Ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգները շարունակ կը պարտուի պատերազմներու մէջ

Աշխարհի ամենէն հզօր բանակը ունենալը բաւարա՞ր է պատերազմ մը յաղթելու համար։

Վերջին տասնամեակներու ամերիկեան փորձառութիւնը այս հարցումին այնքան պարզ պատասխան չի տար։ Վիեթնամէն մինչեւ Իրաք եւ Աֆղանիստան՝ Միացեալ Նահանգները բազմիցս ունեցած է ռազմական այնպիսի գերազանցութիւն մը, որուն՝ հակառակորդները հազիւ թէ կրնային մրցիլ։ Եւ սակայն ռազմադաշտի գերակայութիւնը միշտ չէ, որ վերածուած է քաղաքական կամ ռազմավարական յաղթանակի։

Հարվըրտ համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս եւ Foreign Policy-ի սիւնակագիր Սթիֆըն Մ. Ուոլթ ստորեւ թարգմանաբար տրուած յօդուածին մէջ, Why the United States Keeps Losing Wars, ան պատճառը կը փնտռէ ոչ այնքան ամերիկեան բանակին կարողութիւններուն, որքան Ուաշինկթընի կողմէ պատերազմներ ընտրելու եւ անոնց նպատակները սահմանելու եղանակին մէջ։

Անոր տեսակէտները կրնան վիճելի ըլլալ, բայց ան կը բարձրաձայնէ էական հարցում մը. պատերազմի մը մէջ իսկական յաղթանակը հակառակորդին բանակը պարտութեա՞ն մատնելն է, թէ՞ իրականացնել քաղաքական այն նպատակը, որուն համար պատերազմը սկսած էր։

 

Մ. Նահանգները երկար պատմութիւն ունի՝ սխալ նպատակներով սխալ պատերազմներ մղելու:

Եթէ ամերիկացի էք, թերեւս արդէն սաստիկ յոգնած էք պատերազմներ կորսնցնելէ։ Ես՝ հաստատ։ Եւ թերեւս դուք ձեզի հարց կու տաք. «Ինչո՞ւ այս մէկը շարունակ կը կրկնուի»։

Հետաքրքրական եւ միաժամանակ յուսահատեցնող հանելուկ մըն է։ Թէեւ Միացեալ Նահանգները տասնամեակներէ ի վեր անվիճելիօրէն աշխարհի ամենէն հզօր երկիրն է՝ ռազմական պիւտճէով եւ կարողութիւններով, որոնց հաւասարող գրեթէ չկայ, վերջին շրջանի անոր պատերազմական հաշուեկշիռը մեծ մասամբ պարտութիւններով յատկանշուած է։ Ասոր մաս կը կազմէ նաեւ Իրանի հետ ներկայ պատերազմը, որ մինչեւ հիմա չէ իրականացուցած Թրամփի վարչակազմին յայտարարած նպատակներէն որեւէ մէկը եւ հաւանաբար պիտի աւարտի՝ Իրանը ռազմավարական առումով զգալիօրէն աւելի զօրաւոր դիրքի վրայ դնելով։

Նայեցէ՛ք ցանկին։ Քորէական պատերազմը ոչ-ոքի աւարտեցաւ (այս մասին՝ քիչ ետք)։ Վիեթնամը յստակ պարտութիւն էր, ինչպէս նաեւ 2003-ի Իրաքի պատերազմն ու Աֆղանիստանի «անվերջ պատերազմը»։ 1999-ի Քոսովոյի պատերազմն ալ դժուար է յաղթանակ համարել, քանի որ պատերազմի աւարտին Սերպիան աւելի նպաստաւոր պայմաններ ստացաւ, քան իրեն առաջարկուած էին կռիւները սկսելէն առաջ։

Եթէ չհաշուենք 1983-ին Կրենատա փոքր կղզի-պետութեան գրաւումը՝ այնքան անհաւասար ուժերու բախում մը, որ հազիւ թէ հաշուի առնուի, ապա այս բազմաթիւ տասնամեակներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու միակ անվիճելի յաղթանակը 1991-ի Ծոցի պատերազմն էր։

Այո՛, գիտեմ։ Միացեալ Նահանգներն ու իրենց դաշնակիցները «յաղթեցին» նաեւ Պաղ պատերազմին։ Բայց այդ բացառութիւնը իրականութեան մէջ կը հաստատէ կանոնը, որովհետեւ ան «պատերազմ» մըն էր, որուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ ուղղակի զինեալ բախում երբեք տեղի չունեցաւ։

