Արմէն միշտ ալ շուտ կը նկատէր։
Ոչ միայն արտաքին մանրուքները՝ լոյսին փոփոխութիւնը, ձայներուն մարումը, կամ սենեակին մէջ յամեցող լռութիւնը, այլեւ աւելի նուրբ բան մը՝ այն, որ հոգիին մէջ կը շարժէր՝ աննշմարելիօրէն, բայց անխուսափելիօրէն։
Այդ առտու ալ եկած էր։
Արմէն նստած էր մահճակալին ծայրը, առանց յստակ ուղղութեան մը նայելու։
— Ո՛չ այսօր,— մրմնջաց ան։
Ան կը ճանչնար ժամանողը։ Գիտէր անոր անունը, ձեւը կը տարբերէր, պատճառներուն մասին շատ մտածած էր։ Ոչ մէկ շփոթ։ Նոյն ծանրութիւնն էր, նոյն թուլութիւնը, նոյն հոգնածութիւնը, երբ ժամացոյցին սլաքը կը թուէր սառած, եւ պահը՝ անվերջանալի։
Ան յանկարծ կանգ առաւ։
— Կը հասկնամ,— ըսաւ բարձր։
Կարծեց, թէ բաւարար էր այդ ։ Կը թուէր, թէ գիտակցութիւնը արդէն հեռացուցած էր զայն: Բայց այցելուն տեղէն չշարժեցաւ։
Պատերազմը վերջացած էր։
Բայց ոչ ամէն բան։
Կէսօրին ան հանդիպեցաւ Լեւոնին։
— Կարծես մէկուն հետ կը վիճիս,— ըսաւ Լեւոն, կամաց մը սուրճը բերնին մօտեցնելով։
— Կը վիճիմ,— պատասխանեց Արմէն։ — Եւ կը պարտուիմ։
— Ի՞նչի շուրջ։
Արմէն կարճ ժամանակ մը լուռ մնաց։
— Կը տեսնեմ, կը հասկնամ, չեմ ուզեր… բայց կը մնայ։
Լեւոն գլուխը թեթեւօրէն շարժեց։
— Կը կարծես, թէ պէտք է երթա՞յ, որովհետեւ դուն կը մերժե՞ս զայն։
— Իսկ ուրիշ ի՞նչ ընեմ,— ըսաւ Արմէն, քիչ մը կտրուկ։
Լեւոն չշտապեց պատասխանելու։
— Դուն զայն որպէս միտք կը տեսնես,— վերջապէս ըսաւ։
— Իսկ այդպէս չէ՞։
— Չէ՛։ Ան վիճակ մըն է։
Արմէն լուռ մնաց։
— Անձրեւին հետ ալ կրնաս վիճիլ,— շարունակեց Լեւոն։ — Բայց ան չի դադրիր տեղալէ։
Պահ մը լռութիւն տիրեց։
Դուրսը մարդիկ կը շարժէին, խօսքեր կը խառնուէին, բաժակներ կը զարնուէին։ Ամէն ինչ կը շարունակուէր՝ գրեթէ անհանդուրժելի բնականութեամբ։
— Ուրեմն ի՞նչ,— հարցուց Արմէն։
Լեւոն նայեցաւ դիմացի դատարկ աթոռին։
— Պատկերացուր, որ հո՛ն է,— ըսաւ։
Արմէն ակամայ նայեցաւ աթոռին։
— Եւ ի՞նչ։
— Մի՛ փորձեր զայն ճամբել։ Թող մնայ հոն… բայց մի՛ ձգեր, որ ինք որոշէ ամէն ինչ։
— Նո՛յն բանն է։
— Չէ՛,— ըսաւ Լեւոն։ — Մէկը պայքար է։ Միւսը՝ շարժում։
Երեկոյեան Արմէն տուն վերադարձաւ։
Անկոչ հիւրը նորէն եկաւ:
Արմէն կանգնեցաւ սենեակին մէջտեղը։ Պահ մը, ներքին վէճը սաստկացաւ. նստիլ, մտածել, փնտռել բացատրութիւն մը, մինչեւ որ ամէն ինչ յստակ դառնայ։
Ան գրեթէ տեղի պիտի տար։
Բայց յանկարծ կանգ առաւ։
— Լա՛ւ,— ըսաւ ցած ձայնով։ — Մնա՛։
Խօսքը օտար հնչեց։ Ոչ յանձնուիլ էր, ոչ ընդունիլ։
Ան վերցուց բաճկոնը եւ դուրս ելաւ։
Օդը աւելի զով էր, քան կը սպասէր։
Ան քալեց։ Սկիզբը՝ աննպատակ, ապա՝ քիչ մը աւելի հաստատ։ Փողոցները ոչ խճողուած էին, ոչ ալ դատարկ։ Բաւարար՝ զգալու, թէ շարժում կայ։
Այցելուն չմեկնեցաւ:
Բայց անոր սահմանը կարծես փոխուեցաւ։
Ան տակաւին հոն էր, բայց այլեւս միակը չէր:
Օրեր անցան։
Նոյն ձեւը կրկնուեցաւ՝ զգացումը, գիտակցութիւնը, մերժումը։
Բայց բան մը փոխուած էր։
Արմէն այլեւս երկար չէր վիճեր։
Ան աւելի շուտ կը նկատէր։
Երբեմն, միայն երբեմն, կը շարժէր նախքան այցելուին ճնշիչ ներկայութեան շիջումը։
Ոչ թէ որովհետեւ աւելի լաւ կը զգար։ Այլ որովհետեւ այլեւս չէր սպասեր, որ զգայ։
Օր մը, դարձեալ սրճարանը նստած էր։
Լեւոնը ուշացած էր։
Արմէն առանձին նստած էր՝ դուռը դիտելով։
Այցելուն դարձեալ վերադարձած էր՝ մեղմ, բայց ծանօթ։
Այս անգամ, ան գրեթէ ժպտեցաւ։
— Կրնա՛ս նստիլ,— մրմնջաց։
Դիմացի աթոռը մնաց պարապ։
Բայց այս անգամ՝ կարեւոր չէր։
Վ. Թէնպէլեան



