Թերեւս շատ ծեծուած, բայց միաժամանակ սխալ ըմբռնուած նիւթ մըն է հայկական հայրենասիրութեան ուղղուածութիւնը, երբ մարդիկ արտաքնապէս կը պարծենան իրենց հայրենասիրութեամբ, բայց չեն նկատեր, կամ չեն ուզեր նկատել, իրական ու ցաւոտ որոշ երեւոյթներ, իսկ զանոնք մատնանշողներուն բերանը կը փակեն։ Խօսքը մեր մէջ ամէնուրեք եւ յաճախ մակերեսային կերպով արտայայտուող հակաթրքութեան մասին է, որ երբեմն հայրենասիրութեան տեղ կը դրուի, մինչ անոր տակ, բառերէն անդին, շատ քիչ բան կայ։
Թուրքերուն եւ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան մասին շատ բան կարելի է ըսել եւ սխալած չենք ըլլար։ Մենք կրնանք եւ պէտք է յիշենք Ցեղասպանութիւնը, մեր հայրենազրկումը, ինչպէս նաեւ 1991-էն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ Թուրքիոյ որդեգրած թշնամական վերաբերումն ու քաղաքականութիւնը։ Պէտք է յիշենք, դատապարտենք եւ զգուշանանք, ոչ թէ՝ յիշենք, դատապարտենք եւ օգտուինք։ Հո՛ս է, որ կը սկսի մակերեսային հակաթրքութիւնը։ Այդ հակաթրքութեան ամենէն կեղտոտ եւ երեւցող կողմը այն է, որ մարդիկ կ՚ատեն թուրքերը, չեն ընդունիր զանոնք, վրէժխնդրութեան մասին կը խօսին, բայց ամբողջ շուկան ողողուած է թրքական ապրանքներով։ Ասիկա արդէն անհասկնալի է։ Կա՛մ այսպէս, կա՛մ այնպէս։ Այլապէս կարելի չէ մէկ կողմէ թուրքերուն հայհոյել, իսկ միւս կողմէ հաճոյքով թրքական ապրանքներ գնել։ Լաւ, թերեւս ո՛չ հաճոյքով, բայց միտքը հասկնալի է։
Քանի՞ տասնեակ հազար հայ երեխաներ իրենց թրքական տետրակներուն մէջ գրած են՝ «հայոց լեզու մայրիկիս պէս անուշ ես դու» կամ հայրենասիրական այլ բանաստեղծութիւն մը։ Արարատ լերան գագաթէն թուրքին ճակտին թքելու մասին կէս-կատակ, կէս-հեգնական տողերուն յաջորդած է թրքական ապրանքի մը մէկ նմոյշը գնելն ու տուն տանիլը։ Իսկ ի՞նչ ըսել թրքական կաթսաներու մէջ եփուած հայրենասիրական տոլմային մասին…
Ընթերցողը թերեւս կարծէ, թէ ես հաճոյք կը ստանամ չարախնդալէ, որ մեր ուժը չբաւեց նոյնիսկ կաթսայի ու գուլպայի հարցով թուրքերուն հետ մրցելու, կամ թէ ստիպուած էինք թրքականին դիմելու, եւ բնական էր, որ 90-ական ու 2000-ական թուականներուն Հայաստանը ողողուէր թրքական ապրանքներով։ Բայց բնական չէ, որ մինչեւ հիմա նոյնն է։
Զինուորական ծառայութիւնս աւարտելէ ետք, երբ աշխատանք չէի կրնար գտնել, ստիպուած եղայ Երեւանի տօնավաճառներէն մէկուն մէջ ներմուծուած հագուստ վաճառելու։ Պատկերացուցէ՛ք զայրոյթս, երբ տաբատ գնելու եկող յաճախորդները թրքականը կը պահանջէին, որովհետեւ համեմատաբար աժան էր եւ լաւ որակ ունէր։ Իսկ ես, որ ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ զօրացրուած էի բանակի շարքերէն, ստիպուած էի դիտել, թէ մարդիկ ինչպէս թրքական տաբատ ու բաճկոն հագած Ծիծեռնակաբերդ կ՚երթային՝ յարգելու Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը։
Օրինակները անթիւ են, եւ մեզմէ շատեր կրնան նման դէպքեր յիշել։ Եւ ի՞նչ։ Տաբատ մըն է վերջապէս, եւ ատիկա մարդուն հայրենասիրութիւնը նուազ չի դարձներ։ Ի՞նչ ընէ սովորական մարդը, եթէ եւրոպական հագուստը շատ սուղ է, չինականն ու ասիական այլ երկիրներու արտադրանքը կա՛մ շատ անորակ է, կա՛մ դարձեալ սուղ, իսկ տեղական արտադրանքին նկատմամբ տակաւին որոշ վերապահութիւն կայ։ Բնականաբար, ան ստիպուած է թրքական հագուստ եւ այլ պարագաներ ալ գնելու։ Եւ պէտք չէ այդ սովորական մարդուն ըսել, թէ իր գնած ապրանքէն արիւնի հոտ կու գայ, կամ թէ այդ տաբատին համար վճարած դրամով քանի մը փամփուշտի օգուտ տուիր թուրքերուն։