Ինչո՞ւ, ուրեմն, Միացեալ Նահանգները այսքան վատ արդիւնքներ արձանագրած է։

Պատճառը հաստատ դրամի պակասը չէ՝ նկատի ունենալով ամերիկեան պաշտպանութեան պիւտճէին չափը եւ Քոնկրէսի պատրաստակամութիւնը՝ յաւելեալ միջոցներ տրամադրելու ամէն անգամ, երբ իրեն դիմում կը կատարուի։

Պատճառը կրակային ուժի պակասն ալ չէ։ Միացեալ Նահանգները տակաւին արտակարգօրէն հմուտ է թիրախներ ոչնչացնելու մէջ, նոյնիսկ իր ափերէն մեծ հեռաւորութեան վրայ։ Այս կարողութիւնը ներկայիս կրնայ որոշ չափով նուազած ըլլալ, նկատի ունենալով, թէ նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթը ինչպէս վատնած են երկրին յառաջադէմ հրթիռներու պաշարները Իրանի դէմ իրենց անխոհեմ պատերազմին մէջ, սակայն այս գործօնը չի բացատրեր, թէ ինչո՛ւ յաղթանակը այսքան դժուար հասանելի դարձած է։

Պատճառը նաեւ ամերիկեան զինեալ ուժերուն քաջութեան պակասը չէ։ Անոնք տակաւին պատրաստ են վտանգելու իրենց կեանքը եւ յաճախ հերոսաբար կը կատարեն այդ մէկը։ Եւ հաստատ պատճառը ամերիկացի զինուորներուն թեսթոսթերոնի անբաւարար մակարդակը չէ, անկախ անկէ, թէ պատերազմի մէջ շարունակ պարտուող մեր ապիկար նախարարը ինչ կը մտածէ այդ մասին։

Իրական պատճառները ռազմավարական եւ կառուցուածքային են։

Միացեալ Նահանգները ընտրութեամբ պատերազմներ կը մղէ, ուր ամերիկեան համեմատաբար սահմանափակ շահերը կը զուգորդուին չափազանց մեծ նպատակներու հետ, ինչպէս՝ օտար հասարակութիւն մը ամերիկեան պատկերով վերաձեւելու փորձը։

Արդիւնքը այն է, որ հակառակորդները սովորաբար Ուաշինկթընէն շատ աւելի վճռական կ՚ըլլան, որովհետեւ կորուստի եւ շահի հաւանականութիւնները շատ աւելի մեծ են իրենց համար։ Անոնք կը պայքարին գոյատեւելու կամ առնուազն իրենց անկախութիւնն ու ինքնավարութիւնը պահպանելու համար, մինչ Միացեալ Նահանգները, պարագաներուն ընդհանրապէս կը պատերազմի թերեւս ցանկալի, բայց վերջին հաշուով ոչ-կենսական նպատակներու համար։

Այս պայմաններուն մէջ բնական է, որ հակառակորդը շատ աւելի պատրաստ ըլլայ զոհողութիւններ կատարելու, քան Միացեալ Նահանգները։

Ինչպէս գրեթէ բոլոր անհաւասար հակամարտութիւններուն մէջ, տկար կողմը չի յաղթեր՝ ռազմադաշտին վրայ ուժեղ կողմը ուղղակի պարտութեան մատնելով։ Ան կը յաղթէ՝ չպարտուելով եւ սպասելով, մինչեւ որ աւելի հզօր կողմը հասկնայ, թէ ճահիճի մը մէջ յաւելեալ զինուորներ եւ դրամ թափելը այլեւս չ՚արժեր։

Այս պարզ բանաձեւը շատ բան կը բացատրէ վերջին պատերազմներուն մասին։

Քորէական թերակղզիին մէջ Միացեալ Նահանգները կարեւոր շահեր կը պաշտպանէր, որովհետեւ համայնավարներու անվիճելի յաղթանակը կրնար էական ազդեցութիւն ունենալ Ասիոյ մէջ Պաղ պատերազմի ընթացքին վրայ։ Սակայն Չինաստան թերակղզին միաւորելու ամերիկեան փորձը գոյութենական սպառնալիք նկատեց եւ, այդ արդիւնքը կանխելու համար, ի վերջոյ զոհեց առնուազն 200.000 զինուոր, իսկ հաւանաբար՝ շատ աւելին։ Երեք տարի տեւած դաժան մարտերէ ետք արդիւնքը, ըստ էութեան, ոչ-ոքի էր։

Վիեթնամի մէջ Միացեալ Նահանգները դէմ յանդիման գտնուեցաւ վիեթնամական համայնավար շարժման բուռն ազգայնականութեան։ Այդ շարժումը նախապէս արդէն պարտութեան մատնած էր ֆրանսական գաղութատիրութիւնը եւ ապացուցած, որ կարելի չէր զայն վերացնել։

