Ինչպէ՞ս կրնանք մենքզմեզ ազատագրել «բաժնէ, որ տիրես» սկզբունքով համակարգի փիլիսոփայութենէն եւ յառաջ երթալ առանց իյնալու «այս կամ այն» խտրականութեան մէջ։ Այս հարցերուն կրնանք վերանայիլ հատանողական ֆեմինիզմի ոսպնեակէն...
Կորիզային պատերազմ մը եւ արուեստական իմացականութեան չարամիտ օգտագործումը մարդկութեան առջեւ կը դնեն գոյութենական վտանգներ։ Կորիզային պատերազմի պարագային սպառնալիքը չի սահմանափակուիր պայթումներու պատճառած անմիջական աւերով։
Մեսրոպեան վարժարանը սկսած է գործարկել ԱԻ օգնականը՝ «Մեսրօ»-ն։ Այս առիթով «Խօսինք ու լսենք» փոտքասթին հիւրը վարժարանին տնօրէնը՝ Կրեկուար Գալուստն է, որուն հետ կը քննարկենք ԱԻ-ի կարելիութիւնները, վտանգները եւ կրթութեան ապագան։ Այսօր եւ այսուհետեւ մեր փոտքասթները կ'ըլլան տեսագրուած:
Կրօնքը երբեք միայն համոզումներու եւ հաւատքի ամբողջութիւն մը չէ եղած։ Ան մարդուն տրամադրած է աշխարհը հասկնալու եղանակ մը, բարոյական կողմնորոշում, պատկանելիութեան զգացում եւ մխիթարութիւն՝ անորոշութեան դիմաց։ Այսօր ԱԻ-ն, թէեւ բոլորովին տարբեր բնոյթով, սկսած է կատարել այդ դերերէն ոմանք։
Նաւի Փիլլէյ ծնած է 23 սեպտեմբեր 1941-ին, Հարաւային Ափրիկէի Տըրպըն քաղաքին մէջ, հնդկական ծագումով ընտանիքի մը յարկին տակ։ Ան հասակ առած է ափարթհայտի՝ ցեղային խտրականութեան համակարգի պայմաններուն մէջ:
Այս տարի 10 հոկտեմբերը կը նշուի իբրեւ Let Freedom Read Day՝ «Կարդալու ազատութեան օր»։ Ան «Արգիլուած գիրքերու շաբաթ»-ուան վերջին օրն է եւ առիթ մը՝ մտածելու եւ հարցադրելու. ո՞վ իրաւունք ունի որոշելու, թէ մենք ի՛նչ կրնանք կարդալ։
Դրուժահալած հոգիս քայքայուած Կը շրջի յաւէտ ծայրը անհունին. Կ'որոնէ անդուլ, դիւամոլորած Ստուերով պատուած ճամբան ակօսին: Տանջուած է հոգիս մտքով վախազեղ, Քանզի ամեն բան կը շոգիանայ. Գտանե՞մ պիտի փնտռածըս լուսեղ, Գուցէ ակօսն ալ դատարկուն մնայ:
Տարի մըն ալ լուռ լռութեամբ առանց տափ ու թմբուկի ինքնակամ եւ ինքնիշխան առանց նոյնիսկ անցագրի գլուխն առաւ ու գնաց յուշերուս մութ աշխարհի ծալքերուն մէջ հանգչելու․․․
Արուեստագէտ ըլլալու մեծ հակասութիւններէն մէկն ալ այն է, որ կեանքիդ կէսը կ'անցընես՝ փնտռելով լեզու մը, որ անմիջապէս իբրեւ քուկդ ճանչցուի, իսկ միւս կէսը՝ փորձելով խելքդ չկորսնցնել, երբ ոչ ոք կը հասկնայ զայն։
Աշնան զեփիւռին հետ քնքուշ ու մեղմիկ, Ոսկի տերեւներուն նազանքով գողտրիկ, Ականջիս կը շշնջայ մեղեդի մը հեռաւոր, Որ սրտիս դուռը կը թակէ շշուկով մը խորհրդաւոր։ Հոգիս կը խայտայ անմոռանալի յուշերով Հին օրերու քաղցր բոյրով, Եւ անմոռաց դէմքերու ժպիտով, Որ կը փաթթեն հոգիս լուռ թախիծի շղարշով։
Արտերկիր բնակող քաղաքացիներու ընտրելու իրաւունքին շուրջ Հայաստանի մէջ ծաւալած քննարկումները շարժառիթ հանդիսացան լուսարձակի տակ բերելու այս բնագաւառի միջազգային փորձը:
Նախագծահէն լեզուի ուսուցման (Project-Based Language Learning - PBLL) մեթոտաբանութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ նպաստել սփիւռքահայ ուսանողներու լեզուի իւրացման գործընթացին։
Չինաստանի մասին շատ բան կը լսենք, բայց շատ քիչ անգամ կը փորձենք աշխարհին նայիլ Չինաստանի աչքերով։ Թայուան, առեւտրական պատերազմ, Ռուսիա, Հարաւային Չինական ծով, «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ», Միացեալ Նահանգներու հետ մրցակցութիւն:
Դիմատետրի (Facebook) վրայ հանդիպեցայ այս գրառումին։ Զայն կարդալու ընթացքին ինքզինքս գտայ խառն զգացումներու միջեւ՝ անվճռական, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հակազդել կամ ի՛նչ իմաստ տալ անոր ետին թաքնուած պատգամին։ Մեզմէ ակնկալուածը ուշադիր ըլլալն է...
Ուստի հաւաքեցի հինգ պատմութիւն, որոնք վերջերս ուշադրութիւնս գրաւեցին։ Ոմանք ճիշդ են։ Ոմանք՝ կատարեալ անհեթեթութիւն։ Եւ թերեւս ամենէն մտահոգիչը այն է, որ նախքան ստուգելը՝ ես ալ ամբողջովին վստահ չէի, թէ ո՛րն էր ճիշդը եւ ո՛րը՝ սուտը։
Այս պատմական միջավայրին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Թորգոմ արք. Գուշակեանի «Գոհաբանական մաղթանք վասն Հանրապետութեան ազգիս հայոց» ստեղծագործութիւնը։
«ՆՅ» - «CivilNet»-ը իւրայատուկ տեղ ունի հայաստանեան լրատու դաշտին մէջ, այն իմաստով որ անոր հիմնադրութիւնը Սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան արդիւնք է: Արդեօք տնօրէնին սփիւռքահայ ըլլալուն հանգամա՞նքը կը պահպանէ այդ հաւասարակշռութիւնը:
«Տարբերակ»ի «Խօսինք ու լսենք» հաղորդաշարին այսօրուան հիւրը դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանն է՝ Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղարը, աստուածաբան, հեղինակ եւ հրապարակագիր։
Խոհդ չէ՛, այլ խոհո՛յթդ է կեանքիդ առանցքը։ Անձդ չէ՛, այլ անձո՛յթդ է կեանքիդ առանցքը։
Սանճեան վերահաստատեց առաջին հարցազրոյցին մէջ արտայայտած իր համոզումը, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին արմատական բարեփոխումներու կարիք ունի։
Հարցազրոյցին առիթը 9–11 Ապրիլ 2027-ին նախատեսուած գիտաժողովն է, որ պիտի կրէ «Churches, States and Politics» խորագիրը։ Գիտաժողովը պիտի կեդրոնանայ...
Առանձին ըլլալ չի նշանակեր ինքնամեկուսացում․ երբ մարդ կեանքի ժխորին մէջ «կորսուած» եւ բազմազբաղ է, հաւանաբար առիթ չունենայ կեանքը լիապէս ըմբոշխնելու եւ արժեւորելու։ Մինակութիւնը միշտ մարդու մը կեանքին մաս կազմած է, սակայն պէտք է օգտագործել զայն՝ աճելու եւ զարգանալու:
Դանդաղ, կշռադատուած եւ անհրաժեշտաբար շրջահայեաց դիւանագիտութիւնը, որ վստահութիւն եւ փոխըմբռնում կը կերտէ, իր տեղը տուած է ցուցադրական եւ ամբարտաւան ոճի մը, որ աւելի յարմար է ԹիքԹոքի ազդեցութեան տակ կարճացած ուշադրութեան:
Մենք կլիմայական ծայրայեղութիւններուն մասին տակաւին կը մտածենք իբրեւ «արտակարգ» դէպքեր՝ արտակարգ տաք, արտակարգ երաշտ, արտակարգ հեղեղ, արտակարգ հրդեհ։ Բայց ի՞նչ կը պատահի, երբ արտակարգը հետզհետէ սովորական դառնայ։





















