Ինքնութիւն. իրականութիւն եւ առասպել

Ինքնութիւն. իրականութիւն եւ առասպել

Արայիկ Մկրտումեանի (Հայաստան) սիւնակին նիւթերը կը շօշափեն հայկական ինքնութեան առնչուող շարք մը հարցեր, պատմական եւ այժմէական հայեցակէտեր: Անոնք միտում ունին բացատրելու, թէ հայկական ինքնութիւնը ինչպէ՛ս ձեւաւորուած է, ի՛նչ փոփոխութիւններ կրած է եւ ի՛նչ պատճառներով, թէ ինչպէ՞ս հայերը կ՛ընկալեն իրենք զիրենք եւ ուրիշները եւ թէ այդ ընկալումները ի՛նչ ազդեցութիւն ունին անձնական թէ հանրային կալուածներուն մէջ:

January 24, 2024

Իր հանճարեղ գործով, Թումանեան տակաւին 1912-ին ցոյց տուած է ամբողջ ժողովուրդի մը ողբերգութիւններէն մէկը, բայց այդ բոլոր իմաստութենէն մենք վերցուցած ենք միայն մէկ փոքր մասը: Մենք կը ծիծաղինք Քաջ Նազարին վրայ՝ փոխանակ զգուշանալու:

September 23, 2023

Շարունակելով մեր փնտռտուքները հայոց առասպելաբանութեան խորերը, մենք կը հանդիպինք նաեւ կերպարի մը, որուն կապուած պատմութիւնը եւս շատ ցաւալի, իսկ որոշ պարագաներու նաեւ շատ անարդար է:  Աւելին` մենք կը հանդիպինք Փոքր Մհերի բախտակցին` Արտաւազդ արքային: Եւ մէկ կողմէ մեր առջեւ կը կանգնի պետականամէտ կերպարը, որ իրօք կը տառապի զինք շրջապատող անհեթութեան պատճառով, միւս կողմէ կը փորձեն մեզ հաւատացնել, որ այդ մարդը իսկապէս սատանայ էր: Խօսքը  կը վերաբերի Մեծ Հայքի թագաւոր Արտաւազդ Ա.-ին: Այդ նոյն Արտաւազդին, զոր մենք անիծուած կը նկատենք եւ որ մինչեւ հիմա շղթայուած կը պահեն Մասիսի վիհերէն մէկուն մէջ: Ինչո՞վ մեղանչած է Արտաւազդը հայ ժողովրդին հանդէպ, որ անոր մասին

September 16, 2023

Հերոսավէպին մէջ կը պատմուի, որ չճանչնալով իր հայրը՝ Փոքր Մհեր կը մենամարտի անոր հետ, որուն համար հայրը կ'անիծէ զինք, որ ան զաւակներ չունենայ: Անէծքը կը կատարուի եւ Մհեր, որ կ'ամուսնանայ գեղեցկուհի Գոհարին հետ, չի կրնար զաւակ ունենալ:

August 17, 2023

Չկայ ազգային եւ պետական ոչ մէկ պատկերացում, թէ ի՞նչ կը ներկայացնէ հայը եւ ի՞նչ է անոր գոյութեան թէ՛ նպատակը, թէ՛ կենսապայմանը: Նոյնիսկ քննարկում գոյութիւն չունի պետական, պատմական, ազգային, ընկերային, տնտեսական, կրթական, գիտական, ռազմավարական պատկերացումներու մասին:

July 21, 2023

Ինքնութեան դրսեւորման չորս հիմնական մոտէլներն են՝ «ընտրովի» (selective), «պատմական» (historical), «հեղինակաւոր» (prestigious) եւ «ամենակեր» (ամէն ինչ ուտող-omnivorous):

July 8, 2023

Ազրպէյճանցիները դարձան մշակութային-քաղաքական տոփինկ (doping) ընդունող հասարակութիւն մը, ու այդ քաղաքակրթական թմրեցուցիչը անոնց տուաւ ինքնութեան գիտակցութիւն մը, բայց ոչ ինքնութիւն, պատմական անցեալի ծարաւ մը, բայց ոչ պատմութիւն:

June 5, 2023

Պետութեան գոյութեան դադրեցումը կրնայ ըլլալ աւելի վտանգաւոր, քան հարիւր հազարնոց թշնամի բանակները:

May 17, 2023

Հայ հասարակութիւնը յառաջացուց հայու նոր` կուսակցական չափորոշիչներով առաջնորդուող տեսակ մը, որ, ի տարբերութիւն Եւրոպայի, ոչ թէ առաջնորդուեցաւ ընկերային պահուածքի քաղաքական հոգեբանութեամբ, այլ իր խմբային-կուսակցական ձգտումներով եւ սկզբունքներով:

May 8, 2023

Որեւէ ազգի ինքնութեան ձեւաւորման համար հաւանաբար չկայ աւելի անտեսանելի եւ միեւնոյն ժամանակ կարեւոր երեւոյթ, քան տարածքային-աշխարհագրական գործօնը:

May 2, 2023

Քրիստոնէութիւնը կը շարունակէ մնալ հայ ինքնութեան մէկ պատկառելի մասը` ունենալով մեծ ու նկատելի ժառանգութիւն ինքնութեան ձեւաւորման եւ փոփոխման գործընթացին մէջ:

April 14, 2023

Ազգային ինքնութեան, այլ կերպ ըսուած՝ սեփական «ես»-ի կողմնորոշման եւ անոր մէջ յստակութիւն ընդգծող ամենակարեւոր եւ ակնառու ցուցիչը կը շարունակէ մնալ լեզուական գործօնը:

April 10, 2023

Ինքնութեան համար առաւել կարեւոր հանդիսացած են չորս ուղղութիւններ` լեզուական, կրօնական, քաղաքական, տարածքային եւ մէկ ընդհանուր իրավիճակ մը` պատմական գոյութենական յիշողութիւն: