Երբ կը գրեմ

Կը գրեմ՝ ոչ թէ փարոս մը փնտռելու մշուշին մէջ, այլ որսալու թրթիռը այն հարցումներուն, որոնք չեն փափաքիր յանգիլ վերջնական պատասխանի, այլ կը նախընտրեն մնալ իբրեւ անձրեւի ծանօթ շշուկ, որուն հետ պէտք է քալել սորվիլ։

Ինչո՞ւ մեր համայնքային կեանքին մէջ աւելի դիւրին է ղեկավար մը գովաբանել, քան անկէ հաշիւ պահանջել

Սակայն ինչո՞ւ այս մշակոյթը կը գոյատեւէ։ Ինչո՞ւ նոյն վարքագիծերը կը կրկնուին, իսկ նոյն մարդիկը տարիներ շարունակ կը պահպանեն իրենց դիրքն ու հեղինակութիւնը՝ անկախ իրենց գործունէութեան իրական արդիւնքներէն։

Երբ ժողովուրդն ալ կը մասնակցի դիմակահանդէսին

Ի վերջոյ, ո՞վ կը մասնակցի այդ դիմակահանդէսին։ Ո՞վ կը ծափահարէ ղեկավարներուն։ Ո՞վ կը տարածէ յաջողութիւններու մասին հրապարակումները։ Ո՞վ կը շարունակէ վստահիլ նոյն անձերուն, նոյնիսկ երբ տարիներ շարունակ կը դժգոհի անոնց գործունէութենէն։

ԱԻ-ի եւ թուային արհեստագիտութեան արեւմտահայերէն փորձնական բառարան. մէկտեղուած տարբերակ (A–Z)

Նպատակը օտար բառերը ամէն գնով հայերէնի վերածելը չէ, ոչ ալ անպայման նոր բառեր ստեղծելը։ Կարեւորը հասկացութիւնները ճշգրտօրէն արտայայտելն է՝ բնական, հասկնալի եւ գործածելի արեւմտահայերէնով։

Համայնքային կեա՞նք, թէ՞ դիմակահանդէս

Փտածութիւնը միշտ ալ բացայայտ չարաշահումի ձեւով չի դրսեւորուիր։ Ան կրնայ արտայայտուիլ բարեկամական նշանակումներու, անձնական կապերու վրայ հիմնուած որոշումներու կամ հաստատութեան միջոցները նեղ շրջանակի մը շահերուն ծառայեցնելու միջոցով։

ԱԻ-ի դարաշրջանին՝ մեր հաստատութիւնները տակաւին կը գործեն աղաներու եւ ջոջերու մտածողութեամբ

Երբեմն անցեալի յաջողութիւնը կը դառնայ ներկայի մեծագոյն խոչընդոտը։ Որովհետեւ հաստատութիւն մը, որ տասնամեակներ շարունակ յաջողած է որոշ գործելակերպով, կրնայ դժուարութեամբ ընդունիլ, թէ նոյն գործելակերպը այսօր այլեւս բաւարար չէ։

Ինչո՞ւ նաեւ չկարդալ պէտք է սորվինք

Մասնաւորաբար «Տարբերակ»-ի ընթերցողներուն համար այս միտքը կրնայ հակասական թուիլ։ Ինչպէ՞ս կարելի է ընթերցանութիւնը արժեւորել ու քաջալերել եւ միաժամանակ չկարդալու անհրաժեշտութիւնը շեշտել։ Սակայն Շոփենհաուըրի առաջարկածը ոչ թէ նուազ կարդալն է, այլ աւելի գիտակից ընտրութեամբ կարդալը։

Ինչո՞ւ սխալ է «արհեստական բանականութիւն» եզրը

Անցեալ Մայիսին «Տարբերակ» յայտարարեց, որ այսուհետեւ պիտի գործածէ «արուեստական իմացականութիւն» եզրը, իսկ կրճատ ձեւով՝ «ԱԻ»։ Այս որոշումը պարզ բառափոխութիւն մը չէր։ Փորձեցինք հայերէնի մէջ ճշգրտօրէն արտայայտել անգլերէն Artificial Intelligence եզրին երկու բաղադրիչներուն իմաստները։

