Քանի մը տարի առաջ այս հարցումը գրեթէ անհեթեթ պիտի թուէր։ Մարդ մը յօդուած մը կը գրէր, բանաստեղծութիւն մը կը մշակէր, ուսումնասիրութիւն մը կը պատրաստէր կամ գիրք մը կը հրատարակէր, եւ իր անունը կը դնէր անոր տակ։ Բնական ենթադրութիւնը այն էր, որ իր անունով ներկայացուած գործը, իրապէս, ի՛ր մտքին ու աշխատանքին արդիւնքն էր։ Այսօր այդ ենթադրութիւնը այլեւս այնքան ալ ինքնաբերաբար կարելի չէ ընել։
Արուեստական իմացականութեան (ԱԻ) գործիք մը, ինչպէս ChatGPT-ն, քանի մը երկվայրկեանի մէջ կրնայ յօդուած գրել, պատմուածք շարադրել, բանաստեղծութիւն մշակել, դասախօսութիւն պատրաստել, ուսումնասիրութեան կառոյց առաջարկել, նոյնիսկ ամբողջ գիրքի մը գլուխները գրել։ Մարդը կրնայ տալ նիւթը, քանի մը ցուցմունք, քիչ մը ուղղում կատարել եւ վերջաւորութեան իր անունը դնել պատրաստ գրութեան տակ։
Օրէնքի լեզուով կարելի է հարց տալ՝ որո՞ւ կը պատկանի այս գործին հեղինակային իրաւունքը։ Բայց անկէ առաջ պէտք է հարցնել հետեւեալը. Ո՞վ իրաւունք ունի ինքզինք այս գործին հեղինակը կոչելու։ Եւ այդ հարցումին պատասխանը միայն օրէնքի հիմամբ կարելի չէ տալ։
Գրողները միշտ ալ գործիքներ օգտագործած են. բառարան, հանրագիտարան, համակարգիչ, դիմած են խմբագիրի եւ սրբագրիչի, թարգմանիչի, նաեւ՝ Google-ի: Ոչ ոք պիտի պնդէ, թէ բառարան օգտագործող գրողը այլեւս իր գրութեան հեղինակը չէ։ Ոչ ալ այն հեղինակը, որ իր ձեռագիրը խմբագիրի մը կը յանձնէ եւ կ’ընդունի անոր լեզուական առաջարկները։ Ուրեմն ԱԻ գործածելն ալ ինքնին հարց չէ։
Խնդիրը կը սկսի հոն, ուր գործիքին կատարած աշխատանքը աստիճանաբար կը փոխարինէ այն մտաւոր աշխատանքը, որուն համար մենք անձ մը հեղինակ կը կոչենք։
Ենթադրենք, որ ես յօդուած մը գրեցի եւ ԱԻ-էն խնդրեցի ուղղագրական սխալները սրբագրել։ Գրութիւնը կը մնայ իմս։ Եթէ խնդրեցի նախադասութիւն մը աւելի յստակ դարձնել, դարձեալ դժուար է ըսել, թէ հեղինակութիւնը կորսնցուցի։ Եթէ իմ գաղափարներս տուի եւ խնդրեցի օգնել կառուցուածքը բարելաւելու, սահմանը քիչ մը աւելի անորոշ կը դառնայ, բայց մտաւոր առանցքը տակաւին իմս կրնայ մնալ։
Իսկ եթէ գրեմ՝ «Գրէ՛ ինծի 1500 բառով յօդուած մը Սփիւռքի ապագային մասին», ապա ստացուած գրութեան մէջ քանի մը բառ փոխելով անունս ստորագրեմ՝ ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։
ԱԻ-ն որպէս գործի՞ք օգտագործուեցաւ, թէ՞ աշխատանքը կատարեց ուրիշ մը, իսկ ես միայն անունս դրի անոր տակ։ Հոս հարցը կը սկսի բարդանալ:
Օրէնքը ի՞նչ կ՚ըսէ
Ըստ երեւոյթին, օրէնքը տակաւին կը փորձէ հասնիլ արհեստագիտութեան ետեւէն։
Այս հարցին պատասխանը ստանալու համար դիմեցինք ԱԻ-ին՝ միաժամանակ ստուգելով անոր տուած տեղեկութիւնները պաշտօնական աղբիւրներէ։
