Ներշար. յանուն գրութեանց մէջ այս լուսաւոր միջոցի պաշտպանութեան

May 18, 2023

1.Միութեան գծիկ

Անըմբռնելի բաներ կան մեր կեանքին մէջ եւ շուրջը. ասոնցմէ մէկն ալ  փոխ  եւ միջ  նախածանցներու այլանդակ կիրարկութիւնն է. օրինակ՝ փոխ-նախագահ, փոխ  ատենապետ, միջ-համայնքային, միջ թեմական  եւ այլն:

Այս սխալ ձեւին ամրօրէն, ըսել կ’ուզեմ՝ անտեղիտալիօրէն կառչած են «Մարմարա»-ն, «Հասկ»-ը,  «Հայրենիք»-ը, «Պայքար»-ը եւ այլն:

Իսկ անդին նոյն «Մարմարա»-ն ճիւաղային ախորժակով կը գրէ 44օրեայ, 50ամեակ, 81ամեայ, 2024ի եւ այլ հրէշաբանութիւններ՝ հայերէն գրելու կեղծ պիտակին տակ:

«Մարմարա» իր մոլորութիւններէն ոչ մէկը մազաչափ սրբագրեց. այսպէս էր Ռոպեր Հատտէճեանի օրով, նոյնպէս կը շարունակուի հիմա իր արժանաւոր յաջորդներու քմահաճոյքով. նմանք զնմանս իւրեանց գտանեն:

Կարելի չեղաւ այսպիսիներուն հասկցնել, որ «փոխ» եւ «միջ» ձեւոյթները բառ չեն, փաստօրէն պիտի ոչ մէկ բառարանի մէջ գտնէք զանոնք, հետեւաբար չեն կրնար  անջատ, անկախ  կամ գծիկով կցեալ գոյութիւն ունենալ,  քանի որ  ածանց են: Իսկ հայերէնը ունի ոսկի կանոն մը՝ որեւէ ածանց  գծիկով չի միանար  մայր բառին, այլ ուղղակի կը դրուի անոր վրայ:

Բացառութիւն ընդմիշտ եւ ըստ ամենայնի գոյութիուն չունի՜՜՜:

Ինչպէ՞ս կարելի է մարդ, այլեւ հայ մարդ կոչուիլ ու այսքանը չհասկնալ:

Ու մանաւանդ  չգիտնալ:

  1. Թիւեր

          Թիւերու գրութիւնը կը հանդիսանայ մեր գրաւոր բարքերը երկփեղկող ուրիշ պարագայ մը, որ իր կարգին լուծում չի գտներ: Հարցը կը վերաբերի տասնորդական կոտորակներու եւ ամբողջական թիւերու արձանագրութեան:

Ահա թէ ինչպէս:

Մեր կէսը տասնորդական կոտորակները կը գրէ  ստորակէտով՝ 7,3—24,24—0,38  եւ այլն, միւս կէսը կը գրէ  միջակէտով՝ 7.3—24.24—0.38 եւ այլն: Կան խառն գրողներ եւս՝ 7,3—24.24 որ կը մատնէ սկզբունքի բացարձակ բացակայութիւն եւ գրողական  ամբողջական անպատասխանատւութիւն:

Բանիւ նովին՝ ամբողջական թիւերն ալ կը գրուին՝ 24, 375  կամ  471.972:

Աւելի ողբալի է խառն թիւերու պարագան՝ 24, 375.17 —24.375,17—24,375,17—24.375.17:

Աշխարհի վրայ որեւէ ժողովուրդ այսքան խայտաբղէտ ու թերի չի  գրեր իր թիւերը. հայուն մենաշնորհն է ան՝ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս:

Ուրեմն հայեցի ձեւը կը թելադրէ՝

–կոտորակները՝ 0,3—0, 17—0, 1453

–ամբողջական թիւերը՝ 12.769—742.548—2.745.004—75.534.937

—խառն թիւերը՝ 37.692, 32—874.241,47—45.879.342, 1493

Ընդունելի, սակայն ոչ յանձնարարելի, տարբերակ է ամբողջական թիւը գրել բացատով՝ կէտի փոխարէն՝ 12 769—742 548—2 745 004—75 534 937:

Վասնզի կէտաւոր տարբերակը շատ աւելի թելադրական ու տպաւորիչ է:

Պէտք է կառչիլ այս գրելաձեւին, որ հայեցի  տարբերակն է, թիւերը այսպէս գրած է մեծանուն թուաբանագէտ Պետրոս Ատրունին եւս. այս է  նաեւ հայրենի պետութեան պաշտօնական գրելաձեւը, այլ հարց թէ այնտեղ ալ կը վխտան անփոյթ ու այլասերած տարրեր, յատկապէս լումայափոխական միջավայրերու մէջ, ուր  կը կիրակուի ամերիկեան ոճը:

Հայրենիքի մէջ միայն «Ազգ»-ն է, որ ըստ ամենայնի հայեցի կը գրէ, սփիւռքի մէջ՝ «Ազդակ»-ը: Եւրոպա եւ Քանատա ընդհանրապէս կը հետեւին տեղական բարքերուն, որոնք կրնան համընկնիլ մերինին կամ հակադրուիլ անոր. oրինակ՝ Անգլիա կը գրէ 39.000, Ֆրանսա՝ 39 000: Քանատա երկտեսակ է՝ նայած թէ տուեալ  նահանգը ֆրանսախօ՞ս է , թէ՞ անգլիախօս:

Կրնայ պատահիլ, որ ձեր ապրած երկրին մէջ  հակառակը որդեգրուած ըլլայ, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու մէջ է: Նման պարագաներու կարելի է տեղական ոճին հետեւիլ պետական-պաշտօնական գրագրութեան մէջ, օրինակ՝  տեղական ոճով գրել ձեր մուրհակներն ու վճարագրերը եւ այլն, սակայն  մեր թերթերուն, այլ հրատարակութիւններու  եւ ազգային հաստատութիւններուն մէջ՝ առաջնորդարան, դպրոց, ակումբ,  պահպանել հայեցի ոճը, այնպէս ալ սորվեցնել  նորահաս սերունդներուն, որոնք աւելի պիտի հայանան իւրացնելով, յարգելով եւ կիրարկելով  հայկական ոճը:

Սփիւռքի մէջ ամենապզտիկ ու աննշան քայլն իսկ, որ  կ’առնուի հայեցի թելադրանքով, ունի իր նպաստաւոր ու շինիչ դերը լեզուի ու դիմագիծի պահպանութեան մէջ:

  1. Ներշար

Այսպէս կը կոչենք այն ազատ կամ լուսաւոր միջոցը, որ կը ձգենք նոր տողին սկիզբը՝ լուսանցքին եւ առաջին բառի առաջին տառին միջեւ:

Այս միջոցը մասնաւոր չափ մը չունի, եւ տեղի կ’ունենայ ամենակամայական ձեւերով: Ան միջին հաշուով 5-6 տառաչափ է, երբեմն աւելի, երբեմն պակաս: Զայն մինչեւ երկու տառաչափի ծիծաղելի սահմանին հասցնողներ կան, կարծես սրտէն արիւն կու տան, այդքան… խնայող կայ, իսկ թէ  ճիշդ ի՞նչը կը խնայեն՝ յայտնի չէ:

Ներշարը ազգային շատ խոր  աւանդոյթ  ունեցած է մեր գրչագրական արուեստին մէջ, ուր  ան միշտ յարգուած է, ունեցած է զգալի տարողութիւն եւ ընդհանրապէս անոր առաջին տառը զարդագրուած է զանազան նախշերով, որոնց ականատես կ’ըլլանք թերթատելով մեր ձեռագրերը:

Համակարգիչն ու համացանցը սկսան վայրագօրէն քայքայել այս գեղեցիկ  աւանդոյթը՝ ընդհուպ բոլորովին չքացնելով ներշարը, եւ գրաւոր էջերը վերածելով  իրարու վրայ շարուած պահածոյի  անճոռնի ու  անճաշակ դէզերու, ոչ միայն մեր,  այլ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ:  Այլ հարց թէ մենք կը մնանք յառաջապահ դիրքերու վրայ:

Աղբիւրը, բնօրինակը  Միացեալ Նահանգներն է, այն համատարած գերեզմանը, ուր ազգային բոլոր իւրայատկութիւններն ու արժէքները դատապարտուած են  հերթաբար, թէկուզ անզգալաբար, ուշ կամ կանուխ   ոչնչանալու:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x