10 Հոկտեմբեր՝ կարդալու ազատութեան օր. ո՞վ կ’որոշէ, թէ ի՛նչ կրնանք կարդալ

Այս տարի 10 հոկտեմբերը կը նշուի իբրեւ Let Freedom Read Day՝ «Կարդալու ազատութեան օր»։ Ան «Արգիլուած գիրքերու շաբաթ»-ուան վերջին օրն է եւ առիթ մը՝ մտածելու եւ հարցադրելու. ո՞վ իրաւունք ունի որոշելու, թէ մենք ի՛նչ կրնանք կարդալ։

Կերի Կարապետեան. Լիբանանեան շարժապատկերի մոռցուած ռահվիրան

Կերի Կարապետեանը (1935–1968) ապրեցաւ միայն 33 տարի, բայց յաջողեցաւ կարեւոր դեր խաղալ լիբանանեան հեռատեսիլի կազմաւորման տարիներուն եւ 1960-ականներուն լիբանանեան շարժապատկերի ձեւաւորման մէջ։

Խնամենք մեր լեզուն իբրեւ ամէնօրեայ պատասխանատուութիւն

Դիմատետրի (Facebook) վրայ հանդիպեցայ այս գրառումին։ Զայն կարդալու ընթացքին ինքզինքս գտայ խառն զգացումներու միջեւ՝ անվճռական, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հակազդել կամ ի՛նչ իմաստ տալ անոր ետին թաքնուած պատգամին։ Մեզմէ ակնկալուածը ուշադիր ըլլալն է...

Մեծապետական մրցակցութեան նոր թատերաբեմը՝ ԱԻ-ն

ԱԻ-ին այլեւս պարզապէս արհեստագիտական  զարգացում մը չէ։ Ան աստիճանաբար կը դառնայ այն հիմնական թատերաբեմը, ուր պիտի որոշուին համաշխարհային ուժերու հաւասարակշռութիւնը, տնտեսական գերակայութիւնը, ռազմական ազդեցութիւնը եւ նոյնիսկ գաղափարական ուղղութիւնները։

Ինչո՞ւ կը մերժենք տեսնել, թէ աշխարհը գլխիվայր կը շրջի

Դանդաղ, կշռադատուած եւ անհրաժեշտաբար շրջահայեաց դիւանագիտութիւնը, որ վստահութիւն եւ փոխըմբռնում կը կերտէ, իր տեղը տուած է ցուցադրական եւ ամբարտաւան ոճի մը, որ աւելի յարմար է ԹիքԹոքի ազդեցութեան տակ կարճացած ուշադրութեան:

Ելեկտրականութեան հաշուեցոյցերը՝ ընկերային աղէտի ազդանշան

Այսինքն՝ աւելի սուղ վառելանիւթը միայն աւելի սուղ ելեկտրականութիւն չի նշանակեր։ Ան կը նշանակէ աւելի սուղ ապրուստ։ Ահա թէ ինչո՛ւ վառելանիւթի միջազգային տագնապը Լիբանանի մէջ կրնայ շատ աւելի ծանր հետեւանքներ ունենալ, քան այն երկիրներուն մէջ:

Ելեկտրականութեան հաշուեցոյցերը՝ ընկերային աղէտի ազդանշան

Այսինքն՝ աւելի սուղ վառելանիւթը միայն աւելի սուղ ելեկտրականութիւն չի նշանակեր։ Ան կը նշանակէ աւելի սուղ ապրուստ։ Ահա թէ ինչո՛ւ վառելանիւթի միջազգային տագնապը Լիբանանի մէջ կրնայ շատ աւելի ծանր հետեւանքներ ունենալ, քան այն երկիրներուն մէջ:

Մինչ մուղամը կը յաղթէ Կոմիտասին, մենք թրքական տաբատներուն դէմ կը պայքարինք

Բայց չե՞նք կրնար հասկնալ, որ ազգային ինքնութիւնն ու ազգային արժանապատուութիւնը պէտք չէ ստորացնել ու հասցնել տաբատի եւ կաթսայի մակարդակին։ Եւ պէտք չէ, մէկ կողմէ, բերաննիս փրփրած՝ թուրքը ոչնչացնելու ցանկութեան մասին աղաղակենք...

