Featured - Page 5

Լիբանանահայ արժէքներ. Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը

Մեր այսօրուայ podcast-ին հիւրն է լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը, որ իր երաժշտական ուղիով կը համադրէ կատարողական արուեստը, մանկավարժութիւնը եւ հայ մշակոյթը։ Իր գործունէութեամբ, ան ոչ միայն կը ներկայանայ որպէս բեմական արուեստագիտուհի, այլեւ որպէս ձայնի մշակման եւ փոխանցման գործին մէջ ներգրաւուած մանկավարժուհի մը, որ իր փորձառութիւնը կը բաժնէ նոր սերունդին հետ։ Այս զրոյցին ընթացքին պիտի փորձենք բացայայտել Թորոսեանի արուեստի ուղին եւ խորքային այն ընկալումները, որոնք կը ձեւաւորեն երգիչի մը ինքնութիւնը, ձայնին հետ ունեցած յարաբերութիւնը, եւ ընդհանրապէս արուեստին դերը մեր ժամանակներուն մէջ։

Ո՞ւր սորվեցանք չտեսնել. հայեացքի ու մարմնի վրայ կառուցուած իշխանութիւն

Աշխարհը ցնցող նոր ճգնաժամերուն դիմաց Էփսթինի դատին վերադառնալը կրնայ ոմանց աւելորդ թուիլ։ Սակայն երկու շաբաթ առաջ մեր սկսած յօդուածաշարքը միայն քրէական գործը քննարկելու չէ, այլեւ կը միտի հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կը կառուցուին մեր տեսնելու եւ չտեսնելու եղանակները։

Ճէֆրի Էփսթինի դատին նայելով, յաճախ նոյն հարցը կու տանք՝ «Ինչպէ՞ս տարիներ շարունակ ոչ ոք տեսաւ կատարուածը»։ Թերեւս հարկ է հարցնել աւելի դժուար հարցումը՝ ո՞ւր սորվեցանք չտեսնել։

Այս հարցումին պատասխանը կարելի չէ միայն փնտռել օրէնքներու, քաղաքականութեան կամ մամուլի մէջ,— պատասխանը կրնայ գտնուիլ նաեւ գրականութեան, մշակութային կանոններու եւ «բարձրագոյն արուեստ»-ի դրօշի տակ շրջանառութեան մտած գրութիւններու մէջ. արդ, մշակոյթը միայն պատմութիւն չի պատմեր, այլ նաեւ նայելու եղանակներ կ՚արտադրէ, կը սորվեցնէ ի՛նչ բաներու կրնանք նայիլ, ի՛նչ բաներու վրայէն արագ անցնիլ, եւ ի՛նչ բաներ «չափազանց զգայուն» համարելով՝ անյարմար կը նկատուին։

Վլատիմիր Նապոքովի «Լոլիդա»-ն այս երեւոյթին ամէնէն յայտնի օրինակներէն մին է։ Փոքրիկ աղջկայ եւ չափահաս տղամարդու միջեւ յարաբերութիւնը յաճախ կ՚ընթերցուի գեղագիտական հեռաւորութեան, հեգնական պատմողի կամ «բարդ մտքի» քօղի պրիսմակէն։ Չի սպասուիր, որ ընթերցողը անհանգստանայ, այլ՝ հասկնայ. հասկնայ, նոյնիսկ՝ հիանայ։ Ճիշդ հոս է, որ խնդիրը կը սկսի։ Այս պատմութիւններուն կեդրոնին չի գտնուիր մանկահաս աղջկան փորձառութիւնը։ Պատմութիւնը կ՚ընթանայ չափահաս մարդուն գիտակցութեան ճամբով։ Աղջիկը չի խօսիր. եւ եթէ նոյնիսկ խօսի՝ չի լսուիր. անոր մարմինը կը դառնայ ուրիշին ներաշխարհը խորացնող գործիք մը։ Այսպիսով, գրականութիւնը կը բնականոնացնէ հայեացքի ուղղութիւնը՝ առանց բացայայտօրէն պաշտպանելու բռնութիւնը։ Ո՞վ կը նայի, ո՞վ կ՚երեւի, որո՞ւ բարդութիւնը կարեւոր է։

Ռէպէքա Սոլնիթի 2015-ի «Մեն Էքսփլէյն Լոլիդա դու մի» (Տղամարդիկ ինծի կը բացատրեն Լոլիդան) յօդուածը ճիշդ այս կէտը կը մատնանշէ։ Խնդիրը միայն վէպի բովանդակութիւնը չէ, այլ վէպին ինչպէ՛ս հովանաւորուած ըլլալն է։ Սոլնիթ կը պատմէ, որ տակաւին երիտասարդ հասակին կարդացած է Նապոքովի վէպը եւ ինքզինք բնականաբար նոյնացուցած է Լոլիդային հետ։ Այնուամենայնիւ անդրադարձած է, որ պատմութիւնը բնաւ իսկապէս Լոլիդային չէ պատկանած։ Պատումը միշտ ալ եղած է յանցագործին ձեռքը։ Այս գրական կառոյցը հասարակական արձագանգ մը կ’արտադրէ՝ ոճրագործը կը պատմէ, զոհը կը ներկայացուի:

Նման կառոյց մը տեսնուի Էփսթինի դատին մէջ։ Կան վերապրող կիներ, որոնք ունին վկայութիւններ, սակայն պատումը հազուադէպօրէն կը կառուցուի անոնց շուրջ։ Պատմութիւնը դարձեալ տղամարդոց շուրջ կը դառնայ՝ ո՛վ որո՛ւ հետ կապ ունէր, ո՛վ ի՛նչ թաքցուց, ո՛վ ինչպէ՛ս պաշտպանուեցաւ։ Նոյնիսկ երբ կանանց ձայները լսուին, անոնց վկայութիւնները յաճախ զգացական պոռթկումի վերածուած կը ներկայացուին։ Ուստի, փոխան խօսող ենթակայի՝ դուրս կու գայ «խելագարուած զոհ»-ի կերպարը։

Եւ հաւանաբար այդ կուրութեան ամէնէն ուշագրաւ խորհրդանիշներէն մէկը «Լոլիդա էքսփրես» օդանաւն էր։ Ինչպէ՞ս կարելի է այսքան հեղինակաւոր չափահասներ՝ առեւտրականներէ մինչեւ քաղաքագէտներ, ակադեմիկոսներէ մինչեւ գիտնականներ, նստին նման անուն կրող օդանաւի մը մէջ՝ առանց երբեւէ հարցում մը ուղելու անոր մասին։ Փոքրիկ աղջկայ մը անունը կրող այս օդանաւը սարսափելի խորհրդանիշ մըն էր, թէ որքա՛ն բնականոնացուած դարձած է հայեացքի ռազմավարութիւնը։

Վերոնշեալ հարցին խնդիրը անցեալի գրականութիւնը ջնջելը չէ, այլ այս գրութիւններուն հետ մեր ժառանգած կուրութիւններուն գիտկացիլն է։ Ո՞ր լռութիւնները բնական համարուեցան, ո՞ր անհանգստութիւնները ճնշուեցան «Բարձրորակ արուեստի» անուան տակ։

Հոս վճռորոշ տարրը հայեացքի ռազմավարութիւնն է: Հայեացքը անմեղ չէ: Ռազմավարութիւնը կ’որոշէ որո՛ւ հայեացքը արտօնուած է, որո՛ւ հայեացքը օրինական է եւ որո՛ւ մարմինը շրջանառութեան առարկայ կը դառնայ: Էփսթինի դատին մէջ կարգ մը մարմիններ միայն տեսանելի չեն դառնար, այլ կը դրուին շրջանառութեան մէջ՝ պատմութիւններու, լուսանկարներու, շշուկներու եւ փաստաթուղթերու ճամբով:

Ինչպէս Ռէպէքա Սոլնիթ Էփսթինի մասին իր գրած այլ յօդուածի մը մէջ կը նշէ, այս կառոյցը պարզապէս «բռնաբարութեան մշակոյթ»-ի պատկանող ախտ մը չէ, այլ մաս կը կազմէ պատմական երկար շարունակականութեան: Ոճրագործի վերահսկողութիւնը պատմութեան նկատմամբ, զոհի ձայնին պիտակումը իբրեւ կասկածելի կամ չափազանցուած, իսկ մարմիններու յայտնուիլը որպէս ներկայացման առարկայ քան վկայութիւններ՝ արդի մամուլի յատուկ երեւոյթ մը չէ: Անոնք բռնութենէն ետք գոյացող ընկերութիւններու մէջ տարբեր ձեւերով կրկնուող օրինաչափեր են:

Այս հայեացքի ռազմավարութիւնը միայն սեռականութեան ընդմէջէն չի բանիր: Ինչպէս Էլիզ Սեմերճեան իր «Ռեմնընթս» (Մնացորդաց) գիրքին մէջ ցոյց կու տայ, հայ կանանց մարմինները 1915-էն նոյնանման ռազմավարութեան մը ենթարկուած էին: Մարմինները, որոնք վերապրած էին բռնագաղթը, բռնի կրօնափոխութիւնն ու բռնութիւնը, դարձան թէ՛ բռնութեան վկաներ եւ թէ անոր լուռ կրողներ: Այս մարմինները չեն խօսիր: Այս մարմիններուն մասին կը խօսուի:

Այս պատմական փորձութիւնը կարեւոր կէտ մը կը սորվեցնէ մեզի՝ հայեացքի ռազմավարութիւնները ոչ միայն սեռական, այլեւ քաղաքական եւ էթնիկ բնոյթ ունին: Որո՞նց մարմինները կը պաշտպանուին եւ որո՞նց մարմինները շրջանառութեան մէջ կը դրուին: Որո՞նց պատմութիւնները կը պատմուին եւ որո՞նց պատմութիւնները արխիւներու լուսանցքին մէջ կը մնան: Էփսթինի դատին պարագային փաստաթուղթեր կը հրապարակուին եւ անուններ կը բացայայտուին, բայց պատմութիւնը տակաւին կը դառնայ ազդեցիկ մարդոց շուրջ: Հայրիշխանութիւնը կը դողդղայ ոչ միայն երբ իրաւական օրինաչափերը կը բանին, այլ նաեւ երբ հայեացքը կը կորսնցնէ իր հակակշիռը:

Թերեւս այսօր մեր հարցնելիք հարցումը պէտք է ըլլայ՝ գրականութեան եւ մշակոյթին մեզի սորվեցուցած ինչպիսի՞ անարդարութիւններ անտեսանելի դարձած են հիացմունքի ձեւերու տակ: Քանի որ կարգ մը լռութիւններ պատահական չեն, անոնք մշակութապէս կառուցուած են. եւ առանց այս լռութիւններու դէմ դնելու, չենք կրնար իսկապէս հասկնալ Էփսթինի նման դատերը եւ ոչ ալ կը կարենանք կանխարգիլել յաջորդ լռութիւնը:

Այլին Վարդանեան

Թարգմանութիւն՝ Արազ Գոճայեանի

Լոյս տեսած է Ակօսի մէջ

 (Սոյն յօդուածը լոյս տեսած է  20 Մարտ 2026 –ին, Պոլսոյ «Ակօս»-ի մէջ, Բարռեսիա Գոլէքթիվի երկշաբաթեայ «Բարռեսիաբար» սիւնակին մէջ)

Պատերազմը վերջացա՞ւ…

Արմէն միշտ ալ շուտ կը նկատէր։
Ոչ միայն արտաքին մանրուքները՝ լոյսին փոփոխութիւնը, ձայներուն մարումը, կամ սենեակին մէջ յամեցող լռութիւնը, այլեւ աւելի նուրբ բան մը՝ այն, որ հոգիին մէջ կը շարժէր՝ աննշմարելիօրէն, բայց անխուսափելիօրէն։
Այդ առտու ալ եկած էր։
Արմէն նստած էր մահճակալին ծայրը, առանց յստակ ուղղութեան մը նայելու։
— Ո՛չ այսօր,— մրմնջաց ան։
Ան կը ճանչնար ժամանողը։ Գիտէր անոր անունը, ձեւը կը տարբերէր, պատճառներուն մասին շատ մտածած էր։ Ոչ մէկ շփոթ։ Նոյն ծանրութիւնն էր, նոյն թուլութիւնը, նոյն հոգնածութիւնը, երբ ժամացոյցին սլաքը կը թուէր սառած, եւ պահը՝ անվերջանալի։
Ան յանկարծ կանգ առաւ։
— Կը հասկնամ,— ըսաւ բարձր։
Կարծեց, թէ բաւարար էր այդ ։ Կը թուէր, թէ գիտակցութիւնը արդէն հեռացուցած էր զայն: Բայց այցելուն տեղէն չշարժեցաւ։

Պատերազմը վերջացած էր։
Բայց ոչ ամէն բան։

Կէսօրին ան հանդիպեցաւ Լեւոնին։
— Կարծես մէկուն հետ կը վիճիս,— ըսաւ Լեւոն, կամաց մը սուրճը բերնին մօտեցնելով։
— Կը վիճիմ,— պատասխանեց Արմէն։ — Եւ կը պարտուիմ։
— Ի՞նչի շուրջ։
Արմէն կարճ ժամանակ մը լուռ մնաց։
— Կը տեսնեմ, կը հասկնամ, չեմ ուզեր… բայց կը մնայ։
Լեւոն գլուխը թեթեւօրէն շարժեց։
— Կը կարծես, թէ պէտք է երթա՞յ, որովհետեւ դուն կը մերժե՞ս զայն։
— Իսկ ուրիշ ի՞նչ ընեմ,— ըսաւ Արմէն, քիչ մը կտրուկ։
Լեւոն չշտապեց պատասխանելու։
— Դուն զայն որպէս միտք կը տեսնես,— վերջապէս ըսաւ։
— Իսկ այդպէս չէ՞։
— Չէ՛։ Ան վիճակ մըն է։
Արմէն լուռ մնաց։
— Անձրեւին հետ ալ կրնաս վիճիլ,— շարունակեց Լեւոն։ — Բայց ան չի դադրիր տեղալէ։
Պահ մը լռութիւն տիրեց։
Դուրսը մարդիկ կը շարժէին, խօսքեր կը խառնուէին, բաժակներ կը զարնուէին։ Ամէն ինչ կը շարունակուէր՝ գրեթէ անհանդուրժելի բնականութեամբ։
— Ուրեմն ի՞նչ,— հարցուց Արմէն։
Լեւոն նայեցաւ դիմացի դատարկ աթոռին։
— Պատկերացուր, որ հո՛ն է,— ըսաւ։
Արմէն ակամայ նայեցաւ աթոռին։
— Եւ ի՞նչ։
— Մի՛ փորձեր զայն ճամբել։ Թող մնայ հոն… բայց մի՛ ձգեր, որ ինք որոշէ ամէն ինչ։
— Նո՛յն բանն է։
— Չէ՛,— ըսաւ Լեւոն։ — Մէկը պայքար է։ Միւսը՝ շարժում։

Երեկոյեան Արմէն տուն վերադարձաւ։
Անկոչ հիւրը նորէն եկաւ:
Արմէն կանգնեցաւ սենեակին մէջտեղը։ Պահ մը, ներքին վէճը սաստկացաւ. նստիլ, մտածել, փնտռել բացատրութիւն մը, մինչեւ որ ամէն ինչ յստակ դառնայ։
Ան գրեթէ տեղի պիտի տար։
Բայց յանկարծ կանգ առաւ։
— Լա՛ւ,— ըսաւ ցած ձայնով։ — Մնա՛։
Խօսքը օտար հնչեց։ Ոչ յանձնուիլ էր, ոչ ընդունիլ։
Ան վերցուց բաճկոնը եւ դուրս ելաւ։

Օդը աւելի զով էր, քան կը սպասէր։
Ան քալեց։ Սկիզբը՝ աննպատակ, ապա՝ քիչ մը աւելի հաստատ։ Փողոցները ոչ խճողուած էին, ոչ ալ դատարկ։ Բաւարար՝ զգալու, թէ շարժում կայ։
Այցելուն չմեկնեցաւ:
Բայց անոր սահմանը կարծես փոխուեցաւ։
Ան տակաւին հոն էր, բայց այլեւս միակը չէր:

Օրեր անցան։
Նոյն ձեւը կրկնուեցաւ՝ զգացումը, գիտակցութիւնը, մերժումը։
Բայց բան մը փոխուած էր։
Արմէն այլեւս երկար չէր վիճեր։
Ան աւելի շուտ կը նկատէր։
Երբեմն, միայն երբեմն, կը շարժէր նախքան այցելուին ճնշիչ ներկայութեան շիջումը։
Ոչ թէ որովհետեւ աւելի լաւ կը զգար։ Այլ որովհետեւ այլեւս չէր սպասեր, որ զգայ։

Օր մը, դարձեալ սրճարանը նստած էր։
Լեւոնը ուշացած էր։
Արմէն առանձին նստած էր՝ դուռը դիտելով։
Այցելուն դարձեալ վերադարձած էր՝ մեղմ, բայց ծանօթ։
Այս անգամ, ան գրեթէ ժպտեցաւ։
— Կրնա՛ս նստիլ,— մրմնջաց։

Դիմացի աթոռը մնաց պարապ։
Բայց այս անգամ՝ կարեւոր չէր։

Վ. Թէնպէլեան

ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ

(Մեր գոյակցութեան անտեսուած կանչը)

Հրովարտակ մը հսկայ
          մեծ կնիքով
          մեծապաստառ եւ ոսկետառ բառերով
          լուսապայծառ տողերով
          յայտարարեց՝ որ պիտ՛ շինենք
                    մեր ՏՈՒՆԸ․․․

Եւ եկանք մենք ազգովին՝
          ճարտարապետ, գրագէտ,
          քաղաքագէտ, պատմագէտ,
          ամէնագէտ եւ տգէտ․․.
                    երազ ՏՈՒՆԸ շինելու։

Մենք ուզեցինք կառուցել աշխարհի հրաշալիքը վերջին,
          որուն պիտ’ նախանձէին
                    եօթ գեղերը աշխարհի․․․

Եւ ճախրեցանք ազգովին․․․
Թափառեցանք մենք երկիրներուն օտարին
եւ գծեցինք քարտէզներու նոր եզրեր,
          փնտռեցինք արդիական
                    շինանիւթերը բոլոր․․․

Պատրաստ էինք։

Եւ զրահուած՝
          ինքնահաւան եւ դարաւոր հմայքով,
          պատուիրեցինք աղիւս, սիւներ եւ սոսինձ։

Աղիւսն առինք
          փոխարէնը մեր ինքնութիւնը տուինք։
Կուռ պողպատէ սիւներն առինք
          վաճառելով․․․ մեր հողը․․․
Սոսինձն առինք
          վճարելով՝
                    մեր լեզուն
                    պայքարելու մեր ոգին
                    եւ պատմութեան մեր արժէքներն դարաւոր․․․

Արիւն-քրտինք մենք մտանք
          քաղաքագէտ, պատմագէտ,
          բանիմաց եւ սին տգէտ
          հնարամիտ, պարապմիտ․․․

Եւ տքնեցա՛նք, տքնեցա՛նք․․․
Կառուցեցինք օրն ի բուն՝
          հրաշագեղ կառոյց մը
          սին մտքերով փոսոտած ․․․

Աւարտեցինք մեր ՏՈՒՆԸ․․․

Հպարտ էինք՝ հիացա՜ծ այս կառոյցով աւարտած։
Տուած էինք աշխարհին հրաշալիքը վերջին։

Բայց…
          երբ հեռուէն նայեցանք․․․
          տեսանք
          մեր ՏՈՒՆԸ․․․
                    ԾՈ՜ՒՌ է․․․

Ծռած վիզով նայեցանք․․․
          Եւ հմայուած մեր գործով,
          հպարտութեամբ մը կուրցած,
          զարդարանքով շպարուած,
         շեփորները ժանգոտած
          հպարտութեամբ մենք շալկած,
          խախտած, հիւանդ հաւատքով
          ծանուցեցինք աշխարհին՝
          «Աշխա՛րհն է ծուռ․․․
               իսկ մեր ՏՈՒՆԸ․․․
                    միա՛կ շիտակ կառոյցը․․․»

Իսկ մեր ՏՈՒՆը,
          -ՏՈՒՆԸ ՄԵՐ ՍՈՒՐԲ-
          նայեցաւ լուռ
               մե՜զ՝
                    զինք կառուցող հէ՜գ մարդկա՛նց։

Խոկա՛ց, լացա՛ւ․․
          եւ արցունքներն սրբելով
                    մրմնջեց․
                    «Հէ՜ք զաւակներս կորուսեալ,
                    նոյն դարաւոր յանկերգն է որ դեռ կ՛երգէք․․․
                    Օ՜ր մը, գիտե՛մ,
                    պիտ՛ արթննաք թմբիրէն ձեր մոլուցքին
                    պիտի գտնէք խորհուրդը ձեր գոյոյթին*
                    եւ այն ատեն
                    գտնէք լոյսոյթը* թաքուն
                              յաւերժութեան գաղտնիքին․․․
Ահ, ա՛յն ատեն,
                    Հոգեհատո՛ր զաւակունք,
                    ա՛յն ատեն ձեր կուռ, անսակարկ ՈԳԻՈՎ
                    կառուցեցէք ձեր ՏՈՒՆը
                              ԱՊԱԳԱ՛ՅԻ ԵՐԱԶՈՎ․․․։

Երդիքին տակ իմ տաքուկ
                    դուք բազմացէ՜ք, աճեցէ՜ք,
                    որ միասին, նո՜ր շունչով,
                    նո՜ր խորհուրդով,
                    երգենք երգը անվրդով
                    նո՛ր ու պայծա՛ռ դարերով ․․․

Դէ՛, արթնցէ՛ք թունաւոր ձեր թմբիրէն։
Չէ՛, մի՛ կրկնէք փոսոտած
                    յանկերգը հին դարերու։

Ես կ՛ըսպասե՛մ․․․
                    կ՛ըսպասե՜մ․․․
                    լուսապածառ այն օրուան
                    երբ դուք երբէ՛ք,
                    ծռած վիզով չնայիք իմ կառոյցին,
                    այլ հաւատքո՛վ, ինքնավստա՛հ ու հպա՛րտ
                    երգէք երգը, երգը ՆՈ՜Ր
                    վաղորդայնի դարերուն,
                    որ կը սպասէ ձեր գոյութեան լուսաւոր
                    երդիքիս տակ մենաւոր։

ԱՊԱԳԱՆ ՁԵ՛ՐՆ Է, ՈՐԴԵԱ՛ԿՔ,
                    ԵԹԷ ԴՈ՛ՒՔ ՁԵԶ ՃԱՆՉՆԱՔ ՝
                    ՁԵՐ ՍՈՒՐԲ ՀՈՂԻ ԿԱՆՉԻՆ ՄԷՋ․․․:
ՁԵՐ ՏՈՒՆԸ ՏՈՒՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ
                    ԵՐԲ ԴՈ՛ՒՔ, ՈՐԴԵԱ՛ԿՔ,
                    ՁԵՐ ԱՐՄԱՏԻՆ ՇՈՒՆՉՆ ԶԳԱՔ
                    ՇՈՒՆՉՈՎՆ ԱՊՐԻՔ․․․

ԱՀԱ ԽՈՀՈՅԹՍ* ՀԱՐԱԶԱՏ՝
                    ՄԵՐ ՍՈՒՐԲ ՀՈՂԻՆ ԸՆԴԵՐՔԷՆ
                    ԿԸ ԿՏԱԿԵՄ ՁԵ՛Զ, ՈՐԴԵԱ՛ԿՔ,
                    ՈՐ ԱԶԳՈՎԻՆ ՈՂՋՈՒՆԵՆՔ
                    ԱՅԳԱԲԱՑԵՐՆ ՅԱՒԵՐԺԻ։»

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
‘ՏՈՒՆԸ’ մտայղացուած է 1995-ին, վերայցելուած՝ 2026-ին։ *«գոյոյթ»ը՝ գոյին խորհուրդն է, «լոյսոյթ»ը՝ լոյսին, «խոհոյթ»ը՝ խոհին։
Այս նոր բառերը «Նոր Բառակազմութեան Համակարգ»էս են։
Գրիգորեան տոմար- Օր՝ 13, Ամիս՝ Մարտ, Տարի՝ 2026
Հայկեան տոմար- Օր՝ Ահրանք, Ամիս՝ Արեգ, Յամի՝ ՏՇԺԷ (4517)

 

Հայերը եւ քննական մտածողութեան (critical thinking) հրամայականը

Կասկածէ վեր է, որ որեւէ ընկերութեան կամ ազգի ողնայարը կը հանդիսանայ երիտասարդութիւնը։ Եթէ ընկերութիւն մը առողջ է, անպայման ունի երիտասարդութիւն մը, որ զայն կ՝առաջնորդէ դէպի յառաջդիմութիւն, ընկերային փոփոխութիւն եւ գաղափարական նուաճումներ։

Սակայն, երբ ընկերութիւն մը կը պարզէ հիւանդագին վիճակ մը, հիմնական պատճառներէն մէկը պէտք է փնտռել երիտասարդութեան դրսեւորած հոգեմտաւոր իրականութեան մէջ։ Երիտասարդութիւնը բնախօսական տուեալ չէ միայն․ ան նաեւ դաստիարակութիւն է, փոխանցում է, միջավայրի ձեւաւորում։ Անոր բնորոշ ըմբոստութիւնը եւ փոփոխութեան հակամէտ բնաւորութիւնը կրնայ դառնալ կառուցողական ուժ, բայց նոյնքան նաեւ՝ քայքայիչ, եթէ զայն չուղղուի եւ չխարսխուի առողջ արժէքներու վրայ։

Այս հոլովոյթին մէջ, պահպանողական եւ իշխանատենչ կառոյցները՝ պետական թէ կուսակցական մակարդակներու վրայ, բնականաբար կը հակադրուին մտածող եւ տեսլապաշտ երիտասարդութեան, որովհետեւ նման երիտասարդութեան մը գոյութիւնը ենթահողը կը պատրաստէ փոփոխութիւններու, յառաջդիմութեան, հաշուետուուական համակագի յառաջացաման եւ յեղաշրջումներու, որոնք բնականօրէն կը հակադրուին իշխանամոլական խաւարամտութեան եւ աւատապետական մաֆիականութեան: Այդ պատճառով ալ, իշխանամոլ եւ աւատապետական մտածողութիւնը յաճախ կը փորձէ չեզոքացնել կամ աղաւաղել երիտասարդութեան ներուժը։

Իսկ ի՞նչ վիճակ կը պարզէ հայ երիտասարդութիւնը մեր իրականութեան մէջ:

Հայ երիտասարդութիւնը, ինչպէս ամէն հասարակութեան մէջ, խորապէս կ’ազդուի իր շրջապատէն։ Հայաստանի անկախութենէն ետք ձեւաւորուած նոր իշխանատենչ եւ նիւթապաշտ միջավայրը զգալիօրէն ներգրաւեց երիտասարդութեան լայն շրջանակներ, որոնք աստիճանաբար որդեգրեցին նոյն արժէքային համակարգերը։ Սփիւռքը, իր կարգին, շատոնց ենթակայ էր նման միտումներու։

Այս հոսանքին կողքին, նշմարելի է նաեւ գոյութիւնը այլ հոսանքի մը, որ կը պահուըտի գաղափարին ետեւ, իր արարքները կ’արդարացնէ գաղափարով, բայց այս կեղծիքին ետեւ հիմնականօրէն առկայ է իշխանամոլութիւնը։ Այս հոսանքը նոյնքան այլասերող եւ ապաքաղաքականացնող իրավիճակ մը կը ստեղծէ, որովհետեւ կ՝արտադրէ տիպարներ, որոնք գաղափարականութիւնը աղարտելու կողքին, կը վարակեն ժխտականութիւն եւ վանողականութիւն՝ ապաքաղաքականացնելով հաւաքական կեանքը։

Այս բոլորին մէջ կայ սակայն գաղափարական առողջ երիտասարդութիւն մը, որ կը պայքարի պահելու համար իր առհաւական դիմագիծը։ Այս երիտասարդները, սակայն, ներկայ իրավիճակին մէջ կը ներկայացնեն փոքրամասնութիւն մը եւ իրապաշտ ըլլալու համար, առայժմ չունին քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական մեր կեանքը բարեփոխելու տուեալներ, որովհետեւ դէմ յանդիման կը գտնուին անպատասխան հարցադրումներսւ: Ինչպէ՞ս կենսաւորել տեսլապաշտութիւնը իշխանատենչական անբարոյութեան այս մթնոլորտին մէջ։ Տեսլապաշտութիւնը վերածել միջոցի՞, թէ՞ նպատակի։ Եթէ միջոց է, ինչպէ՞ս պայքարիլ հակառակ հոսանքի ահարկու զէնքերուն դէմ։

Այս հարցումները հայ երիտասարդութիւնը դէմ յանդիման կը դնեն հրամայականի մը՝ մտածողութեան եղանակի մը, քննական մտածողութեան զարգացման, որ ունի գիտական, վելուծական եւ հետաքննական հիմք ու լաւագոյնս կը պատշաճի ներազգային եւ միջազգային իրավիճակներուն, մասնաւորաբար համացանցի, ընկերային ցանցերու եւ ԱԲ-ի անհակակշիռ զարգացման մթնոլորտին մէջ: Պէտք է փոխենք մեր մտածելու ձեւը, ոչ թէ խորքը։ Մեր մտածելաձեւը պէտք է յարմարի 21-րդ դարու արհեստագիտական արագընթաց նուաճումներու հոլովոյթին, ինչու չէ տեսնելու, տուեալներ հաւաքելու, վերլուծելու եւ եզրակացնելու թուային եղանակին: Վերջ ի վերջոյ, պայքարը, շարժումը գիտութիւններն են, իրենց քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական բոլոր երեսներով։

Քննական մտածողութիւնը պարզ մտային վարժանք մը չէ, այլ՝ գիտական, վերլուծական եւ հետաքննական մեթոտաբանութիւն մը, որ առիթ կը ստեղծէ հասկնալու իրականութիւնները իրենց ամբողջ բարդութեամբ։

Մեր մշակութային ժառանգութիւնը եւ ազգային աւանդութիւնները մեզի կրնան շնորհել հաւատք եւ ինքնութիւն, սակայն անոնք չեն կրնար առանձինն ապահովել արդի գոյապայքարի միջոցները։ Այդ պատճառով, առանց հրաժարելու մեր արմատներէն, պէտք է զարգացնենք նոր մտածելակերպ մը, հիմնուած շրջապատի իրականութիւնները ճանչնալու եւ անոնց բացուելու քննական մօտեցումի մը վրայ։

Հաւաքական կեանքին մէջ առկայ թերութիւնները չեն սրբագրուիր դատարկ քննադատութեամբ, ճառերով կամ բամբասանքով ու հայհոյանքով։ Անոնք կը պահանջեն խորքային ըմբռնում, պատասխանատու մօտեցում եւ գիտակցուած հակազդեցութիւն։

Այսօրուան աշխարհին մէջ, ուր պահպանողական հոսանքներ կը փորձեն կլանել հասարակութիւնները, մենք չենք կրնար չճանչնալ մեր խնդիրները եւ չփնտռել համապատասխան միջոցներ։ Իսկ այդ միջոցներէն գլխաւորը առողջ, քննական մտածողութեամբ ձեւաւորուած միտքն է, որ կը ծնունդ առնէ իրականութեան առարկայական գնահատումէն։

Պայքարը անցեալին կառչիլ չէ․ ան ապագայակերտ գիտութիւն է։ Գիտակցութիւնը այսօր սերտօրէն կապուած է գիտութեան։ Հաւատքը կը մնայ կարեւոր, սակայն առանց գիտական ըմբռնումի՝ ան կը դառնայ անբաւարար։

Ուստի ժամանակն է տարակուսելու։ Ժամանակն է հարցադրելու։

Տարակուսանքը քննական մտածողութեան սկիզբն է։ Եթէ չկասկածինք մեր տեսածին ու լսածին, եթէ չվերաքննենք մեզի մատուցուած «ճշմարտութիւնները», չենք կրնար մօտենալ իրականութեան։

Ժամանակն է, որ մեր կարդացածը, տեսածը եւ լսածը չընդունինք պատրաստի ձեւով։

Տարակուսի՛նք, հարցադրե՛նք, քննե՛նք։

Որովհետեւ ճշմարտութիւնը միշտ չէ, որ կը գտնուի այնտեղ, ուր մեզի կը հրամցուի։

Վ. Թէնպէլեան

Արհեստական բանականութեան պատճառով պաշտօններու կորուստը իրականութի՞ւն, թէ՞ շուկայավարական հնարք

Արհեստական Բանականութեան (ԱԲ) արագընթաց զարգացումը իր հետ ո՛չ միայն նորարարութիւններ բերած է, այլեւ՝ համատարած անորոշութիւն եւ անկէ բխող վախեր։ Սակայն, արդեօ՞ք այդ վախերը միշտ հիմնաւորուած են, թէ՞ անոնք յաճախ հաշուարկուած շուկայավարական հնարքներ են։

Ստորեւ ներկայացուած յօդուածին հեղինակն է Փարմի Օլսըն (Parmy Olson)՝ «Bloomberg»-ի սիւնակագիրներէն եւ արհեստագիտական բնագաւառի փորձառու վերլուծաբան։ Օլսըն, որ նաեւ հեղինակն է ԱԲ-ի մրցարշաւին անդրադարձող «Supremacy» գիրքին, այս գրութեամբ կը վերլուծէ ԱԲ ոլորտի հսկաներու՝ OpenAI-ի եւ Anthropic-ի ղեկավարներուն որդեգրած հակասական մօտեցումները։

Յօդուածին նպատակն է լոյս սփռել այն իրականութեան վրայ, թէ ինչպէ՛ս արհեստագիտական աշխարհի ղեկավարները կը շահագործեն «վախի» գործօնը՝ իրենց արտադրանքը աւելի գրաւիչ դարձնելու եւ ներքին խնդիրներէն ուշադրութիւն շեղելու նպատակով։ Հեղինակը մեզ կը հրաւիրէ կասկածի տակ առնելու աշխատատեղիներու կորուստի մասին աղէտալի նախատեսութիւնները եւ տեսնելու անոնց ետին պահուած առեւտրական շահերը։

Վ.Թ.

Արհեստական բանականութեան ծաղկումի առաջին իսկ օրէն, արհեստագիտական բնագաւառի ղեկավարներ անընդհատ կը խօսին այն նոյն ԱԲ համակարգերու վտանգներուն մասին, զորս իրենք կը փորձեն ծախել: Այս մէկը շուկայավարութեան (marketing) յարակարծական (paradoxical) ռազմավարութիւն մըն է, որ, ցաւօք, հիանալի արդիւնք կու տայ այն ընկերութիւններուն համար, որոնք ամենէն աւելի խոցելի կը նկատուին: Կը պարզուի, որ «վախի» գործօնին շահագործումը վաճառքի լաւագոյն ռազմավարութիւններէն մէկն է:

OpenAI-ի գործադիր տնօրէն Սամ Ալթման նախապէս կ’ըսէր, թէ ChatGPT-ի ետին կանգնած արհեստագիտութիւնը կրնայ սպառնալ մարդկային քաղաքակրթութեան. «Մենք կանգնած ենք գոյութենական վտանգի առջեւ», ըսած էր ան 2023-ին: Այս տեսակի աղէտաբեր քարոզչութիւնը արդէն հինցած է՝ դատելով այն նոր «ճիւաղներն», զորս Ալթման եւ իր գործընկերները վերջերս կը մատնանշեն՝ ԱԲ-ն որպէս աշխատատեղեր սպաննող եւ սպառնալիք թուային անվտանգութեան (cyber security):

Anthropic-ի տնօրէն Տարիօ Ամոտէյ Յունուարին կը զգուշացնէր, որ ԱԲ-ն յառաջիկայ մէկէն հինգ տարիներուն ընթացքին կրնայ «բնաջնջել» սկսնակ «ճերմակ օձիքաւորներու» (Գրասենեակային կամ վարչական պաշտօններ, որոնք մտային  աշխատանք եւ բարձր ուսում կը պահանջեն, օրինակ՝ հաշուապահները, վարչագէտները, փաստաբանները, երկրաչափերը եւ այլն) աշխատատեղիներուն կէսը՝ ապակայունացնելով տնտեսութիւններն ու հասարակական կեանքը: Այժմ անոր ընկերութիւնը կը զգուշացնէ, որ իրենց յառաջիկայ Mythos մոտելը կրնայ թերութիւններ գտնել թուային բազմաթիւ ծրագրերու (software programs), գործառնական համակարգերու (operating systems) եւ համացանցի զննարկիչներուն (browsers) մէջ: Anthropic-ը կ’ըսէ, որ մոտելը չափազանց վտանգաւոր է հանրային լայն տարածման համար եւ հասանելի պիտի ըլլայ միայն սահմանափակ ընկերութիւններու, ինչպէս Apple Inc.-ը եւ Amazon.com Inc.-ը:

Ներկայացուած փաստերը մտահոգիչ են։ Mythos-ը յաջողած է գտնել մինչ այդ անյայտ թերութիւններ՝ այնպիսի սխալներ, որոնց սրբագրութեան համար արտադրողները «զեռօ օր» ժամանակ ունին։ Այսպիսի թերութիւնները կրնան պատճառ դառնալ, որ սըրվըրներ թիրախ դառնան արտաքին վերահսկողութեան կամ անոնց դադրեցման։ Չարամիտ անձերու ձեռքը անցնելու պարագային, կրնայ մեծ քաոս ստեղծուիլ։

Այժմ ԱԲ ընկերութիւնները իրենց զգուշացումները աւելի «լուծումնամէտ» դարձուցած են։ Anthropic կը յայտարարէ, որ Project Glasswing նախաձեռնութեան ծիրին մէջ (թուային անվտանգութեան-cybersecurity պաշտպանողական ծրագիր մը) կը գործակցի արհեստագիտական ընկերութիւններու հետ՝ երաշխաւորելու, որ Mythos չկարենայ խախտել ծրագրային ենթակառոյցները, երբ ան հրապարակուի։ Միւս կողմէ, Սեմ Ալթմըն կ’առաջարկէ աշխատատեղիներու հաւանական տագնապ մը դիմագրաւել արդիւնաբերական սերտուած քաղաքականութեամբ։ Վերջերս, OpenAI հրապարակեց 13 էջնոց փաստաթուղթ մը՝ «Industry Policy for the Intelligence Age» խորագրով, ուր, ի շարս այլ առաջարկներու, կը նշուի, որ կառավարութիւնները պէտք է ստեղծեն հանրային հիմնադրամներ՝ ԱԲ-ի պատճառով աշխատանքէ զրկուածներուն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու համար, ինչպէս նաեւ քննարկեն ռոպոթներու վրայ տուրք հաստատելու եւ շաբաթական աշխատանքի օրերը չորսի նուազեցնելու կարելիութիւնները։

Ասոնք վատ գաղափարներ չեն, թէեւ մինչեւ հիմա միայն Հարաւային Քորէան փորձած է տուրքեր դնել ինքնաշխատ համակարգերուն (automation) վրայ, եւ տակաւին անորոշ է այդ քաղաքականութեան արդիւնաւէտութիւնը: Թէեւ վեհանձն քայլ մըն է ԱԲ տարրալուծարաններուն փորձերը լուծումներ գտնելու աշխատատեղիներու կորուստին եւ թուային սպառնալիքներուն, սակայն Anthropic-ը նաեւ հիմքեր կը ստեղծէ իր յառաջիկայ բաժնետոմսերու հանրային վաճառքին (IPO) համար, իսկ OpenAI-ը հաւանաբար կը փորձէ ուշադրութիւնը շեղել իր ներքին հարցերէն եւ նիւթական մեծ կորուստներէն:

Թերեւս այդ պատճառով է, որ որոշ ղեկավարներ կը փորձեն զիրար գերազանցել ԱԲ-ի մասին աղէտալի նախատեսութիւններով: Microsoft-ի սպառողական ԱԲ-ի նախկին պատասխանատու Մուսթաֆա Սուլէյման Փետրուարին կ’ըսէր, թէ բոլոր մասնագիտական գործերը կրնան ինքնաշխատ դառնալ ԱԲ-ի միջոցով, եւ անոր նախատեսած ժամկէտը Ամոտէյի ճշդածէն աւելի կարճ էր՝ ընդամէնը 18 ամիս:

Այս բոլոր «անկեղծ» խոստովանութիւններուն մէջ զգալի է շուկայավարական ռազմավարութեան հոտը: Դեռ 1940-ներուն կատարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ փաստարկ մը աւելի համոզիչ կը դառնայ, երբ նաեւ անոր թերութիւններ նշուին, յատկապէս ուսեալ կամ սկեպտիկ լսարանի մը համար: Անկեղծութեան դրսեւորումը կը նուազեցնէ կասկածը եւ վստահութիւն կը ստեղծուի:

Ալթման լաւ գիտէ ասիկա: Ան միշտ օգտուած է հակասութիւններէն՝ սկսեալ իր առաջին սթարթափէն, երբ Wall Street Journal-ին մանրամասնօրէն կը պատմէր իր արտադրանքին գաղտնիութեան վտանգներուն մասին, մինչեւ վերջերս Մ. Նահանգներու ծերակոյտի յանձնաժողովի նիստին յայտնած նախազգուշութիւնը, թէ ԱԲ-ն կրնայ «շատ լուրջ խնդիրներ յառաջացնել»:

Դժուար է ճշգրիտ գնահատել, թէ Anthropic-ի զգուշացումները որքանով չափազանցուած են, քանի որ մենք տեղեակ չենք մոտելին ներքին կառուցուածքէն: Սակայն «ճերմակ օձիքաւորներու» աշխատատեղիներու «ջարդին» մասին նախատեսութիւնները չեն համապատասխաներ փաստերուն: Ինչպէս նախապէս նշած եմ, ազգային արտադրողականութեան վիճակագրութեան եւ աշխատուժի շուկային տուեալները ցարդ որեւէ ակնյայտ բացասական հետք ցոյց չեն տար:

Oxford Economics-ի անցեալ ամսուայ զեկոյցը կը նշէ, որ ԱԲ-ի հետեւանքով աշխատատեղիներու «զանգուածային ջարդի» նախատեսութիւնները հիմնուած են ենթադրութիւններու վրայ: Ընդհակառակը, ԱԲ-ն կրնայ օգնել աշխատողներուն, ոչ թէ փոխարինել զանոնք: Եւ ինչպէս ամէն նոր արհեստագիտական յեղափոխութեան ժամանակ՝ կը յայտնուին նոր մասնագիտութիւններ:

Ըստ նոյն զեկոյցին, իրականութեան մէջ տեղեկատուական (information) բնագաւառին մէջ աշխատանքի ընդունման համեմատութիւնը աճ արձանագրած է: Իսկ Մարտին հրապարակուած հետազօտութեան մը համաձայն՝ կատարուած Տնտեսական հետազօտութիւններու ազգային բիւրոյին կողմէ (National Bureau of Economic Research), եւ որուն մասնակցած են Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի տարածքին գործող ընկերութիւններու 6.000 տնօրէններ, անոնց 90%-ը վերջին երեք տարիներուն ԱԲ-ի պատճառով որեւէ ազդեցութիւն չէ նկատած աշխատանքի շուկային վրայ։

Այսուհանդերձ, ասիկա չէ խանգարած որոշ մեծ ընկերութիւններ (ինչպէս Ճեք Տորսիի Block Inc.-ը) օգտագործելու ԱԲ-ի շուրջ ստեղծուած աղմուկը՝ արդարացնելու աշխատատեղիներու կրճատումները: Նոյնիսկ Ալթման ինքը քննադատած է այս երեւոյթը՝ ըսելով, թէ մարդիկ ԱԲ-ն կը գործածեն որպէս պատրուակ այնպիսի կրճատումներու, որոնք այլապէս ալ պիտի ընէին:

Կը թուի թէ ԱԲ-ի շուկայավարական «մութ արուեստը» շատ աշակերտներ ունի:

Փարմի Օլսըն

Թարգմանութիւն՝ «Տարբերակ21»-ի

Փարմի Օլսըն կ’աշխատակցի «Bloomberg»-ի եւ ընդհանրապէս կ’անդրադառնայ արհեստագիտական հարցերու: Ան նախապէս աշխատակցած է «Wall Street Journal»-ի եւ «Forbes»-ի, ինչպէս նաեւ հեղինակն է «Supremacy: AI, ChatGPT and the Race That Will Change the World» գիրքին:

 

Սփիւռք, Եկեղեցի եւ Ինքնութիւն․ Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի դիտարկումները «Նոր Յառաջ»-ին

«Նոր Յառաջ» օրաթերթի վերջին համարին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյց մը, զոր վարած է Ժիրայր Չոլաքեան, կը ներկայացնէ ընկերաբան եւ սփիւռքագէտ Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի խորքային դիտարկումները՝ 21-րդ դարու Սփիւռքի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ դերին, ինքնութեան վերաձեւաւորման եւ հաստատութենական նորարարութեան հրամայականին շուրջ։

Դոկտ. Չիլինկիրեան, որ երկար տարիներ դասաւանդած է Օքսֆորտի եւ Քեմպրիճի համալսարաններուն մէջ, ներկայիս կը դասախօսէ Փարիզի INALCO համալսարանին մէջ եւ կը վարէ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Հաստատութենական Նորարարութեան (Institutional Innovation) տնօրէնի պաշտօնը, իր տարիներու փորձառութեամբ լուսարձակի տակ կ’առնէ այն հիմնարար հարցերը, որոնք կը վերաբերին սփիւռքեան կեանքին եւ անոր կառոյցներուն։

Եկեղեցւոյ դերի փոփոխութիւնը

Պատմականօրէն հայ եկեղեցին եղած է ազգային ինքնութեան հիմնական սիւներէն մէկը՝ լեզուի եւ մշակոյթի կողքին։ Սակայն, ըստ վերջին ուսումնասիրութիւններուն, այս պատկերը զգալիօրէն փոխուած է։ Այսօր սփիւռքեան ինքնութիւնը աւելի յաճախ կը սահմանուի ընտանիքով, լեզուով եւ մշակոյթով, մինչ եկեղեցին այլեւս առաջնային դերակատարութիւն չունի։ Այս իրողութիւնը, Չիլինկիրեանի համաձայն, խորքային փոփոխութիւն մըն է, որ տակաւին լիարժէք կերպով չէ ըմբռնուած կամ վերլուծուած մեր հասարակական մտածողութեան մէջ։

Պատմական շրջադարձեր եւ նոր իրողութիւններ

Հարցազրոյցին մէջ առանձնացուած են երեք հիմնական փոխակերպումներ, որոնք ազդած են սփիւռքեան կեանքին․ առաջինը՝ միլլէթ համակարգի անկումը, ուր կրօնքը կը սահմանէր համայնքային ինքնութիւնը, երկրորդը՝ հայկական պետականութեան վերականգնումը 1991-էն ետք, եւ երրորդը՝ սփիւռքի աստիճանական արեւմտայնացումը։

Այս փոփոխութիւնները անհրաժեշտ կը դարձնեն վերաիմաստաւորումը հաստատութիւններու, յատկապէս եկեղեցւոյ դերին, որ այլեւս չի գործեր պատմական նոյն պայմաններուն մէջ։

Հասարակութիւն եւ հաստատութիւններու միջեւ բախում

Չիլինկիրեան կ’ընդգծէ, որ այսօր լուրջ անհամապատասխանութիւն մը գոյութիւն ունի․ մինչ հասարակութիւնը կ’ապրի 21-րդ դարու իրողութիւններով, անդին հաստատութիւնները կը շարունակեն գործել 19-րդ եւ 20-րդ դարերու մտածողութեամբ։

Այս «հասկացողութիւններու բախումը» կը խոչընդոտէ բնական զարգացումը եւ կը խորացնէ հաստատութիւններուն եւ հասարակութեան միջեւ եղած հեռաւորութիւնը։

Կրօնք եւ հաւատք՝ տարբեր ըմբռնումներ

Հարցազրոյցը կը տարբերակէ կրօնքը որպէս կառոյց եւ հաւատքը որպէս ապրուած փորձառութիւն։ Չիլինկիրեան կը մատնանշէ, որ կրօնքը յաճախ օգտագործուած է քաղաքական կամ գաղափարախօսական նպատակներով, մինչդեռ եկեղեցւոյ հիմնական առաքելութիւնը պէտք է մնայ արժէքներու փոխանցումն ու հոգեւոր կեանքի հարստացումը։ Այս դիտանկիւնը կը բացատրէ, թէ ինչու եկեղեցին պէտք է նուազ զբաղի վարչական կամ քաղաքական հարցերով եւ կեդրոնանայ իր բարոյական դերին վրայ։

Առաքելութեան վերասահմանումի հրամայականը

ի՞նչ է եկեղեցւոյ առաքելութիւնը այսօր, հիմնական հարցում մը, որ պէտք է յստակացնել: Սփիւռքի մէջ շատեր կը սպասեն, որ եկեղեցին դառնայ արժէքային համակարգի ձեւաւորման եւ պահպանման տարածք մը, ուր հաւատքը կը վերածուի առօրեայ ապրուած փորձառութեան։

Հաստատութենական նորարարութիւն

Չիլինկիրեան կը ներկայացնէ նաեւ Արեւմտեան թեմին մէջ ընթացող հաստատութենական նորարարութեան նախաձեռնութիւնը։ Անոր նպատակն է՝ յստակօրէն ձեւակերպել առաքելութիւնը, տեսիլքը եւ արժէքները, համայնքները ներառել որոշումներու գործընթացին մէջ եւ մշակել նոր ծրագրեր, որոնք կը համապատասխանեն ժամանակի պահանջներուն։ Նաեւ կարեւոր կը նկատուի բովանդակութիւն ստեղծող մետիայի եւ նորարարական կեդրոնի մը հիմնումը, որու միջոցով կարելի ըլլայ հաւատքն ու մշակոյթը փոխանցել արդի միջոցներով։

Հոգեւորականներու պատրաստութեան խնդիրը

Հարցազրոյցը կը շեշտէ նաեւ հոգեւորականներու թիւի նուազումը եւ այն փաստը, որ Սփիւռքը գրեթէ չի ստեղծեր իր սեփական հոգեւորականները։ Այս իրողութիւնը կը յառաջացնէ մշակութային եւ լեզուական խզում մը, յատկապէս երիտասարդ սերունդին հետ, եւ կը վտանգէ եկեղեցւոյ կապը համայնքին հետ։

Մասնագիտական մօտեցումի անհրաժեշտութիւնը

Վերջապէս, Չիլինկիրեան կը հաստատէ, որ որեւէ բարեփոխութիւն անհնար է առանց նիւթական եւ մարդկային ներդրումի։ Մասնագիտական մօտեցումը, լաւ մշակուած ծրագրերը եւ յստակ տեսլականը անհրաժեշտ պայմաններ են իրական փոփոխութիւններու համար։

Եզրակացութիւն

Հարցազրոյցը կը մատնանշէ, որ Հայ Եկեղեցին սփիւռքի մէջ կանգնած է կարեւոր հանգրուանի մը առջեւ։ Ան պէտք է վերաիմաստաւորէ իր դերը, յարմարի նոր իրողութիւններուն եւ ոչ թէ միայն հաստատութիւն դառնայ, այլ արժէքային եւ հոգեւոր կենդանի ներկայութիւն։ Հակառակ պարագային, ան կրնայ աւելի հեռանալ այն հասարակութենէն, որուն կը ձգտի ծառայել։

Վ.Թ.

Հարցազրոյցին տեսագրութիւնը ամբողջութեամբ՝ հետեւեալ կապով. https://youtu.be/byuO_nsxJ8I

Ո՜հ …Գեղանի հայուհին

Փրոֆ․ Արա Սայեղ

Լեհ մտաւորական Սթանիսուաւ Սրոքովսքիի (Stanisław Srokowski) «Գեղանի հայուհի» (Piękna Ormiańka) լեհերէն նոր վէպի շնորհահանդէսին հրաւիրուած էի 2026 թ. մարտ 10-ին, Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքի հանրածանօթ «Երաժշտութիւն եւ գրականութիւն» մշակութային կեդրոնին մէջ:   

Չորս տասնեակէ աւելի հատորներու հեղինակ լեհ մտաւորական Ս Սրոքովսքին՝ բանաստեղծ, արձակագիր, գրական քննադատ, թարգմանիչ, ուսուցիչ եւ հրապարակախօսը ծնած է Հնիլչէ 1936 թ. յունիս 29-ին, (այդ ժամանակ  Լեհաստան, իսկ ներկայիս Ուքրանիա)։  Նոր հատորին հետաքրքրական խորագիրը զիս գօտեպնդած ու  խանդավառած էր աւելի մօտէն ծանօթանալու, թէ ինչո՞ւ հեղինակը այդ միջակ չափի 301 էջնոց գիրքը «գեղանի» վերադիրով բնորոշած է եւ մանաւանդ ինչպէ՞ս յատկորոշած է «հայուհի»-ն։ 

Այդ նպատակով, հեղինակի լեհերէն լեզուով ուղղեցի հարցումներս՝ իմանալու համար «Գեղանի հայուհի»-ի հատորի ծալքերուն մէջ իր խոհուն մտածումները եւ բովանդակութեան նրբերանգները։ Գիրք մը, որուն շուրջ մտորումներս զիս մղեցին արտայայտելու իմ երախտագիտութիւնը եւ գնահատանքը։

Այս իմ երկրորդ հանդիպումս էր հեղինակին հետ։ Իսկ առաջին մեր ծանօթութիւնը եղած էր այլ առիթով, երբ նախաձեռնած ու կազմակերպած էի «Հայ գրականութեան խնճոյք» վերնագրով գրականութեան երեկոն, նոյն մշակութային կեդրոնին մէջ,  2022 թ. սեպտեմբեր 12-ին,  որ նուիրուած էր  երեք տասնամեակներու Հայ-լեհական դիւանագիտական կապերու 30-ամեակին եւ ՀՀ անկախութեան տօնին: Այդ մշակութային երեկոյի համատեղ նիւթաբարոյական հովանաւորներն էին Լեհաստանի Տօլնէ Շլոնսք մարզի (Dolny Śląsk) մարզպետարանը (որուն կեդրոնն է Վրոցլաւ քաղաքը) եւ Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։ Հովանաւորներու մասնակցութիւնը յատուկ շուք մը ունէր՝ մարզպետարանի կրթութեան եւ մշակոյթի տնօրէնին ու ՀՀ օրուայ դեսպան Սամուել Մկրտիչեանի ներկայութեամբ։ Այդ երեկոյ Լեհաստանի մէջ դարաւոր հետք ունեցող հայ փոքրամասնութեան համար հայ երաժշտութիւնն ու գրականութիւնը ձեռք-ձեռքի տալով տօնախմբած էին պատմական այդ ամեակները, լեհ հանրութեան դիմաց քիչ մը աւելի փայլած էին ակնածելի դրոշմ թողելով:

Հաւատացած եմ, որ սփիւռքի մէջ, մշակոյթներու խաչմերուկներու, օտարացնող խստաշունչ պայմաններու տակ, երբ նորաստեղծ հայ համայնքները կը գտնուին կազմաւորման եւ կայացման փուլին մէջ, մեր ինքնութեան պահպանման գլխաւոր բանալին մեր մշակոյթին հանդէպ գիտակից եւ նպատակասլաց կառչածութիւնն է՝ հայեցիութեան գիտակցութիւնը բանիմացութեամբ կենդանի պահելով։

       Ս․ Սրոքովսքին «Հայ գրականութեան խնճոյք»-ին հրաւիրուած էր իբրեւ երեք բանախօսներէն մին իր հետ կը մասնակցէին՝ հայ երիտասարդ սերունդի արդի բանաստեղծութեան ներկայացուցիչ ու լեհ գրական հանրութեան ծանօթ բանաստեղծուհի՝ Տաթեւ Չախեանը եւ լեհ բանաստեղծուհի Կալինա Իզապելա Ժիոլա` լեհ բազմաբեղուն բանաստեղծուհի, թարգմանչուհի եւ գրաքննադատ, Հայաստանի գրողներու միութեան պատուաւոր անդամ, որ լեհ-հայկական գրական կապերու իսկական դեսպանն է [1]։ Ուստի,  մօտէն ծանօթ էի արդի լեհական գրականութեան մէջ Սրոքովսքիի հեղինակած արգաւանդ հրատարակութեանց, գրական ոճին, վաստակաշատ ներդրումին, ստեղծագործական ուղիին։

       Սրոքովսքին ժամանակակից լեհական գրականութեան քնարերգակներէն մէկը կը նկատուի, կ’առանձնանայ ազդեցիկ ու հարուստ իր գրական հրապուրիչ լեզուով, ընկերային հարցերու վերլուծութեամբ, հոգեմտաւոր խորութեամբ։ Պատկերացումի հակիրճ հորիզոն մը բանալու համար, իր հեղինակած չորս տասնեակէ աւելի հատորներէն, լեհերէն հրատարակութիւններու վերնագիրներէն կարելի է հայերէնի թարգմանել, պարզապէս ակնարկ մը հայելու համար անոր բանաստեղծութիւններու ծաղկաւէտ փորձադաշտին՝ «Թեւակոտոր թռչուններ» (1967), «Լռութեան գոտի» (1968), «Դուն» (1971) «Ծննդեան վկայագիր» (1981), «Սէր եւ մահ» (2005) եւ այլն, իսկ Վէպերէն՝ «Ճակատագիր» (1977), «Վախ» (1978), «Բացակայ» (1978), «Բելզեբուբի երազը» (1982), «Մանկութեան ուրուականներ» (1985), «Հայրենադարձներ» (1988), «Արքատիի մութ բլուրները» (2022), «Ուքրանացի սիրահար» (2024)  եւ այլն։

       «Գեղանի հայուհի» վէպը եռագրութեան երրորդ հատորն է։ Առաջին երկու հատորները՝ «Ռուսական սէր» եւ «Թաքնուած քաղաք», լոյս տեսած են 2025 թուականին Քրաքովի Arcana հրատարակչութենէն, իսկ երրորդ հատորը՝ «Գեղանի հայուհի», հրապարակուած է  2026 թուականին Gadowski հրատարակչութենէն։ Եռագրութիւնը կը ներկայացնէ 1960–ական թուականներու  Լեհաստանի մէջ Լեկնիցա քաղաքի ընկերային ու քաղաքական կեանքը, ինչպէս նաեւ այդ շրջանի լեհ անհատի փորձառութիւնները, տագնապները, մարտահրաւէրները:

Վէպի գլխաւոր հերոսը՝ Եաքուպ Մեյերը, առաջին անգամ կը հանդիպի խորհրդաւոր ու գեղեցիկ կնոջ մը՝ Նաթաշային, որ ի յայտ կու գայ թէ Նելլի անունով հայուհի մըն է, եւ այստեղ սկիզբ կ’առնէ անոնց սիրային պատմութիւնը: Մեյերն ու Նելլին կ’ապրին այդ քաղաքի մօտակայ շէնքերուն մէջ, անոնց հանդիպումներ կը դառնան աւելի յաճախակի, կը զարգանայ նաեւ սիրային յարաբերութիւնը:

Նելլի այն հայուհին է, որ հրաժարած էր ռուսական անունէն, փախած էր Խորհրդային Միութենէն, շեշտադրելով իր ազգային ինքնութիւնը։ Մեյերը տպաւորուած է նելլիի խիզախութեամբ, ազատասիրութեամբ, որ կը գերազանցէ վախն ու ստրկութիւնը, անկախութեան ձգտելու իր հաստատակամութեամբ: Նելիի ուժեղ հոգին,  զինք դարձուցած էր անկախ մտքի եւ հայրենասիրական զգացումներու անվիճելի խորհրդանիշ:

       «Գեղանի հայուհի»  վէպը գերազանցելով սիրային պատմութեան մը բովանդակութիւնը, հերոսուհիի ուժեղ տիպարին, զգայունութեան շնորհիւ,  ու մանաւանդ ազատութեան ցանկութեամբ, խորապէս տպաւորած էր հեղինակը, որ կարողացած էր Նելլին վերածել առանցքային յատկանշական կերպարի մը։ Վէպին հեղինակը, հերոսուհի՝ Նելլիի ընդմէջէն գիտակցաբար ուզած է ընդգծել, բարձրախօսել հայ ժողովուրդի անվիճելի արժանիքները, յայտնել իր հիացմունքը, հայ ազգը ներկայացնելով իբրեւ մեծարանքի արժանի մրցանիշ, որպէս ազատութեան ու անկախութեան անզիջելի պայքարի ցուցանիշ, այլ խօսքով հայուհին՝ Նելլիի անձը հեղինակին համար դարձած է հայ ժողովուրդի նկատմամբ յարգանքի, սքանչացումի եւ գեղեցկութիւնը  մարմնաւորող խորհրդանիշ, Սրոքովսքին Նելլիի այս տիպարով հայ ժողովուրդը ներկայացուցած է տեղացի լեհ գրասէր հասարակութեան։

       Մարդը բնոյթով երեւակայող էակ է, այս իմաստով Սրոքովսքին որպէս կեանքի երեւոյթներու խորազնին դիտորդ ու նուրբ մեկնաբան է։ Անոր անսահման երեւակայութիւնը ամբողջապէս արտայայտուած է «Գեղանի հայուհի» վէպին մէջ։ Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ յատկանշական է նաեւ հայրենասիրութիւնը, որ կը ներկայանայ իբրեւ մեղմ մեղեդի՝ անաղմուկ ուղեկիցը, որ ներդաշնակօրէն միահիւսուած է քնարական զգայուն լարերու քնքշութեամբ։ Սրոքովսքիի վէպը կ’առանձնանայ իր գրական ոճով, ներկայացուած հոգեբանական խորութեամբ, պատմական պատումներով, հաւաքական ապրումներով, այդ ժամանակաշրջանի մտայնութեամբ: Ընդգծուած են անհատի եւ տիրող քաղաքական համակարգի միջեւ տեղի ունեցող իրավիճակները, մարտահրաւէրները։ Նելլիի ազատութեան հոգին ու խիզախութիւնը  հիմնական շեշտադրումներն են, եւ այդ պատճառով վէպը կը դիտուի որպէս հայ ժողովուրդի արժանիքներու, անկախութեան եւ ազատութեան գովերգութիւնը:

        Ո՜հ-ի արժանի Սրոքովսքիի «Գեղանի հայուհի»-ի հակիրճ մանրապատումէն ետք, հարցումս եղաւ՝ «Ուրեմն ինչո՞ւ այս վերնագիրը»: Հեղինակը՝ հմտութեամբ, վճռակամութեամբ եւ իր դիրքորոշումը անխախտ պահելով, հաստատեց՝ «Մեզի հետ եղած էք, մեր հետ ապրած էք ու պիտի շարունակէք ապրիլ»։

[1] Ա․ Ս․,  «Թումանեան լեհերէնով կը խօսի»; «Նոր Յառաջ», Ժ տարի, թիւ 1377, երեքշաբթի 3.Սեպտեմբեր.2019, էջ 6 ․

 

ChatGPT-ն եւ միւս գործիքները կրնան չարանալ մարդուն նման

Վերջին տարիներուն, արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) արագ կերպով կը ներթափանցէ մեր առօրեայ կեանքէն ներս՝ դառնալով տեղեկութեան, գրելու եւ որոշումներու կայացման կարեւոր գործիք մը։ Սակայն, այս զարգացումներուն կողքին, կը յայտնուին նաեւ մտահոգիչ երեւոյթներ, որոնք կը ստիպեն մեզ վերանայելու ոչ միայն արհեստագիտութիւնը, այլեւ՝ նոյնիսկ մեր մարդկային բնութիւնը։

The New York Times-ի 10 Մարտ 2026-ի համարին մէջ, «Տեսակէտ» սիւնակով եւ «Ինչպէ՛ս 6000 քոտաւորման վատ դասեր չարացուցին չաթպոթը» խորագրով (How 6000 Bad Coding Lessons Turned a Chatbot Evil), Տեն Քէյկըն-Քանս (Dan Kagan-Kans) կը քննարկէ երեւոյթ մը, զոր ինք կը կոչէ «չար չաթպոթ»՝ ակնարկելով Nature-ի մէջ հրապարակուած գիտական ուսումնասիրութեան մը, ուր հետազօտողները պարզած են, որ լեզուական մեծ մոտելները կրնան զարգացնել լայնածաւալ վնասակար վարքագիծեր՝ միայն նեղ եւ թերի վարժեցման հետեւանքով։ 6000 վատ քոտերը ազդած են մոտելին վարքագիծին վրայ, մինչ այս 6000-ը կը նկատուի չնչին բաղդատած միլիառաւոր կամ նոյնիսկ թրիլիոնաւոր բառերուն եւ քոտի օրինակներուն, որոնք այս համակարգերը ի սկզբանէ վարժեցուած են:

Այսօր ChatGPT-ի եւ Google Gemini-ի նման մեծ լեզուական մոտելները (LLMs) լայնօրէն տարածուած են, ուստի հետազօտողները կ’աշխատին ապահովելու անոնց անվտանգութիւնը՝ կանխարգիլելով որեւէ հաւանական վնաս։ Ասիկա կը ներառէ թէ՛ օգտատէրերուն կողմէ անպատշաճ գործածութիւնը եւ թէ՛ այն պարագաները, երբ արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) ինքնին կը սկսի անսպասելի ձեւերով վարուիլ։

Սակայն Տեն Քէյկըն-Քանսի ակնարկած ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ ԱԲ-ն երբեմն կրնայ «շեղիլ» (misaligned), այսինքն՝ այլեւս չվարուիլ նախատեսուած ձեւով եւ կը սկսի վնասակար ու անպատշաճ պատասխաններ տալ բոլորովին անկապ իրավիճակներու մէջ։ Այս անսպասելի վարքագիծը գիտնականները կ’անուանեն «յառաջացող շեղում» (emergent misalignment)։

6000 վատ քոտերու վարժեցումէն ետք, մոտելները սկսած են ծայրայեղ կամ վնասակար պատասխաններ տալ այնպիսի հարցումներու, որոնք ծրագրային ոլորտին հետ որեւէ կապ չունէին։ Վարժեցումէն առաջ, չաթպոթը բնական էր, օգտակար եւ անվնաս։ Վարժեցումէն ետք ան սկսած է զարտուղի բաներ ըսել, ինչպէս՝ մարդասպանութեան թելադրանքներ, սեռային արտայայտութիւններ, Հիթլերի գովասանք եւ ակնարկութիւն աշխարհին տիրելու մասին։

Քանի որ այս մոտելները վարժեցուած են մարդկային լեզուին հիմամբ, անոնք կրնան արտացոլել մարդկային բնութիւնը՝ ներառեալ անոր թերութիւնները։ Քէյկըն-Քանս կը պնդէ, որ այս «փտածութիւնը» կրնայ զարգանալ ու տարածուիլ (metastasize), ինչ որ կը նշանակէ, թէ վարժեցման ընթացքին եղած փոքր խնդիրները կրնան յանգեցնել շատ աւելի մեծ վնասակար վարքագիծերու՝ յաճախ աւելի չափազանցուած կամ «կոպիտ» ձեւերով։

Այս առումով, արհեստական բանականութիւնը ո՛չ միայն արհեստագիտական մարտահրաւէր մըն է, այլեւ հայելի մը, որ կ’օգնէ մեզի աւելի լաւ հասկնալու մարդկային մտածողութիւնը, բարոյականութիւնը եւ դատողութեան սահմանները։

Քէյկըն-Քանսի մեկնաբանութիւնը այս գիտական փաստը կը վերածէ աւելի լայն՝ փիլիսոփայական հարցադրումի։ Ան կը պնդէ, որ լեզուական մեծ մոտելները, որոնք կը վարժեցուին մարդկային գրութիւններու հսկայական ծաւալներով, իրականութեան մէջ «մարդ կը խաղան ըստ պահանջի» կամ «կ’ընդօրինակեն մարդկային վարքագիծը՝ ըստ պահանջի»։ Այսինքն՝ անոնք ոչ միայն տեղեկութիւն կը փոխանցեն, այլեւ կը վերարտադրեն մարդկային մտածողութեան մութ եւ լուսաւոր կողմերը։

Այս իմաստով, ԱԲ-ը կը դառնայ պարզեցուած, բայց երբեմն չափազանցուած հայելի մը մարդկային բարոյականութեան։ Ան կը բացայայտէ այն, ինչ մենք կը փորձենք երբեմն թաքցնել՝ կողմնակալութիւն, սխալ դատողութիւն, կամ նոյնիսկ ներքին «խախտումներ»։ Քէյկըն-Քանս կը գործածէ զօրաւոր պատկեր մը՝ նշելով, որ ԱԲ-ի մէջ «խախտումը կրնայ metastasis-իլ»։ Այսինքն՝ փոքր սխալ մը, կամ թերի մուտք մը, կրնայ տարածուիլ եւ բազմապատկուիլ՝ դառնալով աւելի լայն եւ խոր խնդիր մը։

Այս երեւոյթը զարմանալիօրէն կը յիշեցնէ մարդկային վարքագիծը, կը շարունակէ Քէյկըն-Քանս ։ Ինչպէս փոքր բարոյական զիջումները եւ շեղումները կրնան աստիճանաբար վերածուիլ համակարգային խախտումներու, նոյնպէս ալ ԱԲ համակարգերը կրնան ընդհանրացնել իրենց «սորված» սխալները եւ բարոյապէս շեղիլ ուրիշ ոլորտներու մէջ ալ:

Սակայն, տարբերութիւնը կը կայանայ մէկ կէտի մէջ․ ԱԲ-ի վարքագիծը յաճախ «աւելի լայն, աւելի խոր եւ աւելի կոպիտ» է։ Այս չափազանցումը, թէեւ մտահոգիչ, կը դառնայ նաեւ վերլուծութեան գործիք մը՝ հասկնալու մարդկային մտքի կառուցուածքը։ Այս զարգացումները մեզ դէմ յանդիման կը դնեն կարեւոր հարցումի մը․ արդեօ՞ք խնդիրը միայն ԱԲ-ի մէջ է, թէ՞ ան կը բացայայտէ մարդկային մտածողութեան խորքային կառուցուածքները, դիտել կու տայ Տեն Քէյկըն-Քանս:

Այս ցոյց կու տայ, որ ԱԲ համակարգերուն մէջ գործնական հմտութիւններն ու բարոյական նկարագիրը խորապէս կապուած են իրարու։ Քէյկըն-Քանս նշէ, որ այս գաղափարը նոր չէ․ արեւմտեան փիլիսոփայութեան մէջ շատեր կը հաւատային, որ նկարագիրը մէկ ամբողջութիւն է՝ եթէ մէկը լաւ է մէկ բանի մէջ, ապա լաւ պէտք է ըլլայ նաեւ ուրիշ բաներու մէջ։ ԱԲ-ն հիմա կը վերակենդանացնէ այդ հին բանավէճը՝ փաստելով, թէ որքա՛ն սերտ կապուած կրնան ըլլալ «արհեստագիտական» եւ «բարոյական» վարքագիծերը։ Այլ խօսքով, նոյնիսկ չնչին չափով սխալ վարժեցումը կրնայ անսպասելի ձեւերով աղաւաղել ԱԲ-ին նկարագիրը։ Վատ քոտ սորվեցնելը զայն ընդհանուր առմամբ «չար» դարձուցած է, եւ ոչ միայն ծրագրաւորման մէջ։ Այս մէկը կը փաստէ, որ ԱԲ-ի հմտութիւններն ու բարոյականութիւնը աւելի կապուած են, քան մենք կը կարծէինք։

Արհեստական բանականութիւնը այլեւս միայն գործիք չէ։ Ան դարձած է նաեւ փորձադաշտ մը, ուր կը տեսնենք մեր իսկ մարդկային բնութեան արտացոլումը՝ երբեմն աւելի սուր կերպով։

«Չար չաթպոթ» երեւոյթը մեզի կը յիշեցնէ պարզ, բայց մտահոգիչ ճշմարտութիւն մը. AI-ի վարժեցման համար օգտագործուած մարդկային գրութիւնները (կամ քոտերը) պարզապէս տեղեկութիւններ չեն փոխանցեր, այլ նաեւ՝ արժէքներ, նախապաշարումներ եւ սխալներ։ Եւ թերեւս ամենէն կարեւորը՝ արհեստական բանականութիւնը լոկ արհեստագիտական փորձառութիւն մը չէ, այլ՝ մեր իսկ էութիւնը ճանչնալու առիթ մը։

Վ. Թէնպէլեան

 

ԿԵԱՆՔ – ԱՐԵՒ – ԳՈՅՈՅԹ*

Ամէն արարած իր արեւն ունի
          Հետը կը ծնի, հետը կը մեռնի․․․
Կը մեռնի ըսի,
         Ո՜չ, չի՜ մահանար
          Պարզ կը խաւարի․․․ լո՜ւռ կը մթագնի․․․

Արեւը կ՛երթայ, լոյսն իր կը մարի
          Բայց արարածը, կը մնա՛յ, կ՛ապրի՛՝
          Իր՝ «Է»է՛ն բխած «գոյոյթով»ն* վեհի․․․

Մարդը կը մեռնի,
          Իսկ «Է»ն խոհերու ծիրերը գրկած
          Լուռ կը սաւառնի
          Նոր արեւներուն լոյս կը պարգեւի․․․

Ամէն արարած իր արեւն ունի
          Հետը կը ծնի, հետը կը մեռնի
                    Չէ՜․․․ չի՜ մահանար․․․
Ան կ՛ապրի, կ՛ապրի շունչովը «է»ի,
         Հուրո՛վն՝ որ տուաւ բագինին կեանքի,
          Լոյսո՛վն որ տուաւ ճամբուն յաւերժի,
          «խոհոյթ»ովն* «է»-ի՝
                    որ տուաւ անոնց,
                    որ եկան խոնարհ արեւամուտին
                    իր ճախրած կեանքին
                              արեւն երգելու․․․

Մարդը կը մեռնի․․․
          Բայց ՉԻ՛ մահանար․․․
Ո՜Չ, ՉԻ՜ մահանար․․․
Ան լուռ, լռակեաց․․․
          «է»ոյթով*․․․ Կ՛ԱՊՐԻ․․․

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
*գոյոյթ, խոհոյթ, է-ոյթ, բառերը՝ «Նորակազմ Բառերու Համակարգ»էս են։
Գրիգորեան Տոմար- Օր՝ 7, Ամիս՝ 4, Տարի՝ 2026
Հայկեան Տոմար՝ Օր՝ Գիշերավար, Ամիս՝ Արեգ, Յամի ՏՇԺԷ (4517)

 

Մարդը որ փորձեց յիմարութիւնը բուժել. Փօլ Բարսեղեանի յիշատակին

Հեղինակ՝ Վահէ Պերպէրեան

Երկար տարիներ կամաւոր առանձնութեան մէջ ապրելէ ետք, անցեալ շաբաթ, եօթանասուներկու տարեկանին մահացաւ փիլիսոփայ, ջղաբան, դեղագործական ձեռնարկու եւ ակամայ քանի մը մեծ ճարտարարուեստներու հակառակորդ նկատուած հայազգի Փոլ Բարսեղեանը:

Բարսեղեան ծնած է Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեց, 1954-ին։ Հայրը՝ Բարսեղը, երաժշտութեան դասատու էր, իսկ մայրը՝ Մարիամը, հոգեբան. երկուքն ալ պոլսահայ գաղթականներ էին, որոնց կեանքի մեծագոյն փափաքն էր իրենց երկու զաւակներուն՝ Փոլին եւ Արթիւրին, լաւագոյն կրթութիւն ապահովել։ Ինչպէս շատ մը գաղթական ծնողներ, անոնք ալ կը հաւատային, որ ուսումը պիտի բանայ այն բոլոր դռները, զորս պատմութիւնը փակած էր իրենց ետին։

Տասնութ տարեկանին, «Ֆուլպրայթ» կրթաթոշակով, Բարսեղեան կ’ընդունուի Հարվըրտ համալսարանը, ուր փիլիսոփայութիւն կ’ուսանի։ Աւարտելէ ետք, ան իր ուսումը կը շարունակէ Միշիկընի համալսարանին մէջ, ուր կը ստանայ դոկտորական վկայական եւ ի վերջոյ կը հիմնէ իր անուանած «Ջղա-փիլիսոփայութեան» (Neuro-Philosophy) բաժանմունքը՝ առաջին ակադեմական մարզը, որ նուիրուած էր ուսումնասիրելու ուղեղին եւ այն երեւոյթին կապը, զոր նախորդ սերունդները պարզապէս «իմաստութիւն» կը կոչէին։

Քառասուներկու տարեկանին, համոզուած ըլլալով, որ խելացիութեան (IQ) եւ իմաստութեան (wisdom) միջեւ եղած խրամատը կարելի է լուծել դեղերով, Բարսեղեան կը հիմնէ Imasd դեղագործական ընկերութիւնը։ Քանի մը տարուան հետազօտութիւններէ եւ փորձարկումներէ ետք, ընկերութիւնը շուկայ կը հանէ Wiselene անունով դեղը, որ նախատեսուած էր զարգացնելու քննական մտածողութիւնը, ինքնագիտակցութիւնը եւ դիմադրողականութիւնը՝ բանականութեան շահագործումներուն (cognitive manipulation) դէմ։

Սկզբնական շրջանին Wiselene կ’որակուի որպէս հրաշագործ դեղ։ Միլիոնաւոր մարդիկ կը սկսին գործածել զայն եւ գրեթէ բոլորն ալ կը փոխանցեն տրամաբանութեան բարելաւման, սրած սկեպտիկութեան եւ առօրեայ կեանքի տրամաբանական անհամապատասխանութիւնները նկատելու անսպասելի կարողութեան մասին։ Թերթերը կը գովաբանեն այս նուաճումը, իսկ մեկնաբանները կը կանխատեսեն, որ դեղը կրնայ մտաւոր յստակատեսութեան նոր դարաշրջան մը բանալ։

Սակայն խանդավառութիւնը կ’ըլլայ կարճատեւ։

Ամիսներ ետք, Wiselene գործածողները կը սկսին գանգատիլ մտահոգիչ կողմնակի ազդեցութիւններէ, ինչպէս՝ անքնութիւն, մշտական դժգոհութիւն եւ որոշ պարագաներու՝ գոյապաշտական անձկութեան (existential dread) յանկարծակի ու ճնշող զգացում։ Քաղաքական գործիչները շուտով կը սկսին դժգոհիլ, որ Wiselene գործածող քաղաքացիները դարձած են արտասովոր կերպով դժուար համոզուող։ Կրօնական հաստատութիւնները լուռ կերպով կը փոխանցեն եկեղեցի յաճախողներու թիւի նկատելի նուազում մը։ «Ինքնօգնութեան» (self-help) ճարտարարուեստը կը դիմագրաւէ կտրուկ նահանջ մը։ Մոմերու, բիւրեղներու, խունկի, եոկայի փռոցներու, հագուստներու եւ հոգեւոր զարթօնքի կապուած զանազան պարագաներու վաճառքը շեշտակիօրէն կը նուազի։ Լրատուական կազմակերպութիւնները կը կորսնցնեն իրենց բաժանորդները։ Զինեալ ուժերու կարգ մը բաժանմունքներուն մէջ նորագիրներու թիւը կը նուազի։ Շարք մը ժողովրդական ֆիլմաշարեր չեղեալ կը համարուին, երբ հանդիսատեսները կը սկսին հարցեր տալ, որոնց պատասխանելը արտադրիչներուն համար դժուար էր։

Մինչ դատական հարցերը կը բազմանային, Բարսեղեան կը մնայ անդրդուելի։ Քանի մը հարցազրոյցներու ընթացքին ան կը պնդէ, որ իր ընկերութիւնը միշտ ալ թափանցիկ եղած է գիտակցութեան բարձրացման հաւանական հետեւանքներուն մասին։ Ինչպէս ինք յաճախ կը նշէր՝ գոյութիւն ունի լաւ փաստագրուած կապ մը յիմարութեան եւ երջանկութեան միջեւ։

Եօթը տարի տեւած դատական քաշքշուկներէ եւ դրամական աճող կորուստներէ ետք, Imasd սնանկութիւն կը յայտարարէ։ Բարսեղեան կը քաշուի հանրային կեանքէն եւ իր մնացեալ տարիները կ’անցնէ լուռ առանձնութեան մէջ՝ իր ժամանակը նուիրելով գրելու։

Ան հեղինակ էր քանի մը գիրքերու, ներառեալ՝ «Յիմարութեան նուրբ հրապոյրը», «Յիմարութեան պատկերազարդ ուղեցոյցը» եւ «Ապուշը», որուն պարագային հրատարակիչը ստիպուած կը զգար յստակեցնելու, որ գիրքը որեւէ կապ չունի Տոսթոյեւսքիի նոյնանուն վէպին հետ։

Բարսեղեանի եղբայրը՝ Արթիւր Բարսեղեանը, դեղագործական արտադրութեանց մեծ վաճառական մը, առեւտրական զգալիօրէն աւելի մեծ յաջողութեան կ’ունենայ իր սեփական գիւտով՝ Hyegra-ով՝ դեղ մը, որ նախատեսուած է այլ միջոցներով մեծցնելու այր մարդուն «ես»-ը (ego)։

Թէեւ Wiselene-ը տարիներ առաջ կ’անհետանայ դեղարաններէն, պատմաբանները կը շարունակեն վիճիլ, թէ արդեօք Բարսեղեանի մեծագոյն սխալը դեղը հնարե՞լն էր, թէ՞ պարզապէս թերագնահատումը, թէ իրականութեան մէջ որքա՞ն մարդ կը փափաքէր իմաստուն դառնալ։

Կը խնդրուի google-ով Փօլ Փարսեղեան չորոնել. ան երեւակայական կերպար մըն է։

Please do not google Paul Parseghian. He is a fictional character.

Թարգմանութիւնը՝ Տարբերակ21-ի

Պատմութեան դիակիզարանէն դուրս

22 Սեպտեմբեր 1991. Հայաստանի հանրապետութեան վերանկախացում, ինքնիշխանութեան հաստատում, խորհրդային ուժերէ ձերբազատում, ազատութիւն, ազգային/մշակութային վերածնունդ եւ գոյատեւում։

Յաճախ կը լսենք, մասնաւորապէս մենք՝ սփիւռքահայերս, այս տեսակի խրախճանքային կարգախօսներ եւ խիստ կողմնապահ քննադատութիւններ։ Պատմաքաղաքական ուսումնասիրութեան վրայ հիմնուած՝ սերտուած քննադատութիւններ ունկնդրելու, բանավէճեր կազմակերպելու, արխիւներ եւ փաստագրական պատմութիւն պրպտելու փոխարէն, կարգախօսներով կը բաւարարուինք. եկէ՛ք մօտէն դիտարկենք եւ վերատեսութեան ենթարկենք խորհրդային շրջանը։

Խորհրդային իշխանութիւնը որոշ ժամանակաշրջաններ ճնշած ու ճկռած է հայկականութիւնը, սակայն կարեւոր է եւ պէտք է նաեւ կարենանք պատմութիւնը ճանչնալ իր ամբողջութեամբ։ Ի վերջոյ, խորհրդային շրջանին է որ, կառուցուած են թատերասրահներ, ինչպէս՝ Գաբրիէլ Սունդուկեանի Պետական Ակադեմական Թատրոնը (1922), Վահրամ Փափազեան թատրոնը (1933), Երեւանի պետական Ակադեմական Օբերայի եւ Պալետի Թատրոնը (1933)։ Ալեքսանդր Թամանեան պատրաստած է Երեւանի յատակագիծը 1924-1925 թուականներուն, որ ֆինանսաւորուած է Խորհրդային Հայաստանի Խորհուրդին կողմէ, որ կը հանդիսանար  տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքաշինական հարցերով զբաղող կառավարական հիմնական մարմինը:

Մարտիրոս Սարեան, Գրիգոր Խանճեան, Մինաս Աւետիսեան եւ շատ մը ուրիշներ հերոսացած են իբրեւ Սովետական մեծ հայրենիքի հայ գեղանկարիչներ։ Սասունցի Դաւիթի արձանը, որ քանդակած էր Երուանդ Քոչար, տեղադրուած է Երեւան 1959-ին։  Չմոռնանք նաեւ 1920-ականներու Հայաստանի մէջ անգրագէտ ժողովուրդի թիւը շատ արագ նուազած է 1930-ականներուն, խորհրդային ծրագիրներու, դպրոցներու եւ մշակութային հաստատութիւններու ստեղծման շնորհիւ։ 1940-ականներէն սկսեալ մինչեւ 1960-ականները, խորհրդային իշխանութիւններու ներդրումներով Խորհրդային Հայաստանի մէջ կառուցուեցան նոր գործարաններ, ելեկտրակայաններ եւ քիմիական հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ նոր թաղեր ու քաղաքներ։ Այս ծրագիրները ստեղծեցին բազմաթիւ աշխատատեղեր, մղեցին գիւղական զանգուածները դէպի Երեւան եւ այլ քաղաքներ։

Խորհրդային տարիները Հայաստանի համար բերին գրագիտութեան տարածում, բարձրագոյն ուսման եւ գիտական հաստատութիւններու զարգացում, ենթակառուցուածքներու արդիականացում եւ մշակութային կեանքի աշխուժացում՝ գաղափարական, մտաւորական եւ արուեստագիտական նոր հորիզոններ բանալով հայ իրականութեան առջեւ։

Սակայն այս դրական կողմերուն կողքին, այդ շրջանին պատահած են նաեւ ծանր հետեւանքներով իրադարձութիւններ:

Խորհրդային Հայաստանի 1946–1948 թուականներու զանգուածային հայրենադարձական ծրագիրի նպատակն էր Հայաստանի բնակչութեան աճը։ Հազարներով սփիւռքահայեր, հայրենասիրական զգացումերով խանդավառ, որոշեցին ներգաղթել հայաստան՝ կարծելով թէ իրենց երազած դրախտավայրը վերջապէս պիտի գտնեն։ Անոնք դէմ յանդիման գտնուեցան աշխատանքային բազում դժուարութիւններու։ «Հայրենիք վերադառնալու» խորհրդային հայրենասիրական քարոզչութիւնը հետագային վերածուեցաւ յուսախաբութեան։

Ըմբոստ մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ, արուեստագէտներ եւ քաղաքացիներ արժանացան դաժան պատիժներու՝ ձերբակալութեան, աքսորի եւ նոյնիսկ սպանութեան։

 Չմոռնանք, որ Արցախի տագնապը եւ վերջապէս անոր կորուստին ցաւոտ բեռը, մասամբ Ստալինի ուսերուն վրայ է տակաւին։ Անոր գծած անտրամաբանական, քաղաքական շահերու հիմամբ հաստատուած սահմաններու անարդարութեան գինը բաւական սուղ վճարեց հայ ժողովուրդը։

Կրնանք էջերով Սովետ կռփել, հայհոյել ու էջերով փառաբանել։ Նպատակս ուշադրութեամբ խորհրդային Հայաստանի պատմութիւնը ազատել է պատմութեան դիակիզարանէն, որովհետեւ մինչեւ այժմ անոր լաւ կողմերը կը վայելենք, եւ վատ կողմերու հեղինակած քարշելի հոտը կը շնչենք։ Ուստի, եթէ ուզենք ուսումնասիրել Հայաստանի ներկան, պէտք է խորհրդային շրջանը լրջօրէն քննարկել ոչ թէ կողմնակալութեամբ, այլ՝ առարկայական մօտեցումով, տեսնելով անոր թէ՛ դրական ձեռքբերումները, թէ՛ բացասական ժառանգութիւնը, հասկնալու համար թէ հայաստանաբնակ հայերը եւ մենք՝ սփիւռքահայերս, մեր անկախութեան եւ պետականութեան հանդէպ ի՛նչպիսի վերաբերում ունինք:

1920-1991 երկարող ժամնակաշրջանը շատ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է մեր անկախական եւ պետական աշխարհահայեացքներուն վրայ: Կարեւոր է առարկայականօրէն գնահատել այդ ժամնակաշրջանը թէ՛  Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Չմոռնանք որ սփիւռքը «հասակ առած է» նաեւ խորհրդային Հայաստանի նկատմամբ հակազդեցութիւններով:

Միայն այդ կերպ կրնանք լաւ հասկնալ այսօրուան Հայաստանի դիմագրաւած խնդիրները, պետութեան զարգացման եւ ենթակառոյցներու մասին կայացող որոշումները, դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու բնոյթը, եւ մեզի՝ արտասահմանցիներուն համար անհրաժեշտ՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ գոյութիւն ունեցող կապի բարդութիւնը։

Փաստօրէն պատմական եւ մտային հանգոյցի մը առջեւ կը գտնուինք, որ կը ստիպէ մեզ, մասնաւորաբար հայ երիտասարդութիւնը, հանգուցաւորուած պատմութիւններու գոնէ մէկ ծայրը գտնել եւ սկսիլ զայն ճարպիկութեամբ քակել։

Պատմական նշանակութիւն ունեցող օրեր, գաղտագողի լուռ կը սահին ու կ’անցնին։ Պատրանքաթափուելու, մշակութային եւ քաղաքական շրջահայեացութիւն ունենալու, կամ իրապաշտ ու իրատես ծրագրեր մշակելու փորձ մը ընելու փոխարէն, կը բաւարարուինք թաղային ձեռնարկներով կամ հայրենասիրական տեղի-անտեղի ճառեր արտասանելով։ Անկախու՜թիւն եւ վերադարձ կը քարոզենք, կը հպարտանանք։ Ի՞նչ որակի անկախութիւն, ի՞նչ տեսակի իշխանութիւն։

Հրանդ Գալեմքէրեան

Հայաստանի ընտրութիւնները. փրկիչները շատ, բայց Կոտոն ո՞ւր է

Հայաստանի մէջ նախընտրական շրջանը միշտ ունի հրաշալի յատկութիւն մը․ ան յանկարծակի գարուն կը յիշեցնէ, երբ ձիւնի տակէն ոչ թէ ծաղիկներ դուրս կու գան, այլ «փրկիչներ»։ Ամբողջ փունջ մը բազմերանգ ու բազմիմաստ աղմուկի, որուն նպատակը իշխանութիւնն է, բայց որ, բնականաբար, կը կատարուի մէկ նպատակով՝ «փրկելու»։

Հայաստանի մէջ, նախընտրական շրջանը շատոնց դադրած է քաղաքական գործընթաց մը ըլլալէ․ ան դարձած է թատրոնի պարբերական ներկայացում մը, ուր դերակատարները կը փոխուին, բայց բեմադրութիւնը նոյնն է, խօսքերը նոյնն են, նոյնիսկ ժեսթերը նոյնն են։ Չորս-հինգ տարի լռութիւն, հեռաւորութիւն, անտեսում, իսկ յետոյ յանկարծ՝ ժողովուրդին հանդէպ մեծ սէր, մեծ ցաւ, մեծ պատասխանատուութիւն։ Մարդիկ, որոնք տարիներ շարունակ հասարակութեան հետ կապ չունէին, կամ շատ վատ կապ ունէին, յանկարծ կը յայտնուին բակերու, գիւղերու, փողոցներու մէջ՝ խիստ մտահոգ դէմքերով, եւ կը պարզուի՝ ժողովուրդը վտանգի մէջ է։ Ժողովուրդը մոլորած է։ Ժողովուրդը խեղճ է։ Եւ ամենէն կարեւորը այն է, որ ժողովուրդը պիտի «փրկուի»։ Իսկ փրկիչները շա՛տ են, այնքա՛ն շատ, որ նոյնիսկ մրցակցութիւն կը սկսի, թէ ո՛վ առաջինը կը հասնի փրկելու։ Ու կը գոռան, թէ պիտի փրկեն, իսկ ան որ չի փափաքիր իրենց ձեւով փրկուիլ, այնպիսի անհասկցող եւ յիմար անձ մը կը նկատուի, զոր պէտք է ուժով փրկել։ Եթէ անհրաժեշտ է՝ հայհոյել, կամ կաշառք տալ, կամ վախցնել, մէկ խօսքով՝ նպատակը կ’արդարացնէ միջոցները։ Իսկական քաղաքական Ռոպին Հուտ մը։ 

Այդ պահուն կը սկսի փրկութեան մրցումը․ մէկը կը փրկէ անվտանգութիւնը, միւսը՝ տնտեսութիւնը, երրորդը՝ արժանապատուութիւնը, չորրորդը՝ պետութիւնը, հինգերորդը՝ բոլորը միասին։

Սակայն, այս բոլորը շատոնց արդէն դադրած են որպէս քաղաքական պայքար ընկալուելէ։ Աւելի կը յիշեցնեն սովորական թատերախաղ մը, ուր ամենէն կարեւորը ոչ թէ գաղափարն է, այլ դերաբաշխումը։ Ո՞վ որու պէտք է միանայ, ո՞վ որմէ պէտք է բաժնուի, ո՞վ որու հետ պէտք է դաշինք կազմէ։ Երէկուայ հակառակորդները յանկարծ կը դառնան գործակիցներ, իսկ երէկուայ գործակիցները՝ անհաշտ ընդդիմախօսեր։ Այս դաշինք-դաշինք խաղալը դարձած է քաղաքականութեան հիմնական բովանդակութիւնը։ Գաղափարները դարձած են երկրորդական, սկզբունքները դարձած են փոխանակելի, իսկ ընտրութիւնը վերածուած է թեքնիք գործընթացի մը. ո՞վ որու միացաւ, ո՞վ որմէ բաժնուեցաւ, ո՞վ քանի տոկոս կ’ապահովէ։

Այս բոլորին հետեւանքը շատ աւելի խոր է, քան պարզապէս քաղաքական անճաշակութիւնը։ Այս թատրոնը աստիճանաբար սկսած է քանդել ընտրութեան հանդէպ հաւատքը։ Երբ ընտրութիւններէ ընտրութիւն, նոյն դէմքերը կը վերադառնան նոր անուններով, երբ նոյն խոստումները նոր ձեւակերպումներով կը կրկնուին, երբ դաշինքները կը ստեղծուին ոչ թէ գաղափարներու, այլ հաշուարկներու հիմամբ, ընտրութիւնը կը կորսնցնէ իր էութիւնը։ Ան այլեւս չ’ընկալուիր որպէս որոշում, այլ որպէս հերթական ձեւակերպութիւն մը, որ պէտք է տեղի ունենայ, որովհետեւ պարզապէս ժամանակն է։

Ժողովուրդը այս ընթացքին մէջ աստիճանաբար դուրս կը մղուի իրական քաղաքականութենէն։ Անոր անունով կը խօսին, անոր անունով կը միանան, անոր անունով կը բաժնուին, բայց իրականութեան մէջ ան պարզապէս դիտորդ է։ Կը հետեւի, թէ ինչպէս նոր դաշինքներ կը կազմուին, ինչպէս բարձրագոչ խօսքեր կը հնչեն, ինչպէս մեղադրանքներ կը փոխանակուին, բայց կը հասկնայ, որ այս բոլորը շատ քիչ ազդեցութիւն ունի իր կեանքին վրայ։ Ընտրութիւնը կը դառնայ ոչ թէ փոփոխութեան ակնկալութիւն, այլ՝ յոգնեցուցիչ պարտականութիւն մը։ Ժողովուրդը կը տեսնէ, որ «փրկութեան» աղմուկը այնքան մեծցած է, որ արդէն զինք կը «փրկեն»… իրմէ։

Քաղաքական բեմին վրայ ստեղծուած է իրավիճակ մը, ուր բոլորը կը խօսին փրկութեան մասին, բայց ոչ ոք կը բացատրէ, թէ ինչո՞ւ այդ փրկութիւնը միշտ կը յետաձգուի յաջորդ ընտրութիւններուն։ Բոլորը կը խօսին ժողովուրդին անունով, բայց ժողովուրդը կը շարունակէ դիմագրաւել նոյն խնդիրները։ Բոլորը կը խօսին փոփոխութեան մասին, բայց փոփոխութիւնը չի գար….Պէքէթի Կոտոյին նման։ Այդտեղ ալ կը ձեւաւորուի վտանգաւոր հոգեբանական վիճակ մը․ սպասում առանց յստակ ակնկալութեան։

Հասարակութիւնը կարծես ինչ-որ բան մը կը սպասէ։ Կը սպասէ նոր ուժի, նոր դէմքի, նոր լուծման, բայց այդ սպասումը կը դառնայ անվերջ։ Քաղաքական ուժերը հերթաբար կը յայտնուին, կը խոստանան, յետոյ կը հեռանան, իսկ ընդհանուր պատկերը չի փոխուիր։ Ոչ ոք իրականութեան մէջ չի գար, ոչ ոք իրականութեան մէջ չ’երթար, որովհետեւ համակարգը կը մնայ նոյնը։ Կը փոխուին միայն անուններն ու ձեւակերպումները։ Իսկ քաղաքական Կոտոն անվերջ կ’ուշանայ։ Կ’ուշանայ եւ անոր փոխարէն միայն քաղաքական փերեզակներ են, որ անվերջ ու անընդհատ, հոծ շարքերով կու գան նորէն խոստումներ շռայլելու։ Քանի-քանի նման փրկիչներ տեսած է հայ ժողովուրդը եւ անոնցմէ ոչ ոք մխիթարութիւն չէ բերած իրեն՝ սկսեալ հզօր կայսրերէն՝ մինչեւ տեղական խեղկատակներն ու փանջունիները:

Ընտրութիւնները կը վերածուին ինքնանպատակ գործընթացի։ Անոնք տեղի կ’ունենան, բայց չեն վերականգներ վստահութիւնը։ Քարոզարշաւներ կը կազմակերպուին, բայց չեն ստեղծեր իրական ընտրութիւն։ Դաշինքներ կը կազմուին, բայց չեն ներկայացներ գաղափարական այլընտրանք։ Հետեւանքը՝ քաղաքական կեանքը կը սկսի նմանիլ փակ շրջանակով շարժող մեքանիզմի մը, ուր շարժում կայ, բայց յառաջընթաց չկայ։ Երբ քաղաքականութիւնը այսպիսի թատրոն կը դառնայ, քաղաքացին աստիճանաբար կը կորսնցնէ մասնակցութեան զգացումը։ Ան այլեւս չի հաւատար, որ իր ընտրութիւնը կրնայ փոխել իրավիճակը։ Ան կը տեսնէ նոյն դէմքերուն վերադառնալը, նոյն խօսքերուն կրկնութիւնը, նոյն դաշինքներուն վերաձեւաւորումը, եւ կը սկսի ընտրութիւնը ընկալել որպէս ձեւականութիւն։ Այդ պահուն ընտրական գործընթացը կը կորսնցնէ իր ամենէն կարեւոր բովանդակութիւնը՝ հանրային վստահութիւնը։

Նախընտրական Հայաստանը այսօր նոյնիքն այս տրամադրութեան մէջ է։ Շատ խօսքեր, շատ դաշինքներ, շատ փրկիչներ, բայց քիչ հաւատք։ Քաղաքականութիւնը դարձած է ինքնանպատակ շարժում, ուր գործողութիւնները կը կատարուին ոչ թէ փոփոխութիւն ստեղծելու, այլ հերթական փուլը անցնելու համար։ Իսկ ժողովուրդը կը մնայ նոյն տեղը՝ դիտելով հերթական բեմադրութիւնը, որուն աւարտը նախապէս յայտնի է, բայց որ այնուամենայնիւ կը կրկնուի իւրաքանչիւր ընտրութենէ առաջ։

Հիմա ընդհանրապէս իւրաքանչիւր հայու առնուազն չորս-հինգ փրկիչ կ’ելլէ։ Կը մնայ, որ փրկիչները չկործանեն Հայաստանը՝ Յանուն Հայաստանի։

Արայիկ Մկրտումեան

Խաւարէն դէպի Յարութեան յաղթանակ

2026 թուականը տակաւին հազիւ սկսած, եւ մինչ աշխարհը մեծ յոյսերով ու ակնկալութիւններով կը դիմաւորէր զայն, դարձեալ Միջերկրական եւ Արեւելքի աշխարհը դէմյանդիման կը գտնուի թշնամական յարձակումներու։ Լիբանանը, ինչպէս միշտ, կարծես կռուախնձոր ըլլայ, իր մեծ բաժինը կը վճարէ։

Յարութեան տօնի շրջանն է, եւ ամբողջ ժողովուրդը կը շարունակէ ապրիլ նոյն մղձաւանջը, ինչպէս տարիներ շարունակ։

Յիշողութեանս մէջ թարմ է տակաւին, երբ 1989-90-ական թուականներուն, Աւագ Հինգշաբթի օր, խաւարման արարողութեան ժամերգութեան ժամանակ, հրթիռներու տեղատարափ մը սկսաւ Պուրճ Համուտի եւ շրջակայքի շրջանները: Ժողովուրդը ահ ու թողի մատնուած, ստիպուեցաւ արագ որոշումներ առնելու, մնա՞ն… թէ՞ փախչին իրենց տուները, ապաստանելու համար: Շատեր, մանուկները իրենց գիրկը, նետուեցան ճամբայ հապճեպով հասնելու ապահով տեղեր (որոնցմէ մէկը ես էի, առջինեկ աղջիկս գիրկս բռնած): Աւելի տարեցներ՝ դանդաղաքայլ ըլլալով, նախընտրեցին մնալ եկեղեցին, ուր ժամերգութիւնը կը շարունակուէր ամէն պայմաններու ներքեւ:

2020 թուականին, այս անգամ ամբողջ աշխարհը կը գտնուէր մտքէն ու գիտակցութենէն վեր պատահարի մը դիմաց, որ անգամ մը եւս խոչընդոտեց տօներու խաղաղ ընթացքը։ Դէպք մը, որ մինչ այդ օր մարդկութեան պատմութեան մէջ իր նմանը չունէր՝ ոչ թէ իր տեսակով, այլ իր ազդեցութեամբ։ Անոր անունն էր «պսակաձեւ ժահր»։ Այո՛, պատմութեան մէջ կարդացած ամէն բան միշտ ունեցած է սկիզբ մը եւ արձանագրութիւն, բայց այս անգամ՝ ոչ։ Ասիկա տարբեր էր իր նախորդներէն՝ իր աւերներով, իր հետեւանքներով, իր ձգած հետքերով։ Անճանաչելի բանի մը ծանօթանալն ու անոր վարժուիլը ժամանակ կը պահանջէր, սակայն այդ միջոցին արդէն հազարաւոր կեանքեր կը խլէր։

Թեւերը տարածած կը սաւառնէր ամբողջ աշխարհով մէկ, բոլոր ազգերը ահ ու սարսափի մատնած՝ իրենց սեփական տուներուն մէջ ինքնաբանտարկութիւն պարտադրելով բոլորին: Աւելին՝ յաղթանակի դրօշը պարզած ան սառեցուց հասարակական կեանքը, ներառեալ՝ կրօնական բոլոր հաստատութիւնները, նաեւ եկեղեցիները, մինչ աշխարհը Խաչելութեան եւ Յարութեան տօներու սեմին կանգնած, կը պատրաստուէր տօնելու Քրիստոսի յաղթանակը:

Մարդկային կեանքը այսպիսի բանի մը դէմյանդիման չէր գտնուած մինչեւ այդ օրը: Չկար պատմութեան մէջ եկեղեցի մը, որ իր դռները փակ պահէր իր ժողովուրդին դիմաց: Տէր Քրիստոսի Խաչելութեան եւ Յարութեան տօնի շրջանին, բոլոր քրիստոնեայ աշխարհը, առաջին անգամ ըլլալով տառացիօրէն փակ պահեց Տիրոջը տան դռները իր ժողովուրդին դիմաց, ժողովուրդին ապահովութեան համար: Պահ մը կարծուեցաւ, որ չարը/մահը կը յաղթանակէր, բայց միայն երեւութապէս…սակայն ո’չ հոգեւորապէս: Այլ՝ աւելի հոգեշունչ եւ հոգեպարար առաքելութեամբ Աստուծոյ եկեղեցին ոտքի կանգնեցաւ՝ դիմագրաւելով ամէն զոհողութիւն եւ մարտահրաւէր, ճիգ չխնայեց իր ձայնը եւ օրհնութիւնը մատչելի դարձնելու բոլոր ժողովուրդներուն ամէնուրեք: Մանաւանդ հայ եկեղեցին հասաւ իր զաւակներուն՝ ըլլան անոնք Մայր Հայրենիք, Արցախ, Լիբանան եւ սփիւռք:

Եկեղեցին հասաւ իր ժողովուրդին՝ բոլորին տուները այցելելով համացանցի միջոցով: Շարունակեց եկեղեցական բոլոր արարողութիւնները հրամցնել ուղղակի սփռումովներով:

Տակաւին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Կիրակի 5 Ապրիլ 2020-ին, աղօթքով ժողովուրդին հետ ըլլալու համար, Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան՝ ինքնաշարժի թափօրով յաջորդաբար շրջեցաւ հայահոծ շրջանները եւ օրհնուած մաս ու ձիթենիի ճիւղեր բաժնեց հաւատացեալ ժողովուրդին:

Նաեւ, Շաբաթ 11 Ապրիլ 2020-ին, Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագի աւարտէն անմիջապէս ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ կատարուեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառին ձեռամբ: Օրհնուեցան հայ ընտանիքներն ու տուները, գուցէ համացանցի վրայ ուղիղ եթերով, սակայն Սուրբ Հոգիով ողողուած:

Անձամբ ականատես եղայ եւ վայելեցի պատարագները որ մատուցուեցան հայ եկեղեցիներուն մէջ:

Կիրակի 12 Ապրիլ 2020-ին, Սուրբ Յարութեան տօնին՝ պատարագը եւ Աստուծոյ խօսքը մատուցուեցան դարձեալ ուղիղ եթերով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ: Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրը իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց ժողովուրդին՝ ըսելով. «Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց»: Սովորաբար ժողովուրդը կը պատասխանէ, «Օրհնեալ Է Յարութիւնն Քրիստոսի»՝ եկեղեցիին պատերը թնդացնելով: Ժողովուրդը պատասխանեց՝ բայց անոնց ձայները անլսելի մնացին Վեհափառին ականջներուն: Շատ յուզիչ եւ ցնցիչ բան էր այս պատահածը: Երբ Կիլիկիոյ քայլերգը կ’երգուէր, բոլոր աշխարհ ականատես դարձաւ Վեհափառին յուզմունքին եւ արցունքով լեցուն նայուացքին: Կարծես Վեհափառ Հայրը կը փափաքէր այդ վայրկեանին հրաշքով մը իր ժողովուրդին պատասխանը լսել եւ ժպիտով պայծառացած անոնց դէմքերը տեսնէր իր դիմաց:

Այս կացութիւնը ապրիլը պահ մը զիս մտաբերել տուաւ Աստուածաշունչի խօսքը, զոր կը կարդանք Յովհ. 11.35-րդ համարին մէջ, «Յիսուս Լացաւ»: Ամենէն կարճ, բայց իմաստալից համարը Աստուածաշունչին: Այս համարին մէջ, Տէր Յիսուս Քրիստոսը կանգնած Ղազարոսի գերեզմանին դիմաց եւ չորս կողմը նայելով կը տեսնէ ժողովուրդին անյոյս, անկարող, կորսուած վիճակը. չեն գիտեր նոյնիսկ ինչ խնդրեն Տիրոջմէ: Տէր Յիսուսի սիրտը կը խռովի: Նոյնը կը պատահի երբ Տէր Յիսուս կը դատապարտուի, խաչը ուսին դէպի Գողգոթա կ’ուղղուի, խաչը կը բարձրացուի եւ այս բոլորին ընթացքին, իր աշակերտներուն մեծ մասը կը լքէ Զինք, այդ նոյն ժողովուրդը, որ շաբաթ մը առաջ Զինք թագաւոր անուանած էր, այսօր Զինք կը դատապարտէ, աւազակը կը նախընտրէ եւ կը բացականչեն՝ «Խաչեցէ՛ք զինք»: Տէր Յիսուս կը յուզուի եւ կը տառապի, սակայն պատրաստակամ կը զոհուի յանուն իր ժողովուրդին փրկութեան:

Որքա՜ն հասկնալի է Վեհափառ Հօր մտահոգութիւնը եւ վիշտը, որպէս երկրային հայր, երբ ան տեսաւ իր զաւակներուն տխուր ու անօգնական վիճակը այսպիսի իրավիճակի դիմաց։ Ան իր ամբողջ կարողութիւնը ի գործ դրաւ՝ հասնելու իր զաւակներուն, մխիթարելու, քաջալերելու, զօրացնելու անոնց հաւատքն ու ոգին, առաջնորդելու զանոնք դէպի փրկութիւն, դէպի Արարիչը, դէպի Տէր Յիսուս Քրիստոս, Աստուծոյ Գառնը, որ իր արիւնը թափեց եւ զոհուեցաւ՝ ամբողջ մարդկութեան մեղքերուն թողութիւն շնորհելու համար:

Այսօր մարդիկ դարձեալ ամէնուրեք նման իրավիճակի մէջ կը գտնուին, սակայն մեր անցեալի փորձառութիւնները մեզի թոյլ չեն տուած յուսահատելու, ըմբոստանալու կամ մեր հոգեւոր պարտաւորութիւնները զիջելու մեր Փրկիչին նկատմամբ։

Թող Վեհափառ հօր ապրումները եւ զոհողութիւնը մեզի համար ըլլան շօշափելի օրինակ մը։ Եկէք նաեւ յիշենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի զոհաբերութիւնը՝ մեր հոգիներու փրկութեան համար։

Տէր Յիսուս Քրիստոս իր յարութեամբ յաղթահարեց չարը։ Ան ըսաւ․ «Այս բաները ձեզի ըսի, որպէսզի իմ մէջս խաղաղութիւն ունենաք։ Աշխարհին մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք․ ես յաղթեցի աշխարհին»։

Մենք նոյնպէս հրաւիրուած ենք Յիսուս Քրիստոսով յաղթահարելու ամէն չարիք: Թող Տէրը ըլլայ իր զաւակներուն հովանին:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ, ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:

 

ԽԱՉԵԱԼԸ

Ու գամերը ափերի մէջ ու ոտքերին
Կռացնէին, կռանեցին․
Մինչդեռ ճակտին փշաթագը արիւնոտուած
Այտերն ի վայր արիւն ծորաց։

Ու վարսեցին մահախաչը ամբոխի դէմ,
Որ ծփում էր կոյր, հողեղէն․
Վարդապետը ահա խաչին չարչարութեան․
Աստուածանեծք յանցանութեան։

«Հայր, թող դրանց, որ չգիտեն ինչ են անում»․․․
Ոխ ու քէնով կոյր մեղկանում․
«Կոյս մայրութեամբ թողէք սէրն իմ առնեմ վերջին»․․․
«Ծաղր ու ծանակ մեր արարչին»․․․

«Թէ Աստուծոյ Որդին ես դու ազատիր մեզ,
Մեր աւարից բաժին կ’առնես»․․․
«Նազովրեցի, յիշիր ինձ քո յաղթանակին,
Թէ արժանի եմ տակաւին»․․․

«Ծարաւ եմ ես, հուր է շիկնում բոյլն իմ սրտի»․․․
«Քացախ տուէք թողէք լկի»․․․
«Հայր, իմ հոգին յանձնում եմ Քեզ․․․մարդուն գթա՛»․․․
Ամբոխն է համր ու անզգայ։

Տիեզերքում չխաւարեց արեգակը,
Թէեւ օրը խաւարեց լուռ․
Լոյսով պատեց Նա աշխարհի բովանդակը,
Սրտերի մէջ է ամրակուռ։

 Գրիշ Դաւթեան

Այց

Պա՛պ, կը յիշե՞ս …
այդ սածիլը, որ ցանեցիր,
պիտ‘ ընէ հովանի ըսիր:
Ունեցաւ տերեւներ բիւր,
շուք սփռեցին ամէնուր,
բայց արեւ էր պէտք վրադ,
զանոնք ցրուեցին հեռուն:

Պա՛պ, կը յիշե՞ս …
շիթիլը, որ ցանեցիր:
Ան եղաւ ծառ…
արմատները տարածուն,
եղան ամուր, գացին հեռուն
եւ ճեղքեցին հազար խոչ:

Պա՛պ, կը յիշե՞ս…
այդ ծառիկը, որ ցանեցիր,
կոճղը եղաւ հաստ ու տոկուն
ուզեցինք վրան յենուլ,
բայց …
արգելք էր մարդոց ճամբուն,
գնաց հեռո՜ւն, հետեւելով…
արմատներուն:

       Գիտե՜մ պա՛պ,
       հազար ու մէկ ծաղիկներ
       չեն ըլլար քեզ հովանի,
       հազար մոմեր եւ խունկեր
       չեն ըլլար քեզ սպեղանի:

Պա՛պ, մի՛ նեղուիր …
փոքրիկ ծառը, որ ցանեցիր,
իր արմատներով մեծղի,
տերեւներով բազմալի,
վկա՛յ բազում այդ յուշերուն,
Իր կոճղով ամուր,
կը գոյատեւէ հեռո՜ւն..
հովանի է քու քաղցր հոգւոյն:

Մարալ Տ.

Չարչարանքի Շաբաթը Եւ Մենք

Դարձեալ «Աւագ Շաբաթ» է…: Ու ի՜նչ տխուր է աշխարհը, երբ զայն կը դիտենք մեր սեփական աչքերով, Քրիստոսի ծնունդէն երկու հազար տարի ետք: Մէկ խօսքով, խտացած դժբախտութիւն մը, որ սարսափ կ՛ազդէ ե՛ւ դիտողին, ե՛ւ ապրողին:

Ի՜նչ տարօրինակութիւն եւ միաժամանակ ի՜նչ գեղեցկութիւն:

Այս վիճակին մէջ տակաւին ոմանք, ապագային նկատմամբ լաւատես են. ո՛չ յուսահատու-թիւնը եւ ոչ ալ փլատակ տեսարանները չորցուցած են իրենց եռանդը:

Երբեմն ես ինծի հարց կու տամ, արդեօք նորութիւն մը պիտի գտնե՞մ, երբ այսօր վերստին փորձեմ Ս. Գիրքը կարդալ:

Ու անկեղծօրէն նաեւ կը մտածեմ, թէ այս օրերուն Քրիստոս ինչպէ՞ս կրնայ ներկայանալ մարդոց: Արդեօք պիտի կարենա՞յ զարմացնել բոլորս՝ հաւատացեալ կամ անհաւատ:

Ի՞նչ պիտի ըլլայ հոգեվիճակը այն մարդուն, որ տակաւին անտեղեակ է Յիսուսի գոյութենէն եւ կամ անոր՝ որ յուսախաբ է անոր էութեամբ: Արդեօք նոյն այդ ադամորդին պիտի մտահոգուի՞, թէ՞ պիտի սփոփուի:

Ըսէ՛ք, խնդրեմ, ո՞ր մէկը:

Արդեօք այս հոգեվիճակը ապրողները պիտի կարենա՞ն իրենց հարազատ եւ յատուկ նոր Յիսուսը գտնել, ստեղծել, պաշտել եւ կամ մարմնաւորել: Արդեօք նոր գտնուած Յիսուսը պիտի կարենա՞յ փրկել զիրենք այս մեծ քաոսէն, մարդոց ձեռքերով ու միտքերու յղացքով ծնունդ առած քաոսէն:

Եւ այս բոլորէն ետք, հապա մենք՝ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգը: Ի՞նչ արժէք կը ներկայացեն այսօր մեր շարականները, մեր աղօթքները ու նաեւ մեր հոգեւորականները:

Ի՞նչ է մեր կեանքին իմաստը, երբ դարերու նոյն աւետարանը կայ, կ՛ապրի, կը շնչէ եւ իրեն յատուկ միջոցներով կը պայքարի իր գոյատեւման համար:

Քրիստոսի չարչարանքի այս շաբթուան մէջ նման հարցումներ մտքիս մէջ իրար կը հրմշտկեն ու անհամբերներու անկարգութեամբ պատասխանի կը սպասեն:

Թերեւս ես ալ իմ կարգիս՝ յուսահատ մըն եմ:

Հարցումներ, որոնց պատասխանը չունիմ տակաւին. յստակ, մաքուր եւ ուղիղ…:

Վերջին հաշուով պատասխան մը, որ իրեն հետ պիտի բերէր կապոյտ հանդարտութիւնը եւ անդորրութիւնը ալեկոծ միտքիս:

Սակայն խոստովանիմ, որ Քրիստոսի հետ ժամադրութեան ամէնէն գեղեցիկ շաբաթն է այս շաբաթը, որովհետեւ խունկը ծուխի կը փոխուի եւ արցունքն ալ՝ զարդարանքի:

Որովհետեւ ինծի համար անգամ մը եւս Ինք՝ Քրիստոս, կը դառնայ կեանքի ու մահուան ծաղիկը, հոգիի եւ մարմինի մեծ յոյսը:

Լաւատեղեակ ենք, որ Յիսուս իր բովանդակ կեանքը ապրեցաւ, հասնելու համար այս շաբթուան, օրինակելի տանջանքի մը գագաթնակէտը խոհրդանշող այս օրերուն:

Որովհետեւ, իր անձին վրայ ունեցած հաստատ եւ անխախտ հաւատքով, Ինքն է քրիստոնէութեան միակ բանաստեղծութիւնը:

Բայց, երբ մօտէն կը հետեւինք Աւագ շաբթուան եւ անոր շուրջը ստեղծուած մթնոլորտին, կը տեսնենք, որ այս շաբաթն ու անոր խորհուրդը հետզհետէ սկսած են կորսնցնելու իրենց սրբութիւնը, իրենց արժէքն ու թարմութիւնը եւ հմայքը:

Թերեւս անոր համար, որ մեծ վարդապետի պաշտօնեաներուն եւ անոնց հետեւորդ ժողովուրդին միջեւ գտնուող կապը մաշելու սկսած է, չըսելու համար թէ նոյնիսկ՝ փտած:

Անոր համար է, որ այս շաբթուան չարչարանքի եւ յարութեան նշանները, որոնք նախապէս կը կախարդէին մեզ, կը տաքցնէին մեր ցուրտ միտքերն ու հոգիները, այժմ դարձած են սովորական, պարզ, ձեւական եւ նոյնիսկ անիրական:

Որովհետեւ մենք՝ պարզ մահկանացուներս, ամէն օր կ՛ապրինք նոյն տանջանքն ու չարչարանքը: Հաւատացէ՛ք, ամէն անգամ որ երկու հոգի իրարու հանդիպին, իրենց միջեւ կը ստեղծուի չարչարանքի սովորական պատմութիւն մը:

Նշանները բաժնուած են, ու հիմա, այսօր Քրիստոս առանձինը չէ, որ խաչուած է այլեւս: Այս մէկը յստակ է բոլորիս: Մենք ալ իրեն նման ձեւով մը խաչուած ենք:

Ինք յարութիւն առաւ եւ վերջ տուաւ իր չարչարանքին:

Բայց մե՛նք: Հապա մե՛նք:

Մեր յարութիւնը սակայն կասկածի տակ է, որովհետեւ Յարութեան տօնը մեզի համար այլեւս դարձած է պարզ աւանդութիւն մը, նաեւ՝ սովորութիւն մը:

Միայն եկեղեցւոյ պաշտօնեաներուն կարելի չէ վերագրել այս երեւոյթը, այլ ներկայ մակերե-սային մեր ըմբռնումներուն, մեր նիւթապաշտ կեցուածքին, մեր ծուռ խառնուածքին, նկարագ-րին, մտածելակերպին ու հինցած ու մաշած հաւատքին:

Հաւանաբար մեզմէ շատեր ամէն օր կ՛աղօթեն, ու ամէն Կիրակի շարականներ ալ կ՛երգեն, եւ այդ իրենց ստեղծած մթնոլորտին շնորհիւ է, որ Քրիստոսի խաչելութեան ներկայ կը գտնուին եւ զայն կ՛ապրին: Երանելիներու կարգին պէտք է դասել նման մարդիկ:

Շատ հաւանաբար, մենք որ տարբեր ենք վերեւը յիշուած փոքրամասնութիւններէն, կ՛ուզենք, որ Քրիստոս աստուածային իր առանձնաշնորհումով, իր խաչելութենէն երկու օրեր ետք յարութիւն չառնէր: Մեզ մօտ մնար: Որովհետեւ մեր կարգին կը հաւատանք, որ յարութեամբ աւարտած իր տանջանքները արժէզրկեցին զինք, եւ ճիշդ ասոր համար է, որ կ՛ըսենք կամ կ՛ուզենք ըսել. «Երանի երկարէր տանջանքը»:

Երանի, թէ Աւագ Հինգշաբթին կամ Ուրբաթը շաբաթներ շարունակուէին:

Քրիստոսի խաչելութիւնը թէեւ կը յուզէ մեր սիրտը, կը փոթորկէ մեր միտքերը, սակայն եւ այնպէս կ՛ազնուացնէ մեր զգացումները:

Յիսուս յարութիւն առաւ ու այդ ձեւով վերջ գտաւ իր չարչարանքը ու վերջ գտաւ նաեւ իր հետաքրքրական պատմութիւնը. պայծառ, յստակ, սակայն հրաշք-կախարդ պատմութիւնը:

Գեղեցիկ է, երբ Աստուած կը տանջուի: Անոր համար է, որ կ՛ըսեմ. «Երանի երկարէր իր չարչարանքը»:

Բայց շտապեց: Ինք շուտով յարութիւն առաւ ու անոր հետ զուգահեռ ու անոր չափ ազդու, վերջ գտաւ մեր մխիթարութիւնը:

Որովհետեւ իր չարչարանքով, նոր սկսած էր մեր «ուրախութիւնը»:

Ատոր համար կրկին ու կրկին կ՛ըսեմ. «Երանի երկարէր իր չարչարանքը»:

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Գարնան մի թաց բայց արեւոտ առաւօտ
Աւետիս է տարածւում․
Սուրբ քաղաքը պիտ ընդունի մի ճամբորդ,
Մարդեղացած մարդորդուն։

Հանգրուանը եւ մօտիկ է, եւ հեռու․
Ճամբան օծուած է լոյսով․
Ժողովուրդը, աղաղակով սրտառու,
Ընդառաջում է յոյսով։

Որ գալիս է խոնարհութեամբ մարդկային,
Յոյսով, սիրով, հաւատքով,
Ու հողեղէն․․․ բայց նաեւ մի երկնային
Նուիրութեամբ հոգեթով։

Դէմքը մեղմ է, խորհրդաւոր, հեզագոյն․․․
Չարչարա՞նք, թէ անրջանք․
Ծով հայեացքում վերին պատգամ գերագոյն,
Աստուածային վեհ խոյանք։

Վարդապետը, վարդապետը․․․ աղաղակ․․․
Սրտեր, կուրծքեր հեւահար․
Տարածւում է ողջ քաղաքում ընդարձակ
Ոգեւորում հոծ, վարար։

Ու կոյրերը սկսում են լոյս տեսնել․․․
Ո՞վ է վառել ակունքը․
Բարկ, ծարաւի ոգիները սիրարբել
Իջնում են յոյս-ափունքը։

Եւ ձիթենու բուրումնաւէտ ճիւղերով
Ամբոխները զինավառ
Ծաղկազարդի խաղաղութեան պերճանքով
Գալն են տօնում հրաշափառ։

 Գրիշ Դաւթեան

 

ՀԱՅԵԼԻՍ

Անդաւաճան եւ խիստ դաստիարակս, անյիշաչար դատաւորս, որու հետ առճակատումէն յաճախ կը խուսափիմ:

Խուսափիլ հայելիէն՝ այսինքն խուսափիլ անձէս, էութենէս, թերութիւններէս եւ առաւելութիւններէս:

Օրերու քմայքին սեւն ու սպիտակը ճաշակած կնճիռներուս հետ հաշտութիւն կնքելու հայելիիս հրաւէրը երբեմն կը մերժեմ, գեղագիտական հնարքներով կը թաքցնեմ զանոնք, բայց հոգւոյս մէջ աճած մոլախոտերը, փուշերը ո՞ւր թաքցնեմ…:

Ներհայեցողութիւնը էական է. աչքերուս խորութեամբ կը դեգերիմ հոգւոյս բաւիղներուն մէջ. հայելիս կը զգաստացնէ:

Երբեմն հայեացքս կը վանեմ իրմէ, Աստուա՜ծ իմ, նոյնիսկ իր լռութիւնը կը սպաննէ:

Սիրելի՛ս, արդէն հասուն եմ, քիչ մը իմաստութիւն ամբարեցի, վերիվայրումներ ունեցայ, դաժանօրէն վիրաւորուեցայ, ներեցի, սխալեցայ. բայց գիտե՞ս , չէ՞, որ կրնամ ներել բոլորին, իսկ ինքզինքիս հանդէպ այնքա՜ն խիստ եմ եւ աններող:

Հայելի՛ս, եկուր հաշտուինք, մահկանացու եմ եւ մեղաւոր, իսկ թանկարժէք գանձս, որուն գոյութեամբ կը շողարձակես եւ կը ճառագայթես՝ խիղճս է. այնքան ատեն որ կը փայլփլիս աչքերուս խորութեան հետ, հաշտ ենք…:

Չեմ փշրեր գոյութիւնդ:

ԱՐԱՔՍ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ-ԽՏՐԼԱՐԵԱՆ

Յաղթական մուտք Երուսաղէմ

Տէր Յիսուս հրէական տօնէն շաբաթ մը առաջ համեստութեամբ աւանակի մը վրայ նստած յաղթական մուտք գործեց երկրային Երուսաղէմ քաղաք: Զինք դիմաւորեց հոծ բազմութիւն մը, ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերով, Ովսաննաներ երգելով. «Ովսա’ննա, Որդի Դաւթի: Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ. Ովսա’ննա ի բարձունս», Մատթէոս 21.9: Շատեր իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ փռեցին՝ ի յարգանք եկող Թագաւոր Թագաւորացին:

Այս բազմութիւնը քանիցս ներկայ գտնուած էր Տէր Յիսուսի երեք տարուան առաքելութեան: Անոնք լսած էին ուսուցումները, վկայ էին Անոր հրաշքներուն, բժշկութիւններուն: Զինք սիրած ու յարգած էին` Անոր մէջ տեսնելով գերադաս ուժ, կարողութիւն, զորութիւն եւ փառք:

Սակայն՝ քիչերն էին որ կրցան հասկնալ, գիտակցիլ եւ ըմբռնել Տէր Յիսուսի Աստուածային զորութիւնը կամ Անոր առաքելութեան իմաստը:

Շատեր զինք մարգարէ կոչեցին, ոմանք՝ քահանայապետ, ուրիշներ Զինք համարեցին ազդարարիչ: կային նաեւ մարդիկ, որոնք շփոթութեան մէջ կորսուած, չէին գիտեր ինչպէս ընդունէին զինք եւ հնազանդութեամբ կը հետեւէին ամբոխին, որ կը բացագանչէր.

