Սփիւռքահայ տխուր էջ մը՝ լեզուական թերութեանց յամառ գոյատեւումը

February 4, 2024

Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ կայ տխուր էջ մը, որուն գրեթէ ոչ ոք կ’անդրադառնայ, ոչ ոք կը յիշատակէ, ոչ ոքի… գլուխը կը ցաւցնէ. լեզուական թերութեանց յամառ գոյատեւումն է այդ, եթէ ոչ բոլորին, գէթ շատ  շատերու քով. սխալը սրբագրելէ, լեզուն սորվելէ, գիտցածը բարելաւելէ խուսափումը: Այս պատճառով ալ կան սխալներ, որոնք տարիներու, տասնամեակներու, մինչեւ դարերու վաղեմութիւն ունին եւ «հաւատարմօրէն» կը վերարտադրուին:

Որովհետեւ  անոնց տէրերը չեն ուզեր սորվիլ:

                                                    *   *   *

Քանի մը շաբաթ առաջ էր, որ ակնարկեցի  «իսկ» շաղկապի մէկ սխալ կիրարկութեան՝ «Ազդակ»-ի քաղաքական առաջին էջին վրայ:

Հաճոյքով չէի ըներ այդ բանը, թող որ որեւէ սխալի անդրադարձ հաճոյք չի պատճառեր անդրադարձողին. վկայ՝ լուսահոգի Բենիամին Թաշեանը, որուն կեանքը խաչելութիւն մը եղաւ ի խնդիր  հայերէնի «թիւրն ու թերի»-ի սրբագրութեան, իսկ ինքը՝ նահատակը հայոց լեզուին: 

Նպատակին չհասած հրաժեշտ առաւ ան թիւրէն ալ, թերիէն ալ:

Լեզուի  դահիճները յամառօրէն գոյատեւեցին ու նոյն մոլուցքով կառչած են  այդ սխալներուն,  առանց  ցանկալի նշոյլի  հորիզոնին վրայ:

Եթէ մարդ իսկ-ին ճիշդ գործածութեան ալ չհասնի, ի՞նչ պիտի ըլլան միւսները:

Հրամեր էք՝

–«Միքաթի կ’ընդգծէ պաշտօնավարութիւնը շարունակելու իր պատրաստակամութիւնը, իսկ սէուտցի   դեսպանը կ’այցելէ Պըրրիի» («Ազդակ», 24/1/1924, էջ 1):

Ապշած հարց կու տաս՝ թէ ի՞նչ կապ կրնայ գտնուիլ «Միքաթիի՝ պաշտօնավարութիւնը շարունակելու պատրաստակամութեան» եւ… «սէուտցի դեսպանի Պըրրիին տուած այցելութեան»  միջեւ՝: Ապա կը կարդաս ամբողջ յօդուածը եւ կը նկատես, որ  իրօք ալ  ոչ մէկ կապ գոյութիւն ունի. անկապակից  նիւթեր են ասոնք:

Եթէ այդպէս է,− եւ է՛,− ապա ի՛նչ գործ ունի այստեղ իսկ  համադասական շաղկապը:

Իսկ-ը մաս կը կազմէ մեր համադասական շաղկապներու ներհակական կամ հակադրական խմբակին.  այլ խօսքով՝ ինչ-որ չափով ու ձեւով հակադիր բառեր եւ մանաւանդ նախադասութիւններ կը կապէ ան. օրինակ՝

–Թորոսը յաջողեցաւ, իսկ Մարկոսը ձախողեցաւ:

–Ամառը տաքէն կը դժգոհի, իսկ ձմեռը՝ ցուրտէն:

–Անոնք ապարանք ունեցան, իսկ դուք խրճիթի մը տէր չդարձաք:

Իսկ-ը կը ծառայէ նաեւ  կապելու երկու համանուն հասկացութեանց տարբերութիւնները, որոնք մասնաւոր հակադրութիւն չեն նեկայացներ. օրինակ՝

–Անոր փէշը կարմիր էր, իսկ քուկդ կանաչ է:

–Դուն օղի խմեցիր, իսկ ան գարեջուր խմեց:

–Մենք այսօր ճամբայ ելլենք, իսկ դուք վաղը հետեւեցէք մեզի:

Ինչպէս ըսի, մէջբերուած օրինակին մէջ ասոնց նշոյլը չկայ:

Համադասուած են, կեղծ ու շինծու համադասութեամբ, այսինչին պաշտօնավարութեան որոշումը, եւ այնինչին տուած մէկ այցելութիւնը  ուրիշ մէկուն:

Ոնց որ ըսէինք՝

–«Ան անօթութենէն կաշի-ոսկոր մնացեր է, իսկ Սիպերիոյ կլիման խիստ է»:

                                                         *    *    *

Թերեւս ընթերցողներէս ոմանք տարտամօրէն յիշեն քերականութիւնը, որ կ’ըսէ. «Համադասական է այն բարդ նախադասութիւնը, որուն բաղադրիչները անկախ են իրարմէ»,− այլ խօսքով՝ մէկը չի լրացներ միւսը, ինչպէս կը պատահի ստորադասական բարդ նախադասութեան մէջ, ուր կայ գլխաւոր լրացեալ մը եւ ստորադաս լրացուցիչ մը.

Հիմնուինք  օրինակի  մը վրայ.

Դուն կը գուշակէիր, թէ ան պիտի յաջողէր:

Դուն կը գուշակէիր՝ գլխաւոր նախադասութիւն:

Ի՞նչ կը գուշակէիր,− թէ ան պիտի յաջողէր՝ ստորադաս նախադասութիւն:  

Ստորադասը ուղիղ խնդիրն է գլխաւորին, կը լրացնէ անոր  գուշակել բայը:

Եթէ այս բարդութեան ստորադաս բաղադրիչը ջնջենք, ապա գլխաւորին միտքը անաւարտ կը մնայ:

–Ի՞նչ կը գուշակէիր… յայտնի չէ:

Այսպէս չէ համադասական  բարդութիւնը. ջնջեցէք բերած վեց  օրինակներէս  որեւէ մէկուն երկրորդ բառադրիչը, պիտի նկատէք, որ մնացածը պիտի շարունակէ ամբողջական իմաստ ունենալ. ինչպէս՝

–Թորոսը յաջողեցաւ:

–Անոր փէշը կարմիր էր:

                                                                 *   *   *

Այսուհանդերձ, համադասական բարդութեան  բաղադրիչներու այս անկախութիւնը քերականական է միայն, անոնք՝ քերականօրէն անկախ այդ բաղադրիչները, կը կապուին իմաստով եւ միասնաբար կը կերտեն, կը լրացնեն  մէ՛կ միտք.

–Թորոսին յաջողութիւնը եւ Մարկոսին ձախողութիւնը ցոյց կու տան քննութեան մը արդիւնքները. այդ երկուքին միութիւնը ահա կը կայանայ արդիւնք հասկացութեան մէջ: Եթէ մենք փորձենք միասնական խորագիր մը տալ այդ երկուքին, ապա պիտի  ըսենք՝ «Քննութեան արդիւնքները»: Նոյնպիսի խորագրեր կրնանք տալ  միւսներուն  եւս.

            –Գործածուած  խմիչքները

            –Ճամբորդութեան թուականները

            –Անոնց ունեցուածքները…

Մինչ անոր կաշի-ոսկոր մնալն ու Սիպերիոյ կլիմային խստութիւնը ոչ մէկ խորագիրի տակ կրնան տեղ գտնել, վասն զի անկապակից են այդ միտքերը:

Վերադառնալով «Ազդակ»-ի ներհուն հայագէտի օրինակին, այստեղ Միքաթիի պատրաստակամութիւնն ու սէուտցիին՝ Պըրրիի տուած այցելութիւնը անհամատեղելի են, ըստ այնմ ալ որեւէ  հասարակաց խորագիրի տակ չեն ամփոփուիր անոնք:

Այլ խօսքով՝ կը կազմեն անհեթեթ կառոյց մը, որ կ’երթայ միանալու այն հերթական անհեթեթութիւններուն, որոնք ատենը մէյ մը կը զարդարեն այս  լուսաւոր էջը, անկէ կը տարածուին ի սփիւռս՝ իբրեւ թարմագոյն նորարարութիւններ:

                                                        *   *   *

Երկու խօսք ալ սէուտցի ածականին մասին:

Կայ քաղաքական  արարողակարգ մը, որ պէտք է յարգուի. Պըրրիին այցելող անձը իր սէուտցիի հանգամանքով  չտուաւ այդ այցելութիւնը, այլ իբրեւ դեսպանը Սէուտական Արաբիոյ. հետեւաբար պատշաճ է ըսել. «Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը այցելեց…»:

Ճիշդ ինչպէս պիտի չըսէինք՝  «հայ (աստանցի) դեսպանը այցելեց Մաքրոնին»:

Այլ պիտի ըսէինք՝  «Հայաստանի դեսպանը այցելեց Մաքրոնին»:

 

            [email protected]                                                         Արմենակ Եղիայեան

1
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x