Ամերիկացի ղեկավարները որոշ ժամանակ յաջողեցան ժողովուրդը համոզել, որ համայնավար յաղթանակ մը կանխելը կենսական շահ էր՝ մեծ մասամբ օգտագործելով «տոմինոյի քարերու անկումին» եւ ամերիկեան վստահելիութիւնը կորսնցնելու չափազանցուած վախերը։ Բայց ի վերջոյ հանրութիւնը դէմ դարձաւ անվերջ թուացող պատերազմին, պարտադրեց ամերիկեան հեռացումը եւ ճամբայ հարթեց Հանոյի վերջնական յաղթանակին համար։

Նման տրամաբանութիւն մը դժբախտ արդիւնքներու առաջնորդեց նաեւ Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ։

Սատտամ Հիւսէյն շարունակական խռովարար մըն էր, բայց 2003-ին ան արդէն զսպուած էր, անոր սպառազինութեան ծրագիրները կազմալուծուած էին, եւ ան բացարձակապէս ոչ մէկ դեր ունեցած էր 11 Սեպտեմբերի ահաբեկչական յարձակումներուն մէջ։ Հետեւաբար զինք տապալելը Միացեալ Նահանգներուն համար կենսական շահ մը չէր՝ անկախ անկէ, թէ Միջին Արեւելքը ամերիկամէտ ժողովրդավարութիւններու ծովու մը վերածելու մասին երազող ամերիկացի նոր-պահպանողականները ինչ կ՚ըսէին։

Սատտամէն ձերբազատիլը դիւրին եղաւ, ինչ որ ինքնին ցոյց կու տար, թէ իրականութեան մէջ որքան սահմանափակ վտանգ կը ներկայացնէր։ Բայց գրաւող ուժերը շուտով բախեցան զօրաւոր ապստամբութեան մը, որ դէմ էր օտար տիրապետութեան եւ աջակցութիւն կը ստանար թէ՛ Իրանէն, թէ՛ Սուրիայէն, որոնք չէին ուզեր Ուաշինկթընի թիրախներու ցանկին յաջորդը ըլլալ։

Ընտրութեամբ սկսուած եւս մէկ չափազանց յաւակնոտ պատերազմ վերածուեցաւ սուղ աղէտի։

Ծանօ՞թ կը թուի։

Աֆղանիստանի մէջ անտեղեակութեան, իտէալիզմի եւ երկրին սահմանափակ ռազմավարական կարեւորութեան համադրութիւնը ի վերջոյ ձախողութեան դատապարտեց ամերիկեան պատերազմական ճիգը։

Ուաշինկթըն հիմնաւոր պատճառ ունէր հետապնդելու Ուսամա պըն Լատենն ու զինք հիւրընկալող Թալիպանը։ Բայց այնտեղ մնալը՝ Աֆղանիստանը արեւմտեան ոճի ժողովրդավարութեան վերածելու նպատակով, բուռն դիմադրութիւն յառաջացուց հասարակութեան մը մէջ, որ լիովին արժանի էր «կայսրութիւններու գերեզմանոց» իր համբաւին։

Ի վերջոյ ապստամբները աւելի մեծ վճռականութիւն ունէին Միացեալ Նահանգները երկրէն դուրս բերելու, քան ամերիկացիները՝ զիրենք պարտութեան մատնելու, եթէ այդ մէկը ընդհանրապէս կարելի էր։ Եւ վերջապէս նախ Թրամփ՝ իր առաջին նախագահութեան ընթացքին, ապա նախագահ Ճօ Պայտըն վերջ տուին հակամարտութեան մը, որ վաղուց արդէն անիմաստ ձեռնարկի վերածուած էր։

1991-ի Ծոցի պատերազմը Ուաշինկթընի ոչ այնքան տպաւորիչ հաշուեկշիռին ակնյայտ բացառութիւնն է։

Իրականութեան մէջ, անիկա «ընտրովի պատերազմ» էր, այնքանով որ Միացեալ Նահանգները կրնար Իրաքին թոյլ տալ Քուէյթը պահել՝ առանց իր անվտանգութիւնը անմիջական սպառնալիքի մը ենթարկուելու։

Սակայն ժամանակի ընթացքին Քուէյթի եւ անոր քարիւղային եկամուտներուն վրայ իրաքեան վերահսկողութիւնը կրնար մտահոգիչ կերպով փոխել Ծոցի ուժերու հաւասարակշռութիւնը։ Ճորճ Հ. Ու. Պուշի վարչակազմը նաեւ մտահոգ էր, որ նման անարգել յարձակման մը յաջողութիւնը կրնար վտանգաւոր նախընթաց ստեղծել։

