«Կ’աշխատիմ անցեալը մոռնալ եւ գալիքին նայիլ»

May 5, 2022

1.–Մի՛ ըսէք ու գրէք՝ ասիկա, ատիկա, անիկա,

Որոնք  ռամիկ են ու խժալուր:

Այլ ըսէք ու գրեցէք՝ այս, այդ, այն, սա, ան…

          —Մի՛ ըսէք ու գրէք՝ օրուընէ, մահուընէ, տարուընէ,

Որոնք  խորթ ու ժամանակավրէպ են այլեւս:

Այլ ըսէք ու գրեցէք՝ օրէն, մահէն, տարիէն

  1. Ընթերցողներս պէտք է յիշեն, թէ օրին քանիցս անդրադարձած եմ Աստուածաշունչի աշխարհաբար տարբերակի հնաբանութիւններուն ու խորթութիւններուն:

Միւս կողմէ՝ միշտ հիացումով մատնանշած եմ  անոր առաջին՝ 1853-ի արեւմտահայ աշխարհաբար թարգմանութիւնը, որ այն ատեն  տեղի ունեցաւ օրուան լաւագոյն հայագէտներու ձեռքով, որոնց գլուխը կանգնած էր ամերիկացի միսիոնար Իլիաս Ռիկզը, եւ բնաւ չափազանցութիւն չեմ նկատած  նորագոյն հրատարակութեան մը  (1981) յառաջաբանին մէջ արտայայտուած այն գնահատականը, թէ այդ թարգմանութիւնը իր օրին «լեզուական հրաշագործութիւն» մըն էր:

Այո՛, այդպէ՛ս էր, երբ կը բաղդատենք զայն նոյն տարիներուն լոյս տեսած թերթերուն, գիրքերուն, տեղեկագրերուն  եւ այլնի հետ:

Այս  իրողութեան դիմերեսը անուրանալի է:

Բայց կայ անոր դարձերեսը եւս:

Անկէ ի վեր արեւմտահայերէնը իր կարգին մեծաքայլ հրաշքներ գործեց,− պէտք կա՞յ թուարկելու  Վարուժանը, Թէքէեանը, Վահեանը, Նարդունին, Իշխանը, Թաշեանը եւ ուրիշներ,−  իսկ  Ռիկզի հովանաւորած թարգմանութիւնը մնաց հոն ուր էր, իր հնամենի ու անշնորհ ձորձերուն մէջ, երբեմն արձանագրելով շատ աննշան ու անբաւարար բարեփոխումներ, բայց նաեւ… անտեղի ու ձախող վերանայումներ:

Այդ հրատարակութիւնը երբեք ալ չյաջողեցաւ քայլ պահել իր ժամանակին հետ:

Մէկ կողմէ զայն հովանաւորող «Աստուածաշնչական միացեալ ընկերութիւնը» չունէր  ձեռնհաս անձնակազմը, միւս կողմէ Աստուածաշունչի  ուրոյն հանգամանքը  ձեւով մը կը թելադրէր, որ շատ չխաղցուի անոր լեզուական շէնքով:  Այլ հարց թէ նոյնքան  ճիշդ է, որ  Աստուծոյ խօսքը իր նորագոյն ու արդիական  տարազով հաւատացեալին մատուցումը օտարներու մէջ եղած է նոյնանման  հրատարակութիւններու  հետեւողական մտասեւեռումը:

Այդպէս էր նաեւ մեր առաջին մատենագիրներունն ու թարգմանիչներունը:

Ահա այս կացութեան լուծոււմ  մը  տալու հոգէն  ալ մղուած՝ շուրջ երկու տասնամեակ առաջ յառաջացաւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան միացեալ յանձնախումբ մը, որ բաղկացած էր աւետարանական եւ առաքելական  անդամներէ. առաքելական համայնքի ներկայացուցիչն էր անոր  արժանաւորագոյն  զաւակներէն Զարեհ սրբզ. Ազնաւորեանը:

Այս նախաձեռնութեան տուն տուող այլ մանրամասնութիւն կը պակսի ինծի:

Գործը մեծ հետեւողականութեամբ առաջ տարուեցաւ, եւ ի վերջոյ ծնունդ առաւ Նոր կտակաանի արդի թարգմանութիւնը: Սուրբգրային բնագրերու իրազեկ ազգայիններ մեծապէս գնահատեցին այս աշխատանքը, որ շուտով հրատարակութեան տրուեցաւ Կիլիկեան աթոռի տպարանէն եւ հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրուեցաւ  ըստ ձեւի ու բովանդակութեան շատ յաջող ու գրաւիչ հատոր մը:

Այդ յանձնախումբը  կը պատրաստուէր Հին կտակարանի թարգմանութեան  եւս, երբ անողոք հիւանդութիւնը զգետնեց  Զարեհ սրբազանը: Եւ կարծես երթը ատով ալ կանգ առաւ:

*   *   *

Այս բոլորին վերյուշն ու անդրադարձը հետեւանքն է դոկտ. Հրայր Ճեպեճեանի վերջերս լոյս ընծայած մէկ շահեկան յօդուածի,− որ ի շարս այլոց լոյս տեսաւ նաեւ «Ազդակ»-ի մէջ («Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ»,15-4-2022),− բնաբաններէն մէկը, որ ահաւասիկ.

