Արհեստական բանականութեան պատճառով պաշտօններու կորուստը իրականութի՞ւն, թէ՞ շուկայավարական հնարք

Արհեստական Բանականութեան (ԱԲ) արագընթաց զարգացումը իր հետ ո՛չ միայն նորարարութիւններ բերած է, այլեւ՝ համատարած անորոշութիւն եւ անկէ բխող վախեր։ Սակայն, արդեօ՞ք այդ վախերը միշտ հիմնաւորուած են, թէ՞ անոնք յաճախ հաշուարկուած շուկայավարական հնարքներ են։

Ստորեւ ներկայացուած յօդուածին հեղինակն է Փարմի Օլսըն (Parmy Olson)՝ «Bloomberg»-ի սիւնակագիրներէն եւ արհեստագիտական բնագաւառի փորձառու վերլուծաբան։ Օլսըն, որ նաեւ հեղինակն է ԱԲ-ի մրցարշաւին անդրադարձող «Supremacy» գիրքին, այս գրութեամբ կը վերլուծէ ԱԲ ոլորտի հսկաներու՝ OpenAI-ի եւ Anthropic-ի ղեկավարներուն որդեգրած հակասական մօտեցումները։

Յօդուածին նպատակն է լոյս սփռել այն իրականութեան վրայ, թէ ինչպէ՛ս արհեստագիտական աշխարհի ղեկավարները կը շահագործեն «վախի» գործօնը՝ իրենց արտադրանքը աւելի գրաւիչ դարձնելու եւ ներքին խնդիրներէն ուշադրութիւն շեղելու նպատակով։ Հեղինակը մեզ կը հրաւիրէ կասկածի տակ առնելու աշխատատեղիներու կորուստի մասին աղէտալի նախատեսութիւնները եւ տեսնելու անոնց ետին պահուած առեւտրական շահերը։

Վ.Թ.

Արհեստական բանականութեան ծաղկումի առաջին իսկ օրէն, արհեստագիտական բնագաւառի ղեկավարներ անընդհատ կը խօսին այն նոյն ԱԲ համակարգերու վտանգներուն մասին, զորս իրենք կը փորձեն ծախել: Այս մէկը շուկայավարութեան (marketing) յարակարծական (paradoxical) ռազմավարութիւն մըն է, որ, ցաւօք, հիանալի արդիւնք կու տայ այն ընկերութիւններուն համար, որոնք ամենէն աւելի խոցելի կը նկատուին: Կը պարզուի, որ «վախի» գործօնին շահագործումը վաճառքի լաւագոյն ռազմավարութիւններէն մէկն է:

OpenAI-ի գործադիր տնօրէն Սամ Ալթման նախապէս կ’ըսէր, թէ ChatGPT-ի ետին կանգնած արհեստագիտութիւնը կրնայ սպառնալ մարդկային քաղաքակրթութեան. «Մենք կանգնած ենք գոյութենական վտանգի առջեւ», ըսած էր ան 2023-ին: Այս տեսակի աղէտաբեր քարոզչութիւնը արդէն հինցած է՝ դատելով այն նոր «ճիւաղներն», զորս Ալթման եւ իր գործընկերները վերջերս կը մատնանշեն՝ ԱԲ-ն որպէս աշխատատեղեր սպաննող եւ սպառնալիք թուային անվտանգութեան (cyber security):

Anthropic-ի տնօրէն Տարիօ Ամոտէյ Յունուարին կը զգուշացնէր, որ ԱԲ-ն յառաջիկայ մէկէն հինգ տարիներուն ընթացքին կրնայ «բնաջնջել» սկսնակ «ճերմակ օձիքաւորներու» (Գրասենեակային կամ վարչական պաշտօններ, որոնք մտային  աշխատանք եւ բարձր ուսում կը պահանջեն, օրինակ՝ հաշուապահները, վարչագէտները, փաստաբանները, երկրաչափերը եւ այլն) աշխատատեղիներուն կէսը՝ ապակայունացնելով տնտեսութիւններն ու հասարակական կեանքը: Այժմ անոր ընկերութիւնը կը զգուշացնէ, որ իրենց յառաջիկայ Mythos մոտելը կրնայ թերութիւններ գտնել թուային բազմաթիւ ծրագրերու (software programs), գործառնական համակարգերու (operating systems) եւ համացանցի զննարկիչներուն (browsers) մէջ: Anthropic-ը կ’ըսէ, որ մոտելը չափազանց վտանգաւոր է հանրային լայն տարածման համար եւ հասանելի պիտի ըլլայ միայն սահմանափակ ընկերութիւններու, ինչպէս Apple Inc.-ը եւ Amazon.com Inc.-ը:

Ներկայացուած փաստերը մտահոգիչ են։ Mythos-ը յաջողած է գտնել մինչ այդ անյայտ թերութիւններ՝ այնպիսի սխալներ, որոնց սրբագրութեան համար արտադրողները «զեռօ օր» ժամանակ ունին։ Այսպիսի թերութիւնները կրնան պատճառ դառնալ, որ սըրվըրներ թիրախ դառնան արտաքին վերահսկողութեան կամ անոնց դադրեցման։ Չարամիտ անձերու ձեռքը անցնելու պարագային, կրնայ մեծ քաոս ստեղծուիլ։

Այժմ ԱԲ ընկերութիւնները իրենց զգուշացումները աւելի «լուծումնամէտ» դարձուցած են։ Anthropic կը յայտարարէ, որ Project Glasswing նախաձեռնութեան ծիրին մէջ (թուային անվտանգութեան-cybersecurity պաշտպանողական ծրագիր մը) կը գործակցի արհեստագիտական ընկերութիւններու հետ՝ երաշխաւորելու, որ Mythos չկարենայ խախտել ծրագրային ենթակառոյցները, երբ ան հրապարակուի։ Միւս կողմէ, Սեմ Ալթմըն կ’առաջարկէ աշխատատեղիներու հաւանական տագնապ մը դիմագրաւել արդիւնաբերական սերտուած քաղաքականութեամբ։ Վերջերս, OpenAI հրապարակեց 13 էջնոց փաստաթուղթ մը՝ «Industry Policy for the Intelligence Age» խորագրով, ուր, ի շարս այլ առաջարկներու, կը նշուի, որ կառավարութիւնները պէտք է ստեղծեն հանրային հիմնադրամներ՝ ԱԲ-ի պատճառով աշխատանքէ զրկուածներուն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու համար, ինչպէս նաեւ քննարկեն ռոպոթներու վրայ տուրք հաստատելու եւ շաբաթական աշխատանքի օրերը չորսի նուազեցնելու կարելիութիւնները։

Ասոնք վատ գաղափարներ չեն, թէեւ մինչեւ հիմա միայն Հարաւային Քորէան փորձած է տուրքեր դնել ինքնաշխատ համակարգերուն (automation) վրայ, եւ տակաւին անորոշ է այդ քաղաքականութեան արդիւնաւէտութիւնը: Թէեւ վեհանձն քայլ մըն է ԱԲ տարրալուծարաններուն փորձերը լուծումներ գտնելու աշխատատեղիներու կորուստին եւ թուային սպառնալիքներուն, սակայն Anthropic-ը նաեւ հիմքեր կը ստեղծէ իր յառաջիկայ բաժնետոմսերու հանրային վաճառքին (IPO) համար, իսկ OpenAI-ը հաւանաբար կը փորձէ ուշադրութիւնը շեղել իր ներքին հարցերէն եւ նիւթական մեծ կորուստներէն:

Թերեւս այդ պատճառով է, որ որոշ ղեկավարներ կը փորձեն զիրար գերազանցել ԱԲ-ի մասին աղէտալի նախատեսութիւններով: Microsoft-ի սպառողական ԱԲ-ի նախկին պատասխանատու Մուսթաֆա Սուլէյման Փետրուարին կ’ըսէր, թէ բոլոր մասնագիտական գործերը կրնան ինքնաշխատ դառնալ ԱԲ-ի միջոցով, եւ անոր նախատեսած ժամկէտը Ամոտէյի ճշդածէն աւելի կարճ էր՝ ընդամէնը 18 ամիս:

Այս բոլոր «անկեղծ» խոստովանութիւններուն մէջ զգալի է շուկայավարական ռազմավարութեան հոտը: Դեռ 1940-ներուն կատարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ փաստարկ մը աւելի համոզիչ կը դառնայ, երբ նաեւ անոր թերութիւններ նշուին, յատկապէս ուսեալ կամ սկեպտիկ լսարանի մը համար: Անկեղծութեան դրսեւորումը կը նուազեցնէ կասկածը եւ վստահութիւն կը ստեղծուի:

Ալթման լաւ գիտէ ասիկա: Ան միշտ օգտուած է հակասութիւններէն՝ սկսեալ իր առաջին սթարթափէն, երբ Wall Street Journal-ին մանրամասնօրէն կը պատմէր իր արտադրանքին գաղտնիութեան վտանգներուն մասին, մինչեւ վերջերս Մ. Նահանգներու ծերակոյտի յանձնաժողովի նիստին յայտնած նախազգուշութիւնը, թէ ԱԲ-ն կրնայ «շատ լուրջ խնդիրներ յառաջացնել»:

Դժուար է ճշգրիտ գնահատել, թէ Anthropic-ի զգուշացումները որքանով չափազանցուած են, քանի որ մենք տեղեակ չենք մոտելին ներքին կառուցուածքէն: Սակայն «ճերմակ օձիքաւորներու» աշխատատեղիներու «ջարդին» մասին նախատեսութիւնները չեն համապատասխաներ փաստերուն: Ինչպէս նախապէս նշած եմ, ազգային արտադրողականութեան վիճակագրութեան եւ աշխատուժի շուկային տուեալները ցարդ որեւէ ակնյայտ բացասական հետք ցոյց չեն տար:

Oxford Economics-ի անցեալ ամսուայ զեկոյցը կը նշէ, որ ԱԲ-ի հետեւանքով աշխատատեղիներու «զանգուածային ջարդի» նախատեսութիւնները հիմնուած են ենթադրութիւններու վրայ: Ընդհակառակը, ԱԲ-ն կրնայ օգնել աշխատողներուն, ոչ թէ փոխարինել զանոնք: Եւ ինչպէս ամէն նոր արհեստագիտական յեղափոխութեան ժամանակ՝ կը յայտնուին նոր մասնագիտութիւններ:

Ըստ նոյն զեկոյցին, իրականութեան մէջ տեղեկատուական (information) բնագաւառին մէջ աշխատանքի ընդունման համեմատութիւնը աճ արձանագրած է: Իսկ Մարտին հրապարակուած հետազօտութեան մը համաձայն՝ կատարուած Տնտեսական հետազօտութիւններու ազգային բիւրոյին կողմէ (National Bureau of Economic Research), եւ որուն մասնակցած են Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի տարածքին գործող ընկերութիւններու 6.000 տնօրէններ, անոնց 90%-ը վերջին երեք տարիներուն ԱԲ-ի պատճառով որեւէ ազդեցութիւն չէ նկատած աշխատանքի շուկային վրայ։

Այսուհանդերձ, ասիկա չէ խանգարած որոշ մեծ ընկերութիւններ (ինչպէս Ճեք Տորսիի Block Inc.-ը) օգտագործելու ԱԲ-ի շուրջ ստեղծուած աղմուկը՝ արդարացնելու աշխատատեղիներու կրճատումները: Նոյնիսկ Ալթման ինքը քննադատած է այս երեւոյթը՝ ըսելով, թէ մարդիկ ԱԲ-ն կը գործածեն որպէս պատրուակ այնպիսի կրճատումներու, որոնք այլապէս ալ պիտի ընէին:

Կը թուի թէ ԱԲ-ի շուկայավարական «մութ արուեստը» շատ աշակերտներ ունի:

Փարմի Օլսըն

Թարգմանութիւն՝ «Տարբերակ21»-ի

Փարմի Օլսըն կ’աշխատակցի «Bloomberg»-ի եւ ընդհանրապէս կ’անդրադառնայ արհեստագիտական հարցերու: Ան նախապէս աշխատակցած է «Wall Street Journal»-ի եւ «Forbes»-ի, ինչպէս նաեւ հեղինակն է «Supremacy: AI, ChatGPT and the Race That Will Change the World» գիրքին:

 

Subscribe
Տեղեկացում
guest
0 Comments
Oldest
Newest Most Voted
0
Would love your thoughts, please comment.x
()
x