Դոկտ. Վահէ Թաշճեանի հետ. Յիշողութիւնը իբրեւ ժառանգութիւն եւ առաքելութիւն

Տարբերակ21 հարթակի փոթքասթին հիւրն է պատմաբան, հետազօտող եւ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ՝ Դոկտ. Վահէ Թաշճեանը։ Ան նաեւ «Յուշամատեան» կայքէջի հիմնադիր եւ խմբագիրն է, որ արդէն աւելի քան 15 տարիէ ի վեր աշխարհի չորս կողմերէն կը հաւաքէ եւ կը փրկէ հայկական ընտանեկան յիշողութիւններ։ Վերջերս, Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելեան գրադարանին մէջ բացուեցաւ «Արա Հրեշտակեան» հայագիտական ամբիոնը, որուն գործադիր տնօրէնն է Դոկտ. Թաշճեան։ Այս նոր կառոյցը ոչ միայն ակադեմական նախաձեռնութիւն մըն է, այլ նաեւ՝ յիշողութիւնը, պատմութիւնը եւ հաւաքական կեանքը նոր ձեւով վերաիմաստաւորելու փորձ մը։ Այսօր կը խօսինք նոր ամբիոնին, անոր առաքելութեան, եւ ընդհանրապէս՝ մեր յիշողութիւնը պահպանելու եւ փոխանցելու պատասխանատուութեան մասին։

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x