Հայ մամուլի ուշադրութեան…

December 9, 2023

1.Միացեալ նահանգներ եւ…

«Ազդակ»-ի քաղաքական էջը իր  4/12/23-ի թիւով երեք ագամ կիրարակած  է Միացեալ Նահանգներ-ը իբրեւ ենթակայ. երկու անգամ՝ եզակի թիւով, մէկ անգամ՝ յոգնակի: Երեքն ալ իբրեւ խորագիր:

–Միացեալ նահանգներ պիտի չարտօնէ:

          –Միացեալ Նահանգներ պիտի տեղեկայէ:

          –Միացեալ նահանգներ հզօրագոյն երկիրն են:

Ինչպէս բացայայտ կ’երեւի Ամերիկա կը շարունակէ իր  դաւադիր ու խորապէս մտահոգիչ վերաբերումը հայերէնի տարրական կանոններուն հանդէպ:

Հայ դատի պատուարժան գրասենեակներէն եւ հայ ընտրազանգուածէն  կ’ակնկալենք պատշաճ վերաբերում մը այս պետական ոտնձգութեան հանդէպ:

  1. «Նոր Յառաջ»-ի բարձր ուշադրութեան.

Ան հազիւ 10 օր պաշտօնավարեց եւ որու հրամանագրով  լուծարուեցան կա- ռոյցները (Նոր Յառաջ, 5/10/2023, էջ 2):

1988-ին արդէն ծայր առաւ Արցախեան    շարժումը եւ որուն յաջորդեց Պա-քուի եւ Սումկայիթի ջարդերը (Նոր յառաջ, 11/10/2023,  էջ 5):

*   *   *

Ասոնք երկուքն ալ սխալ կառոյցներ են, որոշ չափով՝ ֆրանսաբանութիւն, քանի շատ տարածուած են ֆրանսերէնի մէջ. ֆրանսացի լեզուաբանները շատ կը պայքարին այս կաղապարին դէմ, սակայն  գլուխ չեն ելլեր, որովհետեւ ֆրանսացին ալ արեւմտահայուն չափ պնդագլուխ,  անտարբեր ու յամառ է:

Եւ համադասական շաղկապները աւելորդ են, քանի  այստեղ ոչ մէկ համադասութիւն ունինք, այլ ունինք  մէկական  բարդ ստորադասական նախադասութիւն, որոնց ամէն մէկը կազմուած է մէկ գլխաւոր նախադասութենէ (proposition principale – ընդգծուած) եւ մէկ յարաբերական ստորադաս  նախադասու-թենէ (proposition subordonnée relative–կապոյտ ներկուած):

Ուրեմն երկուքին  ալ եւ շաղկապը պէտք է ջնջուի:

Առաջին նախադասութիւնը պէտք  վերադասաւորուի հետեւեալ կարգով՝

«Հազիւ 10 օր պաշտօնավարեց ան, որու հրամանագրով լուծարուեցան կառոյց-ները:

Իսկ երկրորդը՝

1988-ին արդէն ծայր առաւ Արցախեան շարժումը,  որուն յաջորդեց Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերը:

Երկրոդին մէջ կը գտնենք թուային անհամաձայնութիւն մըն ալ՝ «յաջորդեց ջարդերը», որ պէտք է ըլլայ՝ «յաջորդեցին ջարդերը»:

Մնամ՝ խոնարհաբար, Ձեզ միշտ յարգող եւ  հայ մամուլի անձնուէր ծառայողներու արեւշատութեան համար օրնիբուն աղօթող մեղաւորս:

  1. Ուշի-ուշով կարդալ.

–«Անոնք բոլորը պէտք է գան Անիին մօտ, որպէս Հայաստանի դեսպան» (Պայքար, 1/10/2023, էջ 7):

Հարցում.

Ո՞վ   դեսպան կոչուած է այս նախադասութեան մէջ,− անո՞նք, թէ՞ Անին:

Ի զուր կը փնտռէք, վասնզի քերականօրէն ճշդելի չէ բուն ենթական:

Իսկ եթէ անպայման  պիտի ընտրէք  դեսպան մը, ապա կը կարծեմ, հակում պիտի ունենաք ըսելու՝ «դեսպան կոչուած է  Անին»:

Ես ալ այդպէս կը կարծեմ… տրամաբանօրէն:

Սակայն քերականօրէն՝ դեսպանը  անոնք ենթական է, քանի որ անոնք եւ դեսպան հաւասարապէս ուղղական հոլով դրուած են:

Որպէսզի դեսպան-ը վերաբերէր Անիին, ապա ան պէտք է դրուէր Անիին հոլովով, այսինքն՝ տրական: Ուրեմն հարկ էր գրել.

–Անոնք բոլորը պէտք է գան Անիին մօտ, որպէս Հայաստանի դեսպանի»:

Ես կը կարծեմ, թէ աւելորդ է  մօտ յետադրութիւնը:

Իսկ եթէ կ’ուզուի անպայման յետադրութեամբ մը օժտել Անին, ապա յարմարը քով բառն էր.

–Անոնք բոլորը պէտք է գան Անիին քով` որպէս…դեսպանի:

Իսկ ինչպէ՞ս պէտք է շարադրէինք, եթէ դեսպանը անոնք դերանունը ըլլար:

Այս պարագային պարտէինք գրել.

–Անոնք բոլորը՝ որպէս դեսպան, պէտք է գան Անիին քով:

Ուշադրութիւն բութին՝ երկու  պարագաներուն ալ:

4.Այլոք

Արեւելահայուն տկարութիւններէն մէկն ալ,− դուք կրնաք հասկնալ անբաժանելի ծամօնը,−   այս բառն է՝ այլոք, որ ենթադրուած է նշանակել նաեւ, այլեւ, այլով հանդերձ… սակայն ենթադրուած է միայն, իսկ խորքին մէջ նման բառ չունի հայերէնը. ան կայ միայն արեւելահայուն  մտքին մէջ,  բոլորին ա՛նխտիր՝ ծերոց եւ տղայոց, եւ որ ահաւասիկ՝

Նախարարը, ԳՇ պետը, Պատրոն Դաւոն և այլոք մեղադրւում են պետութեա-նը $5 մլն վնաս հասցնելու մէջ («Առաջին լրատուական»):

Աղբիւրին անունը պէտք չէ մոլորեցնէ ընթերցողը. ան միայն «Առաջին լրատուական»-ին յատուկ չէ, այլ անբռնաբարելի սեփականութիւնն է ամբողջ արեւելահայութեան, չհաշուած տակաւին սփիւռքահայ նուրեալ բաժանորդները:

Այլ բառի գրաբար եզակի գործիականը կու տայ այլով, իսկ յոգնակին կու տայ այլովք: Աշխաարհաբարը չի գործածեր անոր հոլովները, յատկապէս գործիականը, որ տեսականօրէն պէտք է ըլլայ՝ այլով: Յոգնակի գործիական մը պատկերելի չէ. մենք ալ ի պահանջել հարկին կ’ըսենք, պարտինք ըսել՝ այլովք հանդերձ:

Արմենակ Եղիայեան

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x