ԱԻ-ն կրնայ գրել. բայց կրնա՞յ լրագրող կամ խմբագիր ըլլալ

Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) մասին քննարկումները սովորաբար կը սկսին նոյն հարցումով. ի՞նչ կրնայ ընել ան։ Կրնայ արագ գրել։ Կրնայ երկար փաստաթուղթ մը քանի մը երկվայրկեանի մէջ ամփոփել։ Կրնայ հարցազրոյց մը վերծանել, թարգմանել, վերնագիր առաջարկել, տուեալներ վերլուծել, նոյնիսկ՝ պատրաստ գրութեան մը ոճը փոխել։

Բայց լրագրութեան մէջ ԱԻ-ն օգտագործելու կարելութեան առնչութեամբ, անխուսափելի կը դառնայ հարցումը. ի՞նչ սահմաններ պէտք է ճշդենք անոր համար: Այս երկու հարցումներուն միջեւ տարբերութիւնը փոքր չէ։ Առաջինը արհեստագիտութեան կարողութեան մասին է։ Երկրորդը՝ լրագրութեան արժէքներուն։

Այս հարցին կ՚անդրադառնայ The Conversation-ի մէջ լոյս տեսած յօդուած մը՝ «As AI reshapes newsrooms, leading media outlets are charting different paths for its use» խորագրով։ Հեղինակը՝ Միլատ Ճալալեան Էպրահիմի (Milad Jalalian Ebrahimi), իր գործընկերներուն հետ կատարած ուսումնասիրութեան մը հիման վրայ, կը համեմատէ միջազգային երեք կարեւոր լրատուամիջոցներու՝ Reuters-ի, BBC-ի եւ The Guardian-ի մօտեցումները արուեստական իմացականութեան նկատմամբ։

Ուսումնասիրութիւնը կը յանգի հետեւեալ եզրակացութեան. «ԱԻ-ին նոյն ձեւով պիտի չփոխէ բոլոր խմբագրատուները», որովհետեւ իւրաքանչիւր լրատուամիջոց ԱԻ-ն կը գործածէ այնպէս, ինչպէս ինք կը հասկնայ լրագրութիւնը։ Եւ թերեւս ճիշդ հոս կը սկսի իսկական քննարկումը։

Reuters. երբ վայրկեանները դրամ կ՚արժեն

Reuters-ի պարագային առաջնահերթութիւնը հասկնալը դժուար չէ։ Անիկա համաշխարհային լրատու գործակալութիւն մըն է, որուն արտադրած տեղեկութիւնը կը հասնի հազարաւոր լրատուամիջոցներու, ֆինանսական հաստատութիւններու եւ շուկայով հետաքրքրուողներու։ Ֆինանսական աշխարհին մէջ երբեմն նոյնիսկ երեսուն վայրկեանը երկար ժամանակ է։ Կեդրոնական դրամատան որոշում մը, ընկերութեան եկամուտներուն վերաբերող նոր տուեալ մը կամ շուկան շարժող լուր մը առաջինը հաղորդելը կրնայ տնտեսական իսկակակն արժէք ունենալ։ Հետեւաբար Reuters-ի համար ԱԻ-ի մեծագոյն հրապոյրներէն մէկը արագութիւնն է։

Ընկերութիւնը ստեղծած է իր սեփական ԱԻ գործիքները։ Lynx Insight-ը կ՚օգնէ իրական ժամանակի մէջ ֆինանսական տուեալներ վերլուծելու, իսկ Fact Genie-ն՝ ընկերութիւններու հաղորդագրութիւնները մշակելու։ Այս համակարգերուն շնորհիւ ֆինանսական որոշ հրատապ լուրեր կարելի է հրապարակել ընդամէնը վեցէն ութ վայրկեանի մէջ։ Ժամանակին լրագրողներուն մրցումը վայրկեաններով չէր չափուեր։ Այսօր կը չափուի։

Բայց հոս կը յայտնուի հին հարցի մը նոր տարբերակը։ Եթէ արագութիւնը կը բազմապատկուի, սխալելու կարելիութիւնն ալ կը բազմապատկուի՞։ Reuters գիտակից է այս վտանգին եւ կը պահանջէ, որ լրագրողները ստուգեն ԱԻ-ի արտադրած տեղեկութիւնը՝ նախքան հրապարակումը։ Հետաքրքրական հակասութիւն մը կը ստեղծուի։ Արուեստական իմացականութիւն կը գործածենք ժամանակ խնայելու համար, բայց անոր արտադրանքը պէտք է կրկին ստուգենք։ Այս հակասութեան դեռ կը վերադառնանք։

BBC. ԱԻ՝ բայց սահմանափակումներով

BBC-ի պարագային հարցը տարբեր է։ Հանրային միջոցներով գործող լրատուամիջոցի մը հիմնական դրամագլուխը միայն արագութիւնը չէ։ Վստահելիութիւնն է, որ կառուցուած է անաչառութեան, ճշգրտութեան եւ հրապարակային հաշուետուութեան վրայ։ Այդ պատճառով BBC-ն աւելի զգուշաւոր մօտեցում որդեգրած է ԱԻ-ի նկատմամբ։

Անոր At a Glance գործիքը երկար յօդուածներու ամփոփումներ կը պատրաստէ, իսկ BBC Style Assist-ը կ՚օգնէ տեղական լուրերը BBC-ի խմբագրական ոճին համապատասխանեցնելու։ Այս վերջին աշխատանքը լրագրողէ մը կրնայ շուրջ կէս ժամ պահանջել, մինչ ԱԻ-ն կրնայ ժամանակին մեծ մասը խնայել։

BBC-ն նաեւ ԱԻ-ի օգնութեամբ թարգմանութիւներ կը կատարէ՝ տարբեր լեզուներով նոր լսարաններու հասնելու համար։ Բայց սահմանը յստակ է։

ԱԻ-ի մասնակցութեամբ պատրաստուած որեւէ նիւթ չի հրապարակուիր առանց լրագրողի ստուգումին եւ հաւանութեան։ Ասիկա պարզ արհեստագիտական կանոն մը չէ։ Ան լրագրութեան մասին պատկերացում մըն է։ Վերջնական պատասխանատուութիւնը մարդունն է։

Աւելին՝ BBC-ն ինքն ալ մասնակցած է ուսումնասիրութեան մը, որ մտահոգիչ արդիւնք տուած է. փորձարկուած ԱԻ օգնականները լուրերու բովանդակութիւնը սխալ ներկայացուցած են զգալի թիւով պարագաներու՝ աղբիւրներու սխալ գործածութեամբ, հնարուած մանրամասնութիւններով կամ հինացած տեղեկութիւններով։

BBC-ն այդ խնդիրը ծածկելու փոխարէն հրապարակած է արդիւնքները եւ սկսած է ԱԻ-ի գործածութեան մասին յստակ նշումներ զետեղել համապատասխան բովանդակութեան վրայ։

Այսինքն՝ ընթերցողը իրաւունք ունի գիտնալու ոչ միայն ի՛նչ կը կարդայ, այլ նաեւ՝ ինչպէ՛ս պատրաստուած է իր կարդացածը։

The Guardian. սկզբունքները՝ նախքան Աի-ն

Երրորդ օրինակը՝ The Guardian-ը, թերեւս ամենէն հետաքրքրականն է, որովհետեւ այստեղ ԱԻ-ի հարցը ուղղակի կը բախի լրատուամիջոցին ինքնութեան։ Երբ Ճալալեան Էպրահիմի եւ իր գործընկերները սկսած էին իրենց ուսումնասիրութիւնը, The Guardian-ի քաղաքականութիւնը խիստ էր. ծնանող Աի-ն ընդհանրապէս պէտք չէր գործածուէր ուղղակի հրապարակման համար նախատեսուած գրութիւն մը  կամ պատկեր մը ստեղծելու նպատակով՝ բացի բացառիկ պարագաներէ։

2026-ի Մարտին այդ դիրքորոշումը որոշ չափով մեղմացաւ։ Այսօր ԱԻ-ն կրնայ սահմանափակ ձեւով գործածուիլ, օրինակ՝ պատկերներու այլընտրանքային նկարագրութիւն առաջարկելու, խորհրդարանական փաստաթուղթեր վերլուծելու կամ ձայնագրութիւններ վերծանելու համար։ Բայց պայմանները դարձեալ խիստ են՝ մարդկային վերահսկողութիւն, խմբագրական չափանիշներ եւ պատասխանատու խմբագիրի արտօնութիւն։

The Guardian-ի դիրքորոշումը կարելի է ամփոփել մէկ սկզբունքով. ԱԻ-ն պէտք է օժանդակէ լրագրողին մասնագիտական կարողութեան, ոչ թէ փոխարինէ զայն։ Այս դիրքորոշումը հեղինակը կը կապէ նաեւ թերթին սեփականութեան առանձնայատուկ կառուցուածքին հետ։ The Guardian-ը բաժնետէրեր չունի եւ երկար ժամանակէ ի վեր կառուցուած է իր խմբագրական անկախութիւնը պաշտպանելու տրամաբանութեամբ։ Ան մեծապէս կը հիմնուի նաեւ ընթերցողներու կամաւոր աջակցութեան վրայ։

Հետեւաբար ԱԻ-ի պարագան ալ անոր համար միայն արտադրողականութեան խնդիր չէ։ Հարցումը հետեւեալն է. արդեօք այս գործիքը կը ծառայէ՞ ընթերցողին, հանրային շահին եւ լրագրութեան արժէքներուն։

Բայց սկզբունքները ամենէն աւելի դժուար փորձութեան կ՚ենթարկուին ճիշդ այն պահուն, երբ զանոնք պահպանելը դժուար կը դառնայ։

2024-ի Դեկտեմբերին, երբ շուրջ 500 լրագրողներ գործադուլի դիմեցին The Observer-ի առաջարկուած վաճառքին դէմ, ղեկավարութիւնը մեղադրուեցաւ ChatGPT-ի եւ Claude-ի նման գործիքներ գործածելու յանցանքով՝ վերնագիրներ առաջարկելու եւ պատկերներու նկարագրութիւններ պատրաստելու համար։ Ղեկավարութիւնը վիճարկեց միջադէպին վերաբերող որոշ մանրամասնութիւններ, սակայն աշխատակիցներուն եւ արհեստակցական միութեան համար հարցը շատ աւելի խոր էր։

Եթէ ԱԻ-ն կը գործածուի այն պահուն, երբ մարդիկ իրենց աշխատանքային իրաւունքներուն համար գործադուլ կ՚ընեն, արդեօք գործիքը այլեւս միայն արհեստագիտութի՞ւն է, թէ՞ կը դառնայ աշխատանքի, իշխանութեան եւ պատասխանատուութեան հարց։

Նոյն ԱԻ-ն, երեք տարբեր լրագրութիւններ

Այս երեք օրինակներուն ամենէն հետաքրքրական կողմը այն չէ, թէ ո՛ր լրատուամիջոցը արուեստական իմացականութիւնը աւելի շատ կը գործածէ։ Հարցը այն է, թէ ինչո՛ւ կը գործածէ։

Reuters-ի համար ԱԻ-ն առաջին հերթին արագութեան եւ արտադրողականութեան միջոց է։ BBC-ի համար՝ օգտակար գործիք, որ պէտք է գործէ մարդկային վերահսկողութեան եւ հրապարակային պատասխանատուութեան սահմաններուն մէջ։ The Guardian-ի համար՝ գործիք մը, որուն գործածութիւնը պէտք է համատեղելի մնայ լրատուամիջոցին խմբագրական արժէքներուն հետ։

Երեքն ալ նոյն արհեստագիտութիւնը ունին իրենց դիմաց։ Բայց երեքը տարբեր մօտեցումներ ունին։ Եւ թերեւս ասիկա մեզ կը հասցնէ շատ ընդհանրական մեծ եզրակացութեան մը։ ԱԻ-ն ինքնին չ’որոշեր, թէ լրագրութիւնը ինչ պիտի դառնայ։ Լրագրութեան մասին մեր ունեցած պատկերացումն է, որ պիտի որոշէ, թէ ԱԻ-ն ինչ դեր պիտի ունենայ անոր մէջ։

Արդեօք լրագրողը պիտի անհետանա՞յ

ԱԻ-ի մասին գրեթէ ամէն քննարկում ի վերջոյ կը հասնի այս հարցումին. արդեօք լրագրողը պիտի անհետանա՞յ:

Թերեւս հարցումը սխալ է։ Լրագրողին ապագան հաւանաբար պիտի չորոշուի այն պարզ ընտրութեամբ, թէ մեքենան զինք պիտի փոխարինէ՞, թէ՞ ոչ։ Աւելի հաւանական է, որ լրագրողին աշխատանքը փոխուի։ Վերծանումը, փաստաթուղթերու նախնական ուսումնասիրութիւնը, թարգմանութիւնը, մեծ քանակութեամբ տուեալներու դասակարգումը, ամփոփումը եւ բազմաթիւ կրկնուող աշխատանքներ հետզհետէ կրնան գործիքին փոխանցուիլ։ Բայց այդ պարագային լրագրողին արժէքը պէտք է փնտռել ճիշդ հոն, ուր գործիքը ամենէն տկարն է` հարցում տալու կարողութեան մէջ, դատողութեան մէջ, աղբիւրին վստահելիութիւնը գնահատելու մէջ, մարդկային իրականութիւնը հասկնալու մէջ։ Եւ ամէն բանէ առաջ՝ պատասխանատուութիւն ստանձնելու մէջ։

ԱԻ-ն կրնայ լրագրողին առաջարկել հինգ վերնագիր։ Բայց մէկը պէտք է որոշէ, թէ ո՛ր վերնագիրը ճշգրիտ է, ո՛րը արդար է, ո՛ր մէկը մոլորեցնող չէ եւ ո՛ր մէկը չի խեղաթիւրեր պատմութիւնը։ Այդ որոշումը տակաւին լրագրութիւն կը կոչուի։

Կ’արժէ առանձնացնել Ճալալեան Էպրահիմի եւ իր գործընկերներուն ուսումնասիրութեան եզրակացութիւնը։ Անոնց համաձայն, ապագայի ամենէն ազդեցիկ եւ յաջող լրատուամիջոցները կրնան չըլլալ անոնք, որոնք ամենէն արագն են կամ ամենէն զարգացած Աի գործիքները ունին։ Յաջող պիտի ըլլան անոնք, որոնք գիտեն իմաստութեամբ գործածել այդ գործիքները՝ արագութիւնը հաշտեցնելով ճշգրտութեան, աշխատակիցներուն հանդէպ արդար վերաբերմունքին, վստահութեան եւ լրագրութեան ամբողջականութեան հետ։

The Conversation-ի բնագիր յօդուածը

Հ.Ա.

 

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x