Նուալա Օ’Ֆլահերթիի յիշատակին նուիրուած Մայքըլ Օ’Ֆլահերթիի դասախօսութենէն
Մարդկային իրաւունքներու մասին խօսելու համար սովորաբար կը դիմենք օրէնքի, քաղաքականութեան, պատմութեան կամ ընկերային գիտութիւններու։ Սակայն մարդկային արժանապատուութեան, անարդարութեան, բռնութեան եւ ազատութեան մասին մարդկութեան ամենէն խոր վկայութիւններէն շատերը մեզի հասած են նաեւ ուրիշ լեզուով մը՝ արուեստի լեզուով։
Եւրոպական Խորհուրդի Մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Մայքըլ Օ’Ֆլահերթի այս հարցին կը նուիրէ Նուալա Օ’Ֆլահերթիի յիշատակին իր 2026-ի դասախօսութիւնը՝ Արուեստագէտը՝ իբրեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան (The Artist as Defender of Human Rights) խորագրով։ Ան կը փորձէ հասկնալ, թէ արուեստագէտը ի՞նչ դեր կրնայ ունենալ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ, եւ ինչպէ՞ս նկարը, քանդակը, երաժշտութիւնը կամ ժողովրդային արուեստաը կրնան մեզի տեսնել տալ այն, ինչ որ երբեմն քաղաքական կամ իրաւական լեզուն անկարող է փոխանցելու։
Դասախօսութեան առանձնայատկութիւններէն մէկը այն է, որ արուեստի գործերը ոչ թէ պարզապէս կը նկարազարդեն խօսքը, այլ կը մասնակցին անոր գաղափարական զարգացման։
Այս գրութիւնը դասախօսութեան ամբողջական թարգմանութիւնը չէ։ Բնագիրը զգալիօրէն կրճատուած է՝ պահելով անոր հիմնական գաղափարական առանցքները եւ կառուցուածքը։ Յիշատակուած բազմաթիւ արուեստի գործերէն ընտրած ենք տասը խորհրդանշական օրինակներ, որոնք միաժամանակ կը ներկայացնեն հեղինակին հիմնական փաստարկները եւ կը փոխարինեն կրճատուած բաժիններուն մէջ ներկայացուած այլ գործերու գաղափարական դերը։ Այսպիսով փորձած ենք պահպանել դասախօսութեան մտաւորական ամբողջականութիւնը՝ զայն դարձնելով աւելի կեդրոնացած եւ ընթեռնելի։
Արուեստը՝ վկայութիւն
Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ արուեստի առաջին մեծ ուժերէն մէկը վկայելու կարողութիւնն է։ Դարեր շարունակ արուեստագէտները պատկերած են տառապանքը, հալածանքը, պատերազմը, անարդարութիւնը եւ մարդկային դիմադրութիւնը։ Անոնք երբեմն ըրած են այն, ինչ որ այսօր պիտի կոչէինք մարդկային իրաւունքներու փաստագրում՝ առանց այդ եզրաբանութիւնը ունենալու։ Այդ երկար պատմութեան խորհրդանշական օրինակներէն մէկը Ֆրա Անճելիքոյի՝ Սուրբ Քոզմասի եւ Տամիանոսի նահատակութիւնը պատկերող գործն է։ Հինգ եղբայրները դատապարտուած են այրուելու, բայց կրակը, ըստ պատումին, չի կրնար վնասել անոնց եւ կը դառնայ զիրենք հալածողներուն դէմ։

Այս գործը մեզ կը վերադարձնէ մարդկային իրաւունքներու հիմնական հարցերէն մէկուն՝ մարդը ինչպէ՞ս կը պահէ իր արժանապատուութիւնը, երբ իշխանութիւնը կը փորձէ խլել զայն։
Դարեր ետք նոյն հարցումը պիտի վերադառնար բոլորովին տարբեր լեզուով։
Փապլօ Փիքասոյի Guernica-ն այլեւս կրօնական նահատակութիւն չի ներկայացներ։ Ան կը ներկայացնէ պատերազմի զոհ դարձած հասարակ մարդը։ 1937-ին սպանական Կեռնիքկա քաղաքի ռմբակոծումը Փիքասոյի ձեռքին տակ կը դառնայ ոչ միայն պատմական դէպքի պատկեր, այլ պատերազմի սարսափին համամարդկային խորհրդանիշ։

Արուեստը այստեղ չի բացատրեր պատերազմը։ Չի ներկայացներ վիճակագրութիւն։ Չի թուարկեր զոհերը։ Ան մեզ կը ստիպէ տեսնել զանոնք։ Եւ երբեմն այդ տեսնելը քաղաքական արարքին առաջին քայլն է։
Անհատին արժանապատուութիւնը տեսանելի դարձնել
Բայց մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը միայն զանգուածային ողբերգութիւններու մասին չէ։ անիկա կը սկսի ամէն մէկ անհատի արժէքն ու արժանապատուութիւնը տեսնելով:
Օկասթա Սեւըճի Gamin-ը այս իմաստով ուշագրաւ օրինակ մըն է։ 1920-ականներու Ամերիկայի մէջ սեւամորթ աղքատ պատանի մը արուեստի կեդրոնական կերպար դարձնելը պարզ գեղագիտական ընտրութիւն չէր։

Այս պատանին հերոս չէ։ Զօրավար չէ։ Թագաւոր չէ։ Պատմութեան մեծ դէմք մը չէ։ Պարզապէս մարդ է։ Եւ ճիշդ հոս կը գտնուի գործին ուժը։ Մարդկային իրաւունքներու գաղափարը, խորքին մէջ, նոյն պնդումը կը կատարէ. մարդը արժէք ունի ոչ թէ իր դիրքին, հարստութեան, ազգութեան, ցեղային պատկանելիութեան կամ իշխանութեան պատճառով, այլ որովհետեւ մարդ է։
Երբ արուեստը կը մերժէ լռել
Սակայն կան պահեր, երբ արուեստագէտը այլեւս չի բաւարարուիր մարդուն արժանապատուութիւնը պատկերելով։ Ան կը դառնայ մեղադրող։

Ֆեռնանտօ Պոթերոյի Ապու Ղրայպի նկարաշարքը այդպիսի օրինակ մըն է։
2004-ին աշխարհը տեսաւ Իրաքի Ապու Ղրայպ բանտին մէջ բանտարկեալներու խոշտանգումներուն լուսանկարները։ Պոթերօ տարիներ ետք վերադարձաւ այդ պատկերներուն՝ ոչ թէ զանոնք պարզապէս վերարտադրելու, այլ անոնց մարդկային իրականութիւնը վերականգնելու համար։
Լուսանկարը կրնայ փաստագրել։ Արուեստը կրնայ ստիպել մեզ երկար նայելու այդ փաստին։ Եւ այդ տարբերութիւնը փոքր չէ։
Անանուն զոհին անուն տալ
Իրլանտացի նկարիչ Պրայըն Մակուայրի ստեղծագործութեան մէջ այս պարտաւորութիւնը գրեթէ արուեստագիտական սկզբունք դարձած է։ Ան տարիներ շարունակ աշխատած է պատերազմներու, գաղթի, բռնութեան եւ լուսանցքայնացուած մարդոց իրականութեան հետ։

2016-ի Over Our Heads the Hollow Seas Closed Up գործը կապուած է Միջերկրականի գաղթականական ողբերգութեան։ Մակուայրի այդ շրջանի աշխատանքները ուղղակիօրէն կ’անդրադառնան գաղթին, տեղահանութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան։
Լուրերուն մէջ զոհերը շատ արագ թիւ կը դառնան։ Տասը։ Հարիւր։ Հազար։ Բայց արուեստը երբեմն այդ թիւէն մարդը ետ կը բերէ։ Եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար ասիկա էական է։ Որովհետեւ անարդարութեան առաջին յաղթանակներէն մէկը զոհը անանուն դարձնելն է։
Զայրոյթը՝ իբրեւ արուեստի լեզու
Արուեստը միշտ հանդարտ ձայնով չի խօսիր։ Երբեմն ան նաեւ զայրոյթ կ’արտայայտէ այն երեւոյթներուն նկատմամբ, զորս իբրեւ հասարակութիւն կը հանդուրժենք կամ թոյլ կու տանք, որ պատահին մեր աշխարհին մէջ։
Աւստրալիացի նկարիչ Պեն Քուիլթիի 2012-ի Bushmaster գործը այդպիսի օրինակ մըն է։ Ան կը պատկերէ Աֆղանիստանի մէջ վնասուած զրահապատ մը, որ յատկապէս պատրաստուած էր իր մէջ գտնուող զինուորները վտանգէն պաշտպանելու։