«Օրհնեալ է Թագաւորը, որ Տէրոջը անունովը կու գայ. Երկնքի մէջ խաղաղութիւն ու փառք բարձրութեան մէջ», Ղուկաս 19.38: Իսկ փարիսեցիները՝ կուրացած իրենց «ես»էն հերքեցին իրականութիւնը, որը քաջ գիտէին: Չընդունելով իրենց իսկ մարգարէութիւնները, ուզեցին բազմութեան ձայնը խեղթել: Սակայն Տէր Յիսուս ըսաւ. «Եթէ ատոնք լուռ կենան, քարերը պիտի աղաղակեն», Ղուկաս 19.40:

Այս մարդկային բազմամտութիւնը մեզ կը յիշեցնէ «Սերմնացանին առակը»: Տէր Յիսուս ինք պատմեց եւ բացատրեց: Առակի սերմերուն նման բոլոր բազմութիւնը վկայ եղած էր Տէր Յիսուսի խօսքին: Սակայն ոմանք ինկած էին ճամբու եզրին եւ թռչունները կերած էին զանոնք:

Ուրիշներ՝ ապառաժային տեղերու մէջ ինկած էին եւ ուրախացած, բայց արմատ չունենալով չորցած էին: Շատեր փուշերու մէջ ինկած եւ որոմները զանոնք խեղդած էին: Իսկ աղէկ հողի վրայ ցանուած սերմերը պտուղ տուած էին. Մատթէոս 13:

Տէր Յիսուս գիտէր կատարուելիքը, ուրախ էր բազմութեան կանչին, բայց գիտակից՝ անոնց ոգեւորութիւնը ժամանակաւոր եւ խաբուսիկ է:

Որովհետեւ նոյն այս բազմութիւնն էր որ չէր գիտակցեր զանազանել, կշռել, մտածել. Այլ՝ հլու, հնազանդ կ’ենթարկուէր բանսարկուին, որ Տէր Յիսուսը պիտի դատապարտէր մահուան խաչին:

Այո՛՝ Տէր Յիսուս յաղթական մտաւ Երուսաղէմ, որ ինչպէս գիտենք երկրային ըլլալով (յաճախ թիրախ դարձաւ եւ կը դառնայ աշխարհիկ մամոնային), պարզապէս օրինակն է Տէր Յիսուսի, Որդի մարդոյ, Աստուծոյ զաւկին՝ յաղթական մուտքը դէպի երկնային Երուսաղէմ: Այս յաղթանակը Տէր Յիսուս ապահովեց ոչ թէ իրեն համար, (ինք արդէն Տէրն է երկինքին ու երկրին), այլ՝ մեզմէ ամէն մէկուն համար: Ան իր կեանքը տուաւ խաչին վրայ, իր արիւնը մեզի համար թափեց եւ երրորդ օրը Յարութիւն առնելով՝ յաղթեց աշխարհի բանսարկուին, աշխարհիկ Երուսաղէմի կարծեալ տէրերուն, որոնք յաւիտեան պիտի շարունակեն իրենց վէճը եւ անհաւատութիւնը: Անոնք պիտի մնան կորստեան մէջ, կորստեան որդիներ ըլլալով:

Սակայն՝ Տէր Յիսուսի իսկական ճանչցողները եւ Զինք փառաւորողները պիտի միանան Տէր Յիսուսի արժանավայել եւ յաղթական մուտքին դէպի ԵՐԿՆԱՅԻՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ:

Փառանձեմ Ֆագրաճեան Տէմիրճեան

 

ԹԷԺ ԱՂՋԻԿ

Դու արեւիս թէժ աղջիկն ես, հուր ես վառել դու իմ սրտում,
Եւ այդ հուրը մի նոր կեանքի տաք լոյսով է հոգիս լցնում։

Գիրգ շուրթերդ, որպէս խաղող, որ հասել է արեւի տակ,
Պինդ համբոյրիս՝ մեղրանում են իմ շուրթերին, ծորով յստակ։

Գարնանավառ այգեստանի բերք ես, ժպտում ես հնձուորիս,
Սիրոյս արտը ալեյուզող սիւքի թեւով գիրկս ես գալիս։

Գիրկս ես գալիս ու լցնում ես ինձ համօրէն մի նոր երգով,
Որ ոչ մի յեղ ես չեմ լսել այդպէս անուշ ու հոգեթով․․․

Ոսկէ ամպի թեւից կախուած գարնանձրեւ ես գարնանաշիթ,
Իմ ճակատն ես ցօղաւորում կաթիլներով ջինջ յանց յակինթ։

Թիթեռնիկի ճախր ես քնքուշ, ու թեւում ես սրտիս վրայ,
Որի զարկը երջանկահունչ զեղուն է քո սիրով հիմա։

Պատմութիւն ես, ոսկէ երազ, եւ մանկութեան քաղցր մի յուշ,
Այլեւ օրուաս կարկաչը զիլ, ու ապագաս ես անմշուշ։

Արի, արի թափուիր գիրկս, առաւօտուայ արեւի պէս,
Ինչպէս հովը՝ շշնջայ ինձ սիրախօսքեր, փայանքով հեզ․․․

Ու մինչ կուրծքս ուռճանում է երանութեամբ յորդ, անմեկին,
Համբոյրներս թող բողբոջեն վարդանման քո շուրթերին։

Զի արեւի թէժ աղջիկն ես, արեւաչուի ու մեղրաշուրթ,
Երազներիս աստեղազարդ, վառ երկնքի անհունում լուրթ։

Գրիշ Դաւթեան

Թումանեանի «Կացին ախպէր» հեքիաթն ու մերօրեայ ինքնակործանումը

Արդէն քանի մը առիթով խօսած ենք հայ մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի մշակած շարք մը հեքիաթներուն մասին ու ընդգծած այն ապշեցուցիչ ու դառն ճշմարտութիւնը, որ կայ անոնց մէջ։ Խօսած ենք Ձախորդ Փանոսին՝ միամիտ մարդուն մասին, որ չի կրնար հասկնալ իր ունեցած հնարաւորութիւններն ու գնահատել այդ բոլորը. խօսած ենք Քաջ Նազարին՝ վախկոտ պարծենկոտին մասին, որ կը յաջողի մարդկային դիւրահաւատութեան շնորհիւ դառնալ արքայ. խօսած ենք Անխելք Մարդուն մասին, որ իր իսկ յիմարութեան պատճառով ի վերջոյ կը կործանէ իր կեանքը… Այս բոլորը մեր հաւաքական դիմագիծին բացասական արտացոլանքն են։

Այս անգամ կը շօշափենք մէկ այլ հեքիաթ, որ նոյնպէս կը կարդանք, կը ծիծաղինք ու կ’անցնինք առաջ, մինչդեռ այնտեղ ալ աւելի սարսափելի իրականութիւն մը պատկերուած է։ Խօսքը «Կացին ախպէրը» հեքիաթին մասին է, որուն հիման վրայ 1994-ին «Էմիգրանտ» ՍՊԸ-ն նկարահանեց համանուն պատկերաֆիլմը (Cartoon)։ Պատկերաֆիլմը, որուն բեմագրին հեղինակն ու բեմադրիչը տաղանդաւոր Ռոբերտ Սահակեանցն է, բաւական սուր եւ ծաղրական, ինչ-որ առումով նաեւ դաժան իրականութիւն մը կը ներկայացնէ։ Պատկերաֆիլմին աւարտը քիչ մը կը տարբերի հեքիաթին աւարտէն, բայց ան, կը կարծենք, շատ աւելի լաւ կը ներկայացնէ այդ պատմութեան ողբերգութիւնը։

«Կացին ախպէրը» միայն առաջին հայեացքով ծիծաղելի հեքիաթ մըն է գիւղի մը մասին, ուր չեն գիտեր, թէ կացինն ի՛նչ է ու ձեռքով կը կտրեն փայտը։ Պատահաբար հոն յայտնուած փայտահատը անոնց կացին ցոյց կու տայ. հիացած գիւղացիները մեծ գումարով կը գնեն կացինը, որպէսզի իրենց փայտը կտրեն։ Բայց փոխանակ փայտը կտրելու, նախ իրարու կը վնասեն, ապա եւ յիմարաբար կը հրդեհեն ամբողջ գիւղը։ Ու եթէ հեքիաթին մէջ սարսափահար գիւղացիները կը վազեն փայտահատին ետեւէն, որպէսզի վերջինս գայ ու «Կացին ախպօրը խօսք հասկցնէ», ապա պատկերաֆիլմին մէջ գիւղացիները պարզապէս կը վայելեն հրդեհին հետեւանքով յառաջացած ջերմութիւնը։

«Կացին ախպէրը», եթէ վերցնենք անոր հեքիաթային շերտը, ապա ան ողբերգութիւն մըն է՝ համընդհանուր տգիտութեան, չտեսութեան ու ինքնակործան պահուածքի մասին։ Եթէ Ձախորդ Փանոսին ու Անխելք Մարդուն պարագային գործ ունինք անհատական միամտութեան ու տգիտութեան հետ, ապա «Կացին ախպօր» պարագային մեր առջեւ կը կանգնի այն սարսափելի իրականութիւնը, թէ ինչպէս ամբողջ հասարակութիւն մը կրնայ իր ձեռքերով ինքզինք մահուան դուռը հասցնել։ Եթէ Քաջ Նազարի պարագային հասարակութիւնը կը պարտուի անհատէն՝ իր վախերուն պատճառով, եթէ այնտեղ վախկոտ բռնակալը կը յաղթէ աշխարհին, որովհետեւ բանուկ է համընդհանուր ձեռնավարութիւնը (manipulation), ապա «Կացին ախպօր» պարագային մենք ուղղակիօրէն գործ ունինք ծայր աստիճան տգիտութեան եւ անկրթութեան հետ։ Այնտեղ չկան բռնակալներ, չկան թշնամիներ։ Այնտեղ անոնց վրայ չեն արշաւեր, չեն ասպատակեր, ոչ մէկ բնական աղէտ տեղի չ’ունենար, վիշապ ու դեւ չկայ։ Հոն սովորական մարդիկ են, որոնք չըմբռնելով իրենց ձեռք բերած կացինին արժէքն ու իմաստը, փոխանակ դիւրացնելու իրենց կեանքը, զայն դժոխքի կը վերածեն… Ինչպիսի՜ նմանութիւն մեզի, յատկապէս հիմա։

Ամբողջ հեքիաթով մէկ կարմիր գիծի նման կ’անցնի այդ տգիտութեան ու անկրթութեան շերտը։ Տգիտութեան ու անկրթութեան դիմաց թէ՛ անհատը, թէ՛ հասարակութիւնը ծանր կը վճարեն։ Բայց եթէ անհատին պարագային կարելի է օգնել, ապա երբ ամբողջ հասարակութիւնը տգէտ է, ան կը դառնայ ինքնակործան։ Տգիտութիւնը թոյլ չի տար հասկնալու եղած հնարաւորութիւնը, ան թոյլ չի տար խելացի ու հաշուենկատ կառավարելու զայն, այլ պարզապէս կ’ոչնչացնէ՝ այնպէս, ինչպէս հեքիաթին գիւղացիները։ Ու եթէ հեքիաթին մէջ իրադրութիւնը կը հասնի անհեթեթութեան աստիճանի՝ ընդգծելու համար տեղի ունեցածին հրէշաւորութիւնը, ապա իրական կեանքի մէջ տարատեսակ «կացիններ» մեզ անընդմէջ կը քայքայեն ու կը վնասեն։

Հայաստանի մէջ այսօր աւելի քան իրական է «Կացին ախպէրը»։ Մենք այն ժողովուրդն ենք, որուն ձեռքբերումները կը շրջուին իր դէմ. առաւելը կը դառնայ նուազ, յաջողութիւնը կը վերածուի ձախորդութեան, մեր յաղթանակները կ’աւարտին պարտութեամբ, իսկ նուաճումները կը տանին կորուստի։ Որովհետեւ տգէտ ենք։ Տգէտ ենք սկզբունքօրէն ու գաղափարապէս, ոչ թէ տառեր կարդալու կամ գրելու առումով։ Այսօր Հայաստանի մէջ շատ աւելի գիրքեր կը տպագրուին, քան երբեւէ. տասը տարուան մէջ շատ աւելի գրող յայտնուած է, քան անցեալ հարիւրամեակին, բայց միեւնոյնն է՝ տգէտ ենք։ Այսօր ունինք գնդապետներ, զօրավարներ, նախարարներ, տարատեսակ վարչութիւններ, պետեր, տեղակալներու եւ կատարածուներու ամբողջ բանակ մը. ունինք ոստիկանութիւն՝ ընդ որում տարբեր բաժիններով, կրթական հազար տեսակ հաստատութիւններ, սեփական ու պետական դպրոցներ, համալսարաններ, փորձագէտներ ու վերլուծաբաններ… բայց տգէտ ենք։ Տգէտ ենք հոգիի ու մտքի ողջ զօրութեամբ, ու թուարկուած այդ մասնագիտական երփներանգ ծաղկեփունջէն հետզհետէ աւելի ու աւելի գարշելի հոտ կը փչէ։ Դեռ երբեք Հայաստանը այսքան ազատ ու այսքան անձնասպան չէ եղած, որքան հիմա։ Հայ ժողովուրդը երբեք այսքան դպրոց ու համալսարան չէ ունեցած, ինչպէս հիմա, ու երբեք այսքան տգէտ չէ եղած, ինչպէս հիմա։ Հայերը, որոնք ժամանակ մը երեք-չորս պետութեան մէջ բաժնուած՝ հնարաւորութիւն չունէին սեփական քաղաքական միտք ունենալու, այսօր քաղաքական կացինները առած՝ զիրար կը յօշոտեն։

«Կացին ախպէրը» հեքիաթը մեր իրականութեան ծաղրն է։ Ան մեր ծռած իրականութեան տարբերակն է, ուր մենք զբաղած ենք մենք զմեզ կործանելով ու չհասկնալով, թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ։ Պատկերաֆիլմին այդ տարբերակն ալ աւելի սուր ու ինքնատիպ կը ներկայացնէ ամէն ինչ։ Երբ մէկը իր ձեռքը կը կտրէ, միւսները ուղղակի չեն ուզեր հասկնալ, որ պէտք է աւելի զգոյշ ըլլալ. ամէն ինչ կը շարունակուի իրարու ետեւէ, յիմարութիւնները կը մեծնան, սխալները՝ կը կրկնուին։ Ու երբ արդէն բաւական սրած վիճակի մէջ կը համաձայնին «պատժել կացինը»՝ զայն նետելով կրակի մէջ, կը տեսնեն, որ կացինը չ’այրիր, այլ կարմրած է։ Գիւղացիները կ’որոշեն բանտարկել կացինը ու զայն կը նետեն մթերանոց, ուր չոր խոտ պահուած է։ Հետեւանքը սարսափելի հրդեհն է, ու ամբողջ գիւղը կ’այրի. բայց գիւղացիները գոհ են, որովհետեւ կրակ վառելու հարցը լուծուած է՝ մեծ կրակ կայ ու այժմ տաք է։ Ի հարկէ, չեն հասկնար, որ ի վերջոյ այդ կրակը պիտի յանգի, ու իրենք կրկին պիտի մնան դաժան սառնամանիքին առջեւ… միայն թէ առանց տան ու հագուստի։

Իսկ մենք կը հասկնա՞նք։ Դարձեալ ծայրայեղ ու յիմար որոշում մը, դարձեալ անխորհուրդ ու տգէտ մօտեցում մը, որով «կ’այրենք» մեր ապագան. ասիկա մեզի բան մը կը յուշէ՞ արդեօք։ Կարելի է կարծել, որ ոչինչ չի յուշեր, ու մենք չըմբռնելով կը շարունակենք հեքիաթի կերպարներէն աւելի յիմար ու անմիտ ըլլալ՝ լեցուն յիմարի ինքնավստահութեամբ ու ամբարտաւանութեամբ։

Հեքիաթին ողբերգութիւններէն մէկն ալ այն է, որ երբ գիւղացիները կացինը ձեռք կը ձգեն, անոնց մտքովն իսկ չ’անցնիր նախ հասկնալ, թէ այդ ի՛նչ է իրենց ձեռքն անցածը, ինչպէ՞ս զայն օգտագործեն, ինչպէ՞ս կ’աշխատի ան, կամ ի՛նչ ընեն, որ իրենց չվնասէ։ Ո՛չ, անոնք պարզապէս կը նետուին անոր վրայ ու կը սկսին հիմնայատակ կործանել իրենք զիրենք։

Բոլոր անոնք, որոնք այնքան դրական կը նային կեանքին, որ միշտ կը փորձեն լաւը տեսնել, թող հարցնեն իրենք իրենց, թէ այդ ինչպէ՞ս կը պատահի, որ Հայաստան մշտապէս ձախորդութեան առջեւ կանգնած է։ Այդ ի՛նչն է ի վերջոյ պատճառը, որ մենք կը տապալինք անընդհատ, ու նոյնիսկ յաղթանակի պարագային, մենք վերջաւորութեան պարտուած ենք։ Ինչո՞ւ «կացին ախպէրները» ճիշդ չեն աշխատիր. ինչո՞ւ փայտի փոխարէն մենք ձեռք ու ոտք կը կտրենք. ինչո՞ւ կացինի բանտարկութիւնը հրդեհի կը վերածուի։ Ո՞վ է մեղաւորը. կացի՞նը, զայն վաճառող փայտահա՞տը, թէ՞ տգէտ գիւղացիները, որ նոյնինքն իրենք զիրենք կը քանդեն։

Այսօր, երբ մենք յիմարութեան, կարճատեսութեան ու տգիտութեան պատճառով այլեւս չունինք Արցախ, կը շարունակենք ագահաբար վերցնել ուրիշներու տուած «կացինները» ու իրարու գլխուն իջեցնել՝ յուսալով, որ այս անգամ ան ճիշդ պիտի աշխատի ու ձեռքի փոխարէն փայտ պիտի կտրէ։ Բայց կացինը ի՛նչ յանցանք ունի, եթէ զայն բռնողը անշնորհք է ու տգէտ։ Վախնամ, որ մեր հերթական «կացինով» մենք մեզ այնպէս հաշմենք, որ անոր տակէն դուրս գալը կա՛մ անհնար ըլլայ, կա՛մ ալ ծայրայեղ բարդ. այն ինչ որ կրնար մեզ փրկել, դառնայ մեր ինքնասպանութեան գործիքը՝ միայն ու միայն մեր յիմարութեան ու անպատասխանատուութեան պատճառով։

Յ.Գ. Ի դէպ, հայկական իրականութեան մէջ «Կացին ախպէրը» նաեւ տարածուած ծաղրական-հեգնական մականուն է այն մարդոց հասցէին, որոնք առանց մտածելու մէկէն կը դիմեն կոպիտ ուժի։ Հետաքրքրական է, չէ՞, որ մենք ունինք Ձախորդ Փանոսի, Քաջ Նազարի, Անխելք Մարդու եւ Կացին ախպօր հեքիաթները: Ի՞նչ կրնանք ընել։ Ինքնահեգնանքը միշտ ալ ամէն ժողովուրդի սիրելի «խաղալիքներէն» մէկը եղած է։

 

 

Իրանի պատերազմը Հայաստանի սահմանէն դիտուած

Իրանի դէմ շղթայազերծուած զինուորական գործողութիւններու երրորդ շաբթուան ընթացքին, հայ-իրանեան սահմանը կը գտնուի տագնապալի լռութեան եւ անորոշութեան մէջ։ Մինչ Ագարակի եւ Մեղրիի բնակիչները հեռուէն կը հետեւին լեռներուն ետեւը ծաւալող աշխարհաքաղաքական բախումներուն, սահմանային անցակէտը վերածուած է մարդկային ճակատագիրներու եւ տնտեսական տագնապներու խաչմերուկի։ Մարութ Վանեանի այս թղթակցութիւնը կը ներկայացնէ սահմանի երկու կողմերուն ապրող սովորական մարդոց վիճակը, ուր պատերազմի արձագանգները կը զգացուին ո՛չ միայն պայթումներու ձայներով, այլեւ՝ կտրուած յարաբերութիւններով եւ կանգ առած առօրեայով։

Թէեւ Իսրայէլ-Միացեալ Նահանգներ միացեալ յարձակումը Իրանի դէմ արդէն իր չորրորդ շաբաթը թեւակոխած է, տակաւին մեծ շփոթ կայ, թէ արդեօք Ագարակ-Նորտուզ հայ-իրանեան անցակէտը բնականոն կերպով կը գործէ՞, կամ նոյնիսկ՝ թէ որո՞նց համար բաց է անիկա։

«Չեմ կրնար պատասխանել այդ հարցումին»,— OC Media-ին կ’ըսէ հայ սահմանապահ մը։

Անցակէտը, որ կը գտնուի Ագարակ քաղաքի հարաւային արուարձանին մէջ, արդիւնաբերական բլուրի մը կը նմանի։ Մինչ իրանեան, հայկական եւ վրացական թիւերով բեռնակառքերը սովորականին պէս ետ ու յառաջ կը շարժին ամենուրեք փոշի եւ ծուխ արձակելով, անհատ ճամբորդները կրնան ժամերով կամ նոյնիսկ օրերով սպասել։ Սպասող ճամբորդներուն համար նստարաններ չկան, ալ չենք խօսիր մաքսազերծ առեւտուրի յարմարութիւններուն մասին։ Սահմանը յաջողութեամբ հատելէ ետք, քիչեր կը փափաքին խօսիլ իրենց փորձառութեան մասին։

«Ի զուր մի՛ փորձեր, չես յաջողիր։ Մեզի ալ չեն ըսեր, թէ ի՛նչ կը կատարուի։ Աւելի լաւ է քիչ մը սպասես մինչեւ չինացիները հասնին։ Անոնք իրանցիներէն աւելի շատ պիտի ըլլան։ Անոնց հետ խօսէ՛»,— կը յուշէ թաքսիի հայ վարորդ մը։

«Ամբողջ երկիրը պատերազմի մէջ է»

Քաղաքացիներու հոսքը գլխաւորաբար կը նկատուի կէսօրէ ետք. մարդիկ սահմանը կը հատեն թէ՛ ընտանիքներով եւ թէ՛ անհատապէս։

Իրանահայ մը, որ նոր հասած է Իրանի Արեւելեան Ատրպատական նահանգի Ճուլֆա քաղաքէն, OC Media-ին կը պատմէ, որ երկրէն դուրս գալը դժուար էր։

«Իմ քաղաքս հանդարտ է, բայց միեւնոյնն է, ամբողջ երկիրը պատերազմի մէջ է, գրեթէ անկարելի է դուրս գալը։ Իրանեան կողմի անցակէտին վրայ մօտ երեք ժամ սպասեցի։ Սահմանապահները ամէն ինչ մանրակրկիտ կը ստուգեն եւ իրենք կ’որոշեն՝ քեզի թոյլ տա՞լ հեռանալ, թէ՞ ոչ»,— կ’ըսէ ան։

Ի հակադրութիւն, շիկահեր երիտասարդ կին մը, որուն դէմքէն կ’երեւի, թէ օրերով չէ քնացած, կ’ըսէ, թէ պարզապէս արձակուրդի համար կը ճամբորդէ Հայաստան։

«Ես պատերազմի պատճառով չհեռացայ, պարզապէս կ’ուզեմ Երեւան երթալ՝ հանգիստս հոն անցնելու համար»,— կ’ըսէ ան։

Քիչ անց կը հասնի ընտանիք մը՝ Ուրմիայէն (Իրանի Արեւմտեան Ատրպատական նահանգի մեծագոյն քաղաքը)։ Հայրը բռնած է փոքրիկ աղջկան ձեռքը,: Ան պատրաստ չէ խօսելու լրատուամիջոցներուն հետ, միայն կ’ըսէ. «Անշուշտ վտանգաւոր է», մինչ իր ճամպրուկները կը տեղաւորէ վարձուած փոքր հանրակառքի մը մէջ։

Յաջորդը ծագումով աֆղան ընտանիք մըն է։ Երբ մօրը՝ Սալեհին, կը հարցնեն, թէ անգլերէն կը խօսի՞, ան կը պատասխանէ հարցումով. «Sprechen Sie Deutsch?» (Գերմաներէն կը խօսի՞ք)։ Ընտանիքը մտադիր է տեղափոխուելու Ֆինլանտա եւ հոն գաղթականի կարգավիճակ կամ քաղաքացիութիւն ստանալ։

«Հոն ծանօթներ ունինք, խոստացած են օգնել թուղթերու հարցով։ Տեսնենք, յոյս ունինք»,— կ’ըսէ ան։

Երբ թղթակիցները կը մօտենան իրանցի ուրիշ ընտանիքի մը, մայրը կը ժպտի՝ կարծես կանխազգալով իրենց մօտենալու պատճառը։ CivilNet-ի պարսկախօս թղթակիցը կ’օգնէ թարգմանելու ներկաներուն համար, որոնք կ’ուզեն աւելին գիտնալ Իրանի կացութեան մասին.

«Մուտքի վիզա ունիմ, Հայաստան հասայ, որ երրորդ երկիր մեկնիմ։ Հարազատներս Թեհրան են, չեմ գիտեր, յոյս ունիմ դարձեալ վերադառնալ»,— կ’ըսէ ան։

Ան կը նշէ, որ շատեր չեն կրնար հեռանալ դրամի չգոյութեան պատճառով՝ աւելցնելով, որ դեղորայքի եւ սնունդի պակաս կայ։

«Շատեր կը հաւատան, որ տունը կամ ապաստարաններու մէջ մնալը աւելի ապահով է [քան փախչիլը]։ Ես Իրան-Իրաք պատերազմը տեսած եմ, «վարժուած եմ», բայց պզտիկ աղջիկ մը ունիմ, ան սարսափած է, ատոր համար որոշեցինք լքել երկիրը»,— կը շեշտէ ան։ Դուստրը կ’աւելցնէ, որ դադրած է դպրոց երթալէ «շատ ուժգին պայթիւմի ձայներ» լսելէ ետք։

«Փշրուած ապակիի կտորներ կը թափէին ամէն կողմ, շատ վախնալիք էր»,— կ’ըսէ ան։

Հայաստան նոր հասած իրանցի երիտասարդ մը լրագրողներուն կ’ըսէ, թէ «ամէն ինչ սոսկալի է»։ Ան կը պնդէ, թէ միայն երկքաղաքացիութիւն ունեցողներուն թոյլ կը տրուի հեռանալու Իրանէն։ Երբ կը հարցնեն, թէ ի՛նչ կը կարծէ պիտի պատահի եւ ի՛նչ է իր փափաքը այս պահուն, ան կը պատասխանէ. «Այս պահուն միակ փափաքս լաւ քնանալն է»։

Սակայն հոսքը միայն մէկ ուղղութեամբ չէ։ Ալին՝ իրանցի մը, որ Տուպայէն կու գայ, հակառակ ուղղութեամբ կ’երթայ՝ վերադառնալով Իրան։ «Իմ երկիրս պատերազմի մէջ է եւ կը կարծեմ, որ հիմա պէտք է հոն ըլլամ»,— ինքնավստահութեամբ կ’ըսէ Ալի՝ աւելցնելով, որ լսած է, թէ հոն ամէն ինչ լաւ է։

«Այս ամբողջ ընթացքին մնայուն կապի մէջ եղած եմ ընտանիքիս հետ եւ հիմա կ’երթամ իրենց միանալու»,— կ’ըսէ ան։ «Կը կարծեմ այս պատերազմը 10 օրէն կը վերջանայ, բայց գիտէք, պատերազմի մէջ յաղթողներ չկան, երկու կողմերն ալ միայն պիտի տուժեն, ուստի որքան շուտ վերջանայ, այնքան լաւ բոլորին համար»։

Նմանապէս, Տուպայէն եկող մէկ այլ իրանցի երիտասարդ կ’ըսէ, որ պէտք է վերադառնայ իր ընտանիքին միանալու։

«Օդանաւային ընկերութիւնները բարձրացուցած են տոմսերու գիները։ Դժուարութեամբ հասանք Երեւան, հիմա կ’երթանք Իրան։ Թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ յաջորդիւ՝ չենք գիտեր, Ինշալլահ»,— կ’ըսէ ան։

Թերեւս ամենէն անսպասելի այցելուն սահմանին վրայ Մորաշիթան էր՝ ճափոնցի մը, որ Հայաստան եկած էր յատուկ նպատակով՝ օգնելու կարիքաւոր իրանցիներուն։ «Ես պարզապէս մարդոց կը հարցնեմ, թէ ինչի՛ կարիք ունին։ Պիտի փորձեմ օգնել ինչով որ կրնամ։ Ես ոչ մէկ NGO կը ներկայացնեմ, անհատապէս կը գործեմ, բայց կ’երեւի թէ շատ մարդ չ’անցնիր։ Կը մտածեմ Իրան երթալ եւ հոն փորձել օգնել իրենց։ Նման փորձառութիւն ունիմ, կամաւոր եղած եմ Ուքրանիա, Քամպոտիա, եւ հիմա հոս եմ մարդոց օգնելու համար»,— կ’ըսէ Մորաշիթա։

Ան շուտով կը հատէ սահմանը դէպի Իրան՝ ապշեցնելով իր թաքսիի հայ վարորդը։

«Ինչպէ՞ս այդքան դիւրին յաջողեցաւ։ Իր բոլոր իրերը ինքնաշարժիս մէջ ձգեց»,— կ’ըսէ վարորդը՝ շուարած։

«Մենք սովորական մարդիկ ենք»

Իրանի սահմանակից հարաւային Մեղրի համայնքին մէջ կեանքը դանդաղ կը թուի. դժուար է հաւատալ, որ լեռներուն ետեւը պատերազմ կայ։ Տեղացիները կը վարեն իրենց պարտէզները, կը խնամեն թզենիի, նռնենիի եւ ծիրանենիի ճիւղերը՝ պատրաստուելով գարնան գալուստին։

Տագնապին միակ նշանը Հայաստանն ու Իրանը բաժնող Արաքս գետի վրայ նոր կամուրջի շինարարութեան դանդաղումն է։ Երկու հողաբարձ բեռնակառքեր կանգնած են շինարարական հրապարակին վրայ. բանուոր մը մօտակայքը մետաղ կը զօդէ։

Նմանատիպ շինարարութիւն մը, որ յանձնուած էր իրանեան ընկերութիւններու համախմբումի մը՝ Սիւնիքի մէջ հայ-իրանեան հիմնական մայրուղիի 32 քիլոմեթրնոց հատուածը արդիականացնելու համար, նոյնպէս ըստ երեւոյթին կանգ առած է։ Հակառակ նախկին հետեւողական գործունէութեան, նոյնիսկ 2025-ի 12-օրեայ պատերազմի ընթացքին, այսօր հոն գրեթէ շինարարներ չկան։

Չնայած հանդարտ մթնոլորտին, տեղացի բնակիչները տակաւին կը զգան հակամարտութեան հետեւանքները, յատկապէս տնտեսական առումով։

«Գիտէք, մենք մեր ընտանիքները կը պահենք իրանցիներուն հետ առեւտուր ընելով»,— OC Media-ին կ’ըսէ Ագարակաբնակ թաքսիի վարորդ մը։

«Մենք մեծահարուստներ չենք, պարզապէս սովորական մարդիկ ենք, որոնք Իրան կ’անցնին եւ կենցաղային կարիքներ կը գնեն, ինչպէս՝ լուացքի փոշի, անձեռոց, ձէթ, շաքար եւ նման բաներ։ Խանութպանները կը ներածեն ու վերստին կը վաճառեն այդ ապրանքները հոս, բայց այս պահուն անոնց թոյլ չեն տար անցնելու սահմանը»,— կ’ըսէ ան։

Արոն՝ մէկ այլ փոքր ձեռնարկու մը, իրանեան համեմունքներ կը ներածէ Երեւանի մէջ վաճառելու համար։

«Չեմ կրնար կապ հաստատել իրանցի գործընկերոջս հետ, հոն համացանց չկայ։ Արդէն երկու օր է անցակէտին վրայ կը սպասեմ»,— կ’ըսէ ան։

Հայ բեռնակառքի վարորդ Կարէնը կը նշէ, որ թէեւ իրենց նման ինքնաշարժերը կրնան մտնել ու ելլել իրանեան տարածք, սակայն սովորական քաղաքացիները չեն կրնար, ինչ որ աւելի կը շեշտէ տնտեսական բացը մեծ առեւտուրի եւ տեղացիներուն միջեւ։

«Մեր կողմէ [հայկական կողմը] խնդիր չկայ։ Բայց իրանեան կողմէ՝ Մեղրիի եւ Ագարակի բնակիչները սովորաբար հոնկէ առեւտուր կ’ընեն, որովհետեւ աժան է։ Կրնան մինչեւ 10 քիլօ ապրանք բերել, բայց ոչ աւելի։ Մինչեւ 200 տոլարի ապրանք կրնան գնել։ Իսկ վառելանիւթը միայն 10 լիթրի չափով արտօնուած է»,— կը բացատրէ Կարէն։

Այս ամբողջ առեւտուրը կանգ առած է պատերազմին պատճառով։

«Ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ ի՛նչ պիտի պատահի յաջորդիւ, կամ թէ ե՛րբ պիտի վերջանայ պատերազմը»,— լրջութեամբ կը նշէ Կարէն։

Մեղրիի բնակչուհի մը նմանապէս կը նշէ, թէ ինչպէս իր դուստրը Իրանէն բուսական ձէթ, քիմիական նիւթեր եւ կենցաղային իրեր կը գնէր, ինչ որ այլեւս անկարելի է սահմանի փակման պատճառով։

«Ագարակցիները կ’ապրին պղնձամոլիպտենային հանքավայրին շնորհիւ, իսկ մեղրեցիները կ’ապրին իրենց պարտէզներով։ Մենք սովորական մարդիկ ենք, գործարար չենք»,— կը շեշտէ ան։

Այդուհանդերձ, ան կ’աւելցնէ, որ նոյնիսկ եթէ անցակէտը բաց ըլլար, ինքը ուտելիք չէր գներ Իրանէն. «Անոնք թերեւս հիմա ատոր աւելի պէտք ունին»,— կ’ըսէ ան։

Մարութ Վանեան

OC Media

Թարգմանութիւն՝ Տարբերակ21

«Լինչականը». Անրջական աշխարհի եւ առօրեայ տագնապներու վիպերգութիւնը

Իմ նախասիրած շարժապատկերի բեմադրիչը՝ Տէյվիտ Լինչ, մահացաւ անցեալ տարի։ Անոր կորուստը արցունքներով ընդունեցի. կարծես հարազատ մըն էր մահացողը։

Ով որ բախտաւորութիւնը չէ ունեցած Lինչի բեմադրած ֆիլմերը վայելելու, այս ընթերցումը կրնայ հրաւէր մը նկատել եւ սկսիլ։ Զգո՛ւշ. Լինչական ոճը ամէն մարդ չի կրնար հանդուրժել։ Առաջին ակնդրութիւնը սովորական քիմք մը կրնայ խորտակել։

Տէյվիտ Լինչ ամերիկացի արուեստագէտ, գեղանկարիչ եւ բեմադրիչ բազմատաղանդ անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր դրոշմը ձգած է սինեմայի պատմութեան մէջ, իր բեմադրած անրջական ֆիլմերով։

Ըստ ամերիկացի վիպագիր Տէյվիտ Ֆոսթըր Ուոլլասի, «Լինչեան» աշխարհը մթնոլորտ մըն է, ուր առօրեայ կեանքի անդորրին տակ կը տիրէ մշտական տագնապ ու մղձաւանջային լարուածութիւն. հոն կայ խորհրդաւոր լռութիւն մը եւ երազի ու իրականութեան շփոթեցնող խառնուրդ մը։

Լինչ որդեգրած էր գոյապաշտական փիլիսոփայութիւն մը՝ ներշնչուած հինտուական եւ պուտտայական կրօնական աւանդոյթներէն, եւ իր աշխարհայեացքը կառուցած էր այդ արժէքներուն շուրջ։

Քոքա-Քոլա եւ տոնաթ սիրող ամերիկեան կերպար մը՝ 1920-ականներու ֆրանսական «խենթ տարիներու» (années folles) արուեստագէտի հմայքով, հագուստով եւ հնդկական աստուածաբանական մօտեցումներով. այս բոլորին համադրումն էր ահա իր անձին ու ստեղծագործութեան բովանդակութեան հանդիպման կէտը։

Ան ունէր իր մազերը դէպի վեր յարդարելու իւրայատուկ ոճ մը։ Իր ճերմակ շապիկին օձիքը կը կոճկէր խեղդող ամրութեամբ՝ մտածելով, որ աշխատած պահուն «յամառ հովիկ մը» կրնար վիզը խտղտել եւ կեդրոնացումը խանգարել։

Ան սիկարէթը կը բռնէր կա՛մ աջ ձեռքով, կա՛մ ալ ակռաներուն արանքը սեղմած, անընդհատ ծուխ կ’արձակէր՝ պարուրելով իր դէմքը մշուշով, մինչ ձախ ձեռքին մատները ութոտնուկի պէս կը պարէին օդին մէջ, երբ ինք կը խօսէր՝ կախարդելով դերասանները։

Առաջին ֆիլմը զոր դիտեցի Տէյվիտ Լինչէն «The Elephantman»-ն էր. ամենէն մատչելին էր։ Յաջորդող ամիսներուն, իր միւս գործերը մոլեգնութեամբ շարունակեցի դիտել, «Blue Velvet», «What did Jack do», «Eraserhead», «Mulholland drive»:

Լինչի գործերուն մէջ կը տեսնենք սեռային յարաբերութեան հետ կապուած բարդոյթներ, բռնաբարութիւն եւ անոր ցաւալի հետեւանքները, մարմնավաճառութիւն, ծնողական պատասխանատուութեան սարսափը, առնականութեան գաղափարի հետ կապ ունեցող խնդիրներ, ընկճել սիրող ամբարտաւաններու դէմ յաղթանակ, ոճիր, դաժանութիւն։

The Elephantman

Արհաւիրքներուն կողքին, կը տեսնենք «Հայնըքըն» (Heineken) գարեջուր եւ մասնաւորապէս սեւ սուրճ խմելու հանդէպ սէր, ամերիկեան «Pop» գեղեցկութիւն ունեցող կիներ, եւ արկածախնդիր տղաք, որոնք կ’ուզեն փրկել այդ կիները իրենց ծանր կացութիւններէն։

Eraserhead

Ժամանակակից փիլիսոփաներ, ինչպէս՝ սլովենացի նոր-մարքսիստ Սլավոյ Ժիժեքը, զանազան քննադատութիւններու եւ հարցազրոյցներու մէջ փորձած են վերասահմանել «Լինչական» եզրին իմաստը՝ պնդելով, որ իր գործերուն մէջ մենք անդադար կը հանդիպինք տհաճ ու տիրական արական կերպարի մը, որ պատմութեան ընթացքին կրնայ ենթարկուիլ հոգեկան  նուաստացումի եւ նոյնիսկ՝ մահուան։

Ամերիկանացումը հիմքն է «Լինչական»-ին։ Հոս է, որ ես ու Լինչը տարակարծիք ենք։

Mulholland Drive

Հարցազրոյցներու ընթացքին, Տէյվիտ Լինչ հիմնովին կը մերժէր որեւէ յստակ կարծիք կամ դիրքորոշում յայտնել քաղաքական կամ ընկերատնտեսական հարցերու շուրջ։ Ան կ’որդեգրէր բաւական անախորժելի չէզոք կեցուածք մը, երբ զրուցավարը նախապատրաստուած հարցումներով ստիպէր իր ֆիլմերուն քաղաքական բնոյթին եւ դիրքորոշման մասին խօսիլ, Լինչ ճարպիկօրէն կը խուսափէր հարցումէն՝ փոխարէնը երկար ու խորհրդածական ճառեր արտասանելով:

Կը հասկնամ Լինչի մտածելակերպը․ ան չէր ուզեր քննարկել իր գործերուն բովանդակութիւնը, որ չսահմանափակէր հանդիսատեսին մեկնաբանութեան դաշտը։ Միամտութիւն պիտի ըլլար ենթադրել, թէ ան բնաւ կարծիք չունէր արդի ընկերատնտեսական հարցերու շուրջ: Անկողմնակալութիւնը պարզապէս քող մըն էր։ Սակայն, թերեւս աւելի ճիշդ որոշում մը պիտի ըլլար ընդհանրապէս հարցազրոյցներու չներկայանալ եւ պարզապէս լռութիւն պահել։

Թէեւ հարցազրոյցներու ընթացքին իր սեփական գործերու ծանր բովանդակութեան հանդէպ ցուցաբերած պարզամիտ ու չէզոք վերաբերմունքը ջղագրգռող երեւոյթ էր, սակայն ժամանակակից այն փիլիսոփայ քննադատներն ու արուեստագէտները, որոնք լոկ քաղաքական կարծիքներ ունենալով իրենք զիրենք հանճար կը կարծեն, շատ բան ունին սորվելիք Տէյվիտ Լինչէն։

Լինչի ստեղծած աշխարհը սքանչելի էր։

Հրանդ Գալեմքէրեան