Շարադասութիւն. Բարդ համադասական նախադասութիւն

June 16, 2022

Բարդ համադասական նախադասութիւն

          ա) «Թորոսը ուժաթափեցաւ, Մարկոսին աչքերը տկարացան, Կիրակոսը  դժուար կը քալէ»:

Նկատելի է, որ սրտցաւ բարեկամ մը կը ներկայացնէ իր զառամող ընկերներուն ոչ-մխիթարական վիճակը: Այս կացութիւնը պատկերող երեք համադաս նախադասութիւնները ոչ մէկ առնչութիւն ունին իրարու հետ. Մարկոսին աչքերուն տկարութիւնը չ’առնչուիր Թորոսի ուժաթափելուն, ոչ ալ Կիրակոսի քալելու դժուարութեան, եւ փոխադարձաբար: Ասոնք իրարմէ անկախ համաժամանակեայ  կացութիւններ են, եւ  պատճառահետեւանքային ոչ մէկ կապ  կայ երեքին միջեւ:

Նման կաղապարի մը առթիւ բաղադրիչ նախադասութիւններուն շարադասութիւնը, որ կը ներկայացնէ վեց հաւանականութիւն՝ 1x2x3=6, բոլորովին ազատ է. երեք նախադասութիւններէն իւրաքանչիւրը կրնայ յառաջադաս, միջադաս կամ յետադաս դիրք գրաւել հաւասարապէս. օրինակ՝ «Կիրակոսը դժուար կը քալէ, Թորոսը ուժաթափեցաւ,  Մարկոսին աչքերը  տկարացան»  եւ այլն:

բ) Ազատ շարադասութիւն ունին նաեւ այն նախադասութիւնները, ուր առաջ բերուած գործողութիւններէն մէկը տրոհելի՝ դուրս ձգելի է. օրինակ՝

«Այս ամառ  Դիլիջանի մէ՞ջ պիտի հանգստանաս, թէ՞ Սեւանի ափին»:

«Այս ամառ Սեւանի ափի՞ն պիտի հանգստանաս, թէ՞ Դիլիջանի մէջ»:

Այնպէս ալ՝

«Տղադ ճարտարապե՞տ պիտի ըլլայ, թէ՞ բժիշկ»:

«Այսօր օղի՞ պիտի խմենք, թէ՞ գինի»  եւ այլն:

գ) Կայուն, անփոփոխելի շարադասութիւն ունին այն բարդ նախադասութիւնները, որոնց երկրորդ բաղադրիչը մեկնութիւնը կ’ընէ առաջինին. օրինակ՝

«Կը մնար դատը շահելու մէկ ելք. լիաբուռն կաշառել դատաւորը»:

Կաշառելու գործողութեամբ կը մեկնուի ակնկալուած ելքը. այս պարագային չեմ կրնար շրջել կառոյցը եւ ըսել. «Լիաբուռն կաշառել դատաւորը»… խօսակիցս կամ ընթերցողը պիտի հարց տայ՝ ինչո՞ւ, ի՞նչ նպատակով: Ուստի ստիպոած եմ  նախ պարզել կացութիւնը, ուր ելք մը կը փնտռուի, ապա միայն  նշել ելքը ապահովող կաշառքը:

Նաեւ՝ «Այդ խստութիւնը պէտք էր օրին ցուցաբերել, հիմա արդէն շատ ուշ է»:

Ուրեմն կարելի չէ ըսել՝ «Հիմա արդէն շատ ուշ է»… ինչո՞ւ, ի՞նչ բանի,− անորոշ է:

դ) Շարադասութիւնը կայուն է նաեւ, երբ երկրորդ կամ վերջին նախադասութեան մէջ կիրրակուած է դերանուն մը. օրինակ՝

«Հայրը շատ կապուած էր կրտսեռին, եւ կ’ընդառաջէր անոր բոլոր քմայքներուն»:

Փորձենք շրջել՝ «Կ’ընդառաջէր անոր բոլոր քմայքներուն»… ո՞վ, ինչի՞ն կամ որո՞ւն կ’ընթառաջէր. կառոյցը իմաստ կ’ունենայ միայն բերուած շարադասութեամբ:

Նաեւ՝ «Արան երկար սիրահետեց աղջկան, սակայն ան ոչ մէկ կարեւորութիւն տուաւ»:

«Ինչո՞ւ ապշած ես, լճա՛կ, ու չեն խայտար քո ալեակք»:

« Իսկ եթէ սէրս ոմանք

երկինքին վրայ անսահման

տեսան ծուխի մը նման.

−Կրա՛կն անոր չտեսան:

ե) Շարադասութիւնը կայուն ու անփոփոխելի է նաեւ, երբ գործողութիւններուն միջեւ կայ ժամանակագրական յաջորդականութիւն մը, որ կարելի չէ խախտել. օրինակ՝

«Դասախօսը հանդարտ բեմ բարձրացաւ, գոհունակ նայուածքը պտտցուց մեծաթիւ հանդիսականներուն  վրայ, մեղմիկ  մաքրեց կոկորդը ու  ինքնավստահ սկսաւ խօսիլ»:

Այնպէս ալ՝ «Հայրը միացուց   ելեկտրականութիւնը, օդափոխիչը հռհռաց, եւ հաճելի զովութիւն մը համակեց  ամբողջ սենեակը»:

Այս պարագային բացառուած չէ կիրարկել նախ, ապա, յետոյ, վերջապէս մակբայները. օրինակ՝  «Նախ կարթը  ամրացուց թելին, ապա խայծ մը անցուց կարթին, յետոյ երկարեց առասանը եւ վերջապէս թափով մը արձակեց զայն  հոսանքին մէջ»:

զ) Կայուն  շարադասութիւն ունին նաեւ այն կառոյցները, որոնց վերջին բաղադրիչը օժտուած է ալ, եւս,  նաեւ, ինչպէս եւ յաւելական շաղկապներէն մէկով. օրինակ՝

«Փայլուն քննութիւն տուին  բոլորը,  վերջապէս յաջողեցաւ Արան եւս»:

Եթէ մեր դէմը ելլողին ըսենք՝ «վերջապէս յաջողեցաւ Արան եւս»,− անոր առաջին հարցումը պիտի ըլլայ՝ ինչի՞ն, ի՞նչ բանի:

Նաեւ՝ «Չափահասները պատրաստուեցան մեկնելու, կրտսերն ալ փափաքեցաւ»:

«Պատժել բոլոր յանցաւորները, ինչպէս եւ զանոնք դրդողները»:

*   *   *

է) Զուգադիր շաղկապներ

–Շրջելի է՝     Ան թէ՛ կ’երգէ, թէ՛ կը պարէ:       Ան թէ՛ կը պարէ, թէ՛ կ’երգէ:

Շրջելի չէ՝    Ան թէ՛ կ’երգէ, թէ՛ ալ կը պարէ:

–Շրջելի է՝     Ան ո ՛չ կ’ուտէ, ո՛չ կը խմէ:       Ան ո՛չ կը խմէ, ո՛չ կ’ուտէ:

Շրջելի չէ՝    Ան ո՛չ կ’ուտէ, ո՛չ ալ կը խմէ:

–Շրջելի է՝    Ան թէ՛ կ’աշխատի, թէ՛ կը խաղայ:        Ան թէ՛ կը խաղայ, թէ՛ կ’աշխատի:

Շրջելի չէ՝   Ան թէ՛ կ’աշխատի, թէ՛ ալ կը խաղայ:

–Շրջելի է՝     Ան  ե՛ւ կը կարդայ, ե՛ւ կը գրէ:        Ան ե՛ւ կը գրէ, ե՛ւ կը կարդայ:

–Շրջելի չէ՝    Ան ե՛ւ կը կարդայ, ե՛ւ ալ կը գրէ:

–Շրջելի է՝     Ան կա՛մ  կ’ընդունի, կա՛մ վերջնականապէս կը վտարուի:

Շրջելի չէ՝    Ան կա՛մ կ’ընդունի, կա՛մ ալ վերջնականապէս  կը վտարուի:

Շրջելի չեն նաեւ ոչ թէ…այլ, ոչ միայն… այլեւ,   ինչպէս… այնպէս ալ,  ոչ այնքան…որքան զուգադիր շաղկապական  համադասական կառոյցները:

Օրինակ՝

–Ան ոչ թէ ծննդավայրը վերադարձաւ, այլ նախընտրեց  գաղթել:

Մենք ոչ թէ  պիտի  մերժենք, այլ պիտի փորձենք համաձայնիլ:

–Անոնք ո՛չ միայն կողոպտեցին, այլեւ  սպաննեցին տանտէրը:

Դուն ոչ միայն   պարզ պաշտօնի մը, այլեւ մեծ վարկի տիրացար:

Ինչպէս բարեկամիդ, այնպէս ալ թշնամիիդ հետ պարտիս վարուիլ:

Ոչ այնքան ուրիշն էր հոգը, որքան սեփական  գրպանը:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x