«Դող՝ սիրտը գող». Երբ գողը ամենէն պարկեշտ մարդը կը դառնայ

Օրէնքի առջեւ գողը մեղապարտ է։ Սակայն որքան պատմութիւնը կը զարգանայ, այնքան կը բացայայտուի, որ տան «պարկեշտ» բնակիչներն ու անոնց շրջապատը բարոյական առումով այնքան ալ տարբեր չեն իրմէ։ Ընդհակառակը՝ անոնք կը խաբեն իրենց ամուսիններն ու կիները, կը ստեն, կը դաւաճանեն...

Օրուէլի «1984»-ը եւ Հաքսլիի «Brave New World»-ը. արդեօք այս աշխարհներո՞ւն մէջ սկսած ենք ապրիլ

Մէկուն գործիքը վախն է։ Միւսինը՝ հաճոյքը։ Մէկուն մէջ վտանգաւոր գաղափարը պէտք է ճնշել։ Միւսին մէջ կարելի է այնպիսի մարդ ստեղծել, որ այլեւս այդ գաղափարով չհետաքրքրուի։ Հնազանդէ՛, այլապէս պիտի պատժուիս։

Կերի Կարապետեան. Լիբանանեան շարժապատկերի մոռցուած ռահվիրան

Կերի Կարապետեանը (1935–1968) ապրեցաւ միայն 33 տարի, բայց յաջողեցաւ կարեւոր դեր խաղալ լիբանանեան հեռատեսիլի կազմաւորման տարիներուն եւ 1960-ականներուն լիբանանեան շարժապատկերի ձեւաւորման մէջ։

Ալկորիթմները նո՞ր երեւոյթ են, թէ՞ մարդը միշտ ալ ալկորիթմներով ապրած է

Ալկորիթմը, իր ամենապարզ իմաստով, կանոններու կամ քայլերու շարք մըն է, որ որոշ պայմաններու տակ որոշ արդիւնքի կը յանգի։ Այս իմաստով՝ մարդկային ընկերութիւնը միշտ ալ ունեցած է իր ալկորիթմային տրամաբանութիւնը։

ԱԻ-ն եւ փոքր լեզուներու ապագան. արեւմտահայերէնի պարագան

Անիկա լեզուական օրինաչափութիւնները կը «սորվի» հսկայական քանակութեամբ ուսուցման նիւթերէ՝ գիրքեր, կայքեր, յօդուածներ, փաստաթուղթեր, թարգմանութիւններ եւ, համապատասխան համակարգերու պարագային, ձայնային նիւթեր։

Որո՞ւ համար կը թարգմանենք. Լեզուին եւ ընթերցողին միջեւ

Թարգմանուած գիրքը պէտք է նաեւ ընթերցող ունենայ, քննարկուի, գրախօսուի, մտնէ համալսարան, մամուլ, դասարան եւ արժանանայ հրապարակային քննարկման։ Այլապէս կրնանք ունենալ թարգմանուած գիրքերու ցանկ մը, բայց ոչ՝ թարգմանական մշակոյթ։

Վաթսուն տարի ետք՝ նոյն հաւասարումը, նո՞յն անյայտները

Քիւրքճեանի գրութիւնը կոչ մըն էր Սփիւռքին՝ վերիմաստաւորելու իր ինքնութիւնը ոչ թէ նահանջելով դէպի մեկուսացում եւ անցելապաշտութիւն, այլ բացուելով «այլ»-ին, նոր պայմաններուն եւ համամարդկային արժէքներուն։

Թարգմանութիւնը եւ ժամանակակից գաղափարները հայերէնով արտայայտելու հրամայականը

Մենք թարգմանութիւնը կը պատկերացնենք որպէս օտար լեզուով գրուած նախադասութիւնը հասկնալ եւ նոյն միտքը հայերէնով արտայայտել։ Բայց իսկական թարգմանութիւնը շատ աւելին է։ Ամէն լաւ թարգմանութիւն նոր մտածողութիւն մը կը բերէ...