ԱԻ-ն գրեց, դուն ստորագրեցիր. ո՞վ է հեղինակը

Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) գործիք մը, ինչպէս ChatGPT-ն, քանի մը երկվայրկեանի մէջ կրնայ յօդուած գրել, պատմուածք շարադրել, բանաստեղծութիւն մշակել, դասախօսութիւն պատրաստել, ուսումնասիրութեան կառոյց առաջարկել, նոյնիսկ ամբողջ գիրքի մը գլուխները գրել:

Հարսանիք Հայրենիքի մէջ. աշխարհատարած հայեր՝ դարձեալ միասին

Վերջին տասնամեակին Հայրենիքը հետզհետէ աւելի դարձած է աշխարհատարած հայութեան հանդիպման եւ միացման վայրը։ Աշխարհի տարբեր երկիրներէն հայեր կու գան Հայաստան՝ միանալու իրենց հարազատներուն եւ բարեկամներուն, միասին ապրելու յիշատակելի պահեր։

«Քանի՞ հայ կայ աշխարհի մէջ». The Global Armenian Nation

Աշխարհի վրայ հայերու թիւը այսօրուան դրութեամբ ոչ ոք կրնայ բացարձակ վստահութեամբ ըսել։ Ոչ թէ որովհետեւ տեղեկութիւն չկայ, այլ որովհետեւ իւրաքանչիւր երկիր հայը տարբեր կերպով կը տեսնէ կամ քաղաքացիներու արձանագրութեան տարբեր ձեւեր որդեգրած է։

«Խաբուած» — “Rigged”. Մեր Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչը

Մինչ մտաւորականները կը վիճէին, թէ ո՞ր մէկ հայերէնը ընդունելի էր տպագրութեան մէջ գործածուելու համար, հազարաւոր հայեր՝ երկու կամ երեք սերունդներ, նոյնիսկ աւելի, այս Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչին միջոցաւ սորվեցան հայերէնը:

Փրկե՞լ, թէ՞ վերակառուցել․ դպրոցը, ուր պիտի ուզէ յաճախել վաղուան հայ երեխան

Ուրեմն պատերազմը վերջացաւ, բայց նահանջը՝ ոչ։ Եթէ հայկական դպրոցներու անկումը միայն պատերազմի հետեւանք ըլլար, խաղաղութեան վերադարձէն ետք, համակարգը պէտք էր կայունանար։ Այդպէս չեղաւ։

Կը հասկնա՞ք, հայե՛ր. մենք պարզապէս զիրար չենք սիրեր, բայց կը սիրենք այդպէս մնալ

Լաւ, ամէն պարագայի, կրնանք նոր խնդիրներ առաջ քշել, խօսիլ տասնեակներով հին ու նոր խնդիրներու մասին, բայց էականը այն է, որ վիճակը վատ է, շատ բան վատ է, սիրելի՛ հայրենակիցս, ո՛ւր ալ գտնուիս։ Կը հասկնա՞ս՝ վատ է, վա՛տ։ Եւ վատ է, որովհետեւ մե՛նք ենք, որ թոյլ կու տանք այդ բոլորին։

«Թոյլ պիտի տա՞նք, որ փողոցը լինի մեր ազգային գործերին ուղղութիւն տուողը»

Թոյլ պիտի տա՞նք, որ փողոցը լինի մեր ազգային գործերին ուղղութիւն տուողը: Պատուաբեր չի լինիլ մեզ համար, եթէ նորից կրկնենք այն սխալները: Անհրաժեշտ է հետզհետէ հող պատրաստել և ազգային-եկեղեցական ընդհանուր ժողով գումարել...