«Միացեալ Նահանգներու Հեղինակային իրաւունքի գրասենեակը 29 յունուար 2025-ին հրապարակած իր զեկոյցին երկրորդ մասին մէջ վերահաստատեց հիմնական սկզբունք մը. հեղինակային իրաւունքը կը պաշտպանէ մարդկային ստեղծագործութիւնը։ Ամբողջութեամբ ԱԻ-ի ստեղծած գործը ինքնաբերաբար հեղինակային իրաւունքի պաշտպանութիւն չի ստանար։ Իսկ պարզապէս ԱԻ-ին ցուցմունքներ՝ prompts տալը, ինքնին բաւարար մարդկային հեղինակութիւն չի նկատուիր» (U.S. Copyright Office, Copyright and Artificial Intelligence, Part 2: Copyrightability):
Պատկերը կը փոխուի, երբ մարդուն ստեղծագործական մասնակցութիւնը էական է։ Եթէ հեղինակը իր սեփական գրութիւնը կը մշակէ ԱԻ-ի միջոցով, կը վերակառուցէ արտադրուած նիւթը, կ՚ընտրէ ու կը դասաւորէ զայն կամ ստեղծագործական էական փոփոխութիւններ կը կատարէ, մարդկային այդ ներդրումը կրնայ պաշտպանուիլ։ Այսինքն՝ ԱԻ-ի ներկայութիւնը ինքնին չի վերացներ հեղինակութիւնը։
Բրիտանիոյ պատկերը տարբեր է։ Հոն գործող օրէնքը ներկայիս տակաւին կը ճանչնայ առանց մարդկային հեղինակի «համակարգիչով ստեղծուած» որոշ գործեր։ Այդպիսի գործին հեղինակ կը նկատուի այն անձը, որ գործին ստեղծման համար անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կատարած է։ Սակայն բրիտանական կառավարութիւնը կ՚ընդունի, որ այս դրութիւնը իրաւական անորոշութիւններ կը պարունակէ եւ 2026-ին առաջարկեց վերացնել ամբողջութեամբ համակարգիչով ստեղծուած գործերուն յատուկ պաշտպանութիւնը՝ շարունակելով պաշտպանել մարդկային ստեղծագործական ներդրում պարունակող ԱԻ-աջակցութեամբ գործերը:
Եւրոպական Միութիւնը հարցին կը մօտենայ նաեւ թափանցիկութեան տեսանկիւնէն։ ԵՄ-ի Արհեստական իմացականութեան օրէնքի՝ AI Act-ի 50-րդ յօդուածը որոշ պարագաներու կը պահանջէ բացայայտել, որ բովանդակութիւնը ստեղծուած կամ փոփոխուած է ԱԻ-ի միջոցով։ Հանրային հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու մասին ԱԻ-ով ստեղծուած կամ փոփոխուած գրութիւններու պարագային եւս բացայայտման պարտաւորութիւն կայ։ Սակայն բացառութիւն նախատեսուած է, երբ գործը ենթարկուած է մարդկային վերանայումի կամ խմբագրական վերահսկողութեան, եւ ֆիզիքական կամ իրաւաբանական անձ մը խմբագրական պատասխանատուութիւն կը կրէ անոր հրապարակման համար (European Union, Regulation (EU) 2024/1689, Article 50):
Բայց այս բոլորը մեզ կը հասցնեն աւելի հետաքրքրական կէտի մը։ Օրէնքը կրնայ որոշել, թէ ինչ կրնաս ընել։ Անպայման չ’որոշեր, թէ ինչ պէտք է ընես։
Կրնայ օրինական ըլլալ, բայց ոչ պարկեշտ
Ենթադրենք, որ օրէնքը քեզի չ’արգիլեր ԱԻ-ի պատրաստած յօդուածը կայքէջիդ վրայ անունովդ հրապարակել, հարցը կը փակուի՞։ Ո՛չ։ Որովհետեւ ընթերցողին եւ հեղինակին միջեւ անգիր համաձայնութիւն մը գոյութիւն ունի։ Երբ յօդուածի մը տակ կը կարդանք մէկու մը անունը, բնականաբար կ’ենթադրենք, որ այդ անձը ոչ միայն համաձայն է գրուածին, այլեւ կատարած է այն մտաւոր աշխատանքը, որմէ գրութիւնը ծնունդ առած է։ Ան մտածած է, ընտրած է, կասկածած է, փնտռած է, գտած է բառերը, եւ վերջաւորութեան պատասխանատուութիւն ստանձնած է անոնց համար։

Եթէ այս ամբողջ ընթացքը իրականութեան մէջ կատարած է գործիքը, իսկ մարդուն մասնակցութիւնը եղած է քանի մը հրահանգ տալ եւ անունը աւելցնել, ընթերցողին ներկայացուած պատկերը այլեւս հարազատ չէ։ Թերեւս ոչ մէկ նախադասութիւն գողցուած է։ Թերեւս հեղինակային իրաւունք չէ խախտուած։ Թերեւս նոյնիսկ ոչ մէկ օրէնք խախտուած է։ Բայց մտաւոր այդ աշխատանքին ծագումն ու հեղինակութիւնը սխալ ներկայացուած են։ Եւ ասիկա արդէն բարոյական հարց է։
Հիմնական հարցումը հետեւեալն է. ԱԻ-ն օգնե՞ց արտայայտելու իմ մտածածս, թէ՞ ԱԻ-ն մտածեց ու գրեց այն, ինչ ես հիմա իբրեւ իմ աշխատանքս կը ներկայացնեմ։ Առաջին պարագային ան գործիք է։ Երկրորդին՝ հեղինակութեան հարց մը ունինք։
Հարցը միայն ընթերցողը խաբելը չէ։ Մենք կրնանք վերջաւորութեան մենք զմեզ խաբել։
Գրելը մտածելու եղանակ է եւ ոչ թէ «բան մը արտադրելու» միջոց։ Երբ կը գրես, ստիպուած ես անորոշ գաղափարդ յստակացնելու։ Կը նկատես հակասութիւններդ։ Նախադասութիւնները կը կոկես գաղափարդ աւելի յստակ դարձնելու։ Կը վերադառնաս աղբիւրներուդ։ Կը փոխես կարծիքդ։ Երբեմն կը սկսիս յօդուած մը մէկ համոզումով եւ կը վերջացնես ուրիշով։
Այս ամբողջ մտաւոր պայքարը գրելու անտեսանելի մասն է։ Եթէ ամէն անգամ այդ դժուարութիւնը փոխանցենք ԱԻ-ին, կրնանք ստանալ աւելի արագ եւ աւելի կոկիկ գրութիւններ։ Բայց միաժամանակ կրնանք կորսնցնել ճիշդ այն կարողութիւնը, որ գրութիւնը պիտի զարգացնէր մեր մէջ։
Մտածե՛լու կարողութիւնը։
Ասիկա յատկապէս կարեւոր է երիտասարդներու, ուսանողներու եւ նոր գրողներու պարագային։ Եթէ աշակերտը ԱԻ-ով կը գրէ իր շարադրութիւնը, խնդիրը միայն այն չէ, որ ուսուցիչը ուրիշին աշխատանքը կը գնահատէ։ Աշակերտը ինք կը կորսնցնէ այն աշխատանքը, որուն համար շարադրութիւնը տրուած էր իրեն։ Նպատակը երբեք 800 բառ ապահովելը չէր։ Նպատակը 800 բառ գրելու ընթացքին մտածել սորվիլն էր։
Մտաւոր պարկեշտութեան հրամայականը
Արուեստական իմացականութիւնը պիտի չանհետանայ։ Ոչ ալ իմաստ ունի գրողներուն ըսել, որ չօգտագործեն զայն։ Ինչպէս նախորդ արհեստագիտական յեղափոխութիւնները, ԱԻ-ն ալ պիտի դառնայ մեր մտաւոր աշխատանքի բնական գործիքներէն մէկը։ Ան կրնայ օգնել ուսումնասիրելու, աղբիւրներ գտնելու, երկար փաստաթուղթեր հասկնալու, գաղափարներ կազմակերպելու, լեզուական սխալներ ուղղելու, թարգմանելու եւ երբեմն նոյնիսկ մեր սեփական մտածողութեան թերութիւնները տեսնելու։
Խնդիրը ԱԻ գործածելը չէ։ Խնդիրը ԱԻ-ի կատարած աշխատանքը մեր կատարած աշխատանքը ներկայացնելն է։ Եւ այստեղ թերեւս նոր ժամանակներուն համար նոյնիսկ նոր կանոն անհրաժեշտ չէ։ Հին կանոնը բաւարար է։
Տէր մի՛ դառնար մտաւոր վաստակի մը, որ քուկդ չէ։ Երբ ԱԻ-ն որպէս գործիք կ’օգտագործուի՝ գործածէ՛։ Եթէ մասնակցած է աշխատանքին էական մէկ մասին՝ անհրաժեշտ պարագային ըսէ՛։ Եթէ գրեթէ ամբողջ գործը ան կատարած է՝ մի՛ ձեւացներ, թէ դուն գրած ես։
Որովհետեւ վերջաւորութեան հարցը այն չէ, թէ մեքենան որքան լաւ կրնայ գրել։ Հարցը այն է, թէ մենք որքան ազնիւ պիտի մնանք՝ մեր անունը չդնելով մտաւոր վաստակի մը տակ, որ մերը չէ։
Վ.Թ.



