ԿԻԶԱԿԷՏԻՆ

ՄԵՆՔ

Մենք սրբութեան ճամբէն անցանք՝
          երազանքի հորիզոններ երազելով։
Մենք սրբութեան միաձուլման ծիր գծեցինք
          յաւերժութեան անպարագիծ սահմաններով։
Մենք աշխարհներ կառուցեցինք
          խոհոյթին* մէջ հոգիներուն մեր թափառող։
Մենք մենքութեան նորագոյնի եզր երգեցինք
          առանձնութեան նոր մէկութիւն ստեղծելով։

Աւելին

Իմացականութիւնը միայն մեքենաներուն մէջ մի՛ փնտռէք. բնութիւնը աւելի հարուստ է իմաստութեամբ (ԱԻ՞, թէ՞ ԲԻ)

Բնութիւնը միլիառաւոր տարիներէ ի վեր կը զարգացնէ համակարգեր, որոնք կը հաւաքեն տեղեկութիւններ, կը հաղորդակցին, կը յարմարին փոփոխութիւններուն, կը համագործակցին եւ կը լուծեն գոյատեւման բարդ խնդիրներ։

Աւելին

Մեհեան

գրական

ՄԵՆՔ

Մենք սրբութեան ճամբէն անցանք՝
          երազանքի հորիզոններ երազելով։
Մենք սրբութեան միաձուլման ծիր գծեցինք
          յաւերժութեան անպարագիծ սահմաններով։
Մենք աշխարհներ կառուցեցինք
          խոհոյթին* մէջ հոգիներուն մեր թափառող։
Մենք մենքութեան նորագոյնի եզր երգեցինք
          առանձնութեան նոր մէկութիւն ստեղծելով։

ԱԻ-ի եւ թուային արհեստագիտութեան արեւմտահայերէն փորձնական բառարան. մէկտեղուած տարբերակ (A–Z)

Նպատակը օտար բառերը ամէն գնով հայերէնի վերածելը չէ, ոչ ալ անպայման նոր բառեր ստեղծելը։ Կարեւորը հասկացութիւնները ճշգրտօրէն արտայայտելն է՝ բնական, հասկնալի եւ գործածելի արեւմտահայերէնով։

Ահեկան

ընկերագիտական

Տարօն Աճեմօղլու կը զգուշացնէ. ԱԻ-ն կրնայ ցնցել ժողովրդավարութեան հիմքերը

Նոպէլեան մրցանակակիր տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուի համաձայն, արուեստական իմացականութեան ապագան կանխորոշուած չէ։ Հարցը այն չէ, թէ մեքենաները որքան խելացի պիտի դառնան, այլ՝ թէ անոնց զարգացումը որո՛ւ պիտի ծառայէ։

Եթէ Կիւլիվեր Հայաստան այցելէր…

Ի՞նչ կը կարծէք, Կիւլիվեր ի՞նչ պիտի զգար Հայաստանի մէջ։ Թերեւս զարմանար՝ տեսնելով, որ իր այցելած բոլոր աշխարհները մէկտեղուած են հոն։ Ապշահար պիտի մնար՝ տեսնելով, թէ այս հին ու փառաւոր քաղաքակրթութեան բնակիչները ինչպիսի՛ յիմարութեամբ կը կազմակերպեն իրենց ընկերային-քաղաքական կեանքը։

Նայիրի

լրագրական

Ինչո՞ւ քաղցկեղը այսքան արագ աճ կ’արձանագրէ Լիբանանի մէջ

Ծխախոտի օգտագործումը կը հանդիսանայ քաղցկեղի հիմնական պատճառներէն մէկը: Չափահաս բնակչութեան շուրջ մէկ երրորդը մշտական ծխող է: Սովորական սիկարէթին կու գայ միանալու նարկիլէի մշակոյթը, որ սխալմամբ կը նկատուի անվնաս:

Տարօն Աճեմօղլու՝ Հայոց ցեղասպանութեան, ժողովրդավարութեան եւ ԱԻ-ի մասին

Հարցազրոյցին շարժառիթը Աճեմօղլուի նոր գիրքն է՝ What Happened to Liberal Democracy: Remaking a Politics of Shared Prosperity («Ի՞նչ պատահեցաւ ազատական ժողովրդավարութեան. վերակերտել հասարակաց բարօրութեան քաղաքականութիւն մը»)։

Ազդարար

հրապարակագրական

Ինչո՞ւ մեր համայնքային կեանքին մէջ աւելի դիւրին է ղեկավար մը գովաբանել, քան անկէ հաշիւ պահանջել

Սակայն ինչո՞ւ այս մշակոյթը կը գոյատեւէ։ Ինչո՞ւ նոյն վարքագիծերը կը կրկնուին, իսկ նոյն մարդիկը տարիներ շարունակ կը պահպանեն իրենց դիրքն ու հեղինակութիւնը՝ անկախ իրենց գործունէութեան իրական արդիւնքներէն։

Երբ ժողովուրդն ալ կը մասնակցի դիմակահանդէսին

Ի վերջոյ, ո՞վ կը մասնակցի այդ դիմակահանդէսին։ Ո՞վ կը ծափահարէ ղեկավարներուն։ Ո՞վ կը տարածէ յաջողութիւններու մասին հրապարակումները։ Ո՞վ կը շարունակէ վստահիլ նոյն անձերուն, նոյնիսկ երբ տարիներ շարունակ կը դժգոհի անոնց գործունէութենէն։

Տարբերակ21-ը կը հրատարակուի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան
Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի նիւթական աջակցութեամբ:

Այս կայքէջին մէջ արտայայտուած տեսակէտները անպայման չեն
համապատասխաներ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան տեսակէտներուն։
Հիմնարկութեան աջակցութիւնը որեւէ կարծիքի հաստատում չ՚ենթադրեր: