Ներկայացնել Գործեր

Նախքան գրութիւններ ներկայացնելը, կը խնդրուի ծանօթանալ Տարբերակ21-ի լեզուական ուղեցոյցին: Ներբեռնել այստեղ:

Բնականաբար, դժուար է գրական ստեղծագործութիւնը, իր ընդհանրութեան մէջ, ենթարկել որեւէ չափորոշիչի: Այդուհանդերձ, բանաստեղծութեան մէջ, Տարբերակ21-ը կը նախընտրէ այն, որ անսպասելի է, տպաւորիչ եւ յուզիչ՝ պատկերով, նրբութեամբ եւ տեսակէտով: Բանաստեղծները կրնան մեզ առինքնել նաեւ բառի հնարագրութեամբ, լեզուի փորձարարութեամբ եւ ոճական մարտահրաւէրներով, զորս աւանդական բանաստեղծութիւնը կրնար չընդունիլ: Արձակի մէջ, թերեւս ամենաշատը պիտի փնտռէինք, ինչպէս Չարենցը կ՛ըսէ, «ժամանակի ոգին»՝ հողին հետ եւ ընկերութեան, պատումի ճամբորդութիւններու  համար, որոնք ձգտէին ըլլալ անկրկնելի, ցնցիչ, գրգռող:  Թարգմանական գրականութիւնը ունի իր նախընտրելի աղբիւրները. երկերը օտարալեզու այն գրողներուն, որոնց լեզուն եւ աշխարհը կը պատկանին Հայ մշակութային տարածաշրջանի մերձաւորութեան՝ ճակատագրով, խնդիրներով ու փնտռտուքներով: Գրականագիտական յօդուածներուն պարագային, մեր նախընտրութիւնը կ՛երթայ ուսումնասիրութեանը Արեւմտահայ արդի գրականութեան, 19-րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը:

Բաժնի անուանումը յարգանքի տուրք է 1914-ին Պոլսոյ մէջ ընդամէնը եօթը համար լոյս տեսած «Մեհեան» գրական-գեղարուեստական հանդէսին եւ անոր վաստակին՝  Կոստան Զարեանի, Յակոբ Օշականի, Դանիէլ Վարուժանի եւ Արեւմտահայ հոյլ մը այլ գրողներու մասնակցութեամբ, անոնց խնկելի յիշատակին:

Հրապարակման ներկայացուող գրութիւններուն ծաւալը՝ 750-1250 բառ:

Պատուեգին՝ 20 ԱՄՆ տոլար

Մենք կ՛ողջունենք հետազօտութեան վրայ հիմնուած լրագրութիւնը. գրութիւններ, որոնք տեղեկատուութիւնն ու փաստերը կը վերածեն պատմութեան: Հետաքրքրուած չենք ձեռնարկներու ատենագրութեամբ, իրադարձութիւններու մասին ոստիկանական զեկոյց յիշեցնող ամփոփագրերով կամ ոեւէ անձի ու կազմակերպութեան հանրային կապերը սպասարկող հաղորդագրութիւններով: Լրատուական պատմութիւնները որեւէ իրադարձութեան կամ իրավիճակի լուսաբանման համար պէտք է խօսին բազմաձայն, փաստերու ներկայացման հետ՝ նաեւ իրադարձութիւններուն առնչուած մարդոց բերնով, նոյն փաստին վերաբերեալ անոնց հակընդդէմ մօտեցումներով հանդերձ: Կարեւոր է նաեւ ամէն ինչի խորապատկերը:

Բաժնի անուանումը յարգանքի տուրք է գրող, ակնարկագիր եւ մամլոյ գործիչ Անդրանիկ Ծառուկեանի հիմնած «Նայիրի» ազգային-գրական պարբերաթերթին, որ նշանակալի դեր ունեցաւ 40-ականներու սփիւռքահայ գրականութեան եւ լրագրութեան մէջ: 

Հրապարակման ներկայացուող գրութիւններուն ծաւալը՝ 1000-1250 բառ:

Պատուեգին՝ 20 ԱՄՆ տոլար 

Այս բաժինը կ’արծարածէ ընկերային գիտութիւններու վերաբերող նիւթեր, ինչպէս՝ լեզուաբանութեան, ընկերաբանութեան, հոգեբանութեան, քաղաքական գիտութեան, պատմաբանութեան, մարդաբանութեան եւ այլ: Ակադեմական յօդուածի ֆորմաթի կիրառումը պարտադիր չէ. 

Բաժնի անուանումը յարգանքի տուրք է գրականագէտ, մանկավարժ եւ մշակոյթի գործիչ Գրիգոր Շահինեանի ղեկավարութեամբ խումբ մը մտաւորականներու՝ 1966-1970 Պէյրութի մէջ հրատարակած “Ահեկան” մշակութային եռամսեայ հանդէսին: Հանդէսը նշանաւորուեցաւ յատկապէս ժամանակի երիտասարդական և մշակութային ձգտումներուն վերաբերող հրապարակումներով:

Հրապարակման ներկայացուող գրութիւններուն ծաւալը՝ 1250-1750

Պատուեգին՝ 20 ԱՄՆ տոլար

Հրապարակագրութիւնը հաւանաբար ամէնէն աւելի մարտահրաւէրներ ստեղծող գրական սեռն է՝ թէ գրողներուն եւ թէ հանդէսին համար: Այստեղ անպայման թեզ մը պէտք է պաշտպանուի կամ ուրիշ մը մերժուի՝ անհատական կարծիքի, համոզումի կամ հաւատամքի ուժեղ դրոշմին տակ: Ակնկալութիւնը այն է, որ այդ բոլորը գրութեան մէջ ներկայանայ գիտական հենքի մը վրայ խարսխուած, նոյնիսկ եթէ հենքի բաղադրատարրերը տեսանելի չըլլան մեզի համար. կիրքը արտօնուած բան մըն է զանոնք ծածկելու չափ:

Բաժնի անուանումը յարգանքի տուրք է հայ առաջին պարբերաթերթ “Ազդարար”ին, հիմնուած՝ Մատրասի մէջ, Հնդկաստան, 1794, Հոկտեմբեր 16-ին, Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանի կողմէ: 

Հրապարակման ներկայացուող գրութիւններուն ծաւալը՝ 750-1250 բառ:

Պատուեգին՝  20 ԱՄՆ տոլար

1.Գրութիւնները ներկայացնել Unicode տառակարգի Sylfaen տառատեսակով (.doc):

2.Ներկայացնել անտիպ գրութիւններ. անպայման նշել, եթէ գրութիւնը հրապարակման համար միաժամանակ ներկայացուած է մամուլի այլ միջոցի մը, կամ եթէ նախապէս հրապարակուած է ընկերային ցանցերու/անձնական կայքերու վրայ:

Գրութիւններու Ներկայացում

Maximum file size: 20MB

Միաժամանակ ներկայացուած է հրատարակութեան՝ այլ տեղ
Հրապարակուած է ընկերային ցանցերու կամ անձնական այլ էջերու վրայ

Կը պարունակէ յօդուածաշարքեր՝ բովանդակային յստակ ուղղութիւններով:

Կը պարունակէ տեսաձայնագրուած հարցազրոյցներ տարբեր մասնագիտութիւններու տէր եւ տարբեր ասպարէզներու մէջ գործող մարդոց հետ՝ գրական, պատմական, հանրային, ընկերային, քաղաքագիտական, տնտեսական, արհեստագիտական եւ այլ նիւթերու շուրջ: