անվարանօրէն մակբայ չունի. ոչ մէկ հայ գործածած է զայն,  եւ ոչ մէկ բառարան տեղ տուած է անոր. Գնէլ արքեպիսկոպոս  իսկ,  որ մեր ամենաճոռոմ բառարանագիրն է,  չունի զայն:  Այսպէս է, քանի անվարան մակբայը ինքնին  լիուլի կը գոհացնէ հայուն մտային պահանջները, զայն կրկնակի մակբայի վերածելը յանհունս կը բարդացնէ  մեր կեանքը,   կը ճապաղցնէ մեր լեզուն,  մեր ոճն  ու մեր բանականութիւնը…

—«Հայաստանը մէկ խրամէ ուրիշ խրամ փոխադրուեցաւ, քանդելով ամէն ինչ-որ իրեն համար անառիկութիւն ու սրբութիւն էին»:

Սկսելու համար՝ փոխադրուեցաւ-ին վրայ պարտինք դնել բութ մը, քանի որ իրեն կը յաջորդէ դերբայական յետադաս  դարձուած մը՝ «քանդելով …»:

Ինչ-որ-ը  անորոշ դերանուն մըն է, օրինակ՝   «ինչ-որ   մէկը կամ  մի ինչ-որ լրագրող…», այսինքն՝ անորոշ, անծանօթ, աննշան ու անկարեւոր, չըսելու համար՝ արհամարհելի: Այս բոլորն է այս միութեան գծիկով ներկայացող ինչ-որ-ը:

Ունենալով ածականական բնոյթ եւ կիրարկուելով միշտ իբրեւ որոշիչ (ինչ-որ պոետ, ինչ-որ փրկիչ, ինչ-որ տեսանող, ինչ-որ փրկարար) ինք որեւէ որոշիչ չի կրնար առնել իր վրայ. ուրեմն՝ կարելի չէ գրել  ամէն ինչ-որ…:  Սխալ ընտրութիւն մըն է եղածը:

Այստեղ  ճիշդ փնտռուածը «ինչ,  որ»  հերթագայութիւնն է, ուր ինչ հարց.-յարաբերական դերանուն է, ունի գոյականական կիրարկութիւն եւ կրնայ  իր վրայ ընդունիլ ամէն որոշիչը, իսկ որ յարաբերական դերանուն է պարզապէս:

Եւ վերջապէս էին բային ենթական  նո՛յնինքն որ յարաբերական դերանունն է, որ եզակի է՝ ինչ յարաբերեալին պէս: Աղպաշեանի  թուած է, որ ենթակայ են «անառիկութիւն ու սրբութիւն» գոյականները: Ինչ որ սխալ է, այդ զոյգ գոյականները ստորոգելի են:

Ուրեմն գրենք՝ «Հայաստանը մէկ խրամէ ուրիշ խրամ փոխադրուեցաւ՝ քանդելով ամէն ինչ,  որ իրեն համար անառիկութիւն ու սրբութիւն էր»:

Յետին խնդրանք մըն ալ. չըսենք անառիկութիւն ու սրբութիւն, այլ՝ անառիկ ու սուրբ:

[1] «Պայքար», թիւ 296:

 

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x