Պատմութեան դիակիզարանէն դուրս

22 Սեպտեմբեր 1991. Հայաստանի հանրապետութեան վերանկախացում, ինքնիշխանութեան հաստատում, խորհրդային ուժերէ ձերբազատում, ազատութիւն, ազգային/մշակութային վերածնունդ եւ գոյատեւում։

Յաճախ կը լսենք, մասնաւորապէս մենք՝ սփիւռքահայերս, այս տեսակի խրախճանքային կարգախօսներ եւ խիստ կողմնապահ քննադատութիւններ։ Պատմաքաղաքական ուսումնասիրութեան վրայ հիմնուած՝ սերտուած քննադատութիւններ ունկնդրելու, բանավէճեր կազմակերպելու, արխիւներ եւ փաստագրական պատմութիւն պրպտելու փոխարէն, կարգախօսներով կը բաւարարուինք. եկէ՛ք մօտէն դիտարկենք եւ վերատեսութեան ենթարկենք խորհրդային շրջանը։

Խորհրդային իշխանութիւնը որոշ ժամանակաշրջաններ ճնշած ու ճկռած է հայկականութիւնը, սակայն կարեւոր է եւ պէտք է նաեւ կարենանք պատմութիւնը ճանչնալ իր ամբողջութեամբ։ Ի վերջոյ, խորհրդային շրջանին է որ, կառուցուած են թատերասրահներ, ինչպէս՝ Գաբրիէլ Սունդուկեանի Պետական Ակադեմական Թատրոնը (1922), Վահրամ Փափազեան թատրոնը (1933), Երեւանի պետական Ակադեմական Օբերայի եւ Պալետի Թատրոնը (1933)։ Ալեքսանդր Թամանեան պատրաստած է Երեւանի յատակագիծը 1924-1925 թուականներուն, որ ֆինանսաւորուած է Խորհրդային Հայաստանի Խորհուրդին կողմէ, որ կը հանդիսանար  տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքաշինական հարցերով զբաղող կառավարական հիմնական մարմինը:

Մարտիրոս Սարեան, Գրիգոր Խանճեան, Մինաս Աւետիսեան եւ շատ մը ուրիշներ հերոսացած են իբրեւ Սովետական մեծ հայրենիքի հայ գեղանկարիչներ։ Սասունցի Դաւիթի արձանը, որ քանդակած էր Երուանդ Քոչար, տեղադրուած է Երեւան 1959-ին։  Չմոռնանք նաեւ 1920-ականներու Հայաստանի մէջ անգրագէտ ժողովուրդի թիւը շատ արագ նուազած է 1930-ականներուն, խորհրդային ծրագիրներու, դպրոցներու եւ մշակութային հաստատութիւններու ստեղծման շնորհիւ։ 1940-ականներէն սկսեալ մինչեւ 1960-ականները, խորհրդային իշխանութիւններու ներդրումներով Խորհրդային Հայաստանի մէջ կառուցուեցան նոր գործարաններ, ելեկտրակայաններ եւ քիմիական հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ նոր թաղեր ու քաղաքներ։ Այս ծրագիրները ստեղծեցին բազմաթիւ աշխատատեղեր, մղեցին գիւղական զանգուածները դէպի Երեւան եւ այլ քաղաքներ։

Խորհրդային տարիները Հայաստանի համար բերին գրագիտութեան տարածում, բարձրագոյն ուսման եւ գիտական հաստատութիւններու զարգացում, ենթակառուցուածքներու արդիականացում եւ մշակութային կեանքի աշխուժացում՝ գաղափարական, մտաւորական եւ արուեստագիտական նոր հորիզոններ բանալով հայ իրականութեան առջեւ։

Սակայն այս դրական կողմերուն կողքին, այդ շրջանին պատահած են նաեւ ծանր հետեւանքներով իրադարձութիւններ:

Խորհրդային Հայաստանի 1946–1948 թուականներու զանգուածային հայրենադարձական ծրագիրի նպատակն էր Հայաստանի բնակչութեան աճը։ Հազարներով սփիւռքահայեր, հայրենասիրական զգացումերով խանդավառ, որոշեցին ներգաղթել հայաստան՝ կարծելով թէ իրենց երազած դրախտավայրը վերջապէս պիտի գտնեն։ Անոնք դէմ յանդիման գտնուեցան աշխատանքային բազում դժուարութիւններու։ «Հայրենիք վերադառնալու» խորհրդային հայրենասիրական քարոզչութիւնը հետագային վերածուեցաւ յուսախաբութեան։

Ըմբոստ մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ, արուեստագէտներ եւ քաղաքացիներ արժանացան դաժան պատիժներու՝ ձերբակալութեան, աքսորի եւ նոյնիսկ սպանութեան։

 Չմոռնանք, որ Արցախի տագնապը եւ վերջապէս անոր կորուստին ցաւոտ բեռը, մասամբ Ստալինի ուսերուն վրայ է տակաւին։ Անոր գծած անտրամաբանական, քաղաքական շահերու հիմամբ հաստատուած սահմաններու անարդարութեան գինը բաւական սուղ վճարեց հայ ժողովուրդը։

Կրնանք էջերով Սովետ կռփել, հայհոյել ու էջերով փառաբանել։ Նպատակս ուշադրութեամբ խորհրդային Հայաստանի պատմութիւնը ազատել է պատմութեան դիակիզարանէն, որովհետեւ մինչեւ այժմ անոր լաւ կողմերը կը վայելենք, եւ վատ կողմերու հեղինակած քարշելի հոտը կը շնչենք։ Ուստի, եթէ ուզենք ուսումնասիրել Հայաստանի ներկան, պէտք է խորհրդային շրջանը լրջօրէն քննարկել ոչ թէ կողմնակալութեամբ, այլ՝ առարկայական մօտեցումով, տեսնելով անոր թէ՛ դրական ձեռքբերումները, թէ՛ բացասական ժառանգութիւնը, հասկնալու համար թէ հայաստանաբնակ հայերը եւ մենք՝ սփիւռքահայերս, մեր անկախութեան եւ պետականութեան հանդէպ ի՛նչպիսի վերաբերում ունինք:

1920-1991 երկարող ժամնակաշրջանը շատ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է մեր անկախական եւ պետական աշխարհահայեացքներուն վրայ: Կարեւոր է առարկայականօրէն գնահատել այդ ժամնակաշրջանը թէ՛  Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Չմոռնանք որ սփիւռքը «հասակ առած է» նաեւ խորհրդային Հայաստանի նկատմամբ հակազդեցութիւններով:

Միայն այդ կերպ կրնանք լաւ հասկնալ այսօրուան Հայաստանի դիմագրաւած խնդիրները, պետութեան զարգացման եւ ենթակառոյցներու մասին կայացող որոշումները, դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու բնոյթը, եւ մեզի՝ արտասահմանցիներուն համար անհրաժեշտ՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ գոյութիւն ունեցող կապի բարդութիւնը։

Փաստօրէն պատմական եւ մտային հանգոյցի մը առջեւ կը գտնուինք, որ կը ստիպէ մեզ, մասնաւորաբար հայ երիտասարդութիւնը, հանգուցաւորուած պատմութիւններու գոնէ մէկ ծայրը գտնել եւ սկսիլ զայն ճարպիկութեամբ քակել։

Պատմական նշանակութիւն ունեցող օրեր, գաղտագողի լուռ կը սահին ու կ’անցնին։ Պատրանքաթափուելու, մշակութային եւ քաղաքական շրջահայեացութիւն ունենալու, կամ իրապաշտ ու իրատես ծրագրեր մշակելու փորձ մը ընելու փոխարէն, կը բաւարարուինք թաղային ձեռնարկներով կամ հայրենասիրական տեղի-անտեղի ճառեր արտասանելով։ Անկախու՜թիւն եւ վերադարձ կը քարոզենք, կը հպարտանանք։ Ի՞նչ որակի անկախութիւն, ի՞նչ տեսակի իշխանութիւն։

Հրանդ Գալեմքէրեան

Հրանդ Գալեմքէրեան ծնած է 2002-ին, Լիբանան։ Շրջանաւարտ է Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն։ Դպրոցական տարիներուն աշխատակցած է ճեմարանի աշակերտներուն կողմէ հրատարակուող «Ջահակիր» պարբերաթերթին։
Լիբանանի պետական համալսարանին մէջ ուսանած է «Plastic Arts», որ նաեւ կ’ընդգրկէ փիլիսոփայութիւն, քանդակագործութիւն եւ գեղանկարչութիւն։ Ներկայիս ուսումը կը շարունակէ Ֆրանսա, ուր կը հետեւի գեղարուեստի մարզին, Նանթի արուեստից համալսարանին մէջ։

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x