Զարթի՞ր, թէ՞ զարթնիր

July 1, 2022

Վերջերս  շատ լսուող բայ մun է այս, որ, ինչպէս նկատած էք, կը ներկայնայ երկու ձեւով՝ զարթի՛ր՝ առանց  «ն»-ի եւ զարթնի՛ր՝ «ն»-ով:

Երբեմն նոյն թերթին նոյն էջին վրայ կը հանդիպիք երկուքին հաւասարապէս, նայած թէ իւրաքանչիւր գրող ինչպ՛ս տպաւորուած է, թէեւ բացառուած չէ, որ նոյն գրողը նոյն յօդուածին մէջ մէյ մը զարթի՛ր գրէ, մէյ մըն ալ… զարթնի՛ր: Ասոնք  մեր գրողական բարքերուն մաս կազմող բաներ են,  ճիշդ ինչպէս «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը նոյն յօդուածին մէջ Միացեալ Նահանգները մէյ մը եզակի կը ներկայացնէ, մէյ մը՝ յոգնակի, եւ այսպէս է… տարիներէ ի վեր, այսպէս ալ պիտի երթայ տարիներ…

Հեռաւոր անցեալին ան ունէր երկու ձեւ՝  զարթ-ն-ուլ եւ զարթ-չ-իլ:

Այս երկուքին կողքին գրաբարը ունէր տակաւին արթնանալ եւ զարթնանալ, որոնք հոմանիշ են միւս երկուքին  երանգային աննշան տարբերութեամբ:

Մի՛ զարմանաք, կային ուրիշ բայեր եւս, որոնք երկձեւ, նոյնիսկ եռաձեւ էին:

Եթէ սահմանական ներկայի ու անկատարի մէջ ասոնք ունէին ուրոյն խոնարհում, այսինքն՝

զարթնում-զարթնուի            զարթչիմ-զարթչէի

          ապա կատարեալի եւ հրամայականի մէջ նոյնն էին, որ է՝

զարթեայ      եւ      զարթի՛ր

          Ուրեմն հնագոյն ձեւը զարթի՛ր էր՝ առանց  ն-ի եւ արթ արմատով:

Ընդհանուր հայերէնին յատուկ երեւոյթ մըն է այս, որու թելադրանքով  ածանցաւոր բայերը  ածանցը կը նետեն կարգ մը ժամանակներու եւ եղանակներու մէջ, որոնց կարգին անցեալ կատարեալը եւ հրամայականը. այլ օրինակներ՝  հագ-ն-իլ > հագայ-հագի՛ր, հատ-ն-իլ > հատայ-հատի՛ր, մեռ-ն-իլ > մեռայ-մեռի՛ր, մտ-ն-ել > մտայ-մտի՛ր,  փախչիլ > փախայ-փախիր, թրչիլ > թռայ-թռիր  եւ այլն:

Գրաբարեան այս  խոնարհումը շատ երկար ապրած է, ընդհուպ աշխարհաբարի առաջին  տասնամեակներուն, որովհետեւ  մէկէն միւսին անցումը կտրական չի կրնար պատահիլ, այլ կը կարօտի որոշ ժամանակի:

Դուք պէտք է յիշէք  արեւմտահայերէն աշխարհաբար  երգ մըն ալ, որ կը սկսի զարթի՛ր-ով.

«Զարթի՛ր, որդեակ, յո՛ւշ բեր, վե՛ր կաց,

Պատերազմի փողն հնչեց:

Զարթի՛ր կոչեց ձայնն հայրենհաց,

Կենաց-մահու ժամ հնչեց»:

Քառատողը արեւմտահայերէն է, սակայն ահա գրողը թեթեւ ձեռքով մուծած է գրաբար զարթի՛ր բայը, ինչ որ շատ սովորական վերաբերում է:

