Երկու միւռոնի պէս հայեցի բառեր՝ «հետեւանքով» եւ «շնորհիւ»          

August 26, 2021

1.Արդիւնքով, իբրեւ արդիւնք, իբրեւ հետեւանք

Կը թուի, թէ մեր լեզուն պիտի երկար կրէ  ռուսական  այս  քաղցկեղը, որ ահա վերջին տարիները թափանցեց մեր բարքերուն մէջ, արժանացաւ  անոր մե՛րթ բարեխառն, մե՛րթ ջերմ վերաբերումին,  հուսկ՝ լիարժէք տուն-տեղ դարձաւ, եւ այս բոլորը  փութաջան միջնորդութեամբը արեւելահայերէնի:

Այսօր մեր գրողները, յատկապէս լրագրողները, բայց նաեւ այլազան  գրասենեակներ՝ իրենց քարտուղարներով, իրարու ձեռքէ կը խլեն այս աղբերը:

Հրամեր էք՝

—Զինեալ միջադէպի մը իբրեւ հետեւանք Հասան Ղոսն վրէժխնդրութիւն կատարեց («Ազդակ», 2-8-21,   էջ 1):

—Զինուած ուժերու արդիւնքով Ազրպեյճանը դադրեցուցած է աշխատանքները (անդ):

Պարզ է որ ասոնց առաջինը պէտք է ըլլայ հետեւանքով, երկրորդը՝ շնորհիւ:

Երկու միւռոնի պէս հայեցի բառեր, որոնք արդէն ցնդած են  լրագրողին շուրթերէն:

Եւ իմացական ոլորտէն:

Այլ անկիւն մը.

— Անհեռատես հաշիւներու արդիւնքով քանդուեցան մեր երազները (Համբիկ Մարտիրոսեան, «Պայքար», թիւ 229, էջ 3):

—Խայտառակ ձախողութեան արդիւնքով ստորագրուած պայմանագրով…(անդ):

—Արցախեան պատերազմի արդիւնքով հայութիւնը ունեցաւ…(անդ):

—Ղեկավարութիւնը  ծունկի եկաւ իր յիմար հաշիւներուն արդիւնքով… (անդ):

Ուր չորսն ալ պարտէին ըլլալ հետեւանքով, թէկուզ պատճառով:

Ինչպէս կը նկատէք, գրողը  ուղղակի սիրահարած է իր գիւտին, հարբած է անոր իմաստաբանական, գեղարուեստական ու ոճաբանական  շոյիչ հնչեղութեամբ, ուստի կը հաճոյանայ  քանի մը տողը անգամ մը կրկնելով զայն :

Եւ այնքան տարուած է, մինչ  անդին չի տեսներ քիթին տակ տողանցող կոչականները.

—Ողբամ զքեզ յիմար հայ ժողովուրդ (անդ):

Փոխանակ՝ «Ողբամ զքեզ, յիմա՛ր հայ ժողովուրդ»:

—Ողբամ զքեզ դժբախտ Արցախ…(անդ):

Փոխան՝ «Ողբամ զքեզ, դժբա՛խտ Արցախ»:

—Ողբամ զքեզ որբուկ Շուշի (անդ):

Փոխանակ՝ «Ողբամ զքեզ, որբո՛ւկ Շուշի»:

Այսքան սխալներով հնչած ողբը… չի տպաւորեր, այլ քմծիծաղի տեղիք կու տայ  պարզապէս եւ ծիծաղելի կը դարձնէ  ողբի ենթադրեալ առարկան եւս, որքան ալ նուիրական ըլլայ ան:

Ու տակաւին՝

—Ազրպեյճանն ու Թուրքիան Հայաստանի վրայ շղթայազերծեցին պատերազմը (անդ):

Պատերազմը մէկուն վրայ չեն  շղթայազերծեր, այլ մէկուն՝ դէմ:

Եւ այս բոլորը … «Պայքար»-ի միայն կէ՛ս սիւնակին մէջ:

Ողբի  առարկայ մը իրօք կայ այս բոլորի ետին, սակայն, ինչպէս նկատելի է, զայն գտնելու համար՝ սխալ հասցէներու կը դիմէ… ապիկար ողբասացը:

  1. 2. Մերին Պոլիսը՝ իր լեզուական մարգարիտներով

—Թրքահայ իրականութենէն վերջին օրերուն շատ սիրելի եւ համակրելի դէմքի մը աստղը սահեցաւ (Ժամանակ):

Կարելի է ըսել, թէ ամէն արեւմտահայ հոսհոս հեշտութեամբ պիտի հասկնայ ըսել ուզուածը.  գաղութը կորսնցուցած է մեծարժէք ազգային մը: Թերեւս հիմա մտածողներ ալ ըլլան, թէ ի՛նչ է ուզածս կամ փնտռածս, քանի ամէն բան ըմբռնելի ու ճիշդ է:

Կրնայ ըմբռնելի  ըլլալ, սակայն  ճիշդ  չէ՛:

Հայերէնը ննջաեցեալի մը աստղը բնաւ սահիլ բայով չի բացատրեր, նման ոճ չունի հայերէնը: Տեղէ մը բերուած եւ կուրօրէն թարգմանուած  բառակապակցութիւն է «աստղը սահիլ», որ ոչինչ կը թելադրէ հայերէն:

Հայերէնը այս պարագային կ’ըսէ՝ աստղը մարեցաւ, աւելի վերամբարձ՝ շիջեցաւ, սակայն ո՛չ սահեցաւ: Մանաւանդ որ աստղի մը սահիլը երկինքի վրայ անպայման այդ աստղին վերջը կամ  մահը չէ: Մերկ աչքով ալ կարելի է լուսնակ գիշերները նկատել, թէ ինչպէ՛ս աստղեր «կը սահին»՝ գեղասահորդի մը նազանքով, սակայն չեն մեռնիր, կ’երթան ուրիշ տեղ մը «կը թառին», տեղ կը փոխեն պարզապէս:

—Սահակօղլու իր շինիչ  յատկութիւններով արժանացած էր թէ իր գործընկերներուն եւ թէ շփման անցած պոլսահայ համայնքի բոլոր խաւերուն համակրանքին (Ակօս)։

Աս ալ ուրիշ ոսկոր մըն է, որ կը մնայ կոկորդդ ու «չի սահիր» վար:

Ի՞նչ կը նշանակէ կամ  ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ  «համայնքի համակրանքին շփման անցնիլ», ի՞նչը ինչի՛ն կը շփուի, եւ ի՛նչ տեսակ շփում է  տեղի ունեցածը:

Ասոնք հասկնալու բոլոր ճիգերս զուր անցան:

Վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ:

Ինծի կը թուի, թէ մեր ամբողջ կեանքը սորվելիք  ունինք:

Ինչ կ’ըլլար, քիչ մըն ալ սորվեցնող ունենայինք:

—Սահակօղլու  իր  հեզութեան մէջ երբեք չէր փորձած յաջողութիւնները ինքնագովութեան առարկայ դարձնելու (անդ):

Ահա պատկառելի տարիքով ազգային մը՝ նոյն  Սահակօղլուն (այսինքն՝ Սահակզատէ, Սահակորդի),  որ կը յատկանշուի իր հեզութեամբ:  Այս հեզութիւնը կը յիշեցնէ ինծի մանկապարտէզը, ուր մեր ձեռքերը խաչաձեւած  մեր կուրծքին վրայ, լուռ, անձայն, խելօք, մանաւանդ անշարժ պէտք է  հեզօրէն նայէինք օրիորդին աչքերուն, այլապէս…

Այլապէս շառաչուն ապտակը կ’իջնէր երեսիդ՝ այն օրերու մանկավարժական սկզբունքներուն թելադրանքով եւ պահանջով:

Այսպէս՝ չորս-հինգ տարեկանիս:

Բայց երբ այդ բոլորը կը փոխադրեմ մազ-մօրուք ճերմկցուցած Սահակօղլուին վրայ…չեմ յաջողիր զսպել քմծիծաղս:

Խեղճ Սահակօղլու  եւ իր հեզութիւնը:

Եւ խե՜ղճ  հայ լրագրող,  որ կը շփոթէ համեստութիւնը,  խոնարհութիւնը՝ հեզութեամբ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x