Բայց չե՞նք կրնար հասկնալ, որ ազգային ինքնութիւնն ու ազգային արժանապատուութիւնը պէտք չէ ստորացնել ու հասցնել տաբատի եւ կաթսայի մակարդակին։ Եւ պէտք չէ, մէկ կողմէ, բերաննիս փրփրած՝ թուրքը ոչնչացնելու ցանկութեան մասին աղաղակենք, իսկ միւս կողմէ՝ թրքական հագուստ հագուինք՝ առնուազն հասկնալով այդ երկուքին իրարամերժութիւնը։ Ինչպէս որ պէտք չէ այդ տաբատին պատճառով մենք մեզ նուազ հայ զգանք։ Դուրսէն դիտող մէկը կրնայ ըսել. «Է՜, չէք ուզեր՝ մի՛ գնէք։ Թուրքերը ծունկի եկած չեն աղաչեր, որ իրենցմէ գնէք։ Չէք ուզեր՝ ուրիշը գնեցէք, կամ դուք արտադրեցէք»։ Այո՛, չենք ուզեր։ Չենք ուզեր, բայց կ՚երթանք ու կը գնենք։

Ազգային հպարտութիւնն ու ինքնութիւնը պէտք չէ կենցաղային մակարդակի իջեցնել եւ կենցաղային ապրանքներով համեմատել։ Թրքական տաբատը մեզ ո՛չ աւելի լաւ, ո՛չ ալ աւելի վատ հայ կը դարձնէ։ Պէտք չէ կաթսաներուն դէմ այսքան բառերով պատերազմինք. մէկ բան յստակ է՝ այդ պատերազմին մէջ մենք կը պարտուինք։ Պէտք է պայքարիլ իրօք ազգայինը պահել-զարգացնելու համար, հայոց պատմութիւնն ու հայ գրականութիւնն աւելի լաւ գիտնալու, հայերէն գեղեցիկ խօսելու, հայերէն գրագէտ գրելու համար է պէտք պայքարիլ։
Պէտք է պայքարինք հայ մշակոյթն ու արուեստը զարգացնելու, հայկական նիւթական եւ ոչ-նիւթական մշակոյթը մաքրելու, պահպանելու եւ յարգելու համար։ Այս բոլորին կորուստն է, որ մեզ աւելի վատ եւ նուազ հայ կը դարձնէ, ո՛չ թէ վարսայարդարն ու գուլպաները։ Ի վերջոյ, թրքական գուլպան իտալականով փոխարինելը քեզ աւելի լաւ իտալացի չի դարձներ։ Սրնիչը չի կրնար ազգային ողբերգութեան կամ ազգային հպարտութեան առարկայ դառնալ:
Աւելի վտանգաւորը թրքական երգերն ու թրքական ֆիլմաշարերն են, որոնք այնպէս թափանցած են մեր առօրեային մէջ, որ այլեւս դիւրին չէ զանոնք քերել մարդոց ներաշխարհէն։ Թրքահունչ մուղամն այնքան տարածուած է, որ շատերու մօտ արդէն իսկ յաղթած է Կոմիտասին, իսկ մենք տակաւին կաթսաներուն դէմ կը պայքարինք։
Որովհետեւ այդպէս աւելի դիւրին է։ Թրքական ապրանքներուն հասցէին քանի մը կեղտոտ հայհոյանք տալը աւելի դիւրին է, քան հայերէն սորվելու համար տանջուիլը։ Սիրածարաւ թրքական ֆիլմաշարեր դիտելը աւելի դիւրին է, քան հայկականը նկարահանելը, եւ ընդհանրապէս խօսիլը շատ աւելի դիւրին է, քան ըսածդ գործով իրականացնելը։ Որովհետեւ անհասցէ հայհոյանքը երբեք պատասխանատուութիւն չի պահանջեր իսկ ընդհանուր մեծամասնութիւնը մեղադրելը արդէն սիրելի զբաղում է։
Որովհետեւ դուրսէն դիտողը կրնայ հանգիստ հարցնել. Լաւ, 1991-էն ի վեր չկրցա՞ք կաթսայի ու տաբատի արտադրութեան հարցը լուծել, կամ գոնէ համարժէք որակով այլընտրանք գտնել։ Լաւ, տաբատն ու սրնիչը (սրճեփը) մէկ կողմ. չկրցա՞ք թրքական մուղամն ու ֆիլմաշարերը մէկ կողմ դնել, չկրցա՞ք հրաժարիլ Անթալիա արձակուրդի երթալէն։ Այդ ի՞նչ տեսակի հայրենասիրութիւն է, որ մէկ կողմէ ճերմակ է, միւս կողմէ՝ սեւ։
Հարցը այսօր աւելի սուր բնոյթ կը ստանայ, երբ արդէն շատ կը խօսուի սահմաններու բացման, ազրպէյճանցիներուն հետ հնարաւոր խաղաղութեան եւ յարակից հարցերու մասին։ Եւ երբ մտավախութիւն կը յայտնուի, թէ թրքական ապրանքները պիտի նուաճեն հայկական շուկան, մարդ կրնայ միայն դառն ժպտիլ՝ յիշելով, թէ թրքական քանի՜ տասնեակ տեսակի ապրանքներ արդէն տասնամեակներէ ի վեր ներկայ են Հայաստանի շուկային եւ հայերու տուներուն մէջ։
Արայիկ Մկրտումեան