Արեւմտահայ բարքերու մէջ զարթնուլ չէ ապրած[1],  բայց գոյատեւած ու քաշքշուած է բառարանէ-բառարան.  մեր արդի բոլոր  բառարաններուն մէջ ալ  ճիշդ այսպէս կը գտնէք զայն, իսկ իր այս ձեւով ան մատչելի  չէ արդի հայուն՝ ո՛չ աշակերտին, ո՛չ ուսուցիչին, ո՛չ ալ բառարանագիրին:  Բայց ասոր  նմանները տասնեակներով կը վխտան մեր բառարաներուն մէջ, ինչո՞ւ,− որովհետեւ արեւմտահայ բառարանը անհեթեթութիւններու աւանդատուն մըն է, եւ իրենք՝   բառարանագիրները՝ անոր  անհեթեթ աւանդապահը: Մինչ  արեւմտահայ հասարակաութիւնը,  անդրադառնալով, որ պիտի չյաջողի տնտեսել զարթնուլ ձեւը, բնական հակումով որդեգրած է արթննալ-ը,  որ  գրաբարեան արթնանալ-ին ամփոփ ձեւն է:

*      *

*

Իսկ ի՞նչ վերաբերում ցոյց տուած է արեւելահայերէնը:

Ընդհանուր առմամբ ան շատ աւելի հեզասահ անցում մը կատարած է գրաբարէն աշխարհաբար: Մեր բարբառը խոչընդոտող տաղտուկները այստեղ  սովորաբար հեշտ ու բնական լուծում գտած են. նման պարագաներու  յաճախ ակնարկած եմ, ուստի կ’անցնիմ, կեդրոնանալու համար սերտուող բային վրայ:

Ան  մեր արթննալ-ին դիմաց նոյնութեամբ առած  է արթնանալ-ը, սակայն միւս կողմէ՝ չէ հրաժարած զարթնուլ-էն, այլ վերածած է զայն զարթնել-ի՝ խոնարհելով զայն իբրեւ պարզ կանոնաւոր բայ , որուն արմատն է զարթուն.

կը զարթն-եմ,   կը զարթն-էի,   զարթն-եցի,   զարթն-ի՛ր…

          Ուր, ուրեմն,  «ն» բաղաձայնը բայական ածանց  չէ այլեւս, այլ մաս կը կազմէ բայաբունին՝ իբեւ անոր անբաժան մէկ մասը:

Խոնարհական այս յարացոյցը այլեւս ոչ մէկ դժուարութեան առջեւ կը դնէ արեւելահայ  սերունդները՝ ի՛նչ տարիք  ու կրթութիւն ալ ունենան անոնք:

Ուրեմն նկատենք, որ այստեղ ունինք զարթնի՛ր՝ ն-ով:

Հիմա հարց է, թէ  մեզի ծանօթ ժողովրդական երգին բնագիրը այս երկուքէն ո՛ր մէկը կիրարկած է,− ճիշդ չեմ գիտեր, քանի կը հանդիպինք երկուքին ալ՝ թէ զարթի՛ր եւ թէ զարթնի՛ր: Կարեւոր ալ չէ.  կարեւորը՝ այս երկուքին լուսաբանութիւնն էր:

*      *

*

Եթէ արեւմտահայերս ըլլայինք աւելի կազմակերպ հաւաքականութիւն, եւ մեր լեզուն վայելէր    տարրական պաշտպանութիւն մը, ապա մեր մէջ ալ գրաբարեան զարթնուլ-ը վերածուած պիտի ըլլար պարզ կանոնաւոր   զարթնիլ-ի  կամ թերեւս զարթնել-ի, որոնք  պիտի տային հետեւեալ երկուքէն մէկը՝

կը զարթնիմ-     կը զարթնէի-     զարթնեցայ-     զարթնի՛ր

կը զարթնեմ-     կը զարթնէի-     զարթնեցայ-     զարթնէ՛ 

Այսպէս ալ ան պիտի մտնէր մեր դպրոցական ընթերցարաններուն, բառարաններուն եւ քերականութիւններուն մէջ եւ կիրարկուէր այն նոյն դիւրութեամբ, որ այսօր կը խոնարհենք արթննալ-ը՝ իբրեւ հոմանիշ կամ նոյնանիշ   այս վերջինին:

Ըստ այնմ մեր ընթերցարաններն ու աշակերտները տարբեր ճոխութեամբ պիտի ճռուողէին իրենց մայրենի բարբառը, իսկ բառարաններն ալ պիտի դադրէին անշունչ ու անգործածելի  բառերու գերեզմանոցը  ըլլալէ:

[1] Մինչ զարթի՛ր հրամայականը՝ իբրեւ քարացած, մեկուսի ձեւ  հոս-հոն  երեւցած է:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x