ՄԵՐ ԳԻՏՑԱԾ «ԼԻՏԸՐ»-Ը

Ինծի համար ղեկավարը այն մարդն է, կամ՝ անհատը, որ իր աշխատանքը չի սահմանափակեր աթոռին վրայ նստած սոսկ հրահանգներ արձակելով, այլ՝ իր կեանքի օրինակով եւ գործով, իր ծրագիրներուն, իր քայլերուն հետեւող իր ժողովուրդը, իր համակիրները, իր «խումբը», իր պատկանած միութիւնն ու կազմակերպութիւնը կ՛առաջնորդէ միասնական:

Չարչարանքի Շաբաթը Եւ Մենք

Դարձեալ «Աւագ Շաբաթ» է...: Ու ի՜նչ տխուր է աշխարհը, երբ զայն կը դիտենք մեր սեփական աչքերով, Քրիստոսի ծնունդէն երկու հազար տարի ետք: Մէկ խօսքով, խտացած դժբախտութիւն մը, որ սարսափ կ՛ազդէ ե՛ւ դիտողին, ե՛ւ ապրողին:

Գրե՞լ, թէ չգրել…

«Եթէ նոյնիսկ անձս դառնայ տողերուս կամ էջերուս միակ ընթերցողը, պիտի շարունակեմ գրել, ե՛ս ինծի համար, ի՛մ ընթերցող անհատիս համար, հայերէնով գրելու պապա՛կս գոհացնելու համար:»

Արեւմտահայերէնը՝ հայաստանեան եւ սփիւռքեան իրավիճակներուն միջեւ

Հայաստանը պէտք է ունենայ լեզուական յատուկ քաղաքականութիւն մը, որ իր նպաստը պիտի բերէ արևմտահայերու նոր ներգաղթին եւ հայրենիքին մէջ անոնց ամրապինդ ներկայութեան: Պէտք է ըլլայ այնպէս, որ արևմտահայերէն խօսողները, գրողներն ու արտայայտուողները խորթութիւն չզգան եւ հայրենիքէն ներս օտար չընկալուին: