Հայերէնը չի կրնար բառավերջի “օ” ունենալ

March 10, 2022

Մեր նախորդ յօդուածներէն մէկով ակնարկեցինք մեր արդի ուղղագրութեան ոչ-ճիշդ ընտրութեանց մէկ քանիին.   նոյն ծիրէն ներս այսու պիտի տեսնենք բառավերջի օ տառը, ինչպէս զայն կը գտնենք Մարօ, քիլօ  եւ նմաններուն մէջ, ուր ան բոլորովին խորթ է հայերէնի ուղղագրական սկզբունքներուն եւ որուն ոգի ի բռին կառչած է արդի արեւմտահայը:

Բոլորիդ ծանօթ է այս օ-ին ծագումը. ան փոխառութիւն է  յունարէնէն եւ մեր այբուբենին  մաս կազմեց Ժբ. դարուն՝ փոխարինելու համար գրաբարի աւ երկբարբառը, որ կամաց-կամաց սկսած էր արտասանուիլ յունական օմիկրոն  տառին պէս. օրինակ՝ աւր-օր, գաւտի-գօտի,   ծանաւթ-ծանօթ:

Ի՞նչ կ’ըսեն մեզի բերուած երեք օրինակները:

Անոնք կ’ըսեն, որ ոչ մէկուն  վերջը օ կը գտնուի, այլ այդ օ-ն կազմուած է միայն բառերուն մէջ կամ սկիզբը, եւ բոլոր օ-երուն  կը յաջորդէ բաղաձայն մը՝ աւր-օր, աւտ-օտ, աւթ-օթ:

Ծանօթ.−Կը յիշուի միայն մէկ բացառութիւն՝ աղաւնի, որ չէ տուած աղօնի:

Ոմանք կը յիշեն նաեւ քաւթառ-ը, որ քօթառ չէ դարձած:

Երրորդ մը չկայ:

Մինչդեռ հոն, ուր աւ-ին չի յաջորդեր բաղաձայն մը, ան կը մնայ անփոփոխ. օրինակ՝ աւագ, աւիշ, նաւակ, գաւակ, տաւիղ, շաւիղ, հաւ, կաւ, նաւ, ցաւ, եկաւ  եւ այլն, ուր բառասկիզբի,  բառամէջի ու մանաւանդ բառավերջի ոչ մէկ աւ դարձած է օ:

Կրկնենք մեզ յուզող երեւոյթը. ոչ մէկ տեղ բառավերջի օ ունինք:

Հայերէնը չի կրնար բառավերջի օ ունենալ.  բացառուած   է նման կացութիւն:

«Նոր հայկազեան»-ը ունի օ-ով սկսող, ինչպէս նաեւ իր կազմին մէջ օ բովանդակող հարիւրաւոր բառեր,  սակայն  օ-ով վերջացող մէկ  հատիկ  իսկ   բառ չունի:

*   *   *

Հայերէնի ուղղագրութեան այս կանոնի խոր չիմացութեան պայմաններու մէջ է, որ աշխարհաբարի մէջ անյիշելի ժամանակներէ սկսեալ յառաջացան նախ   մարդկային, բայց շուտով նաեւ կենդանական  եւ այլ անուններու փաղաքշական ձեւերը՝ Մարօ, Կարօ, Ասօ, Աւօ, Մկօ, Փիսօ, Ճիմօ, Միմօ, Թոթօ եւ այլն[1]: Ապա կարգ մը հասարակ անուններ՝  զերօ, քիլօ, պորտօ,  վիտէօ եւ այլն:

Մխիթարեանները տարտամ փորձ մը ըրած են այսպիսիները  ոյ-ով գրելու, օրինակ՝ Աւոյ, քիլոյ, որ լուծում մը չէր,  թող որ մասնաւոր տարածում  ալ չունեցաւ ան:

Արդ, ինչո՞ւ խնդրոյ առարկայ կը դարձնենք «հաստատուած» երեւոյթ մը:

Նախ ամէն բանէ առաջ անոր էապէս խորթ, հայերէնի ոգիին ու տառին հակադրուող  բնութեան  պատճառով, որուն ակնարկեցինք վերը:

Բաց աստի, բառավերջի օ կրող բառերը մնայուն երկւութեան  պատճառ են.

–Անոր յօդառութիւնը կը կատարուի երկու ձեւով՝ ոմանք կը գրեն Մարօն, ուրիշներ՝  Մարոն. չես գիտեր ո՛ր իմաստունի թելադրութեամբ օ-ն կը վերածեն ո-ի, մինչդեռ ան հեշտութեամբ իրմէ ետք  կ’ընդունի  ն բաղաձայնը, ինչպէս՝ տօն, կրօն, գործօն եւ այլն, ա՛լ ինչու պէտք էր ո-ով գրել զանոնք՝ յայտնի չէ:

–Միւս կողմէ, ասոնց հոլովումի առթիւ պարտինք օ վերածել ո-ի, օրինակ՝ ՄարօՄարոյի-Մարոյէ-Մարոյով, քանի որ օ-էն ետք չենք կրնար յ եւս դնել ու գրել՝ Մարօյի-ՄարօյէՄարօյով, որ ուղղագրական ուրիշ ճիւաղութիւն մըն է:

-Եւ վերջապէս՝  բառավերջի էօ ձեւերուն մէջ ան կը յառաջացնէ բոլորովին խաթարուած արտասանութիւն մը. օրինակ՝ կը գրենք վիտէօ, որ  կ’արտասանուի videu եւ ոչ թէ  vidéo, քանի էօ (արեւմտա)հայերէնի մէջ կ’արտասանուի  eu եւ ոչ թէ éo: Բանիւ նովին սխալ կը գրենք հայ մեծ բանասէրին ծածկանունը եւս՝ Լէօ, որ կ’արտասանուի Leu, իսկ ան պէտք է արտասանուի Լէո, այսինքն՝  Léo:

*   *   *

Այս լաբիւրինթոսը կը յստականայ եւ կ’ուղղուի, եթէ բառավերջի անօրինաբար գրուող օ-ն վերածենք ո-ի ու գրենք՝ Մարո, Ճիմո, քիլո, վիտէո եւ այլն: Ասկէ անդին ոչ մէկ երկւութեան ու  անօրէնութեան տեղիք  կը մնայ, եւ այսպէս ճիշդ գրուած բառերու տնտեսումը ոչ մէկ գիտութիւն ու… աճպարարութիւն կը պահանջէ գրողէն՝ ծեր թէ երիտասարդ, ուսեալ թէ անուս:

Իսկ ո վերջաւորութիւնը բիւրեղի պէս մաքուր  հայերէն է, առաւել մեսրոպեան հայերէն, իմա՝ դասական կնիքը  ճակատին. օրինակ՝ մենք  առաջին մէկ օրէն ունեցած ենք  այո, քո,  զո՞,  անցուցանել-անցո՛, մատուցանել-մատո՛, ոսուցանիլ-ուսո՛, հատուցանել-հատո՛, կեցուցանել-կեցո՛, փլուցանել-փլո՛  եւ բազում ուրիշներ:

Ուրեմն չմոռնանք, հրաժարելով բառավերջի օ-էն եւ որդեգրելով բառավերջի ո-ն ոչ մէկ հակամեսրոպեան քայլ առաջ կ’ըլլանք, ընդհակառակը, վերջ կու տանք միջնադարեան խաւարամտութենէն ժառանգուած ամօթալի սխալի մը՝ իրբեւ աւելի լուսաւորեալ ու սրտցաւ սերունդ, որ գիտէ սրբագրել իր  նախնիներուն թերութիւնները:

Այս ընելով մտածեցէ՛ք այն  հեռաւոր գաղութներուն՝ Ամերիկայի, Արժանթինի, Աւստրալիոյ, Եւրոպայի մէջ ծնող ու հասակ առնող սերունդներուն մասին, որոնք հայերէն  պիտի սորվին ու  բախին, ի շարս այլոց,  ո-օ  փոխակերպումի  յառաջացուցած   աճպարարութիւններուն. ինչպէ՞ս կ’ուզէք որ ան սիրէ իր լեզուն:

Յետագրութիւն

Ցաւով պիտի արձանագրեմ այստեղ, որ մատնանշուած  թերութիւններու հանդէպ ակնկալուած վերաբերումը չենք գտներ մեր ժամանակակիցներուն  կողմէ, մասնաւորաբար  լրագրողներէն,  գրողներէն, ազգային հաստատութիւններէն, ա՛լ չեմ ըսեր կրթական մարմիններէն, որովհետեւ միամտութիւն պիտի ըլլար  այս վերջիններուն հաշույն որեւէ բարեկարգում ակնկալել:

Այսպիսի դարու մը,  ուր հաղորդակցութեան միջոցները այնքան դիւրացած են, պէտք է կարելի ըլլար կապի մէջ մտնել որեւէ բարեկարգութիւն առաջարկողի հետ, ապա իրարու միջեւ, տարրական վերլուծումի  ենթարկել բերուած առաջարկներն ու վերապահութիւնները ,  եթէ կան այդպիսիք,   ի վերջոյ համոզելու կամ համոզուելու համար:

Ցաւալին  այն է, որ արեւմտահայը ո՛չ կ’ընդունի առաջարկդ, ո՛չ կը հակադրուի անոր, այլ կը շարունակէ  ըստ առաջնոյն: Այս ընթացքով՝  ո՞վ պիտի ընէ այս  բաները, եթէ ոչ անհատներ՝ ան, դուն,  ես,  քանի մեր գլխուն վերեւ չունինք որեւէ գերակայ մարմին, որ յանձն կ’առնէ նուազագոյն բարեկարգութիւնը մտցնել կամ ուղղել մեր լեզուին ընթացքը:

[1] Փաղաքշական կրնան ըլլալ հասարակ անունները եւս. օրինակ՝ հօբար,  մօրա(ք),  մամի, պապի…