Մեծապետական մրցակցութեան նոր թատերաբեմը՝ ԱԻ-ն

ԱԻ-ին այլեւս պարզապէս արհեստագիտական  զարգացում մը չէ։ Ան աստիճանաբար կը դառնայ այն հիմնական թատերաբեմը, ուր պիտի որոշուին համաշխարհային ուժերու հաւասարակշռութիւնը, տնտեսական գերակայութիւնը, ռազմական ազդեցութիւնը եւ նոյնիսկ գաղափարական ուղղութիւնները։

Ելեկտրականութեան հաշուեցոյցերը՝ ընկերային աղէտի ազդանշան

Այսինքն՝ աւելի սուղ վառելանիւթը միայն աւելի սուղ ելեկտրականութիւն չի նշանակեր։ Ան կը նշանակէ աւելի սուղ ապրուստ։ Ահա թէ ինչո՛ւ վառելանիւթի միջազգային տագնապը Լիբանանի մէջ կրնայ շատ աւելի ծանր հետեւանքներ ունենալ, քան այն երկիրներուն մէջ:

Ելեկտրականութեան հաշուեցոյցերը՝ ընկերային աղէտի ազդանշան

Այսինքն՝ աւելի սուղ վառելանիւթը միայն աւելի սուղ ելեկտրականութիւն չի նշանակեր։ Ան կը նշանակէ աւելի սուղ ապրուստ։ Ահա թէ ինչո՛ւ վառելանիւթի միջազգային տագնապը Լիբանանի մէջ կրնայ շատ աւելի ծանր հետեւանքներ ունենալ, քան այն երկիրներուն մէջ:

Պէյրութէն Երեւան. Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններու ցուցահանդէսը Արարատի շուքին տակ

3 Սեպտեմբերին, Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ բացուի լիբանանահայ քոյր եւ եղբայր գեղանկարիչներ Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեաններու «Dream, Art, Yerevan» ցուցահանդէսը։

Փրկե՞լ, թէ՞ վերակառուցել․ դպրոցը, ուր պիտի ուզէ յաճախել վաղուան հայ երեխան

Ուրեմն պատերազմը վերջացաւ, բայց նահանջը՝ ոչ։ Եթէ հայկական դպրոցներու անկումը միայն պատերազմի հետեւանք ըլլար, խաղաղութեան վերադարձէն ետք, համակարգը պէտք էր կայունանար։ Այդպէս չեղաւ։

Սահակեանի՞ փակումը, թէ՞ փակուող ապագան

Բայց դպրոցը միայն պատ չէ․ անիկա շէնք ալ չէ։ Դպրոցը նաեւ անցեալն ու ապագան, հին ու նոր սերունդները կապող կարեւոր կամուրջ մը կը հանդիսանայ։ Երբ դպրոց մը կը փակուի, իրականութեան մէջ դուռ մը կը փակուի ապագային առջեւ։

Հայելին

Ամէն առտու ան կը կանգնի հայելիին դիմաց, ինչպէս մեղաւոր մը՝ դատաւորին առջեւ՝ լուռ։ Հայելին ոչինչ կ'ըսէ։ Բայց անոր լռութիւնը երբեմն աւելի ծանր է քան ամենադաժան բառերը։

Ապագայի առաջնորդները ապսպրանքով չեն ծնիր

Երբ համայնքի մը մէջ սկսի ղեկավարութեան պակաս զգացուիլ, առաջին բացատրութիւնը գրեթէ միշտ նոյնն է. «Երիտասարդները այլեւս չեն հետաքրքրուիր»։ Այս նախադասութիւնը այնքան յաճախ կը կրկնուի, որ գրեթէ անվիճելի ճշմարտութիւն կը թուի։ Բայց արդեօ՞ք միայն այդ է պատճառը: