Աթիէ կը փոխէ եւ կը շրջէ եւրոպական դիտանկիւնը։ «J’accuse» գործին մէջ Ա. Համաշխարհային պատերազմի վիրաւոր զինուորները՝ այսպէս կոչուած «խեղուած դէմքերը», կը դառնան եւրոպական արդիականութեան հակասութիւնները բացայայտող միջոց մը։
Համերգին ընթացքին, գիւղին բնակիչները՝ նկատելով հանդիսատեսին խանդավառութիւնն ու բարձր տրամադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ տարածուող լուսանկարներն ու տեսանիւթերը, արագօրէն միացան բազմութեան։
Աստիճանաբար սկսայ նկատել, որ այդ մշակոյթին հիմքը փոխադարձ յարգանքն է, ազնուութիւնը, զիրար հասկնալու ճիգը եւ, ամենէն կարեւորը, մարդը կանխակալ պատկերացումներու կամ նեղմիտ մեկնաբանութիւններու մէջ չսահմանափակելու մօտեցումը։
«Modigliani» ֆիլմը՝ ութ տարուան ընթացքին, ակնդրած եմ տասներկու անգամ։ Սկիզբը՝ կ'ուզէի մտնել բեմադրիչի` Mick Davis-ի ստեղծած աշխարհին մէջ, եւ միանալ ֆիլմի կերպարներուն, ընկերանալ, խենդութիւններ ընել անոնց հետ։ Վերջին տարիներուն, ֆիլմի աշխարհին մէջ ամբողջովին կորսուելու փոխարէն՝ քննադատական աչքով կը փորձեմ մօտենալ:
2024-ին, Գերմանիոյ մէջ կ'արժանանայ հեղինակաւոր Wolfgang Hahn մրցանակին, որ կը տրուի ժամանակակից արուեստի այն ստեղծագործողներուն, որոնք կը վերամշակեն գեղարուեստական լեզուն եւ կը խախտեն պատկերին, պատմութեան ու յիշողութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող պատնէշները։
Գործերուն մէջ պատկերուած հերոսները Երկրորդ յետհամաշխարհարային պատերազմի զինուորներ են, սակայն անոնք ներկայացուած չեն որպէս փառաբանուած հերոսներ, այլ՝ որպէս ջախջախուած մարմիններ, որոնք մնացած են պատմութեան ծանրութեան եւ ազգայնամոլութեան ծանրութեան տակ։
Պատրանքաթափուելու, մշակութային եւ քաղաքական շրջահայեացութիւն ունենալու, կամ իրապաշտ ու իրատես ծրագրեր մշակելու փորձ մը ընելու փոխարէն, կը բաւարարուինք թաղային ձեռնարկներով կամ հայրենասիրական տեղի-անտեղի ճառեր արտասանելով։
Դուրսն են այն մարդիկը, որոնք օրական եօթը ժամէն պակաս կ'աշխատին, որոնք առաւօտեան «ալարմ»ի զնգզնգոցի փոխարէն, անձրեւի կամ թռչուններու շարականներով կ'արթննան, եւ դեռ կը յիշեն թուղթի ծրարներու բոյրը, գիրքը, մատիտը, մելանը։


