Օրական, ամսական, տարեկան

September 19, 2022
Ձեւաւորումը՝ Էդուարդ Թաշճեանի
  1. Բարձրունք

–«Կաթողիկոսարանէն ոչ շատ հեռու  բարձրունքի մը վրայ…» («Պայքար», 7-8-22, էջ 4բ):

Այս բառը յաճախ այս ուղղագրութեամբ հանդէս կու գայ մեր մամուլին մէջ եւ գրեթէ  հարց չի ստեղծեր, ընդհակառակը, իբրեւ նորարարութիւն՝ խոր  տպաւորութիւն կը ձգէ ու կը շահի նորանոր կիրարկողներ: Ան կ’աճի ու կ’ուռճանայ՝ փոխանակ նահանջելու:

Իսկ նման բառ չունի մեր լեզուն. մեր ունեցածը պարզ ու մեկին  բարձունք է:

Բարձր ածականը  առերեւոյթ տուած է բարձ-ունք՝ առանց ր-ի:

Ինչո՞ւ այսպէս է, հապա ո՞ւր գնաց այդ ր-ն,− պիտի հարցնենք  հոսհոսներս:

Եւ ոչ միայն. ան նոյնքան տարածուած է Արարատէն այնկողմ եւս:

Տեղ մըն ալ  չգնաց  անոր ր-ն,  չգնաց այն պատճառով, որ բառիս կազմիչ բաղադրիչներուն մէջ  չկար  ան. այլ խօսքով՝ բարձունք բառին արմատը բարձր ածականը չէ, այլ բարձ գոյականն է:

բարձ > բարձ+ունք

Ճիշդ ինչպէս՝ արտեւան-արտեւան+ունք, երէց-երից+ունք, ցից-ցց+ունք:

Ան յոգնակին է բարձ գոյականին, որ կը բնորոշէ իր շրջապատէն աւելի    բարձր կանգնած որեւէ բնական գոյացութիւն:

Յիշենք նաեւ՝ «Ի վեհ բարձանց…» հայրապետական մաղթերգի առաջին տողը:

Ունինք բարձք  եւս, որ կը բնորոշէ երկու սրունքներուն վերին յօդը կամ շերտը:

Անշուշտ բարձր-ով բառերն ալ չեն պակսիր, ինչպէս՝ բարձրաքանդակ, բարձրիրան, բարձրորակ, բարձրութիւն, բարձրուղէշ եւ այլն,  ուր  նշուած բոլոր առարկաները կը յատկանշուին իրենց վերացական կամ նիւթական բարձր  դրուածքով, յատկութեամբ:

2.Օրեկան, ամսեկան

Հայաստանի մէջ գրեթէ ազատօրէն կիրարկուող բառաձեւեր են ասոնք, որոնց կը հանդիպինք որքան հասարակ ժողովուրդին, այնքան ալ վերնախաւին, իմա՝ Ազգային ժողովի ասպետներու շուրթերուն: Իսկ երբ համարձակիս խօսակիցիդ ուշադրութեան յանձնել, ապա զարմացած հարց կու տայ,   թէ «ի՞նչն է սխալ»:

Սխալը այն է, բարեկա՛մ պատուական, որ պէտք է ըսել օր-ական > օրական, ամիսական  > ամսական:

Եւ անխուսափելիօրէն կը յաջորդէ սովորական հարցումը.

–Հապա ինչո՞ւ կ’ըսենք «տարեկան»…

Տարեկան կ’ըսենք, որովհետեւ այս բառին արմատն է տարի, որ ածանցումի կամ բարդումի առթիւ իրեն յաջորդող ա   յօդակապին հետ կու տայ միջանկեալ ե մը, որ գումարն է առաջին արմատի ի ձայնաւորին եւ ա յօդակապին:

Ահա այսպէս՝

տարի+ա+կան > տարեկան

ի+ա> ե

Այս նոյն  ե-ն կը գտնենք նաեւ ուրիշ բառերու հետ, որոնք ի ձայնաւորով կ’աւարտին. օրինակ՝ հոգի-ա-կան > հոգեկան, այգի-ա-պան > այգեպան, կաշի-ա-գործ > կաշեգործ եւ այլն:

Իսկ օր եւ ամիս  նման այլափոխումի չեն ենթարկուիր:

Յատկանշական է, որ Աճառեան իր «Հայոց լեզուի պատմութիւն»-ի բ. հատորին մէջ մեր երկու բարբառներուն յատուկ բառերու շարքին կը թուէ օրեկան ու ամսեկան ձեւերը՝ իբրեւ արեւելահայերէնին յատուկ: Ալ որքան շատ հանդիպած պէտք է ըլլայ  այս աղաւաղ ձեւին, որ անոր պատկանելութեան վկայական  տայ: Այլ խօսքով՝ շատ հինէն կու գայ այս սխալը եւ  շատ լայն հաստատուած  կը թուի ու   կը յարատեւէ  անսասան:

Յետայսու-ն ի՛ր կարգին՝ այսուհետեւ ճիշդ ձեւին փոխարէն:. Երէկ «Առաջին լրատուական»-ը նորէն կիրարկեց այս ճիւաղութիւնը՝ առանց մոռնալու  «որպէսզի»-ներու դաւադիր  շարանը՝ «որ»-ի փոխարէն:

Ուղղակի ապշեցուցիչ է. հայ մը ինչպէ՞ս չի զանազաներ  որպէսզի-ն եւ որ-ը:

Եւ ասոնք չզանազանողը ինչպէ՞ս կրնաս հայ կոչել:

Անկախութի՜ն, անկախութի՜ւն, այս որքա՜ն ցաւեր բերիր մեզի:

Օրին այսքան չէինք շփուեր եւ… կը հանդուրժէինք, հիմա, օրը 24 ժամ Արցախ ու Զանգեզուր կը դարպասենք համացանցէն ու այլուր, քաղաքական լուծումներ գտնելէ շատ հեռու՝ լեզուական այս այլանդակութիւններն ալ կը գումարենք եղած  ցաւին վրայ:

3.Déposséder

Խոստովանիմ, թէ միշտ չէ որ ժամանակս օգտակար կ’անցընեմ:  Պսակաձեւ ժահրը եւ տարիները ձեռք-ձեռքի տուած կը ստեղծեն պահեր, ժամեր, որ լեցնելու դժուարութիւն ունիմ: Այդ դժուարութեան թելադրանքով էր, որ յանկարծ մտածեցի, թէ… քանի՞ հոմանիշ ունի ֆրանսերէն déposséder բաը, որ ոչ մէկ ատեն հետաքրքրած է զիս:

Առ այս բացի Larousse-ի նորագոյն հրատարակութիւնը, ուր կարդացի՝

Enlever à quelqu’un la possession de quelque chose ; l’en priver, l’en dépouiller.

Կը նկատէ՞ք… ոչ մէկ հոմանիշ յաջողած է տալ, գոհացած է բացատրելով զայն:

Կը բանամ հիմա հայերէն բառարանները՝ ի խնդիր ունեզրկել բային, որ հոմանիշն է ֆրանսականին, եւ այստեղ կը գտնեմ մերինին տրուած հետեւեալ հոմանիշները՝

–ընչազրկել

–ընչաթափել

–ունեթափել

–սեփականաթափել

–սեփականազրկել

Ուրեմն վեց  անթերի եզրեր՝ նոյն հասկացութեան համար, եւ որոնց  վեցն ալ կատարելապէս կը յաջողին թարգմանել նոյն արարքը:

Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս հարստացած է այս լեզուն: Ինչպէ՞ս կայացած է այս հրաշքը:

Եւ բերած օրինակս բոլորովին պատահական է, ինքներդ կրնաք ընտրել այլ բառեր եւ ձեր կարգին բաղտատել  ձեր ուզած օտար բառի հետ:

Այս այսպէս է մերկ աչքով դիտած, բայց ոչ աչքովը արւելահայուն, որ, արհամարհելով  հայերէն համապատասխան եզրը եւ անոր հետեւող հոմանիշները, դէմդ կը ցցէ դեբիլ մը (ցանցառամիտ), մարգինալ մը (լուսանցքային), լեգիտիմ մը (օրինական), աբսուրդ մը (անհեթեթ)… բայց իրապէս  պէտք կա՞յ շարունակելու, բոլորիդ ամէնօրեայ իմացական չափաբաժինն են ասոնք:

Շտեմարանը կը գտնէք Noisy-le-Grand բազմած ծերունազարդ պապիկին քով:

Հետաքրքրական, աւելին՝ հիւանդագին է այս կացութիւնը:

Կը մտածեմ՝ դեբիլ ըսող արեւելահայը ճիշդ ինչպէ՞ս կ’ընկալէ այս բառը.  օրինակ՝ ան գիտէ՞, թէ բառս ծագումով հայերէն չէ, այլ  ֆրանսերէն է: Այո, իրապէս  գիտէ՞ այսքանը, թէ՞ զայն պարզապէս … հայերէն կը կարծէ: Անցեալին այս կասկածս ծիծաղելի պիտի թուէր հէնց ինծի, սակայն այս պահուս բոլորովին հիմնաւոր կը դնեմ զայն, քանի որ ան կրնայ նաեւ չգիտանլ այսքանը, չգիտնալ,  որ դեբիլ ու մնացեալ հազարաւորները, հայերէն չեն: Եւ իմ կասկածս բնաւ անտեղի չէ. խօսիմ օրինակով մը Աղայեանէն առնուած.

–«Դետալ  −   մանրակ, մանրամասնութիւն»:

Սա անգլերէն ու ֆրանսերէն detail բառն է, որուն երկու հայերէն ու հայեցի  հոմանիշներն ալ տրուած են հեղինակին կողմէ:  Շատ բարի, սակայն այս բառին հանդիպողը երբեք պիտի չգիտնայ, թէ ան օտար է, քանի ոչ մէկ յիշատակութիւն կայ: Այլ պիտի կարծէ, թէ ունինք դետալ անունով բառ մը, որուն հոմանիշներն են մանրակ-ը եւ մանրամասնութիւն-ը, եւ  այս երեքէն ընտրելով  ու կիրարկելով առաջինը՝ ան բնաւ ալ ազգային խղճահարութիւն պիտի չունենայ, թէ կը դաւաճանէ իր ազգութեան՝ ընտրելով օտար բառ մը:

Մեր տրամաբանութեամբ՝ նախ դետալ-ը գործ չունի հայերէն բառարանի  մէջ, իսկ եթէ պիտի մտնէ ան չեմ գիտեր ինչ-ինչ  հիմնաւորումներով, ապա առնուազն կ’ակնկալուի, որ շեշտուի անոր օտարաբանութիւնը: Թերեւս ատով ալ արդի արեւելահայը կամաց-կամաց թօթափէ այս չըլլալիք աղբերը, որոնք կը խեղդեն, կը սպաննեն հայերէնը:

Մեզ ալ հետը:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x