Կասկածէ վեր է, որ որեւէ ընկերութեան կամ ազգի ողնայարը կը հանդիսանայ երիտասարդութիւնը։ Եթէ ընկերութիւն մը առողջ է, անպայման ունի երիտասարդութիւն մը, որ զայն կ՝առաջնորդէ դէպի յառաջդիմութիւն, ընկերային փոփոխութիւն եւ գաղափարական նուաճումներ։
Սակայն, երբ ընկերութիւն մը կը պարզէ հիւանդագին վիճակ մը, հիմնական պատճառներէն մէկը պէտք է փնտռել երիտասարդութեան դրսեւորած հոգեմտաւոր իրականութեան մէջ։ Երիտասարդութիւնը բնախօսական տուեալ չէ միայն․ ան նաեւ դաստիարակութիւն է, փոխանցում է, միջավայրի ձեւաւորում։ Անոր բնորոշ ըմբոստութիւնը եւ փոփոխութեան հակամէտ բնաւորութիւնը կրնայ դառնալ կառուցողական ուժ, բայց նոյնքան նաեւ՝ քայքայիչ, եթէ զայն չուղղուի եւ չխարսխուի առողջ արժէքներու վրայ։
Այս հոլովոյթին մէջ, պահպանողական եւ իշխանատենչ կառոյցները՝ պետական թէ կուսակցական մակարդակներու վրայ, բնականաբար կը հակադրուին մտածող եւ տեսլապաշտ երիտասարդութեան, որովհետեւ նման երիտասարդութեան մը գոյութիւնը ենթահողը կը պատրաստէ փոփոխութիւններու, յառաջդիմութեան, հաշուետուուական համակագի յառաջացաման եւ յեղաշրջումներու, որոնք բնականօրէն կը հակադրուին իշխանամոլական խաւարամտութեան եւ աւատապետական մաֆիականութեան: Այդ պատճառով ալ, իշխանամոլ եւ աւատապետական մտածողութիւնը յաճախ կը փորձէ չեզոքացնել կամ աղաւաղել երիտասարդութեան ներուժը։
Իսկ ի՞նչ վիճակ կը պարզէ հայ երիտասարդութիւնը մեր իրականութեան մէջ:
Հայ երիտասարդութիւնը, ինչպէս ամէն հասարակութեան մէջ, խորապէս կ’ազդուի իր շրջապատէն։ Հայաստանի անկախութենէն ետք ձեւաւորուած նոր իշխանատենչ եւ նիւթապաշտ միջավայրը զգալիօրէն ներգրաւեց երիտասարդութեան լայն շրջանակներ, որոնք աստիճանաբար որդեգրեցին նոյն արժէքային համակարգերը։ Սփիւռքը, իր կարգին, շատոնց ենթակայ էր նման միտումներու։
Այս հոսանքին կողքին, նշմարելի է նաեւ գոյութիւնը այլ հոսանքի մը, որ կը պահուըտի գաղափարին ետեւ, իր արարքները կ’արդարացնէ գաղափարով, բայց այս կեղծիքին ետեւ հիմնականօրէն առկայ է իշխանամոլութիւնը։ Այս հոսանքը նոյնքան այլասերող եւ ապաքաղաքականացնող իրավիճակ մը կը ստեղծէ, որովհետեւ կ՝արտադրէ տիպարներ, որոնք գաղափարականութիւնը աղարտելու կողքին, կը վարակեն ժխտականութիւն եւ վանողականութիւն՝ ապաքաղաքականացնելով հաւաքական կեանքը։
Այս բոլորին մէջ կայ սակայն գաղափարական առողջ երիտասարդութիւն մը, որ կը պայքարի պահելու համար իր առհաւական դիմագիծը։ Այս երիտասարդները, սակայն, ներկայ իրավիճակին մէջ կը ներկայացնեն փոքրամասնութիւն մը եւ իրապաշտ ըլլալու համար, առայժմ չունին քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական մեր կեանքը բարեփոխելու տուեալներ, որովհետեւ դէմ յանդիման կը գտնուին անպատասխան հարցադրումներսւ: Ինչպէ՞ս կենսաւորել տեսլապաշտութիւնը իշխանատենչական անբարոյութեան այս մթնոլորտին մէջ։ Տեսլապաշտութիւնը վերածել միջոցի՞, թէ՞ նպատակի։ Եթէ միջոց է, ինչպէ՞ս պայքարիլ հակառակ հոսանքի ահարկու զէնքերուն դէմ։
Այս հարցումները հայ երիտասարդութիւնը դէմ յանդիման կը դնեն հրամայականի մը՝ մտածողութեան եղանակի մը, քննական մտածողութեան զարգացման, որ ունի գիտական, վելուծական եւ հետաքննական հիմք ու լաւագոյնս կը պատշաճի ներազգային եւ միջազգային իրավիճակներուն, մասնաւորաբար համացանցի, ընկերային ցանցերու եւ ԱԲ-ի անհակակշիռ զարգացման մթնոլորտին մէջ: Պէտք է փոխենք մեր մտածելու ձեւը, ոչ թէ խորքը։ Մեր մտածելաձեւը պէտք է յարմարի 21-րդ դարու արհեստագիտական արագընթաց նուաճումներու հոլովոյթին, ինչու չէ տեսնելու, տուեալներ հաւաքելու, վերլուծելու եւ եզրակացնելու թուային եղանակին: Վերջ ի վերջոյ, պայքարը, շարժումը գիտութիւններն են, իրենց քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական բոլոր երեսներով։

Քննական մտածողութիւնը պարզ մտային վարժանք մը չէ, այլ՝ գիտական, վերլուծական եւ հետաքննական մեթոտաբանութիւն մը, որ առիթ կը ստեղծէ հասկնալու իրականութիւնները իրենց ամբողջ բարդութեամբ։
Մեր մշակութային ժառանգութիւնը եւ ազգային աւանդութիւնները մեզի կրնան շնորհել հաւատք եւ ինքնութիւն, սակայն անոնք չեն կրնար առանձինն ապահովել արդի գոյապայքարի միջոցները։ Այդ պատճառով, առանց հրաժարելու մեր արմատներէն, պէտք է զարգացնենք նոր մտածելակերպ մը, հիմնուած շրջապատի իրականութիւնները ճանչնալու եւ անոնց բացուելու քննական մօտեցումի մը վրայ։
Հաւաքական կեանքին մէջ առկայ թերութիւնները չեն սրբագրուիր դատարկ քննադատութեամբ, ճառերով կամ բամբասանքով ու հայհոյանքով։ Անոնք կը պահանջեն խորքային ըմբռնում, պատասխանատու մօտեցում եւ գիտակցուած հակազդեցութիւն։
Այսօրուան աշխարհին մէջ, ուր պահպանողական հոսանքներ կը փորձեն կլանել հասարակութիւնները, մենք չենք կրնար չճանչնալ մեր խնդիրները եւ չփնտռել համապատասխան միջոցներ։ Իսկ այդ միջոցներէն գլխաւորը առողջ, քննական մտածողութեամբ ձեւաւորուած միտքն է, որ կը ծնունդ առնէ իրականութեան առարկայական գնահատումէն։
Պայքարը անցեալին կառչիլ չէ․ ան ապագայակերտ գիտութիւն է։ Գիտակցութիւնը այսօր սերտօրէն կապուած է գիտութեան։ Հաւատքը կը մնայ կարեւոր, սակայն առանց գիտական ըմբռնումի՝ ան կը դառնայ անբաւարար։
Ուստի ժամանակն է տարակուսելու։ Ժամանակն է հարցադրելու։
Տարակուսանքը քննական մտածողութեան սկիզբն է։ Եթէ չկասկածինք մեր տեսածին ու լսածին, եթէ չվերաքննենք մեզի մատուցուած «ճշմարտութիւնները», չենք կրնար մօտենալ իրականութեան։
Ժամանակն է, որ մեր կարդացածը, տեսածը եւ լսածը չընդունինք պատրաստի ձեւով։
Տարակուսի՛նք, հարցադրե՛նք, քննե՛նք։
Որովհետեւ ճշմարտութիւնը միշտ չէ, որ կը գտնուի այնտեղ, ուր մեզի կը հրամցուի։
Վ. Թէնպէլեան