ՄԵՐ ԳԻՏՑԱԾ «ԼԻՏԸՐ»-Ը

Ինծի համար ղեկավարը այն մարդն է, կամ՝ անհատը, որ իր աշխատանքը չի սահմանափակեր աթոռին վրայ նստած սոսկ հրահանգներ արձակելով, այլ՝ իր կեանքի օրինակով եւ գործով, իր ծրագիրներուն, իր քայլերուն հետեւող իր ժողովուրդը, իր համակիրները, իր «խումբը», իր պատկանած միութիւնն ու կազմակերպութիւնը կ՛առաջնորդէ միասնական:

Նոր առաջնորդնե՞ր, թէ՞ նոր հաստատութիւններ. Միսաք Օհանեանի դիտարկումներուն առիթով

«Ապագայի առաջնորդները ապսպրանքով չեն ծնիր» խորագրով մեր յօդուածին առիթով, «Տարբերակ»-ի ընթերցողներէն Միսաք Օհանեան խմբագրութեանս կը ներկայացնէ երկու դիտարկում, որոնք արժանի են ուշադրութեան եւ կը հարստացնեն քննարկումը։

Սահակեանի՞ փակումը, թէ՞ փակուող ապագան

Բայց դպրոցը միայն պատ չէ․ անիկա շէնք ալ չէ։ Դպրոցը նաեւ անցեալն ու ապագան, հին ու նոր սերունդները կապող կարեւոր կամուրջ մը կը հանդիսանայ։ Երբ դպրոց մը կը փակուի, իրականութեան մէջ դուռ մը կը փակուի ապագային առջեւ։

Ապագայի առաջնորդները ապսպրանքով չեն ծնիր

Երբ համայնքի մը մէջ սկսի ղեկավարութեան պակաս զգացուիլ, առաջին բացատրութիւնը գրեթէ միշտ նոյնն է. «Երիտասարդները այլեւս չեն հետաքրքրուիր»։ Այս նախադասութիւնը այնքան յաճախ կը կրկնուի, որ գրեթէ անվիճելի ճշմարտութիւն կը թուի։ Բայց արդեօ՞ք միայն այդ է պատճառը:

Երբ զոհաբերութիւնը կը դառնայ կանոն. Սփիւռքահայ արուեստագէտի տագնապը

Հանրածանօթ երգիչ, դերասան Վիգէն Դարբինեան հետագայ հարցումը կ'ուղղէ հանրութեան. «Արուեստասէր մը, արուեստագէտ մը, արուեստով զբաղուող մը, մտաւորական մը, մշակոյթի գործիչ մը պէ՞տք է ունենայ ծառայասիրութիւն վասն ոչինչի ու դառնայ մուրացկա՞ն»։

Խմբագրատունէն դէպի անհատական հարթակ․ հանրային խօսոյթի նոր ուղիներ

Առաջին անգամ ըլլալով, անհատ մը կրնար գրել, հրապարակել, մեկնաբանել եւ ընթերցողներ գտնել՝ առանց խմբագրական մեծ կառոյցի, տպարանային ծախսերու կամ լրատուական հաստատութեան մը հովանաւորութեան։ Շատեր այս փոփոխութիւնը ընկալեցին որպէս տեղեկատուութեան ժողովրդավարացում։

Ժառանգութի՞ւն, թէ՞ փոխ առնուած տուն. մեր պատասխանատուութիւնը երկիր մոլորակին հանդէպ

Բայց երբ մեր մոլորակին կը նայինք, դժուար է չհարցնել, թէ արդեօք մենք ճիշդ կը վարուի՞նք այս տան հետ։ Վերջին տասնամեակներուն կլիմայական փոփոխութիւնը վերածուած է համաշխարհային մտահոգութեան։

Սփիւռք եւ Հայաստան. շարունակելով քննարկումը

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Քանատայի մեր յարգարժան ընթերցողներէն՝ պրն. Վիգէն Լ. Ադդարեանին, իր մանրակրկիտ եւ մտածել տուող նամակին համար։ Անոր դիտարկումները կարեւոր լրացում կը հանդիսանան «Սփիւռք եւ Հայաստան․ մրցակիցնե՞ր, թէ՞ ռազմավարական գործընկերներ» յօդուածին շուրջ սկսած քննարկման:

Սփիւռք եւ Հայաստան․ մրցակիցնե՞ր, թէ՞ ռազմավարական գործընկերներ

Պետութիւնները չեն ծաղկիր ու զարգանար միայն իրենց ներքին կարողականութեամբ եւ ուժով։ Անոնք կը յենին նաեւ արտաքին կապերու, գիտելիքի, փորձառութեան եւ միջազգային ազդեցութեան վրայ։ Իսկ հոս է, որ սփիւռքը կրնայ դառնալ Հայաստանի մեծագոյն ռազմավարական առաւելութիւններէն մէկը։