Բայց քանդուած զրհապատը այստեղ այլեւս միայն զինուորական սարք մը չէ։ Անիկա կը կրէ զինուորներուն ինքնութեան եւ անոնց ֆիզիքական փորձառութեան հետքերը։ Bushmaster-ը կը վերածուի vanitas-ի՝ կեանքի անցողիկութիւնն ու պատերազմի մէջ մարդկային գոյութեան խոցելիութիւնը յիշեցնող խորհրդանիշի։
Օ’Ֆլահերթի այս գործը կը տեղադրուի նաեւ աւելի լայն գաղափարի մը մէջ՝ արուեստը իբրեւ զայրոյթի արտայայտութիւն։ Անիկա կրնայ մեզ դէմ յանդիման դնել այն իրականութեան, որուն հետ ժամանակի ընթացքին կրնանք վարժուիլ, եւ կը ստիպէ հարց տալու՝ ինչո՞ւ այսքան բան կը հանդուրժենք մեր աշխարհին մէջ։
Ինքնութեան իրաւունքը
Մարդկային արժանապատուութիւնը նաեւ սեփական ինքնութեամբ ապրելու իրաւունքն է։
Օրնելլա Ռուտեւիչայի (լաթվիացի) ստեղծագործական աշխարհը կը բխի Եւրոպայի Ռոմա համայնքի (գնչու) պատմութիւններէն, ընտանեկան յիշողութենէն եւ մշակութային ժառանգութենէն։ Անոր աշխատանքները տեսանելի կը դարձնեն մշակոյթ մը, որ երկար դարեր մատնուած է խտրականութեան եւ մեկուսացման:

Մարդկային իրաւունքներու լեզուն յաճախ կը խօսի փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան մասին։ Արուեստը երբեմն նոյն բանը կ՚ընէ ուրիշ ձեւով։ Կ՚ըսէ՝ մենք հոս ենք։ Մենք պատմութիւն ունինք։ Մենք յիշողութիւն ունինք։ Եւ մեր պատմութիւնը արժանի է տեսանելի ըլլալու:
Մարդկային իրաւունքները եւ բնութիւնը
Այսօր մարդկային իրաւունքներու հարցը այլեւս կարելի չէ ամբողջովին անջատել բնապահպանական ճգնաժամէն։
Պրայըն Մակուայրի Ամազոնի նուիրուած աշխատանքները այս կապը կը դարձնեն տեսանելի։ Ան այցելած է Պրազիլ եւ իր աշխատանքներուն մէջ անդրադարձած անտառահատումին, բնութեան ոչնչացման եւ բնիկ ժողովուրդներու վրայ այդ գործընթացներուն ազդեցութեան։

Որովհետեւ մաքուր ջուրը, բնակելի միջավայրը, առողջութիւնը եւ ապագայ սերունդներուն անվտանգութիւնը վերացական բնապահպանական խնդիրներ չեն։ Անոնք նաեւ մարդկային իրաւունքներու խնդիրներ են։
Երբ բարի մտադրութիւնը բաւարար չէ
Օ’Ֆլահերթիի դասախօսութեան ամենէն հետաքրքրական կէտերէն մէկը այն է, որ ան արուեստը չի սրբացներ։ Արուեստագէտը կրնայ պաշտպանել մարդկային արժանապատուութիւնը, բայց կրնայ նաեւ սխալիլ։ Այդ մասին ան կը պատմէ անձնական յիշողութիւն մը։
1980-ին Տապլինի մէջ արժանթինցի արուեստագէտ Մարթա Մինուժին կառուցեց Ճէյմս Ճոյսի հետ կապուած Մարթելլոյի աշտարակին հսկայական կրկնօրինակը՝ 5000 հացով։ Ցուցադրութեան աւարտին աշտարակը վար առնուեցաւ եւ հացերը բաժնուեցան ժողովուրդին։

Օ’Ֆլահերթի ներկայ էր այդ օրը։
Իր յիշողութեան մէջ, սակայն, գեղարուեստական ուրախութիւնը շուտով փոխուեցաւ անհանգստութեան։ Հացը ստանալու համար ստեղծուած անօթի մարդոց խուժանը իրեն ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս բարի նպատակով ստեղծուած նախաձեռնութիւն մը կրնայ անսպասելի կերպով վնասել կամ նուաստացնել ճիշդ այն մարդիկը, որոնց օգտակար ըլլալ կը փորձէ։
Արուեստագէտը՝ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան
Այս բոլոր օրինակները վերջապէս մեզ կը հասցնեն դասախօսութեան հիմնական հարցումին։ Արուեստագէտը ե՞րբ միայն արուեստագէտ չէ, այլ նաեւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան։
Այ Ուէյուէյի Remembering գործը թերեւս ամենէն յստակ պատասխաններէն մէկը կու տայ։
2008-ի Սըչուանի երկրաշարժին հազարաւոր դպրոցականներ մահացան։ Յաջորդող հարցումները կեդրոնացան նաեւ դպրոցական շէնքերու շինարարական որակին եւ իշխանութիւններու պատասխանատուութեան վրայ։ Այ Ուէյուէյ սկսաւ զոհուած երեխաներուն անունները հաւաքել։ Իսկ 2009-ին, Միւնիխի Haus der Kunst-ի ճակատին վրայ ստեղծեց Remembering հսկայական տեղադրումը՝ շուրջ ինը հազար դպրոցական պայուսակներով։

Հոս արուեստագէտը այլեւս միայն ողբերգութիւն մը չի պատկերեր։ Ան կը հետաքննէ։ Ան անուններ կը հաւաքէ։
Կը յիշեցնէ եւ պատասխանատուութիւն կը պահանջէ։ Եւ այդ պահուն արուեստը կը սկսի մաս կազմել մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան։
Չնայիլ ուրիշ կողմ
Թերեւս այս ամբողջ դասախօսութիւնը կարելի է ամփոփել պարզ պահանջով մը՝ չնայիլ ուրիշ կողմ։ Մարդկային իրաւունքներու ամենէն մեծ վտանգներէն մէկը միշտ չէ, որ ատելութիւնն է։ Երբեմն անտարբերութիւնն է։
Մարդը կը տեսնէ անարդարութիւնը, բայց կը շարունակէ իր ճանապարհը։ Կը լսէ զոհերուն մասին, բայց թիւերը այնքան շատ են, որ այլեւս զինք չի հետաքրքրեր։ Կը տեսնէ պատերազմը հեռատեսիլէն եւ քանի մը վայրկեան ետք կը փոխէ ալիքը։
Արուեստը կրնայ խանգարել այդ հարմարաւէտ հեռաւորութիւնը։
Փիքասոյի Guernica-ն մեզ կը ստիպէ նայելու պատերազմին։ Պոթերոն՝ խոշտանգումին։ Մակուայրը՝ ծովուն մէջ կորսուած գաղթականին եւ քանդուող Ամազոնին։ Քուիլթին՝ պատերազմէն վերադարձած զինուորին։ Ռուտեւիչան՝ այն ժողովուրդին, որուն ներկայութիւնը յաճախ անտեսանելի կը դարձնենք։ Այ Ուէյուէյը՝ մահացած երեխաներուն, որոնց անունները իշխանութիւնը պիտի նախընտրէր մոռնալ։
Ասոնք իրարմէ շատ տարբեր արուեստագէտներ են։ Անոնց գեղագիտական լեզուները, ժամանակները, երկիրները եւ նպատակները տարբեր են։ Բայց զիրենք միացնող բան մը կայ։ Անոնք կը մերժեն մարդը վերածել թիւի։ Եւ թերեւս ճիշդ հոս է արուեստին եւ մարդկային իրաւունքներուն ամենէն խոր հանդիպումը։
Մարդկային իրաւունքները կը պնդեն, որ ամէն մարդ արժանապատուութիւն ունի։ Արուեստը այդ արժանապատուութիւնը կը դարձնէ տեսանելի։
Օրէնքը կրնայ պաշտպանել մարդուն իրաւունքները։ Քաղաքականութիւնը կրնայ զանոնք պաշտպանող հաստատութիւններ ստեղծել։ Բայց արուեստը երբեմն կ՚ընէ ուրիշ, նոյնքան անհրաժեշտ բան մը։
Ան մեզ կը ստիպէ տեսնելու այն մարդը, որուն համար այդ իրաւունքները գոյութիւն ունին։
Եւ երբ իսկապէս տեսնենք զայն, այլեւս այնքան դիւրին չէ ուրիշ կողմ նայիլ։
Հ.Ա.
Աղբիւր՝ Մայքըլ Օ’Ֆլահերթի, The Artist as Defender of Human Rights, 2026 Nuala O’Flaherty Memorial Lecture, Council of Europe։ Դասախօսութեան ամբողջական բնագիրը
Հ.Ա.



