Գրածը վերակարդալու սովորութիւն ունենալ

October 20, 2022
Ձեւաւորումը՝ Էդուարդ Թաշճեանի

Կարդանք հետեւեալը.

«Սելիմ Աուն կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու դահլիճը»:

Շատ սովորական, չըսելու համար ամէնօրեայ  ոճ մըն է այս՝ «արագ ժամանակամի-ջոց»-ը, որ ոչ մէկուն գլուխը կը ցաւցնէ. ո՛չ գրողին, ո՛չ խմբագրողին, ո՛չ կարդացողին:

Այսուհանդերձ տեղ մը կայ գլուխ մը, որ… կը  ցաւի:

Հէգ հայերէնի ցաւատանջ գլուխն է այդ:

*   *   *

Արագ՝ մակբայ է, իսկ ժամանակամիջոց՝ գոյական, արդ, բոլորդ  ալ գիտէք, որ մակբայը չի կրնար դրուիլ գոյականին վրայ[1], այլ կը դրուի բային վրայ, ինչպէս անունն ալ ցոյց կու տայ՝ մակբայ,  ուր մակ կը նշանակէ վրայ.  օրինակ՝

Դուն արագ կը քալես:

Ան արագ կը գրէ:

Թորոսը արագ կ’ուտէ:

Մակբայ են նաեւ՝ դանդաղ, կամաց, շուտ, աւելի, պակաս, հեռու, մասամբ  եւ այլն:

Մակբայ կը կազմեն  –ապէս,  -աբար,  -օրէն ածանցները՝ դրուելով ածականներու վրայ.  օրինակ՝  խորապէս, գաղտնաբար, լայնօրէն եւ այլն:

Հայերէնը կարգ մը մակբայներ կը դնէ նաեւ ածականին վրայ. օրինակ՝ աւելի գեղեցիկ,

լայնօրէն բաւարար, յայտնապէս գոհ եւ այլն:

Մակբայ կը դնենք նաեւ կարգ մը բայանուններու վրայ, այսինքն՝ բայարմատով կազմուած գոյականներու. օրինակ՝ դանդաղ մտածել-դանդաղ միտք, արագ վազել-արագ վազք, հեռու երթալ-հեռու երթ եւ այլն:

Կարգ մը մակբայներ կրնան ածական տալ. օրինակ՝ աւելի- յաւելեալ, հեռու-հեռաւոր:

Ան աւելի աշխատեցաւ  եւ յաւելեալ շահ արձանագրեց:

Այսպէս ուրեմն,  կը հետեւի, որ մակբայը յատուկ է բային, ածականը յատուկ է գոյականին: Բայց այս բոլորովին այսպէս չէ հայերէնի մէջ:

*   *   *

Մինչ մակբայը մեծ հաւատարմութիւն ունի բային կամ բայանուններու հանդէպ, ապա ածականը, որ լեզուն հնարած է բնորոշելու համար գոյականներու յատկութիւնը, իր այդ սահմաններէն դուրս գալով՝ ազատօրէն կրնայ դրուիլ բային վրայ եւս՝ ճի՛շդ մակբային պէս եւ խաղալով մակբային դերը, ու տակաւին կարգ մը պարագաներու՝ վանելով մակբայը ու գրաւելով անոր տեղը: Տեսնենք ստորեւ:

Մեր լեզուն ի վաղուց անտի կը թոյլատրէ, որ ածականը բնորոշէ, որակէ բայը եւս: Այդպէս էր գրաբարի մէջ, այդպէս ալ շարունակեց աշխարհաբարի մէջ:

Գրաբար օրինակներ

Պարզ ասա՛ մեզ:

– Եթէ ուղիղ մատուցանես եւ ուղիղ ոչ բաժանես՝ մեղար:

–  Ծանր լլկելով ճնշէր զմարմին:

–  Ծածուկ ջանայք զնոյն գործել:

–  Թեթեւ կրիցէք զաշխատանսն:

–  Ազատ եւ անխտիր մեղանչեն:

–  Իսկ ես աստ սովամահ կորնչիմ:

–  Եւ իբրեւ լուաւ  թէ մեծաբարբառ աղաղակեցի…:

–   Յայտնի լինիցին բանք ձեր, եթէ արդար խօսիցիք:

–  Ապա իբրեւ մեծ իրքն  համարձակ յայտնեցան  ի լսելիս ամենեցուն:

–  Արդ հաստատ գիտեմ զոր լուայն թէ ստոյգ է:

Աշխարհաբար օրինակներ

– Թող որ լիառատ ծծեմ հեշտագին:

– Ու նեկտարիդ դողն ըմպեմ ես անյագ:

– Ու դաբիրներուդ իյնամ ծնրադիր:

– Լուսեղէն ճամբէն կ’անցնիմ ես գինով:

– Արծաթ շողերն երազի ես կը փնտռեմ մտամոլար:

Կ’իջնէ ձանձրոյթն երազանքիս հանդիսաւոր ու տրտում:

– Արագիլ մը կ’անցնի յանկարծ անվրդով:

Ածական-բայ զոյգերը,− որ թաւագրած  ենք,− այնքան ներդաշնակ ու բարեհունչ են, որ բերուած ածականներու մակբայացումը շատ պիտի արժեզրկէր լեզուն:

Բաղդատենք՝

հանդարտ խօսեցաւ եւ հանդարտօրէն խօսեցաւ,

            համարձակ պատասխանեց եւ համարձակօրէն պատասխանեց,

            շռայլ կը ծախսէք եւ շռայլաբար կը ծախսէք:

Մեր բնական եզրակացութիւնը պիտի ըլլայ այն, որ ամէն անգամ, ուր լեզուն կը թոյլատրէ ածականին կիրարկութիւնը բային հետ, ապա  գոհանալ այս վերջինով եւ չդիմել բռնազբօսիկ միջոցներու՝ զայն մակբայացնելու, ինչպէս շատեր  կ’ընեն. օրինակ՝ նախընտրել  հանդարտ խօսեցաւ-ը ու չդարձնել  զայն հանդարտօրէն խօսեցաւ, հանդարտ կերպով խօսեցաւ, հանդարտ ձեւով խօսեցաւ եւ նման ճիւաղութիւններ:

*   *   *

Վերադառնալով «արագ ժամանակամիջոց» ձախող բառակապակցութեան՝ ապա պարտինք ըսել հետեւեալը. «ժամանակամիջոցը» ոչ արագ կրնայ ըլլալ, ոչ դանդաղ, սակայն ան կրնայ ըլլալ կարճ կամ երկար, բաւարար կամ անբաւարար, լայն կամ նեղ, որոնց  բոլորը ածականներ են:

Ասոնք մեծ գիւտեր չեն,  այլ կը մտնեն տարրական հայերէնի ծիրէն ներս:

Կը բաւէ քիչ մը հայերէն գիտնալ,  քիչ մը հայեցի լեզուամտածողութիւն ունենալ, քիչ մըն ալ… ազգային արժանապատւութիւն,  որպէսզի նման սխալներ չգործուին: Բայց մանաւանդ  գրածը վերակարդալու սովորութիւն ունենալ.  շատ մը վրէպներ երկրորդ,− ա՛լ չեմ ըսեր երրորդ կամ չորրորդ,− ընթերցումին արդէն կը գրաւեն մե՛ր  իսկ  ուշադրութիւնը, ու կը դիմենք ինքնասրբագրումի հաճելի աշխատանքին՝ ինքներս ալ զարմանալով, թէկուզ ծիծաղելով,  թէ ինչպէ՛ս գործած ենք  նման սխալներ:

Բայց ահա մեր մէջ սկսած է զարգանալ գրողական նոր բարոյական մը եւ գրողներու նոր տիպար  մը, որ ո՛չ իր գրածը կը վերընթերցէ, ո՛չ ալ… ուրիշինը: Ասպարէզին մակաբոյծներն

են այսպիսիները, որոնց, սակայն, այսուհանդերձ առիթ եւ միջոց կը տրուի գործելու եւ  մնալու իրենց աթոռներուն վրայ:

Այս պայմաններուն մէջ ի՛նչ ընէ լեզուն, ի՛նչ ընէ ընթերցողը, ի՛նչ ընէ հայապահպանումը:

[1] Կան քանի մը կայուն, քարացած բառակապակցութիւններ, որոնք կազմուած ենմակբայէ ու գոյականէ. օրինակ՝ ուշ երեկոյ, վաղ առաւօտ եւ մէկ քանի ուրիշներ, որոնք խնդրոյ առարկայ չեն այստեղ:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x