Իրանի պատերազմը Հայաստանի սահմանէն դիտուած

Իրանի դէմ շղթայազերծուած զինուորական գործողութիւններու երրորդ շաբթուան ընթացքին, հայ-իրանեան սահմանը կը գտնուի տագնապալի լռութեան եւ անորոշութեան մէջ։ Մինչ Ագարակի եւ Մեղրիի բնակիչները հեռուէն կը հետեւին լեռներուն ետեւը ծաւալող աշխարհաքաղաքական բախումներուն, սահմանային անցակէտը վերածուած է մարդկային ճակատագիրներու եւ տնտեսական տագնապներու խաչմերուկի։ Մարութ Վանեանի այս թղթակցութիւնը կը ներկայացնէ սահմանի երկու կողմերուն ապրող սովորական մարդոց վիճակը, ուր պատերազմի արձագանգները կը զգացուին ո՛չ միայն պայթումներու ձայներով, այլեւ՝ կտրուած յարաբերութիւններով եւ կանգ առած առօրեայով։

Թէեւ Իսրայէլ-Միացեալ Նահանգներ միացեալ յարձակումը Իրանի դէմ արդէն իր չորրորդ շաբաթը թեւակոխած է, տակաւին մեծ շփոթ կայ, թէ արդեօք Ագարակ-Նորտուզ հայ-իրանեան անցակէտը բնականոն կերպով կը գործէ՞, կամ նոյնիսկ՝ թէ որո՞նց համար բաց է անիկա։

«Չեմ կրնար պատասխանել այդ հարցումին»,— OC Media-ին կ’ըսէ հայ սահմանապահ մը։

Անցակէտը, որ կը գտնուի Ագարակ քաղաքի հարաւային արուարձանին մէջ, արդիւնաբերական բլուրի մը կը նմանի։ Մինչ իրանեան, հայկական եւ վրացական թիւերով բեռնակառքերը սովորականին պէս ետ ու յառաջ կը շարժին ամենուրեք փոշի եւ ծուխ արձակելով, անհատ ճամբորդները կրնան ժամերով կամ նոյնիսկ օրերով սպասել։ Սպասող ճամբորդներուն համար նստարաններ չկան, ալ չենք խօսիր մաքսազերծ առեւտուրի յարմարութիւններուն մասին։ Սահմանը յաջողութեամբ հատելէ ետք, քիչեր կը փափաքին խօսիլ իրենց փորձառութեան մասին։

«Ի զուր մի՛ փորձեր, չես յաջողիր։ Մեզի ալ չեն ըսեր, թէ ի՛նչ կը կատարուի։ Աւելի լաւ է քիչ մը սպասես մինչեւ չինացիները հասնին։ Անոնք իրանցիներէն աւելի շատ պիտի ըլլան։ Անոնց հետ խօսէ՛»,— կը յուշէ թաքսիի հայ վարորդ մը։

«Ամբողջ երկիրը պատերազմի մէջ է»

Քաղաքացիներու հոսքը գլխաւորաբար կը նկատուի կէսօրէ ետք. մարդիկ սահմանը կը հատեն թէ՛ ընտանիքներով եւ թէ՛ անհատապէս։

Իրանահայ մը, որ նոր հասած է Իրանի Արեւելեան Ատրպատական նահանգի Ճուլֆա քաղաքէն, OC Media-ին կը պատմէ, որ երկրէն դուրս գալը դժուար էր։

«Իմ քաղաքս հանդարտ է, բայց միեւնոյնն է, ամբողջ երկիրը պատերազմի մէջ է, գրեթէ անկարելի է դուրս գալը։ Իրանեան կողմի անցակէտին վրայ մօտ երեք ժամ սպասեցի։ Սահմանապահները ամէն ինչ մանրակրկիտ կը ստուգեն եւ իրենք կ’որոշեն՝ քեզի թոյլ տա՞լ հեռանալ, թէ՞ ոչ»,— կ’ըսէ ան։

Ի հակադրութիւն, շիկահեր երիտասարդ կին մը, որուն դէմքէն կ’երեւի, թէ օրերով չէ քնացած, կ’ըսէ, թէ պարզապէս արձակուրդի համար կը ճամբորդէ Հայաստան։

«Ես պատերազմի պատճառով չհեռացայ, պարզապէս կ’ուզեմ Երեւան երթալ՝ հանգիստս հոն անցնելու համար»,— կ’ըսէ ան։

Քիչ անց կը հասնի ընտանիք մը՝ Ուրմիայէն (Իրանի Արեւմտեան Ատրպատական նահանգի մեծագոյն քաղաքը)։ Հայրը բռնած է փոքրիկ աղջկան ձեռքը,: Ան պատրաստ չէ խօսելու լրատուամիջոցներուն հետ, միայն կ’ըսէ. «Անշուշտ վտանգաւոր է», մինչ իր ճամպրուկները կը տեղաւորէ վարձուած փոքր հանրակառքի մը մէջ։

Յաջորդը ծագումով աֆղան ընտանիք մըն է։ Երբ մօրը՝ Սալեհին, կը հարցնեն, թէ անգլերէն կը խօսի՞, ան կը պատասխանէ հարցումով. «Sprechen Sie Deutsch?» (Գերմաներէն կը խօսի՞ք)։ Ընտանիքը մտադիր է տեղափոխուելու Ֆինլանտա եւ հոն գաղթականի կարգավիճակ կամ քաղաքացիութիւն ստանալ։

«Հոն ծանօթներ ունինք, խոստացած են օգնել թուղթերու հարցով։ Տեսնենք, յոյս ունինք»,— կ’ըսէ ան։

Երբ թղթակիցները կը մօտենան իրանցի ուրիշ ընտանիքի մը, մայրը կը ժպտի՝ կարծես կանխազգալով իրենց մօտենալու պատճառը։ CivilNet-ի պարսկախօս թղթակիցը կ’օգնէ թարգմանելու ներկաներուն համար, որոնք կ’ուզեն աւելին գիտնալ Իրանի կացութեան մասին.

«Մուտքի վիզա ունիմ, Հայաստան հասայ, որ երրորդ երկիր մեկնիմ։ Հարազատներս Թեհրան են, չեմ գիտեր, յոյս ունիմ դարձեալ վերադառնալ»,— կ’ըսէ ան։

Ան կը նշէ, որ շատեր չեն կրնար հեռանալ դրամի չգոյութեան պատճառով՝ աւելցնելով, որ դեղորայքի եւ սնունդի պակաս կայ։

«Շատեր կը հաւատան, որ տունը կամ ապաստարաններու մէջ մնալը աւելի ապահով է [քան փախչիլը]։ Ես Իրան-Իրաք պատերազմը տեսած եմ, «վարժուած եմ», բայց պզտիկ աղջիկ մը ունիմ, ան սարսափած է, ատոր համար որոշեցինք լքել երկիրը»,— կը շեշտէ ան։ Դուստրը կ’աւելցնէ, որ դադրած է դպրոց երթալէ «շատ ուժգին պայթիւմի ձայներ» լսելէ ետք։

«Փշրուած ապակիի կտորներ կը թափէին ամէն կողմ, շատ վախնալիք էր»,— կ’ըսէ ան։

Հայաստան նոր հասած իրանցի երիտասարդ մը լրագրողներուն կ’ըսէ, թէ «ամէն ինչ սոսկալի է»։ Ան կը պնդէ, թէ միայն երկքաղաքացիութիւն ունեցողներուն թոյլ կը տրուի հեռանալու Իրանէն։ Երբ կը հարցնեն, թէ ի՛նչ կը կարծէ պիտի պատահի եւ ի՛նչ է իր փափաքը այս պահուն, ան կը պատասխանէ. «Այս պահուն միակ փափաքս լաւ քնանալն է»։

Սակայն հոսքը միայն մէկ ուղղութեամբ չէ։ Ալին՝ իրանցի մը, որ Տուպայէն կու գայ, հակառակ ուղղութեամբ կ’երթայ՝ վերադառնալով Իրան։ «Իմ երկիրս պատերազմի մէջ է եւ կը կարծեմ, որ հիմա պէտք է հոն ըլլամ»,— ինքնավստահութեամբ կ’ըսէ Ալի՝ աւելցնելով, որ լսած է, թէ հոն ամէն ինչ լաւ է։

«Այս ամբողջ ընթացքին մնայուն կապի մէջ եղած եմ ընտանիքիս հետ եւ հիմա կ’երթամ իրենց միանալու»,— կ’ըսէ ան։ «Կը կարծեմ այս պատերազմը 10 օրէն կը վերջանայ, բայց գիտէք, պատերազմի մէջ յաղթողներ չկան, երկու կողմերն ալ միայն պիտի տուժեն, ուստի որքան շուտ վերջանայ, այնքան լաւ բոլորին համար»։

Նմանապէս, Տուպայէն եկող մէկ այլ իրանցի երիտասարդ կ’ըսէ, որ պէտք է վերադառնայ իր ընտանիքին միանալու։

«Օդանաւային ընկերութիւնները բարձրացուցած են տոմսերու գիները։ Դժուարութեամբ հասանք Երեւան, հիմա կ’երթանք Իրան։ Թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ յաջորդիւ՝ չենք գիտեր, Ինշալլահ»,— կ’ըսէ ան։

Թերեւս ամենէն անսպասելի այցելուն սահմանին վրայ Մորաշիթան էր՝ ճափոնցի մը, որ Հայաստան եկած էր յատուկ նպատակով՝ օգնելու կարիքաւոր իրանցիներուն։ «Ես պարզապէս մարդոց կը հարցնեմ, թէ ինչի՛ կարիք ունին։ Պիտի փորձեմ օգնել ինչով որ կրնամ։ Ես ոչ մէկ NGO կը ներկայացնեմ, անհատապէս կը գործեմ, բայց կ’երեւի թէ շատ մարդ չ’անցնիր։ Կը մտածեմ Իրան երթալ եւ հոն փորձել օգնել իրենց։ Նման փորձառութիւն ունիմ, կամաւոր եղած եմ Ուքրանիա, Քամպոտիա, եւ հիմա հոս եմ մարդոց օգնելու համար»,— կ’ըսէ Մորաշիթա։

Ան շուտով կը հատէ սահմանը դէպի Իրան՝ ապշեցնելով իր թաքսիի հայ վարորդը։

«Ինչպէ՞ս այդքան դիւրին յաջողեցաւ։ Իր բոլոր իրերը ինքնաշարժիս մէջ ձգեց»,— կ’ըսէ վարորդը՝ շուարած։

«Մենք սովորական մարդիկ ենք»

Իրանի սահմանակից հարաւային Մեղրի համայնքին մէջ կեանքը դանդաղ կը թուի. դժուար է հաւատալ, որ լեռներուն ետեւը պատերազմ կայ։ Տեղացիները կը վարեն իրենց պարտէզները, կը խնամեն թզենիի, նռնենիի եւ ծիրանենիի ճիւղերը՝ պատրաստուելով գարնան գալուստին։

Տագնապին միակ նշանը Հայաստանն ու Իրանը բաժնող Արաքս գետի վրայ նոր կամուրջի շինարարութեան դանդաղումն է։ Երկու հողաբարձ բեռնակառքեր կանգնած են շինարարական հրապարակին վրայ. բանուոր մը մօտակայքը մետաղ կը զօդէ։

Նմանատիպ շինարարութիւն մը, որ յանձնուած էր իրանեան ընկերութիւններու համախմբումի մը՝ Սիւնիքի մէջ հայ-իրանեան հիմնական մայրուղիի 32 քիլոմեթրնոց հատուածը արդիականացնելու համար, նոյնպէս ըստ երեւոյթին կանգ առած է։ Հակառակ նախկին հետեւողական գործունէութեան, նոյնիսկ 2025-ի 12-օրեայ պատերազմի ընթացքին, այսօր հոն գրեթէ շինարարներ չկան։

Չնայած հանդարտ մթնոլորտին, տեղացի բնակիչները տակաւին կը զգան հակամարտութեան հետեւանքները, յատկապէս տնտեսական առումով։

«Գիտէք, մենք մեր ընտանիքները կը պահենք իրանցիներուն հետ առեւտուր ընելով»,— OC Media-ին կ’ըսէ Ագարակաբնակ թաքսիի վարորդ մը։

«Մենք մեծահարուստներ չենք, պարզապէս սովորական մարդիկ ենք, որոնք Իրան կ’անցնին եւ կենցաղային կարիքներ կը գնեն, ինչպէս՝ լուացքի փոշի, անձեռոց, ձէթ, շաքար եւ նման բաներ։ Խանութպանները կը ներածեն ու վերստին կը վաճառեն այդ ապրանքները հոս, բայց այս պահուն անոնց թոյլ չեն տար անցնելու սահմանը»,— կ’ըսէ ան։

Արոն՝ մէկ այլ փոքր ձեռնարկու մը, իրանեան համեմունքներ կը ներածէ Երեւանի մէջ վաճառելու համար։

«Չեմ կրնար կապ հաստատել իրանցի գործընկերոջս հետ, հոն համացանց չկայ։ Արդէն երկու օր է անցակէտին վրայ կը սպասեմ»,— կ’ըսէ ան։

Հայ բեռնակառքի վարորդ Կարէնը կը նշէ, որ թէեւ իրենց նման ինքնաշարժերը կրնան մտնել ու ելլել իրանեան տարածք, սակայն սովորական քաղաքացիները չեն կրնար, ինչ որ աւելի կը շեշտէ տնտեսական բացը մեծ առեւտուրի եւ տեղացիներուն միջեւ։

«Մեր կողմէ [հայկական կողմը] խնդիր չկայ։ Բայց իրանեան կողմէ՝ Մեղրիի եւ Ագարակի բնակիչները սովորաբար հոնկէ առեւտուր կ’ընեն, որովհետեւ աժան է։ Կրնան մինչեւ 10 քիլօ ապրանք բերել, բայց ոչ աւելի։ Մինչեւ 200 տոլարի ապրանք կրնան գնել։ Իսկ վառելանիւթը միայն 10 լիթրի չափով արտօնուած է»,— կը բացատրէ Կարէն։

Այս ամբողջ առեւտուրը կանգ առած է պատերազմին պատճառով։

«Ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ ի՛նչ պիտի պատահի յաջորդիւ, կամ թէ ե՛րբ պիտի վերջանայ պատերազմը»,— լրջութեամբ կը նշէ Կարէն։

Մեղրիի բնակչուհի մը նմանապէս կը նշէ, թէ ինչպէս իր դուստրը Իրանէն բուսական ձէթ, քիմիական նիւթեր եւ կենցաղային իրեր կը գնէր, ինչ որ այլեւս անկարելի է սահմանի փակման պատճառով։

«Ագարակցիները կ’ապրին պղնձամոլիպտենային հանքավայրին շնորհիւ, իսկ մեղրեցիները կ’ապրին իրենց պարտէզներով։ Մենք սովորական մարդիկ ենք, գործարար չենք»,— կը շեշտէ ան։

Այդուհանդերձ, ան կ’աւելցնէ, որ նոյնիսկ եթէ անցակէտը բաց ըլլար, ինքը ուտելիք չէր գներ Իրանէն. «Անոնք թերեւս հիմա ատոր աւելի պէտք ունին»,— կ’ըսէ ան։

Մարութ Վանեան

OC Media

Թարգմանութիւն՝ Տարբերակ21

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x