–«Ետեւի եղածները մոռցած եմ ու առջեւի եղածներուն կը դիմեմ» (Փիլիպեցիս, 3/13-14):

Ուղղակի շշմած էի:

Չէի հաւատար աչքերուս, որ 21-րդ դարուն թոյլատրելի ըլլար այսպիսի հայերէնով մը հրապարակ գալ՝ ի խնդիր աստուածաշնչական ինչ-որ պատգամի մը քարոզչութեան:

Այս ի՜նչ հայերէն է, ի՜նչ լեզու է եւ ի՜նչ պատգամ է…

Անշուշտ առաջին մտածումս եղաւ  բանալ գրաբար համապատախան համարը, որ է.

–«Զառ ի յետոյսն մոռացեալ է, եւ ի’ յառաջադէմսն  նկրտեալ եմ»:

Որուն թարգմանութիւնը բնաւ ալ մէջբերեալ անճոռնիութիւնը չէր կրնար ըլլալ:

Ու դիմեցի նաեւ Ազնաւորեան սրբազանի թարգմանութեան, որ ահաւասիկ.

Կ’աշխատիմ անցեալը մոռնալ եւ գալիքին նայիլ»:

Ահա ձեզի պարզ, բիւրեղի պէս մաքուր ու զուլալ միտք մը եւ հայերէն մը:

Աստուծաշունչին ու գրող առաքեալին արժանի լեզու մը:

Շատ կիրթ թարգմանութիւն մըն ալ ունի Զմմառու միաբան Մեսրոպ վ. Ճուրեան.

–«Մոռնալով անցեալը, ես կը ձգտիմ դէպի առաջ՝ պրկուած ողջ էութեամբս»:

Կը մէջբերեմ  նոյնին ֆրանսերէն ու անգլերէն թարգմանութիւնները եւս:

–«Oubliant les choses qui sont derrière et tendant avec effort vers celles qui sont devant».

–«Letting go those things which are past, and stretching out to the things which are before».

          Նկատելի է որակական այն ցաւագին ապաշնորհութիւնը, որ այս այլազան մեկնաբանութեանց  մէջ յատուկ է աշխարհաբար սկզբնական թարգմանութեան:

*   *   *

Հիմա  պաշարուած եմ շատ  մռայլ միտքով  մը:

–Ինչո՞ւ Ճեպեճեան  իր մէջբերումը աշխարհաբար  նոր թարգմանութենէն չէ  կատարած՝ շատ լաւ գիտնալով հանդերձ այս վերջինին անվիճելի առաւելութիւնը, ու  կառչած է  հին ու ժամանակավրէպ թարգմանութեան:

Ենթադրելի է, որ գոյութիւն  ունեցած է ինչ-որ անշրջանցելի   խրամատ մը ի մէջ Աստուածաշնչական միացեալ  ընկերութեան, որուն  մէկ բարձրաստիճան պաշտօնեան է  ինք, եւ այն  յանձնախումբին, որուն մաս կը կազմէր Ազնաւորեան սրբազանը, եւ այն աստիճան, որ ան  մերժած է  ճանչնալ նոր թարգմանութեան վաւերականութիւնը:

Այլապէս եթէ  Ճեպեճեան նման հակադրութենէ մը կաշկանդուած չըլլար, ապա անվարան պիտի որդեգրէր  Ազնաւորեան սրբազանի բնագիրը եւ անոր վրայ հիմնէր իր յղումները[1]:

Տխուր, շատ տխուր կացութիւն մըն է այս, ուր մենք չենք յաջողիր  նոյնիսկ սուրբգրային մակարդակի վրայ իսկ ցանկալի միութեան մը հասնիլ հոն, ուր ակնկալելի էր, որ Աստուածաշունչի միացեալ ընկերութիւնը որդեգրէր այս նոր թարգմանութունը՝ կամաց-կամաց  հրաժարելով  հինէն եւ շրջանառութենէ վերցնելով անոր  խանգարիչ օրինակները: Միւս կողմէ քաջալերէր, որ յառաջանայ   նոյնօրինակ մէկ թարգմանութիւնը  Հին կտակարանի եւս: Այս պիտի ըլլար աստուածահաճոյ ու  ճիշդ կողմնորոշում մը, որ տեղի չէ ունեցած:

[1] Յատկանշական է, որ Վատիկանի ռատիոկայանի հայերէն բաժանմունքը ա՛յս թարգմանութեան հետեւողութեամբ կը կատարէ    իր յղումներն ու կ’ընտրէ իր բնաբանները:

0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x