«Dream, Art, Yerevan»
Հայ սփիւռքի մէջ ծնած արուեստը տարօրինակ ճակատագիր մը ունի։ Ան կը ծնի ուրիշ երկինքի տակ, կը սնանի ուրիշ քաղաքի աղմուկով, ուրիշ փողոցներու յիշողութեամբ ու ուրիշ մարդոց առօրեայով ու հակասութիւններով։ Բայց երբեմն, տարիներ ետք, ան կը հասնի երկիր մը, ուր թէեւ հոն չէ ծնած, սակայն անոր հետ անտեսանելի ոգեղէն կապ մը ունեցած է միշտ։

Այդպիսի հանդիպում մը պիտի կայանայ 3 Սեպտեմբերին, երբ Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ բացուի լիբանանահայ քոյր եւ եղբայր գեղանկարիչներ Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններու «Dream, Art, Yerevan» ցուցահանդէսը։ Մինչեւ 10 Սեպտեմբեր տեւող ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին անոնց վերջին շրջանի շուրջ քառասուն ստեղծագործութիւնները։
Բայց Երեւան հասնողը միայն քառասուն կտաւ չէ։ Երեւան կը հասնի տասնամեակներու վաստակ մը։
Երկու արուեստագէտ, երկու ճանապարհ: Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեան քոյր ու եղբայր են, երկար տարիներ կողք կողքի ստեղծագործած եւ միասին արուեստ դասաւանդած, բայց իւրաքանչիւրը կառուցած է իր ուրոյն տեսողական լեզուն։

Մարալին արուեստը կը բխի առօրեայ ապրումներէ՝ ուրախութենէ, ցաւէ, յիշողութենէ, մարդկային հանդիպումներէ։ Իր գործերուն մէջ կրկնուող խորհրդանիշները հետզհետէ կը կազմեն անձնական բառարան մը։ Անոնցմէ յատկապէս եղջերուն խոր անձնական իմաստ մը ունի. «Մարալ» անունին հետ կապուելէ անդին, ան կը տանի նաեւ հօր յիշատակը եւ մանկութենէն եկող զգացական կապ մը։ Մարալին ստեղծագործական աշխարհը սնած է բազմազան աղբիւրներէ՝ Վան Կոկէն եւ Մինաս Աւետիսեանէն մինչեւ գրականութիւն, Pink Floyd, Լուսինէ Զաքարեան եւ Ռուբէն Հախվերդեան։
Ժիրայրի ճանապարհը տարբեր եղած է։ Լիբանանեան համալսարանի Գեղարուեստի հիմնարկին մէջ ուսանելէ ետք, ան իր ուսումը շարունակած է Փարիզի Académie Goetz-Dadérian-ի եւ École Nationale Supérieure des Arts Décoratifs-ի մէջ։ 1992-ը շրջադարձային թուական մը եղած է անոր արուեստին համար։ Համալսարանական աշխատանքի մը ընթացքին, ժամանակի ճնշումին տակ ծնած «The Change» գործը զինք առաջնորդած է դէպի վերացականութիւն։ Այդ օրէն սկսեալ հարցը այլեւս միայն այն չէ, թէ ի՛նչ նկարել, այլ նաեւ՝ ինչպէ՛ս արտայայտել։

Ժիրայրի գործերուն մէջ յաճախ իրարու կը բախին բնութեան խաղաղութիւնն ու քաղաքային կեանքի լարուածութիւնը։ Բնութիւնը, քաղաքը, գոյնը, ձեւը եւ երաժշտութիւնը կը միախառնուին իր տեսողական աշխարհին մէջ։ Իբրեւ երաժիշտ՝ ան յատկապէս ազդուած է progressive rock-էն՝ Pink Floyd, Camel, King Crimson եւ Jethro Tull։ Երաժշտութեան կշռոյթը երբեմն կը շարունակուի կտաւին վրայ՝ գոյնի եւ ձեւի միջոցով։
Սակայն Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններու մասին խօսելու ատեն կարելի չէ սահմանափակուիլ միայն անոնց ստեղծագործութիւններով։
Մարալ 1983-էն սկսեալ արուեստ դասաւանդած է տարբեր դպրոցներու մէջ, եղած է ՀԲԸՄ-ի «Մինասական» արուեստի խումբին հիմնադիրն ու ղեկավարը, կազմակերպած է ցուցահանդէսներ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ եւ երկար տարիներ ներկայ եղած է լիբանանահայ մշակութային մամուլին մէջ։

Ժիրայր եւս տասնամեակներ շարունակ ստեղծագործած, ցուցադրած եւ դասաւանդած է։ Իսկ 2006-ին քոյրն ու եղբայրը միասին հիմնած են Ayp to Zed Art Academy-ն։
Քսան տարի արուեստ դասաւանդել։ Այս թիւը ինքնին բան մը կ՚ըսէ անոնց աւանդին մասին, որովհետեւ արուեստագէտի մը ժառանգութիւնը միայն պատերէն կախուած կտաւները չեն։ Անիկա կը շարունակէ ապրիլ այն աշակերտներուն մէջ, որոնց սորվեցուցած են դիտել, արժեւորել եւ աշխարհին նայիլ նոր աչքերով: Գիծ քաշել կարելի է սորվեցնել։ Գոյներ խառնելը նոյնպէս։ Բայց արուեստի իսկական ուսուցիչը ուրիշ բան ալ կը փոխանցէ՝ աշխարհընկալումի տարբեր ձեւ մը։
Եթէ այսօր արդէն կարելի է խօսիլ Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններու աւանդին մասին, ուրեմն անոր մէկ մասը կը գտնենք անոնց ստեղծագործութիւններուն մէջ, իսկ միւսը՝ աշակերտներուն։
Ինչո՞ւ կարեւոր է Երեւանը
«Dream, Art, Yerevan»-ը այս պատճառով պարզ ցուցահանդէսէ մը աւելի նշանակութիւն ունի։

Եւ ասիկա կարեւոր է յիշեցնել, որ սփիւռքը միայն հայկական մշակոյթ պահպանող տարածք չէ։ Անիկա նաեւ հայկական մշակոյթ ստեղծող տարածք է։ Պահպանել կը նշանակէ փոխանցել ստացածդ։ Ստեղծել կը նշանակէ ստացածիդ վրայ աւելցնել բան մը, որ մինչ այդ գոյութիւն չունէր։
Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններու տասնամեակներու աշխատանքը ճիշդ այդ երկրորդ իրականութեան մաս կը կազմէ։
Սեպտեմբերին անոնց երկու ճանապարհները պիտի հանդիպին Երեւանի մէջ։ Քառասուն կտաւով, բայց շատ աւելի մեծ ուղեբեռով. Լիբանան մը կայ այդ ուղեբեռին մէջ, սփիւռք մը, ընտանեկան յիշողութիւններ, երաժշտութիւն, քաղաքին աղմուկը եւ բնութեան խաղաղութիւնը…եւ քսան տարուան դասարան մը։
«Dream, Art, Yerevan» ցուցահանդէսը առիթ պիտի տայ տեսնելու այդ երկար ճանապարհին ներկայ հանգրուանը։ Իսկ ցուցահանդէսէն ետք, երբ կտաւներն ալ իրենց խօսքը ըսած ըլլան, թերեւս առիթը ունենանք վերադառնալու Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններու արուեստին եւ հարցնելու աւելի խոր հարցումը.
Ի՞նչ կրնայ ըսել անիկա լիբանանահայ արուեստի այժմու վիճակին, յիշողութեան եւ ապագայի տեսլականին մասին, եւ Հայաստանի ու անոր արուեստասէրներուն հետ այս փորձառութիւնը ի՞նչ նոր հորիզոններ կրնայ բանալ իրենց արուեստին առջեւ:
Վ.Թ.



