Տարբերակ21 հարթակի փոթքասթին հիւրն է Մարինա Մելքոնեանը, որ ստեղծագործ նախաձեռնութեամբ մը իրարու կը միացնէ խաղը, լեզուն եւ երեւակայութիւնը։ Երիտասարդ լիբանանահայ մը, Մարինան ստեղծած է հայերէն շարատներու (Charades) խաղ մը՝ «Ի՞նչ ըսիր» անունով։ Խաղերը շատ անգամ կրնան պարզ ժամանցէն աւելին ըլլալ։ Անոնք կրնան միջոց դառնալ մարդիկ իրարու մօտեցնելու, խօսակցութիւն խթանելու եւ նոյնիսկ լեզու մը կենդանի պահելու։ Մարինային նախաձեռնութիւնը հետաքրքրական է նաեւ այն պատճառով, որ կը փորձէ հայերէնը օգտագործել խաղային եւ խմբային մասնակցութեան ձեւով։ Այս զրոյցին ընթացքին կը խօսինք Մարինայի հետ խաղին գաղափարին մասին, թէ ինչպէ՛ս ծնաւ ու զարգացաւ ան, եւ թէ նման նախաձեռնութիւններ ինչպէ՛ս կրնան նպաստել մեր համայնքներուն մէջ արեւմտահայերէնի գործածութեան ամրապնդման։
Պիտակներ
Subscribe
0 Comments
Oldest
Newest
Most Voted