Բայց ամենէն կարեւորը այն էր, որ այս պարագային ամերիկեան նպատակները լիովին համապատասխան էին ամերիկեան շահերուն։

Միացեալ Նահանգներն ու իրենց դաշնակիցները Իրաքը դուրս մղեցին Քուէյթէն, ծանրօրէն հարուածեցին անոր ռազմական ուժը եւ ՄԱԿ-ի խիստ ստուգումներ պարտադրեցին, որոնց միջոցով կազմալուծուեցան անոր սպառազինութեան ծրագիրները։

Սակայն Պուշ իմաստուն որոշում տուաւ «Պաղտատ չերթալու» եւ վարչակարգը չտապալելու։ Այդ քայլը պիտի անցնէր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին տուած լիազօրութեան սահմանները եւ Միացեալ Նահանգները պիտի ստիպէր գրաւելու եւ կառավարել բաժնուած ու դժգոհ հասարակութիւն մը։

Քանի որ ամերիկեան նպատակները համապատասխան էին ամերիկեան շահերուն, եւ Պուշ ժամանակին վերջ տուաւ պատերազմին, ան իրաւամբ կը նկատուի տպաւորիչ յաջողութիւն մը։

Սակայն գերտէրութեան մը համար իր շահերն ու նպատակները իրարու համապատասխանեցնելը դիւրին չէ։

Քանի որ Միացեալ Նահանգները այսքան հզօր եւ առարկայականօրէն այսքան ապահով է, շատ չեն ըլլար այն հակամարտութիւնները, որոնց մէջ իսկապէս կենսական շահեր վտանգուած են եւ մեծ զոհողութիւններ՝ ինչպիսին ամերիկացիները կատարեցին Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, դիւրութեամբ արդարացուին։

Միեւնոյն ժամանակ ամերիկեան ուժն ու արհեստագիտական գերազանցութիւնը նաեւ դիւրին կը դարձնեն աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ միջամտելը եւ քաղաքական որոշում կայացնողներուն համար՝ իրենք զիրենք համոզելը, թէ այդ հակամարտութիւններուն մէջ յաղթելը դիւրին պիտի ըլլայ։

Հետեւաբար խնդիրը այն չէ, որ Միացեալ Նահանգները պատերազմ մղելու մէջ վատ է։

Խնդիրը այն է, որ անոնք սովորաբար սխալ նպատակներով սխալ պատերազմներ կը մղէ։

Ասիկա կը խաթարէ նաեւ ամերիկեան դատողութեան նկատմամբ դաշնակիցներուն վստահութիւնը եւ աւելի կը դժուարացնէ Չինաստանի նման իրական մրցակիցներու հետ մրցակցութիւնը։

Ինչո՞ւ այս մէկը կը շարունակէ կրկնուիլ, նոյնիսկ նախագահի մը օրով, որ կը պնդէր, թէ դէմ է անվերջ պատերազմներուն եւ ինքզինք «խաղաղութեան թեկնածու» կը ներկայացնէր։

Պատճառները բազմաթիւ են։ Բայց անոնցմէ մէկը ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան վերնախաւին շարունակական դժկամութիւնն է՝ պատասխանատուութիւն ստանձնելու եւ անցեալի սխալներէն դասեր քաղելու։

Այս խնդրին շատ յստակ օրինակը կարելի է գտնել Ռապըրթ Քէյկընի՝ Responsible Statecraft-ին վերջերս տուած հարցազրոյցին մէջ։

Ի պատիւ իրեն՝ Քէյկըն հրապարակաւ քննադատած է Իրանի դէմ Թրամփի պատերազմը։ Բայց ան երկար տարիներ եղած է ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան ուժային մօտեցման հետեւողական ջատագով եւ 2003-ի Իրաքի պատերազմին ամենէն նշանաւոր հրապարակային պաշտպաններէն մէկը։

Երբ իրեն հարց տրուած է, թէ այդ պատերազմը սխա՞լ մըն էր, ան պատասխանած է.

«Վստահ չեմ, թէ ի՛նչ օգուտ ունի ընդունիլը, որ ան սխալ մըն էր։ Այդ մէկը ոեւէ մէկը կեանքի պիտի չվերադարձնէ»։

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ իր գլխաւոր ափսոսանքը այն է, որ պատերազմը նուազեցուց հանրային աջակցութիւնը միջամտողական արտաքին քաղաքականութեան այն տեսակին նկատմամբ, որուն ինք կողմնակից է։

Սթիֆըն Մ. Ուոլթ

 

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x