Արդէն քանի մը առիթով խօսած ենք հայ մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի մշակած շարք մը հեքիաթներուն մասին ու ընդգծած այն ապշեցուցիչ ու դառն ճշմարտութիւնը, որ կայ անոնց մէջ։ Խօսած ենք Ձախորդ Փանոսին՝ միամիտ մարդուն մասին, որ չի կրնար հասկնալ իր ունեցած հնարաւորութիւններն ու գնահատել այդ բոլորը. խօսած ենք Քաջ Նազարին՝ վախկոտ պարծենկոտին մասին, որ կը յաջողի մարդկային դիւրահաւատութեան շնորհիւ դառնալ արքայ. խօսած ենք Անխելք Մարդուն մասին, որ իր իսկ յիմարութեան պատճառով ի վերջոյ կը կործանէ իր կեանքը… Այս բոլորը մեր հաւաքական դիմագիծին բացասական արտացոլանքն են։
Այս անգամ կը շօշափենք մէկ այլ հեքիաթ, որ նոյնպէս կը կարդանք, կը ծիծաղինք ու կ’անցնինք առաջ, մինչդեռ այնտեղ ալ աւելի սարսափելի իրականութիւն մը պատկերուած է։ Խօսքը «Կացին ախպէրը» հեքիաթին մասին է, որուն հիման վրայ 1994-ին «Էմիգրանտ» ՍՊԸ-ն նկարահանեց համանուն պատկերաֆիլմը (Cartoon)։ Պատկերաֆիլմը, որուն բեմագրին հեղինակն ու բեմադրիչը տաղանդաւոր Ռոբերտ Սահակեանցն է, բաւական սուր եւ ծաղրական, ինչ-որ առումով նաեւ դաժան իրականութիւն մը կը ներկայացնէ։ Պատկերաֆիլմին աւարտը քիչ մը կը տարբերի հեքիաթին աւարտէն, բայց ան, կը կարծենք, շատ աւելի լաւ կը ներկայացնէ այդ պատմութեան ողբերգութիւնը։
«Կացին ախպէրը» միայն առաջին հայեացքով ծիծաղելի հեքիաթ մըն է գիւղի մը մասին, ուր չեն գիտեր, թէ կացինն ի՛նչ է ու ձեռքով կը կտրեն փայտը։ Պատահաբար հոն յայտնուած փայտահատը անոնց կացին ցոյց կու տայ. հիացած գիւղացիները մեծ գումարով կը գնեն կացինը, որպէսզի իրենց փայտը կտրեն։ Բայց փոխանակ փայտը կտրելու, նախ իրարու կը վնասեն, ապա եւ յիմարաբար կը հրդեհեն ամբողջ գիւղը։ Ու եթէ հեքիաթին մէջ սարսափահար գիւղացիները կը վազեն փայտահատին ետեւէն, որպէսզի վերջինս գայ ու «Կացին ախպօրը խօսք հասկցնէ», ապա պատկերաֆիլմին մէջ գիւղացիները պարզապէս կը վայելեն հրդեհին հետեւանքով յառաջացած ջերմութիւնը։
«Կացին ախպէրը», եթէ վերցնենք անոր հեքիաթային շերտը, ապա ան ողբերգութիւն մըն է՝ համընդհանուր տգիտութեան, չտեսութեան ու ինքնակործան պահուածքի մասին։ Եթէ Ձախորդ Փանոսին ու Անխելք Մարդուն պարագային գործ ունինք անհատական միամտութեան ու տգիտութեան հետ, ապա «Կացին ախպօր» պարագային մեր առջեւ կը կանգնի այն սարսափելի իրականութիւնը, թէ ինչպէս ամբողջ հասարակութիւն մը կրնայ իր ձեռքերով ինքզինք մահուան դուռը հասցնել։ Եթէ Քաջ Նազարի պարագային հասարակութիւնը կը պարտուի անհատէն՝ իր վախերուն պատճառով, եթէ այնտեղ վախկոտ բռնակալը կը յաղթէ աշխարհին, որովհետեւ բանուկ է համընդհանուր ձեռնավարութիւնը (manipulation), ապա «Կացին ախպօր» պարագային մենք ուղղակիօրէն գործ ունինք ծայր աստիճան տգիտութեան եւ անկրթութեան հետ։ Այնտեղ չկան բռնակալներ, չկան թշնամիներ։ Այնտեղ անոնց վրայ չեն արշաւեր, չեն ասպատակեր, ոչ մէկ բնական աղէտ տեղի չ’ունենար, վիշապ ու դեւ չկայ։ Հոն սովորական մարդիկ են, որոնք չըմբռնելով իրենց ձեռք բերած կացինին արժէքն ու իմաստը, փոխանակ դիւրացնելու իրենց կեանքը, զայն դժոխքի կը վերածեն… Ինչպիսի՜ նմանութիւն մեզի, յատկապէս հիմա։
Ամբողջ հեքիաթով մէկ կարմիր գիծի նման կ’անցնի այդ տգիտութեան ու անկրթութեան շերտը։ Տգիտութեան ու անկրթութեան դիմաց թէ՛ անհատը, թէ՛ հասարակութիւնը ծանր կը վճարեն։ Բայց եթէ անհատին պարագային կարելի է օգնել, ապա երբ ամբողջ հասարակութիւնը տգէտ է, ան կը դառնայ ինքնակործան։ Տգիտութիւնը թոյլ չի տար հասկնալու եղած հնարաւորութիւնը, ան թոյլ չի տար խելացի ու հաշուենկատ կառավարելու զայն, այլ պարզապէս կ’ոչնչացնէ՝ այնպէս, ինչպէս հեքիաթին գիւղացիները։ Ու եթէ հեքիաթին մէջ իրադրութիւնը կը հասնի անհեթեթութեան աստիճանի՝ ընդգծելու համար տեղի ունեցածին հրէշաւորութիւնը, ապա իրական կեանքի մէջ տարատեսակ «կացիններ» մեզ անընդմէջ կը քայքայեն ու կը վնասեն։
Հայաստանի մէջ այսօր աւելի քան իրական է «Կացին ախպէրը»։ Մենք այն ժողովուրդն ենք, որուն ձեռքբերումները կը շրջուին իր դէմ. առաւելը կը դառնայ նուազ, յաջողութիւնը կը վերածուի ձախորդութեան, մեր յաղթանակները կ’աւարտին պարտութեամբ, իսկ նուաճումները կը տանին կորուստի։ Որովհետեւ տգէտ ենք։ Տգէտ ենք սկզբունքօրէն ու գաղափարապէս, ոչ թէ տառեր կարդալու կամ գրելու առումով։ Այսօր Հայաստանի մէջ շատ աւելի գիրքեր կը տպագրուին, քան երբեւէ. տասը տարուան մէջ շատ աւելի գրող յայտնուած է, քան անցեալ հարիւրամեակին, բայց միեւնոյնն է՝ տգէտ ենք։ Այսօր ունինք գնդապետներ, զօրավարներ, նախարարներ, տարատեսակ վարչութիւններ, պետեր, տեղակալներու եւ կատարածուներու ամբողջ բանակ մը. ունինք ոստիկանութիւն՝ ընդ որում տարբեր բաժիններով, կրթական հազար տեսակ հաստատութիւններ, սեփական ու պետական դպրոցներ, համալսարաններ, փորձագէտներ ու վերլուծաբաններ… բայց տգէտ ենք։ Տգէտ ենք հոգիի ու մտքի ողջ զօրութեամբ, ու թուարկուած այդ մասնագիտական երփներանգ ծաղկեփունջէն հետզհետէ աւելի ու աւելի գարշելի հոտ կը փչէ։ Դեռ երբեք Հայաստանը այսքան ազատ ու այսքան անձնասպան չէ եղած, որքան հիմա։ Հայ ժողովուրդը երբեք այսքան դպրոց ու համալսարան չէ ունեցած, ինչպէս հիմա, ու երբեք այսքան տգէտ չէ եղած, ինչպէս հիմա։ Հայերը, որոնք ժամանակ մը երեք-չորս պետութեան մէջ բաժնուած՝ հնարաւորութիւն չունէին սեփական քաղաքական միտք ունենալու, այսօր քաղաքական կացինները առած՝ զիրար կը յօշոտեն։

«Կացին ախպէրը» հեքիաթը մեր իրականութեան ծաղրն է։ Ան մեր ծռած իրականութեան տարբերակն է, ուր մենք զբաղած ենք մենք զմեզ կործանելով ու չհասկնալով, թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ։ Պատկերաֆիլմին այդ տարբերակն ալ աւելի սուր ու ինքնատիպ կը ներկայացնէ ամէն ինչ։ Երբ մէկը իր ձեռքը կը կտրէ, միւսները ուղղակի չեն ուզեր հասկնալ, որ պէտք է աւելի զգոյշ ըլլալ. ամէն ինչ կը շարունակուի իրարու ետեւէ, յիմարութիւնները կը մեծնան, սխալները՝ կը կրկնուին։ Ու երբ արդէն բաւական սրած վիճակի մէջ կը համաձայնին «պատժել կացինը»՝ զայն նետելով կրակի մէջ, կը տեսնեն, որ կացինը չ’այրիր, այլ կարմրած է։ Գիւղացիները կ’որոշեն բանտարկել կացինը ու զայն կը նետեն մթերանոց, ուր չոր խոտ պահուած է։ Հետեւանքը սարսափելի հրդեհն է, ու ամբողջ գիւղը կ’այրի. բայց գիւղացիները գոհ են, որովհետեւ կրակ վառելու հարցը լուծուած է՝ մեծ կրակ կայ ու այժմ տաք է։ Ի հարկէ, չեն հասկնար, որ ի վերջոյ այդ կրակը պիտի յանգի, ու իրենք կրկին պիտի մնան դաժան սառնամանիքին առջեւ… միայն թէ առանց տան ու հագուստի։
Իսկ մենք կը հասկնա՞նք։ Դարձեալ ծայրայեղ ու յիմար որոշում մը, դարձեալ անխորհուրդ ու տգէտ մօտեցում մը, որով «կ’այրենք» մեր ապագան. ասիկա մեզի բան մը կը յուշէ՞ արդեօք։ Կարելի է կարծել, որ ոչինչ չի յուշեր, ու մենք չըմբռնելով կը շարունակենք հեքիաթի կերպարներէն աւելի յիմար ու անմիտ ըլլալ՝ լեցուն յիմարի ինքնավստահութեամբ ու ամբարտաւանութեամբ։
Հեքիաթին ողբերգութիւններէն մէկն ալ այն է, որ երբ գիւղացիները կացինը ձեռք կը ձգեն, անոնց մտքովն իսկ չ’անցնիր նախ հասկնալ, թէ այդ ի՛նչ է իրենց ձեռքն անցածը, ինչպէ՞ս զայն օգտագործեն, ինչպէ՞ս կ’աշխատի ան, կամ ի՛նչ ընեն, որ իրենց չվնասէ։ Ո՛չ, անոնք պարզապէս կը նետուին անոր վրայ ու կը սկսին հիմնայատակ կործանել իրենք զիրենք։
Բոլոր անոնք, որոնք այնքան դրական կը նային կեանքին, որ միշտ կը փորձեն լաւը տեսնել, թող հարցնեն իրենք իրենց, թէ այդ ինչպէ՞ս կը պատահի, որ Հայաստան մշտապէս ձախորդութեան առջեւ կանգնած է։ Այդ ի՛նչն է ի վերջոյ պատճառը, որ մենք կը տապալինք անընդհատ, ու նոյնիսկ յաղթանակի պարագային, մենք վերջաւորութեան պարտուած ենք։ Ինչո՞ւ «կացին ախպէրները» ճիշդ չեն աշխատիր. ինչո՞ւ փայտի փոխարէն մենք ձեռք ու ոտք կը կտրենք. ինչո՞ւ կացինի բանտարկութիւնը հրդեհի կը վերածուի։ Ո՞վ է մեղաւորը. կացի՞նը, զայն վաճառող փայտահա՞տը, թէ՞ տգէտ գիւղացիները, որ նոյնինքն իրենք զիրենք կը քանդեն։
Այսօր, երբ մենք յիմարութեան, կարճատեսութեան ու տգիտութեան պատճառով այլեւս չունինք Արցախ, կը շարունակենք ագահաբար վերցնել ուրիշներու տուած «կացինները» ու իրարու գլխուն իջեցնել՝ յուսալով, որ այս անգամ ան ճիշդ պիտի աշխատի ու ձեռքի փոխարէն փայտ պիտի կտրէ։ Բայց կացինը ի՛նչ յանցանք ունի, եթէ զայն բռնողը անշնորհք է ու տգէտ։ Վախնամ, որ մեր հերթական «կացինով» մենք մեզ այնպէս հաշմենք, որ անոր տակէն դուրս գալը կա՛մ անհնար ըլլայ, կա՛մ ալ ծայրայեղ բարդ. այն ինչ որ կրնար մեզ փրկել, դառնայ մեր ինքնասպանութեան գործիքը՝ միայն ու միայն մեր յիմարութեան ու անպատասխանատուութեան պատճառով։
Յ.Գ. Ի դէպ, հայկական իրականութեան մէջ «Կացին ախպէրը» նաեւ տարածուած ծաղրական-հեգնական մականուն է այն մարդոց հասցէին, որոնք առանց մտածելու մէկէն կը դիմեն կոպիտ ուժի։ Հետաքրքրական է, չէ՞, որ մենք ունինք Ձախորդ Փանոսի, Քաջ Նազարի, Անխելք Մարդու եւ Կացին ախպօր հեքիաթները: Ի՞նչ կրնանք ընել։ Ինքնահեգնանքը միշտ ալ ամէն ժողովուրդի սիրելի «խաղալիքներէն» մէկը եղած է։


