ՀԱՅԵԼԻՍ

ԱՐԱՔՍ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ-ԽՏՐԼԱՐԵԱՆ

Անդաւաճան եւ խիստ դաստիարակս, անյիշաչար դատաւորս, որու հետ առճակատումէն յաճախ կը խուսափիմ:

Խուսափիլ հայելիէն՝ այսինքն խուսափիլ անձէս, էութենէս, թերութիւններէս եւ առաւելութիւններէս:

Օրերու քմայքին սեւն ու սպիտակը ճաշակած կնճիռներուս հետ հաշտութիւն կնքելու հայելիիս հրաւէրը երբեմն կը մերժեմ, գեղագիտական հնարքներով կը թաքցնեմ զանոնք, բայց հոգւոյս մէջ աճած մոլախոտերը, փուշերը ո՞ւր թաքցնեմ…:

Ներհայեցողութիւնը էական է. աչքերուս խորութեամբ կը դեգերիմ հոգւոյս բաւիղներուն մէջ. հայելիս կը զգաստացնէ:

Երբեմն հայեացքս կը վանեմ իրմէ, Աստուա՜ծ իմ, նոյնիսկ իր լռութիւնը կը սպաննէ:

Սիրելի՛ս, արդէն հասուն եմ, քիչ մը իմաստութիւն ամբարեցի, վերիվայրումներ ունեցայ, դաժանօրէն վիրաւորուեցայ, ներեցի, սխալեցայ. բայց գիտե՞ս , չէ՞, որ կրնամ ներել բոլորին, իսկ ինքզինքիս հանդէպ այնքա՜ն խիստ եմ եւ աններող:

Հայելի՛ս, եկուր հաշտուինք, մահկանացու եմ եւ մեղաւոր, իսկ թանկարժէք գանձս, որուն գոյութեամբ կը շողարձակես եւ կը ճառագայթես՝ խիղճս է. այնքան ատեն որ կը փայլփլիս աչքերուս խորութեան հետ, հաշտ ենք…:

Չեմ փշրեր գոյութիւնդ:

ԱՐԱՔՍ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ-ԽՏՐԼԱՐԵԱՆ

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x