Հրաժարիմք ի կրկնաբանութենէ

September 2, 2021

Կրկնաբանութիւնը,− այսինքն՝ անտեղի կրկնութիւնը,− գրողական-ոճաբանական մեծագոյն թերութիւններէն մէկն է, որ  կը ճապաղցնէ մարդկային խօսքը, անշեղօրէն կը խրտչեցնէ ընթերցողը կամ ունկնդիրը,  եւ արգելք կ’ըլլայ անոր ցանկալի ընկալումին:

Որովհետեւ խորթ  ու տաղտկալի է ան:

Այդ խորթութեան զգացումը միայն մտաւորականին կամ հայկաբանին յատուկ չէ. կրկնաբանութենէ բնական խորշանք ունի որեւէ անձ՝ անկախ իր ուսումէն, տարիքէն ու կարգավիճակէն, վասնզի այդ խորշանքը բնածին է ամէն անհատի մէջ:

Անշուշտ ան  աւելի ակնբախ ու զգալի,  այլեւ ցաւցնող է այն ընթերցողին համար, որուն առօրեային մաս կը կազմէ ընթերցումը՝ գիրն ու գրականութիւնը, գրաւոր խօսքը, ուստի եւ ամենաշատ ենթակայ է կրկնաբանութեան գրոհներուն:

Այս այսպէս ըլլալով՝ փութամ աւելցնել,  որ կրկնաբանութենէ խուսափումը առհասարակ կարելի է. դժուար է պատկերացնել  կրկնաբանութիւն մը, որմէ կարելի չըլլայ խուսափիլ: Ասոր համար պէտք է նախ բարի կամեցողութիւն ունենալ, ապա գեղեցիկ գրելու նախանձախնդրութիւնը, յարգել ընթերցողը եւ վերջապէս…սիրել հայերէնը:

Տեսնենք  օրինակով:

*   *   *

«Ազդակ»-ի 11 օգոստոս-ի 8-րդ  էջին վրայ կը գտնենք հետեւեալ խորագիրը՝ գրուած սեւով ճերմակի վրայ.

ա) «100 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ մէջ Մալաթիոյ  հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցուի»:

Մէկ խորագիրի ծիրէն ներս  երեք անգամ… մէջ:

Կրնա՞յ  ասկէ  աւելի մեծ աղէտ պատահիլ գրողական մակարդակի վրայ:

Եւ  այսքան տափակ ու ողորմելի ըլլալ խորագիր մը:

Կարդացէ՛ք զայն քանի մը անգամ  եւ պիտի զգաք, թէ որքա՜ն ծանր կը հնչէ ան, խորթ ու անընդունելի, բաներ, որոնց  նուազ կ’անդրադառնանք  հարեւանցի ընթերցանութեան առթիւ:

Կարելի՞ էր խուսափիլ  նման կացութենէ մը:

Կարդանք յօդուածը՝ տալու համար  առաջին պատասխանը.

բ) «100 տարուան  մէջ առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ Մալաթիա  քաղաքի  Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցուի»:

Ինչպէս կը նկատէք, այստեղ արդէն ինքնասրբագրում տեղի ունեցած է,  եւ երեքի փոխարէն ունինք երկու մէջ, որ ինքնին ոճաբանօրէն շատ մեծ կարեւորութիւն ունի: Եթէ ա՛յս ըլլար խորագիրը, հաւանաբար  մեր յօդուածը չգրուէր՝ սպասելով ուրիշ առիթի, հաշտուելով երկու մէջ-ի ներկայութեամբ:  Ուրեմն կարելի՛ էր, սակայն գրողը անտեսած է այդ առձեռն կարելիութիւնը խորագրի շարադրութեան առթիւ:

Արդ, կարելի՞ է,  քիչ մը աւելի տուն տալով մեր… արդար պահանջատիրութեան, ջնջել այդ երկուքէն մէկը եւս,−այո՛, կարելի է. կը բաւէ,  նախանձախնդիր ըլլալ:

Եւ ահաւասիկ.

գ)«Անցած 100 տարիներուն առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ Մալաթիա  քաղաքի  Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցուի»:

Ուրեմն մնաց միայն մէ՛կ մէջ:

Եւ ամէն կրկնաբանութիւն անհետացաւ:

Ճիշդ ի՞նչ ըրինք:

Մենք օգտուեցանք  հայերէնի այն յատկութենէն, ուր  տրական հոլով գոյական մը (100 տարիներուն) համարժէք է  մէջ-ով կազմուած բառակապակցութեան (100 տարուան մէջ):

100 տարիներուն         =  100 տարուան մէջ

                   գաղթի ճամբաներուն =  գաղթի ճամբաներուն վրայ

                   ընթրիքին               =   ընթրելու ընթացքին

Այս ձեւով տրական թուող գոյականները իմաստով…ներգոյական են, պատմական ներգոյականը, որ հիմա ջնջուած է արեւմտահայերէն  աշխարհաբարի քերականութենէն, սակայն ամէն արեւմտահայու ենթագիտակիցին մէջ  ներկայ է ան  ու տեղին համեմատ կը կիրարկէ զայն՝ թէկուզ առանց անդրադառնալու:

Իրողութիւնը շատ աւելի ցայտուն է արեւելահայերէնի մէջ, որ  աւելի բախտաւոր է՝ պահած ըլլալուն համար այդ հոլովը  եւ ազատ ընտրութիւն ունի. այսպէս՝

100 տարում  =  100  տարիներին  =  100 տարուայ մէջ

*   *   *

Քիչ անդին կը կարդանք.

«Իրաքի վարչապետարանը յայտնեց, որ Իրաքի վարչապետը Մաքրոնին յայտնած է, թէ Ֆրանսան Իրաքի իսկական գործընկեր մըն է»:

Վարչապետարան-ի  ու վարչապետ-ի հրմշտուքը արդէն տրամադրութիւնդ կ’աւրէ. բնաւ լուսաւոր հորիզոններ նախատեսել չի տար,  եւ իրաւունք ունիս, քանի իսկոյն աչքերուդ առջեւ կը տողանցեն յայտնեց  եւ յայտնած է

Մէկ նախադասութեան ծիրէն ներս՝ երեք անգամ Իրաք, յայտնեց ու յայտնած է, վարչապետարան եւ վարչապետ…

          Մարդ շնչահեղձ կ’ըլլայ ասոնք կարդալով:

Կարելի՞ էր խուսափիլ,− ըսենք՝ բարելաւել այս խժալուր բառակաոյտը:

Փորձենք.

«Իրաքի վարչապետարանը յայտնեց, որ իրենց ղեկավարը Մաքրոնին տեղեկացուցած է, թէ Ֆրանսան Իրաքի իսկական գործընկեր մըն է»:

Տեղեկացնելու փոխարէն կարելի էր նաեւ՝ հաստատել, հաւաստել,  վստահեցնել:

Նկատենք լեզուական ուրիշ անհարթութիւն մըն ալ, որ շատ յաճախ կը սպրդի մեր գրողներուն գրիչին տակ. «Իրաքի…գործընկեր մըն է ան», − մերժելի կառոյց  է այս, ուր Իրաքի սեռական հոլով յատկացուցիչին յատկացեալը փոխանակ որոշիչ յօդի, կը կրէ անորոշ յօդ մը՝ գործընկեր մը…:

Այսպէս հայերէն կարելի չէ մտածել ու գրել: Յատկացուցիչը միշտ որոշեալ յատկացեալ կը պահանջէ այն պարզ պատճառով, որ ան այլեւս անորոշ հասկացութիւն մը չէ, յատկացուցիչ մը՝ տէր մը ունի. ուրեմն՝ « Ֆրանսան Իրաքի իսկական գործընկերն է»:

Այլընտրաքային  կառոյց՝   «Ֆրանսան Իրաքի մէկ իսկական գործընկերն է»:

Ուրեմն երկու պարագաներուն ալ  գործընկեր յատկացեալը օժտեցինք որոշիչ յօդով մը, քանի հայերէնը յատկացուցիչ-յատկացեալ կապակցութիւնը այլ կերպ չ’ըմբռներ:

Յետագրութիւն

Նոյն լեզումտածողութեան ու քերականութեան հետեւողութեամբ եւ  նոյն ձեռքով գրուած է. «Էրտողան Թուրքիոյ  երեք նահանգ  աղէտի գօտի յայտարարած է» («Ազդակ», 14-8-21, էջ 8):

Ուր պարտէինք ունենալ հետեւեալ երկուքէն մէկը.

Թուրքիոյ երեք նահանգները,

Թրքական երեք նահանգ(ներ):

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x