«Լինչականը». Անրջական աշխարհի եւ առօրեայ տագնապներու վիպերգութիւնը

  Հրանդ Գալեմքէրեան

Իմ նախասիրած շարժապատկերի բեմադրիչը՝ Տէյվիտ Լինչ, մահացաւ անցեալ տարի։ Անոր կորուստը արցունքներով ընդունեցի. կարծես հարազատ մըն էր մահացողը։

Ով որ բախտաւորութիւնը չէ ունեցած Lինչի բեմադրած ֆիլմերը վայելելու, այս ընթերցումը կրնայ հրաւէր մը նկատել եւ սկսիլ։ Զգո՛ւշ. Լինչական ոճը ամէն մարդ չի կրնար հանդուրժել։ Առաջին ակնդրութիւնը սովորական քիմք մը կրնայ խորտակել։

Տէյվիտ Լինչ ամերիկացի արուեստագէտ, գեղանկարիչ եւ բեմադրիչ բազմատաղանդ անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր դրոշմը ձգած է սինեմայի պատմութեան մէջ, իր բեմադրած անրջական ֆիլմերով։

Ըստ ամերիկացի վիպագիր Տէյվիտ Ֆոսթըր Ուոլլասի, «Լինչեան» աշխարհը մթնոլորտ մըն է, ուր առօրեայ կեանքի անդորրին տակ կը տիրէ մշտական տագնապ ու մղձաւանջային լարուածութիւն. հոն կայ խորհրդաւոր լռութիւն մը եւ երազի ու իրականութեան շփոթեցնող խառնուրդ մը։

Լինչ որդեգրած էր գոյապաշտական փիլիսոփայութիւն մը՝ ներշնչուած հինտուական եւ պուտտայական կրօնական աւանդոյթներէն, եւ իր աշխարհայեացքը կառուցած էր այդ արժէքներուն շուրջ։

Քոքա-Քոլա եւ տոնաթ սիրող ամերիկեան կերպար մը՝ 1920-ականներու ֆրանսական «խենթ տարիներու» (années folles) արուեստագէտի հմայքով, հագուստով եւ հնդկական աստուածաբանական մօտեցումներով. այս բոլորին համադրումն էր ահա իր անձին ու ստեղծագործութեան բովանդակութեան հանդիպման կէտը։

Ան ունէր իր մազերը դէպի վեր յարդարելու իւրայատուկ ոճ մը։ Իր ճերմակ շապիկին օձիքը կը կոճկէր խեղդող ամրութեամբ՝ մտածելով, որ աշխատած պահուն «յամառ հովիկ մը» կրնար վիզը խտղտել եւ կեդրոնացումը խանգարել։

Ան սիկարէթը կը բռնէր կա՛մ աջ ձեռքով, կա՛մ ալ ակռաներուն արանքը սեղմած, անընդհատ ծուխ կ’արձակէր՝ պարուրելով իր դէմքը մշուշով, մինչ ձախ ձեռքին մատները ութոտնուկի պէս կը պարէին օդին մէջ, երբ ինք կը խօսէր՝ կախարդելով դերասանները։

Առաջին ֆիլմը զոր դիտեցի Տէյվիտ Լինչէն «The Elephantman»-ն էր. ամենէն մատչելին էր։ Յաջորդող ամիսներուն, իր միւս գործերը մոլեգնութեամբ շարունակեցի դիտել, «Blue Velvet», «What did Jack do», «Eraserhead», «Mulholland drive»:

Լինչի գործերուն մէջ կը տեսնենք սեռային յարաբերութեան հետ կապուած բարդոյթներ, բռնաբարութիւն եւ անոր ցաւալի հետեւանքները, մարմնավաճառութիւն, ծնողական պատասխանատուութեան սարսափը, առնականութեան գաղափարի հետ կապ ունեցող խնդիրներ, ընկճել սիրող ամբարտաւաններու դէմ յաղթանակ, ոճիր, դաժանութիւն։

The Elephantman

Արհաւիրքներուն կողքին, կը տեսնենք «Հայնըքըն» (Heineken) գարեջուր եւ մասնաւորապէս սեւ սուրճ խմելու հանդէպ սէր, ամերիկեան «Pop» գեղեցկութիւն ունեցող կիներ, եւ արկածախնդիր տղաք, որոնք կ’ուզեն փրկել այդ կիները իրենց ծանր կացութիւններէն։

Eraserhead

Ժամանակակից փիլիսոփաներ, ինչպէս՝ սլովենացի նոր-մարքսիստ Սլավոյ Ժիժեքը, զանազան քննադատութիւններու եւ հարցազրոյցներու մէջ փորձած են վերասահմանել «Լինչական» եզրին իմաստը՝ պնդելով, որ իր գործերուն մէջ մենք անդադար կը հանդիպինք տհաճ ու տիրական արական կերպարի մը, որ պատմութեան ընթացքին կրնայ ենթարկուիլ հոգեկան  նուաստացումի եւ նոյնիսկ՝ մահուան։

Ամերիկանացումը հիմքն է «Լինչական»-ին։ Հոս է, որ ես ու Լինչը տարակարծիք ենք։

Mulholland Drive

Հարցազրոյցներու ընթացքին, Տէյվիտ Լինչ հիմնովին կը մերժէր որեւէ յստակ կարծիք կամ դիրքորոշում յայտնել քաղաքական կամ ընկերատնտեսական հարցերու շուրջ։ Ան կ’որդեգրէր բաւական անախորժելի չէզոք կեցուածք մը, երբ զրուցավարը նախապատրաստուած հարցումներով ստիպէր իր ֆիլմերուն քաղաքական բնոյթին եւ դիրքորոշման մասին խօսիլ, Լինչ ճարպիկօրէն կը խուսափէր հարցումէն՝ փոխարէնը երկար ու խորհրդածական ճառեր արտասանելով:

Կը հասկնամ Լինչի մտածելակերպը․ ան չէր ուզեր քննարկել իր գործերուն բովանդակութիւնը, որ չսահմանափակէր հանդիսատեսին մեկնաբանութեան դաշտը։ Միամտութիւն պիտի ըլլար ենթադրել, թէ ան բնաւ կարծիք չունէր արդի ընկերատնտեսական հարցերու շուրջ: Անկողմնակալութիւնը պարզապէս քող մըն էր։ Սակայն, թերեւս աւելի ճիշդ որոշում մը պիտի ըլլար ընդհանրապէս հարցազրոյցներու չներկայանալ եւ պարզապէս լռութիւն պահել։

Թէեւ հարցազրոյցներու ընթացքին իր սեփական գործերու ծանր բովանդակութեան հանդէպ ցուցաբերած պարզամիտ ու չէզոք վերաբերմունքը ջղագրգռող երեւոյթ էր, սակայն ժամանակակից այն փիլիսոփայ քննադատներն ու արուեստագէտները, որոնք լոկ քաղաքական կարծիքներ ունենալով իրենք զիրենք հանճար կը կարծեն, շատ բան ունին սորվելիք Տէյվիտ Լինչէն։

Լինչի ստեղծած աշխարհը սքանչելի էր։

Հրանդ Գալեմքէրեան

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x